ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԱՊ ԹԱԳԱՒՈՐԻ ՕՐՈՎ
Արշակի բանտարկութենէն յետոյ պարսիկները նորէն կը ներխուժեն Հայաստան: Թագուհի Փառանձեմը թագաժառանգ Պապի հետ կը փակուի Արտագերս ամրոցին մէջ: Պարսկական զօրքը կը պաշարէ Արտագերսը, սակայն հայերը անակնկալ հարձակմամբ պարտութեան կը մատնեն թշնամիին: Այս յաղթանակէն յետոյ Պապին կը ղրկեն հռոմ: Պարսկական զօրքը երկրորդ անգամ կ’արշաւէ եւ գերի կը վերցնէ թագուհիին:
Հռոմի Վաղես կայսրը 370 թ.-ին զօրք կը ղրկէ Հայաստան եւ թագաւորական գահին կը նստեցնէ Պապին: Շապուհը բանակ կը ղրկէ Պապին դէմ:
Մուշեղ Մամիկոնեանի հրամանատարութեամբ կը յաջողին վերականգնել Մեծ Հայքի պետութեան նախկին սահմանները:
374 թուին Հռոմի կայսրը չախորժելով Պապ թագաւորի պետական խիզախ գործունէութենէն կը հրամայէ սպաննել անոր: