Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / Համբերանքը Յաղթանակի Կը Տանի՞ (Շարք) Երկրորդ մաս

Համբերանքը Յաղթանակի Կը Տանի՞ (Շարք) Երկրորդ մաս

Համբերանքը Յաղթանակի Կը Տանի՞ (Շարք)

Երկրորդ մաս «Հայաստան- Թուրքիա Յարաբերութիւնները »

Շարունակելով նախորդիւ արծարծած մեր նիւթը, անցնիք յիմնականին՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միվեւ ստորագրուած վերջին համաձայնագրին: Զիւրիխի ստորագրութիւնը առաջինն էր 1921-ի Կարսի դաշնագրէն ի վեր, որուն երկու կողմերը կը հանդիսանան Հայասատանի Հանրապետութիւնը եւ Թուրքիան:

Յստակ է, թէ այս քայլը վերջին վայրկեանին առնուած որոշում մը չէ, այլ, Պաղ Պատերազմի աւարտէն սկսած վէճերու, բանակացութիւններու, կածիքներու եւ յակակարծիքներու արդիւնքն է: Զիւրիխի այս համաձայնագիրը կը յատկանշուի երկու կողմերուն միջեւ առկայ բոլոր հարցերը ընդգրկելով: Հակառակ ընդհանրացած կարծիքին, ստորագրուած համաձայնագիրը, ոչ միայն կը կարգաւորէ երկու երկիրներուն տիփլոմաթիք յարաբերութիւնները, այլ նաեւ կ՛անդարադառնայ պատմական հարցերուն, շեշտելով 1915-ի «Դէպքերը»:

Իրականութիւն է, թէ երկու երկիրներու միջեւ, խաղաղ պայմաններու տակ ստորագրուած համաձայնագրերը, մանաւանդ պատմական թշնամութիւն ունեցող երկիրներու պարգային, կ՛ունենան ձեւական հաւասարակշռուած վիճակ առանց ուղղակի ձեւով անդարդառնալու յաղթող եւ պարտուող կողմերուն, ի տարբերութիւն պատերզմներու արդիւնք եղած համաձայնագրերուն: Առաջին պարագային, միայն ժամանակը կրնայ ցոյց տալ իրականութիւնը: Ներկայիս, մեզի կը մնայ ուշադիր ձեւով ուսումնասիրել երկու կողմերուն շահերը:

–       Թուրքիոյ ձեռք ձգած շահերը.-

Թուրքիոյ առաջին շահը եղավ այս համաձայնագրեն, Հայաստան Հանարպետութեան ճանաչումը երկու երկիներու սահմաններուն, որուն պատճառաւ, հողային պահանջատիրութեան մեր էջը կը փակուի: Երկրորդ շահը, Ցեղասպանութեան խնդիռը ուսումնասիրող պատմական յանձնախումբի յառաջացումն է, որուն դէմ մինջեւ համաձայնագրերու ստորագրութիւնը դէմ էր Հայասատանը: Այսպիսի յանձնախումբ մը կ՛օգնէ միայն Ցեղասպանութեան իրականութիւնը կասկածի տակ առնելու, ի նպաստ թրքական կողմին, ինչոր կը տկարացնէ այլ երկիրներու Ցեղասապանութիւնը ընդունելու հաւանականութիւնը, որովհետեւ օտարները չեն կրնար յաստատել մեր կասկածի ու զրոյցի առարկան:

–       Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռք ձգած շարհերը.-

Հայստանի կողմէն, զիչումներուն նուազագոյնը կատարուեցաւ Արցախեան հիմնախնդրին շուրջ, հակառակ այն իրականութեան, թէ Թուրքիա, ստորագրութիններուն յաջորդ օրէն սկսեալ անընդհատ ստորագրութիւններու վաւերացումը կ՛առնչէ Արցախեան հարցի լուծման ի շահ Ատրպէճանին: Այնուամէնայնիւ Հայաստանի իսկական շահը, այս համաձայնագրէն, կը կայանայ տնտեսական մարզին մէջ: Երկու երկիրներուն սահմանները բացուելով Հայաստան կրնայ ունենալ տնտեսական բարելաւում, ինչոր նոյնպէս կասկած առարկայ է:

Նկատի առնելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներքին իրավիճակները Զիւրիխի մէջ առնուած քայլը կարելի է համարել յանդուգն եւ համարձակ: Թուրքիոյ կառավարութեան վառած քաղաքականութիւնը Հայաստանի առումով կարելի է ըսել, թէ երկրէն ներս այնքան ալ ժողովրդականութիւն չի վայելեր: Նոյնը ճիշդ է Հայասատնի պարագային, մանաւանդ, որ այս առումով իր խօսքը ունի, ոչ միայն Հայաստանի քաղաքացի հայը, այլ նաեւ Արցախի եւ Սփիւռքի եւ համայն հայութիւնը:

Նժդեհ

 

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …

Leave a Reply