ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՎԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՆՈՒԱՐՍԱԿԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ
Ա.ՎԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄՆ ՈՒ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ
Հայկական լեռնաշխարհի հարաւը կը բնակէր Ուրուատրի ցեղախումբը, որ բաղկացած էր ութ ցեղերէ:
Անոնց մասին առաջին գրաւոր տեղեկութիւնները կու տայ Ասորեստանի Սալմանասար Ա. թագաւորը, որ Ք.Ա. 16-րդ դարուն կ’արշաւէ անոնց դէմ: Ասորեստանեան սեպագիր աղբիւրներու վկայութեամբ Ուրուատրին 9-րդ դարուն կը դառնայ Ուրարտու պետութիւն:
Այդ պետութիւնը կոչուած է տարբեր անուններով: Ասորեստանցիները կը կոչէին Ուրարտու, իսկ տեղաբնիկներն իրենց երկիրը կը կոչէին Բիայնիլի՝ ամենամեծ Բիա ցեղին անունով:
Ք.Ա. 859 թուականին այդ պետութեան թագաւոր կը յիշատակուի Արամէն: Պատմութեան յայտնի յաջորդ թագաւորը Սարդուրի Ա. է, որ Ուրարտուի մայրաքաղաք՝ Տուշպայի ( Վանի) հիմնադիրն է եւ այդ մասին ձգած է սեպագիր արձանագրութիւն:
Սարդուրի Ա.-ին յաջորդած է անոր որդին՝ Իշպուինին ( Ք.Ա. 825-810), որ հրաժարելով ասորեստանեան գրերէն, կը ստեղծէ Ուրարտական գիրը:
Իշպունիի որդի՝ Մենուա թագաւորի օրոք ( Ք.Ա. 810-786 թթ) կը սկսի Ուրարտական պետութեան վերելքն ու հզօրացումը: Նոր թագաւորը կը գրաւէ նորանոր երկիրներ եւ արշաւանքներ կը ձեռնարկէ Ասորեստանի դէմ:
Ան կը հասնի մինչեւ Արաքսի ափերը եւ պետութեան՝ դէպի Արարատեան դաշտ ծաւալուելու համար կը ստեղծէ յենակէտ՝ Մասիսի հիւսիսային փեշերուն հիմնադրելով Մենուախինիլի քաղաքը: Ան կը նուաճէ նաեւ Վանայ լիճէն դէպի արեւմուտք Ուրմէ (Տարօն), Արխի (Հարք), Ծուփա (Ծոփք) եւ Մելիդ (Մալաթիա) հայկական իշխանութիւնները:
Մենուայի օրով զարկ կը տրուի գիւղատնտեսութեան: Կը կառուցուին ոռոգիչ ջրանցքներ: Անոր կառուցած ամենայայտնի ջրանցքի մինչեւ օրս գործող 72 ք.մ. երկարութեամբ Վանի ջրանցքն է, որուն պատերուն վրայ թագաւորը ձգած է սեպագիր արձանագրութիւններ: Ժողովուրդը այդ ջրանցքը կոչած է Շամիրամի ջուր, անոր կառուցումը վերագրելով Ասորեստանի Շամիրամ թագուհիին:
Բ.-ՎԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԳԻՇՏԻ ԱՌԱՋԻՆԻ ԵՒ ՍԱՐԴՈՒՐԴԻ ԵՐԿՐՈՐԴԻ ՕՐՈՎ
Ուրարտական պետութեան վերելքը շարունակուեցաւ Մենուայի յաջորդաց Արգիշտի Ա.-ի օրով ( Ք.Ա. 756-764):
Անոր դէմ կ’ապստամբեն Ուրմէն ( Տարօնը) եւ անոր դրացի Տաւարածներու հովիտ կոչուած երկիրը: Ան կ’արշաւէ ու կ’աւերէ այդ երկիրները եւ հազարաւոր գերիներ կը վերցնէ:
Արգիշտի Ա.-ի կ’անցնի նաեւ Արաքս գետը եւ կը գրաւէ Արարատեան դաշտը: Ք.Ա. 782 թուականին ան այնտեղ կը հիմնադրէ Էրեբունի քաղաքը ներկայիս՝ Երեւանը: Այս մասին ան արձանագրութիւն ձգած է, ուր կը նշէ, որ քաղաքը կառուցած է «Ի բարօրութիւն Բիայնիլի երկիրներուն, ի տապալումն՝ թշնամական երկիրներուն»:
Պետութեան ռազմական եւ տնտեսական վերելքը կը շարունակուի Արգիշտի Ա.-ի որդի՝ Սարդուրի Բ.-ի օրով ( Ք.Ա. 764-735):
Վանի թագաւորութիւնը, որ ռազմական բռնի ուժով ստեղծուած պետութիւն էր, Ք.Ա. 580-ական թուականներուն դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ:
Գ.-ՎԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱՐԳԸ
Վանի թագաւորութեան մէջ պետութեան գլուխը կանգնած էր թագաւորը: Անոր իշխանութիւնը անսահմանափակ էր եւ ժառանգական:
Պետութիւնը բաժանուած էր մեծ մարզերու:
Վանի թագաւորութեան բանակը կազմուած էր հետեւեալ մասերէ.-
1-Հետեւակ
ա.-Տէգաւորներ
բ.-Կացինակիրներ
գ.-Աղեղնաւորներ
2-Հեծելազօր
3-Մարտակառք