Հակա-Հայկականութիւն «2րդ մաս»
Anti-Armenianism
Անցեալ շաբթուայ մեր թիւին մէջ անդրադարձանք հակա-հայկականութեան սահմանումին,աշխատանքներուն մասին:Եւ խօստացանք շարունակել նիւթը:Ստորեւ կը շարունակենք՝
Հակա-հայկականութիւնը Վրաստանի մէջ:
Վրաստան միշտ ալ ջանք կը թափէ պղծելու հայկական հոգեւոր-մշակութային արժէքները որոնք կը գտնուին ներկայ Վրաստանի տարածքին մէջ: 2008 Նոյեմբեր 16-ին,վրացի կղերական Թարիէլ Սիքինչէլաշվլի հրամայեց գետնի հասցնել գերեզմանները հայ նշանաւոր գեղարուեստներու:
Թիֆլիսի Նորաշեն հայկական եկեղեցին,որ շինուած է 15-րդ դարու կիսուն,աւերուած եւ դալանուած է վրացական կառավարութեան կողմէ.չնայած թէ Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները հաստատած էին կարեւորութիւնը այդ եկեղեցւոյ պահպանման:
Վրաստանի անկախութենէն ետք (1991) հայկական բոլոր եկեղեցիները անցան վրացական հոգեւոր համայնքին տիրապետութեան տակ:
2008,Նոյեմբեր 28-ին հայ ցուցարարներ բողոքի ցոյց կատառեցին Վրացական դեսպանատան առջեւ կոչ ուղղելու վրացական կառավարութեան վերջ դնելու որեւէ արարգ հայկական եկեղեցիններուն դէմ ,որ անուանած էին ”Սպիտակ Ցեղասպանութիւն” ,եւ պատժել յանցաւորները :
Հակա-Հայկականութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Պատմականօրէն,սկսած է 20րդ դարուն երբ առաջին հայ գաղթականներ հաստատուեցան Քալիֆորնիոյ կեդրոնի հովիտը:Այդ ժամանակ հայերը կը նկատուէին իբրեւ Ասիացիներ եւ երկրորդ կարգի քաղաքացիներ.չէր կրնար հայը գտնուիլ ”յատուկ ճերմակներու” վայրերուն մէջ:Նոյնիսկ արգիլուած էր հայերուն հողեր քննել կարգ մը շրջաններէ:Բայց այս բոլորը վերջ գտաւ երբ շրջան մը ետք Քալիֆորնիոյ բարձրագոյն մարմինը աշխատեցաւ նոյնանման ատելութեան վրայ հիմնուած տնորինումներուն դէմ:
Բայց ներկային հայերուն դէմ որեւէ ատելութիւն չէ տարաձայնուած Ա.Մ.Ն-ուն մէջ:Բայց կան երկու դէպքեր որոնք վերջին շրջանիս տեղի ունեցան եւ հակահայ բնոյթ ունին:
1-Ապրիլ 2007-ին «Լոս Անճելոս Թայմսե-ի խմբագիր՝ Տուկլաս Ֆրանց արգիլած էր Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած պատմութեան մը հրատատակումը իր թերթին մէջ:Մարք Արաքս որ պատմութեան հեղինակն էր եւ Յարութ Սասունեան՝ Ամերիկահայ գաղութի ղեկաւարներէն զարմանք յայտնած էին թերթին այս կեցուածքին շուրջ եւ կոչ ուղղած էին Ֆրանցի հրատարակելու այդ պատմութիւնը թերթին մէջ:Հետաքրքրականը որ թերթին խմբագիրը՝ Ֆրանց շրջան մը ետք հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն հայկական գաղութին ճնշումներով,մինջ Ֆրանց յայտնած էր թէ չհրատարակելուն պատճառը այն է թէ նիւթը միակողմանի կարծիք կը ներկայացնէ եւ կը հակասէ թերթին քաղաքականութեան վրայ:
2-աւելի նուազ արձագանք ձգած աշխատանք մը՝ հակահայ մեյլարշաւ մը կայացաւ Քալիֆօրնիոյ մէջ երբ Փօլ Գրիգորեանի՝ դէմ, որ այդ նահանգի խորհրդարանի ընտրութիւններուն դեկնածու էր:Նամակները կը պարունակեր հակահայ լոզունքներ եւ կ’ընդգծեր թէ թեկնածուն կեղծ ճամբաներով պիտի ընտրուէր:
Հակա-հայկականութիւնը անհատներու ջանքերով
-Սամուէլ Ուիմս՝ 2002-ին հրատարակած է գիրք մը՝ «Հայաստան՝ քրիստոնէութեան գաղտնիքըե անունով որուն մէջ կը յայտնէ թէ հայկական ցեղասպանութիւնը սուտ մըն է եւ հայերը ահաբեկիչներ են:
-Ամերիկացի պատմաբան Ճասդին Մըքարթի նաեւ ունեցած է այսպիսի աշխատանք:
-Ֆարիտա անունով Ազերի պատմաբանուհի մը,մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է թէ «գիտցուած է թէ,Աշխարհի վրայ հայ ժողովուրդը հոգեւոր եւ մարդկային արժէքներէ զերց ժողովուրդն էե
-Պարպարոս Ակրի Ֆէյսպուքի վրայ շինած է էջ մը որ կը կրէ «Ամենայ մեծ ըսուած սուտը՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնե:Այս էջին մաս կը կազմէն աւելի քան 93000 անձեր:
Թարգմանեց Մովսէս Ինճէճիկեան
Աղբիւռ՝ www.wikipedia.com