ՎԱՆ ՄԻՆԻ՜Թ
ՅԱՐՈՒԹ ԷՔՄԱՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէճէբ Թայիբ Էրտողանը Մեծն Բրիտանիա կատարած այցի ժամանակ Պի.Պի.Սի լրատուամիջոցին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց թէ« Երկրիս մէջ կան 170 հազար հայեր, որոնցմէ միայն 70 հազարը իմ քաղաքացիներս են, իսկ մնացած 100 հազարը պահելը առայժմ գլուխ կը հանենք: Վաղը ես ի՞նչ պիտի ընեմ.. եթէ պէտք ըլլայ, գացէ՛ք ձեր երկիրը պիտի ըսեմ անոնց, ասիկա՛ պիտի ընեմ: Ինչո՞ւ… որովհտեւ անոնք իմ քաղաքացիներս չեն, եւ զանոնք երկրիս մէջ պահելու պարտաւոր չեմ: Էրտողանի այս յայտարարութիւնը ըլլայ Թուրքիոյ մէջ թէ աշխարհի վրայ տարբեր տեղեր քննադատութեան բարձր ալիքներ բարձրացուց: Առաջին անգամը չէ որ ան նման սխալ եւ անտեղի յայտարարութիւններ կը կատարէ: Ըստ թրքական «Թարաֆ» օրաթերթի յօդուածագիր Ամպէրին Զամանի, Անգարայի մէջ վարչապետին մօտիկ անձնաւորութիւններ դիտել տուած են, թէ անոր անպատասխանատու յայտարարութիւնները սկսած են վտանգել« «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան դիրքերը մօտալուտ ընտրութիւններու նախասեմին:
«Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութիւնը իշխանութիւնը ստանձնելէն ի վեր լուրջ բարեփոխումներու ծրագիր մը սկսած է Թուրքիոյ մէջ: Սկսած տնտեսական գետնի վրայ կատարուած զարգացումներէն, հասնելով մինչեւ ընկերային եւ քաղաքական շարք մը հարցերու, ինչպէս քրտական հարցը, փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, եւլն…: Վերջապէս այսօր ընդունուած է քրտական ազգաբնակչութեան գոյութեան եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները, համեմատաբար աւելի ազատ ձեւով քննարկումներ կը դառնան 1942-ին բացառաբար ոչ-մահմետականներուն վրայ գործադրուած« ունեւորութեան տուրքին, Սեպտմբեր 6-7-ի Պոլսոյ Յոյն եւ Հայ բնակչութեան դէմ կատարուած ահաբեկչութան, եւ Թուրքիոյ պատմութան մէջ զանազան այլ մութ կէտերու մասին:
Բայց երբ հարցը կը հասնի Հայկական Ցեղասպանութեան խնդրին, անցեալի սխալները ընդունելու եւ զանոնք սրբագրելու գիծը յանկարծ կը շրջուի եւ այդ լայնախոհ վարչապետը իր տեղը կը զիջի աւելի ազգայնամոլ վարչապետի մը, գոհացում տալով երկրի ծայրայեղական շրջանակներուն, որոնք կը պաշտպանեն Թուրքիոյ հիմնադրութեան օրերէն ի վեր գոյութիւն ունեցող ուրացման քաղաքականութիւնը:
Պի.Պի.Սի.-ին կատարած Էրտողանի յայտարարութիւնը ասոր մէկ փաստն էր: ՄԱԿ-ի պաշտպանութան խորհուրդի անդամ, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ձգտող, Միջին Արեւելքի մէջ իբրեւ ժողովրդավարութեան օրինակ հանդէս եկող եւ դրացի պետութիւններու հետ, զէրօ խնդիր հայեցակարգով շարժող պետութեան մը ներկայացուցիչին անվայել էր նման արտայատութիւն մը:
Իսկ աւելի դատապարտելի էր ԱՄՆ Պետքարտուղարի Եւրոպայի եւ Միջին Ասիոյ պատուիրակ Ֆիլիփ Կորտընի Էրտողանի յայտարարութեան մասին կատարած արդարացումները եւ անոր պաշտպանութիւնը, լայն բողոքի ալիք բարձրացուց նաեւ Ամերիկան զանազան շրջանակներու մէջ: Թերեւս Ամերիկացի պաշտօնատարին մէկը պէտք է յուշէր, թէ« թագաւորը մերկ է:
Ինչպէս նաեւ Ֆիլիփ Կորտընի յայտարարութեան մասին Թուրքիոյ մէջ ոչ մէկը դժգոհեցաւ ըսելով, թէ Ամերիկա Թուրքիոյ ներքին գործերուն կամ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնեցման վրայ ժխտական ձեւով կ’ազդէ, ինչպէս որ Թուրքիոյ կողմէ յայտարարուեցաւ երկու շաբաթ առաջուայ ամերիկեան բանաձեւին ժամանակ:
Գալով Թուրքիոյ մէջ ապրող եւ վտարման սպառնալիքով ապրող Հայ գաղթականներուն, Էրտողանի անոնց մասին կատարած յայտարարութիւնը լի էր ապատեղկատուութեամբ: Հայաստանի անկախութեան սկիզբի տարիներէն մեծամասնութեամբ 1988-ի երկրաշարժէն աւերուած Հայաստանի շրջաններէն մարդիկ մեկնած են Թուրքիա աշխատանքի համար: Նկատի առնելով մօտիկութիւնը, ճամբորդութեան եւ մուտքի արտօնագիր ստանալու հեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ մէջ 60 հազարանոց հայ համայնքի մը գոյութիւնը, Թուրքիան ամենանպաստաւոր փրկութեան կայքն էր օրուայ հացի համար պայքարող այդ մարդոց համար, որոնց մեծամասնութիւնը մանկապահութեամբ, տուներու մաքրութեամբ եւ փոքր վարձատրութեամբ գործարաններու մէջ աշխատող կիներ են:
Պոլսահայ քաղաքագէտ Ալին Օզինանի կատարած ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, Հայաստանէն Թուրքիա մեկնած գաղթականներուն թիւը 7-էն 9 հազարի միջեւ է: Այս թիւը Թանսու Չիլլէրի վարչապետութեան օրօք 30 հազար յայտարարուած է, յետոյ ուրիշներ 70 հազար, իսկ այսօր Էրտողանը 100 հազարի հասցուցած է: Այս թուային քաշքշուքը որքան ալ անբարոյական թուի, աւելի անբարոյական է իր սահմաններէն ներս գտնուող այս խեղճ եւ օգնութեան կարօտ մարդոց Թուքիոյ կողմէ չարաշահումը որպէս քաղաքական շահարկման առարկայ: Իրականութեան մէջ, նման վարքագիծ աշխարհի աչքին առջեւ աւելի վատ դրութեան մէջ կը ձգէ Թուրքիան քան որեւէ այլ մէկը:
Յայտարարութնէն ետք Պոլսոյ մէջ աւելի քան 100 հոգի բողոքի ցոյց կատարած են Էրտողանի դէմ, եւ դատապարտած են անոր մեկնաբանութիւնները: Թուրքիա եթէ իսկապէս կ’ուզէ իր դրացիներուն հետ« զէրօ խնդիր կարգախօսով առաջնորդուիլ, իր պատմութեան հետ արդարօրէն հաշուի նստիլ եւ դառնալ 21-րդ դարու վայել իսկական ժողովրդավար հասարակութիւն մը, պէտք է նաեւ կանգ առնէ Հայկական հարցին դիմաց: Իսկ խնդիրը ապատեղեկատուութենէ հեռու եւ աւելի առողջ հարթութեան մը վրայ դիտելու համար այդ հասարակութիւնը նախ պէտք է կարենայ Էրտողանին իր Տաւոսեան բառարանով ըսել՝« վան մինի՜թէ:
* 2009 Թուականին Տաւոսի մէջ Միջազգային Տնտսական Համագումարի ընթացքին Կազայ ճգնաժամին մասին քննարկումներու ժամանակ Էրտողան «վան մինիթ (one minuite) բացականչելով ընդմիջած էր Իսրայէլի նախագահին ելոյթը ու դատապարտած էր անոր կատարած ոճրագործութիւններու արդարացումները: