Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԷՋ

ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԷՋ

ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԷՋ

Առաջին Վարագոյր

«Թատերական ներկայացումին 90 տոկոսը հանդիսատեսն է»…խօսք մը, որ լսած եմ տարիներ առաջ եւ երկար մտորումներու պատճառ դարձած է: Ներկայացումին մեծ մասը ո՛չ բեմադրիչն է, ո՛չ բնաբանն է եւ ոչ ալ դերասանները, այլ՝ հանդիսատե՛սը, որուն համար կ՛աշխատին բոլորը: Հանդիսատեսը առաջին ուվերջինդատողն է ներկայացումի մը, խիստժիւրինու դատաւորը:

Ահա ա՛յդ հանդիսատեսին հասնելու նպատակով է, որ Համազգայինի թատերական միաւորը ձեռնարկեց «Թատերական Էջ»ին: Այս էջին միջոցաւ մեր նպատակը պիտի ըլլայ երկխօսութիւնստեղծել թատերսէր հանրութեան հետ, ինչպէս նաեւ տարածել թատերական արուեստին հանդէպ սէր եւ հետաքրքութիւն: Քննադատական ու վերլուծողական յօդուածներուն կողքին, «Թատերական Էջ»ը պիտի ընդգրկէ տեղեկութիւններ, թատրոնի ու թատերական գործիչներու մասին:

Մեկնելովմեր այս սկզբունքներէն, «Թատերական Էջ»ը բաց պիտի ըլլայ բոլոր թատերասէր հանրութեան առջեւ: Մենք պատրաստ ենք ընդունելու բոլորին կարծիքներն ու յօդուածները մեր Ե-Մակ.-ի հասցէին, որ ամէն թիւիմէջ նշուած պիտի ըլլայ: Աւելին, մեր էջի յաջողութիւնն ունպատակներուն հասնելու աստիճանը պիտիչափուի ձե՛ր նամակագրութիւններով եւ նամակներու արատութեամբ:

«Թատերական Էջ»ը այս թիւով կը բանայ իր առաջին վարագոյրը, յուսալով, որմեր բոլոր «Էջ»երը չեն մնար մէնախօսութեան նեղ պատերէն ներս, այլ կը վերածուին արդիւնաբեր երկխօսութիւններու յանուն թատրոնի զարգացման ու բարելաւման:

 

Լեւոն Շանթ
(1869- 1954)

Բուն անունով Լեւոն Նահշապետեան, ապա հօրը՝ Սեղբոսի անունով կոչուած է «Սեղբոսեան»: Ծնանծ է Պոլիս եւ աշակերտած է «Սկիւտարի» վարժարանը մինջեւ 13 տարեկան: Կանուխ տարիքէն կը կորսնցնէ հայրն ու մայրը, մնալով որբ: 1884-ին կը մեկնի Էջմիածնի «Գէորգեան» ճեմարանը, ուր կ՛աշակերտէ Օննիկ Դերձակեանի (Վռամեան) եւ Կոմիտաս Վարդապետի հետ:

Եօթ տարի ետք, կ՛աւարտէ ճեմարանը եւ կը վերդառնայ Պոլիս, ուր «Շանթ» գրական ծածկանունով կը գրէ «Հայրենիք»ին մէջ, ինչպէս նաեւ կը հրատարակէ իր առաջին վիպակը՝ «Մնաք Բարովի Իրիկունը»:

1892-ին կը մեկնի Գերմանիա, ուր կը շարունակէ իր բարձրագոյն ուսումը, յետեւելով «Լայփցիք»ի եւ «Միւնիխ»ի համալսարաններու մանկավարժութեա, հոգեբանութեան եւ բնագիտութեան ճիւղերուն: Նոյն շրջանին կը շարունակէ իր գրական աշխատանքը:

1899-ին կ՛անցնի Կովկաս: Այդ շրջանին մաս կը կազմէ Յ. Թումանեանի «Վերնատան»: 1911-ին, մէկ տարի Եւրոպա այցելելէ ետք, կը վերադառնայ Պոլիս: 1913-ին Եւրոպա գտնուելուն պատճառաւ կ՛ազատի Ցեղասպանութենէն: 1919-ին կ՛ընտրուի Հայաստանի խորհրդարանի անդամ: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք կը մեկնի Պարսկաստան, ապա Մարսէյ: 1928-ին Գահիրէի մէջ, Նիկոլ Աղբալեանի եւ խումբ մը մտաւորականներու հետ, կը հիմնէ «Համազգային Մշակութային Ընկերութիւն»ը: 1929-ին կը հաստատուի Պէյրութ, ուր կը հիմնէ Հայ Ճեմարանը (Ապագային՝ «Նշան Փալանճեան» ճեմարան) եւ կը վարէ ճեմարանի տնօրէնութեան պաշտօնը մինջեւ 1954: Նոյն տարին կը մահանայ 82 տարեկանին:

Լեւոն Շանթ իր տարիներու գործունէութեան ընթացքին եղած է ոչ միայն գրագէտ, այլ նաեւ ազգային գործիչու դաստիարակ: Շանթի գրական գործունէութիւնը ընդգրկած է վէպեր, բանաստեղծութիւններ ու թատերգութիւններ: Թատերգութիւններն են «Եսի Մարդը»(1901), «Ուրիշի Համար»(1903), «Ճամբուն Վրայ»(1904), «Հին Աստուածներ»(1912), «Կայսրը»(1916), «Շղթայուածը»(1918), «Ինկած Բերդի Իշխանուհին»(1918) եւ «Օշին Պայլ»(1928):

Երբ կը խօսուիԼեւոն Շանթի թատերական գործունէութեան մասին, պէտք է պահ մը յատկացնել «Հին Աստուածներ»ուն: Այս թատերգութիւնը ոճային փոփխութեան կէտ է ոչ միայն հեղինակին համար, այլ ամբողջ հայ թատրոնին: «Հին Աստուածներ»ը իր սիմպոլիզմով եւ երազի ու իրականի զգայուն խաղերով ամբողջովին նոր հասկացողութիւն մը մտցուց հայ թատերական արուեստին մէջ, որմինջ այդ կը գործեր զուտ իրապաշտ հիմքերու վրայ: Թատերախաղը իրթեքնիքիկողքին, նիւթի առումով ալ յեղափոխութիւն մը կը նկատուեր: Ներկայացումները ԹիՖլիսիուՊոլսոյմէջ ստեղծած են մեծ աղմուկ եւ մտաւորականութիւնն ու մամուլը երկար զբաղած են անով:

Նկատելի է, թէ Լեւոն Շանթի վերջին թատերգութիւնը գրուած է 1928-ին: Այդ թուականէն ետք, Շանթ մղուած էր, Ցեղասպանութենէն ազատած բոլոր մտաւորականներուն պէս, Սփիւռքի կազմակերպման աշխատանքին: Այդ աշխատանքին իբր արդիւնք կարելի է տեսնել «Համազգային»ը եւ Պէյրութի ճեմարանը:

Լեւոն Շանթ, իր ժամանակակիցներու վկայութեամբ, իր թատերգութիւններուն մէջ նշած մարդկային սկզբունքներու կենդանի օրինակը եղած է: Ան իր կեանքը ապրած է մարդկային եւ ազգային բարձր գիտակցութեմբ եւ այդպէս ալ անմահացած է հայ գրականութեան, թատրոնի ու հասարակական կեանքին մէջ:

Յուշիկ Ղազարեան

 

 

Մեզի հետ կապուելու, ձեր կարծիքները փոխանակելու համար կարելի է դիմել հետեւեալ հասցէին.-

h.taderagan@gmail.com

 

 

 

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …