ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄ
Գիտնալ հասկացողութիւնը ունի բազմաթիւ երեսներ, որոնցմէ մէկուն անդրադառնալովպիտի հասնինք երկրորդի մը:
- Առաջին տեսակը իրմէջ կը պարունակէ մարդու հոգեկան աշխարհէն դուրս ինկող, արտաքին նիւթեղէն աշխարհի մաս կազմող երեւոյթները: Օրինակ՝ ուսողութիւնը, բնական գիտութիւնները եւ կիրարկեալ գիտութիւնները: Այս գիտութիւններու միջոցաւ է, որ մարդիկ ձեռք կը բերեն ծանօթութիւններ (տեղեկութիւններ) եւ զանոնք կ՛օգտագործեն նիւթեղէն աշխարհի մէջ աւելի բարեկեցիկ ու ապահով կեանք մը ապրելու:
- Այս գիտութիւններունմէջ, տարբեր մակարդակի վրայ կան՝ պատմական, քաղաքական, ընկերային եւ փիլիսոփայական գիտութիւնները, որոնք կը վերլուծեն մարդու կեանքը, ապրելակերպը, օգտագործած միջոցառումները, անհատ-ընկերութիւն փոխ յարաբերութիւնները հիմնուելով առարկայական, նիւթեղէն աշխարհի տուեալներուն վրայ: Այս վերջին գիտութիւններու խմբակն է, որ մեզ կը մօտեցնէ մտածելու մեր մասին, որպէս մարդ, այլ խօսքով՝ մեզ առիթ կը ստեղծենխորհելու ինքնահասկացողութեան եւ ինքնըմբռնման՝ ինքնաճանաչման մասին:
Ø Ինքզինք ճանչնալ կը նշանակէ.-
§ Իմանալ մեր գոյութեան կարեւորութեան մասին:
§ Ծանօթանալ մեր կարողութիւններուն ու անոնց յայտնաբերման զարգացման եւ օգտագործման լաւագոյն առիթներուն:
§ Գիտնալ ի՞նչ է կամ ի՞նչպէտք է ըլլայ մեր դերակատարութիւնը այս կեանքին մէջ:
§ Արժեւորել մեր անձը, կատարած աշխատանքը եւ արտայայտութիւնները աւելի լաւին հասնելու նպատակաւ:
Ø Ի՞նչու ինքնաճանաչել:
Ø Որովհետեւ.-
§ Ինքնաճանաչումով կրնանք դիմադրել մեզի ուղղուած անտեղի քննադատութիւնները,եւ որոշել գովասանքներու տեղի, թէ անտեղի ըլլալը:
§ Ինքնաճանաչումով է, որ կրնանք յաղթահարել փորձութիւններնու ձախողութիւնները եւ աւելի մեծ ինքնավստահութեամբ կը կատարենք յանձն առնուած պարտականութիւնները եւ կ՛իրագործենք մեր նպատակները:
Ø Ինքնաճանաչումը շարունակական գործողութեան բնոյթըունի, որովհետեւ.-
§ Մարդ արարածը միշտ ենթակայ է փոփոխութեան: Կեանքի զարգացման ընթացքին, մարդիկ կը փոխենիրենց ֆիզիքական կազմուածքը, կը կրեն ընկերային շրջանակի, ընտանիքի, ուսման, գործի, ճամբորդութիւններու, տնտեսական պայմաններու եւ նման վիճակներու ազդեցութիւնները: Մեկնելով այս բոլորէն, անոնք կը վերամշակեն իրենցմտքերը, իրենց անձերուն մէջ կը գոյանան նոր գաղափարներ եւ տակաւին չլուծուած հանելուկներ ու խնդիրներ:Օրինակ՝«այսպէս կը մտածէի…, երբ այս դէպքը…, այս գիրքիընթերցումը…, ասինչին հետ յարաբերութիւնս զիս մղեցին տարբեր ունորձեւով խնդիրը տրամաբանելու եւ ինքզինքս տարբեր ձեւովըմբռնելու եւ ներկայացնելու»:
§ Մարդ արարածը խրթիններքին ապրումներու աշխարհ մըն է: Այդ ապրումները, յուզումներն ու կարողութիւնները թաքուն ներաշխարհէն նիւթեղէն աշխարհին արտադրելը այնքան ալ հեշտ չէ:Օրինակ.-
o Ես կը սիրեմ զաւակս, բայց այդ սէրը բառերով ամփոփելը ճիգ կը պահանջէ:
o Մտքիսմէջ երաժշտութիւն մը կայ, բայց անիկա թուղթի տալը երկար ժամանակ կ՛ուզէ:
o Ունիմ մեծ ծրագիր մը, սակայն անոր մասին չեմ գիտերխօսիլ, վարչական ընկերներս համոզելու:
Այս բոլորը կը պատահին, որովհետեւ մարդու ինքնութիւնը կը նմանի հողին: Որքան խնամես զայն, աւելի բերրի կը դառնայ:Մարդու կեանքը կարելի է նմանցնել այն ծովուն, որուն վրայէն շարժող ալիքները ամէն անգամնորձեւկու տան անոր:
Ø Կը հետեւցնենք, թէ պէտք է շարունակաբար վերաքաղենք մենք զմեզ, սակայն ո՞ւր կը սորվինք վերաքաղելու՝ ինքնաճանաչման՝ արուեստը:Ոչ մէկ տեղ, բացի մեր կեանքի ընթացքին քաղած փորձառութենէն եւ պատահած զարգացումներէն: Կեանքի ընթացքին, կրնանք աւելի լաւ ճանչնալ մեր անձը, իրմէջ բանտուած զգացումներն ու կարողութիւնները: Վերջապէս մենք այն ենք, ինչ կ՛ուզենք ըլլալ:Ինչպէս նաեւ, կրնանք մնալ այն դիրքին վրայ, ուր կ՛ուզենք մնալ:
Ø Ի՞նչ կը տարբերի բարձր ինքնաճանաչում ունեցող անձը միւս մարդոցմէ:
Ան՝
o Կը հաւատայ Աստուծոյ գոյութեան, եւ յաճախ Տիրոջ հետ կը բաժնէ իր հարցերը, գործած դերութիւններն ու նուաճումները:
o Կը սիրէ նոր մարդոց հանդիպիլ:
o Մեծ կարեւորութիւն չի տար զինք քննադատողներուն:
o Ունի չարը բարիէն զանազանելու գիտակցութիւնը:
o Կեանքը հարուստ ու աւելի լաւ կը զգայ՝ փորձութիւններու դժուարութիւններ դիմադրելէ ետք:
o Իր ներկայութիւնը հաճելի է շրջապատին համար:
o Իր ներկայացուցած մտքերը գրաւիչ են ու խօսքերը` լսելի:
o Կը նմանի այն մաքնիսին, որիր լաւատեսութեամբ իրեն կը քաշէ մեծ առիթները:
o Ունի վստահելի ընկերներ ու հարազատներ, որոնց կը դիմէ, երբ օգնութեան կարիքը զգայ:
o Յաճախ կը կրկնէ «Կը կարծեմ, թէ կրնամ կատարել» արտայայտութիւնը:
Ø Ի՞նչ են սահմանափակ ինքնաճանաչում ունեցող մարդուն յատկանիշները:Ան՝
o Հաւատք չունիիր անձին:
o Երբեմն անհաւատ է Աստուծոյ հանդէպ:
o Վստահութիւն չունի ուրիշներու, երբեմն ալ՝ իր անձին:
o Ձախող կը հռչակէ ինքզինք, նախքան գործի ձեռնարկելը:
o Դժուար, որներէ ինքզինք՝ իր գործած դերութեան համար:
o Երբեմն սխալին գինը մինչեւ կեանքին վերջը կը վճարէ::
o Կը կարծէ, թէ երբեքպիտիչի հասնի այն դիրքին, զոր կը ցանկայ:
o Կը վախնայ (կ՛ամչնայ) ցոյց տալու գիտցածը:
o Կը կարծէ թէ մերժուած է իրիսկ շրջապատէն:
o Կեանքէն գոհ չէ:
o Կը նախընտրէ առանձնութիւնը:
o Շատ կը գանգատի ու շատ կը քննադատէ:
o Ամէն բան զինք կրնայ մտահոգել:
o Ոչ մէկ փոփոխութիւն կը յառաջացնէ կեանքին մէջ:
o Յաճախ կը կրկնէ «Երանի այսինչին տեղը ըլլայի…, չեմ կրնար…» արտայայտութիւնները:
Ø Ի՞նչպէս կրնաս աւելի լաւ ճանչնալ անձդ:
o Սկսի՛րներաշխարհէդ: Մաքրէ՛ զայն բոլոր քանդող քննադատութիւններէն: Դուն աւելի լաւ կը ճանչնաս անձդ քան ուրիշները:
o Որոշէ՛ թէ ինչ են քու նախասիրութիւններդ. աշխատի՛ր զարգացնել ու դուրս բերել զանոնք: Այն ատեն պիտի զգաս, թէ դուն կարող անձ մըն ես եւ աւելի հաստատ պիտի ընթանաս իրագործելու երազներդ:
o Գիտցի՛ր կարողութիւններուդ սահմանները: Կարեւոր չէ բացառիկ մարզիկ մը ըլլալ, կամ քաղցր ձայն ունենալ: Իւրաքանչիւրս ունիիրեն յատուկ անձնաւորութիւն եւ աշխարհահայեցողութիւն, որուն միջոցաւ շատ բան կրնայ կատարել:
o Եղի՛ր իրապաշտ եւ ըստայնմ ծրագրաւորէ՛ նպատակներուդ հանգրուանները:
o Շարունակ խորհէ՛ բնաւորութեանդ եւ գործերուդ մասին: Արդարութեամբ դատէ՛ անձդ, ճշդէ՛ իր լաւ ու վատ կողմերը: Արժեւորէ ՛ դուն քեզ եւ ինչու չէ վարձատրէ զայն:
o Մտահան մի՛ ըներ, թէ կարելի չէ բոլորը գոհացնել: Վերջապէս մեզմէ իւրաքանչիւրը արժեւորման իրձեւըունի:
o Հեռացի՛ր յուսահատներէ. մի՛ ազդուիր անոնց յոռետեսութենէն, դժգոհութիւններէն ու քննադատումներէն:
o Մի՛ բաղդատեր անձդ ուրիշներուհետ: Օգտուի՛րուրիշներու գործերէնու փորձառութենէն, ըլլալու այն ինչոր դուն կ՛ուզես ըլլալ:
o Սորվի՛ր ձախողութիւններէդ՝ յաջողութիւնը կերտելու համար:
o Օգնէ՛ ուրիշներուն, որովհետեւ այդ բարիքը ամէնէն առաջ ներքին աշխարհիդ կը դառնայ:
o Ամէն օր, ժամանակ տրամադրէ՛ մտածելու արարքներուդ եւ նպատակներուդ համահունջ ըլլալուն մասին: Նստի՛ր դէմ առ դէմ անձիդ հետ ու հարցաքննէ զայն:
o Հեռու մնացի՛ր կամ մի՛ ազդուիր այն պատկերներէն, որոնք անուղղակիօրէն քեզի կը հրամցուին ՄԻՏԻԱՅԻ միջոցաւ, քեզ անոնց նմանցնելու նպատակաւ:
o Մի՛ հեռանար քեզ սիրողներէն եւ մանաւանդ Աստուծմէ, որպէսզի մնաս հոգեպէս առողջ, հաւատքով լեցուն լաւատես անձ մը:
o Մարդիկ երկու տեսակ են: Առաջինը կ՛ըսէ.- «Երանի թէ կարենայի ընել կամ ունենայի»: Երկրորդը կ՛ըսէ.- «Կրցայ ընել, ուրախ կը զգամ ու վաղը աւելին պիտի ընեմ»:
Այս երկրորդը կրնաս ըլլալ, ԴՈՒՆ, եթէ ինքնավստահ ըլլաս: Ինքնավստահ ըլլալու համար պէտք է լաւապէս եւ շարունակաբար ճանչնաս մէջդ անծանօթ ու բազմաթիւ կարողութիւններ ունեցող անձդ:
Ծանօթ.- Որքան բարձր ըլլայ հարցախոյզի պատասխաններուն տոկոսաւորումը, այնքան բարձր ինքնաճանաչում ունեցող անձ մը կրնաս համարուիլ: Հարցախոյզը կարելի է կատարել երկու անգամներ: Նախքան նիւթը ընթերցելդ՝ ճշդելու իրավիճակդ. եւ անկէ ետք, ճշդելու համար, թէ դուն ինչպէս կ՛ուզես տեսնել ԵՍդ վաղը:
Պատրաստեց`Գարօլին Մսրիէ .Սերոբեան
Օգտագործուած աղբիւրներ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի մէկ աշխատասիրութիւնը: