Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / 9 ՄԱՐԴԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

9 ՄԱՐԴԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

9

ՄԱՐԴԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդը որպէս քաղաքական գործունէութեան ենթակայ

Քաղաքականութեան մէջ մարդու դերի մասին, պատմութեան ընթացքին ձեւաւորուած են երկու ուղղութիւններ՝

ա.-Առաջին ուղղութիւնը քաղաքականութեան գործընթացը կապած է էլիտարի՝ ազնուախաւի հետ:

բ.-Երկրորդ ուղղութիւնը նսեմացուցած է անհատի դերը քաղաքականութեան մէջ:

Յամենայնդէպս, մեր թուարկութեան սկիզբները, մարդն անուանած են քաղաքական էակ, միջին դարերուն՝ կրօնական էակ, վերածննդեան շրջանին՝ բանական էակ, 19 դարուն՝ առեւտրական էակ, իսկ 20 դարուն կրկին վերանուանուած է քաղաքական էակ:

Մարդ արարածը քաղաքականութեամբ կը սկսի զբաղիլ պատմահասարակական զարգացման գործընթացին, իր դերի գիտակցումով:

Այսօրուան դրութեամբ, անհատ-քաղաքականութիւն յարաբերութիւնը դրսեւորուած է անհատի՝ անհատական կամ խմբային, կամաւոր կամ հարկադրական, ակտիւ կամ բասիւ (աշխատունակ կամ անաշխատունակ) մասնակցութեամբ պետական կառավարման, օրէնքներու եւ իրաւական նորմերու ստեղծման եւ պաշտպանման, քաղաքական կազմակերպութիւններու հաստատման եւ անոնց գործունէութեան ակտիւ մասնակցութեան, հասարակական կարծիքի ձեւաւորման եւ այլ գործընթացներուն:

Քաղաքականութեան մէջ անհատ ենթակայի ունեցած դերի համաձայն կը տարբերակեն՝

1-Քաղաքականութեան նկատմամբ օտարացած անհատ, կա°մ անձի թերզարգացածութեան որպէս հետեւանք, կա°մ բողոքի հետեւանք:

2-Քաղաքականութեան նկատմամբ աննշան հետաքրքրութիւններ ցուցաբերող անհատ:

3-Քաղաքականութեան մէջ միջնորդաւորուածութեամբ ներգրաւուած անհատ:

4-Քաղաքականութեամբ անմիջականօրէն ներգրաւուած անձ, որ իր կեանքը համարեա° նուիրած է իր կուսակցութեան քաղաքական գործունէութեան ամբողջ իր ծաւալով:

5-Արհեստատէր քաղաքական գործիչ:

6-Քաղաքական ղեկավար, առաջնորդ, եւայլն:

 

Այսպիսով, անհատի քաղաքական ենթակայութիւնը կ՛արտայայտուի անոր քաղաքական վարկագծով՝ լուռ դիմադրութենէն մինչեւ բացայայտ քաղաքական ծայրայեղականութիւն ինկած սահմանով:

Քաղաքական ենթակայի կազմաւորման մէջ մեծ նշանակութիւն ունին.-

1-Կենսաբանական հարցերը՝ ա- տարիքը, բ- սեռը գ- անհատական եւ հաւաքական ժառանգական հակումները, դ- հասարակական միջավայրը:

2-Հոգեբանական հարցեր՝ ա- կամքը, բ- յուզականութիւնը, գ-յիշողութիւնը, դ- մտածողութիւնը, ե- մտային ընդունակութիւնները,                զ- բնաւորութիւնը, եւայլն:

3-Մտային զարգացածութեան աստիճանը, մտային կարողութիւնները, քաղաքական մենդալիտետը՝ մտածելակերպը:

4-Հասարակագիտական զարգացածութեան մակարդակը՝ ազգային եւ միջազգային արժէքները, աշխարհահայեացքն ու ազգային ու համաշխարհային դիրքորոշումները, ազգային իղձերն ու նպատակները, հասարակական անհատական դրդապատճառներն ու պահանջմունքները:

 

Մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու համակարգը

Մարդու իրաւունքը համամարդկային արժէք է, որու իրականացման աստիճանը տուեալ հասարակութեան առաջադիմութեան ցուցանիշն է:

Մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու բնոյթը կը բխի անհատ պետութիւն եւ անհատ հասարակութիւն յարաբերութիւններէն: Անհատի իրաւունքներն ու ազատութիւնները կ՛արտացոլուին տուեալ երկրի սահմանադրութեամբ, անկախ այն հանգամանքէն կը գործադրուին անոնք կամ ոչ:

Մարդու իրաւունքներու Ժընեւեան համաշխարհային յանձնաժողովի եւ համաշխարհային տարբեր յանձնախումբերու [Վերճինիոյ դեկլարացիան (յայտարարութիւն) 1776թ., Մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու Ֆրանսական յայտարարութիւնը, 1789թ. Մարդու իրաւունքներու միջազգային Բիլլը [օրինագիծը] 1946թ., Մարդու իաւունքի եւ հիմնական ազատութիւններու պաշտպանութեան եւրոպական քոնվեցիան [համաձայնութիւնը] 1950թ.եւայլն, համապատասխան բանաձեւերը դատապարտած են մարդկային ազատութիւններու եւ իրաւունքներու խախտումները:

 

Քաղաքական սոցիալիզացիայի [հասարակայնացում] գործընթացը

Գիտական գրականութեան մէջ, հասարակայնացում կը նշանակէ՝ անհատի կողմէ հասարակական արժէքներու եւ մշակոյթի նուաճումներու իւրացման գործընթաց եւ անհատի իսկական ընդգրկում հասարակական կեանքի մէջ, որ սերտօրէն կապուած է անհատի ձեւաւորում եւ դաստիարակութիւն հասկացութիւններուն հետ:

Քաղաքական հասարակայնացումը տեղի կ՛ունենայ անհատներու համապատասխան գիտելիքներու, հայեացքներու,  արժէքներու, գաղափարախօսութիւններու փոխանցումով, գործելու պատրաստակամութեան մշակումով: Փոխանցումը տեղի կրնայ ունենալ մաքրոմիջավայրերու՝ պետութիւն, կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններու, բանակի եւ ԶԼՄերու միջոցով, եւ միքրոմիջավայրերու՝ դպրոցներու, ընտանիքներու, եկեղեցիներու, ակումբներու եւ ինքնազարգացման միջոցներով:

Իւրայատուկ նշանակութիւն ունի յատկապէս ԶԼՄներու ազդեցութիւնը:

Գոյութիւն ունին քաղաքական հասարակայնացման քանի մը տեսակներ՝

ա- Հասարակայնացման ներդաշնակ ձեւ, որ կ՛արտացոլէ անհատի եւ պետութեան փոխյարգալից վերաբերմունքը պարտականութիւններու նկատմամբ:

բ-Հասարակայնացման բլուրիստական ձեւ,որ կը նշանակէ հասարակութեան անդամներու փոխըմբռնում եւ քաղաքական տարբեր զարգացումներուն եւ գործընթացներուն համատեղ մասնակցութիւն:

գ-Սոցիալիզացիայի [հասարակայնացման] հեգեմոնիստական [մեծապետական] ձեւ, որ կը նշանակէ՝ որոշակի քաղաքական համակարգի անդամներու կողմէ բացասական վերաբերմունքի ցուցաբերում՝ մնացեալ սոցիալական խումբերու նկատմամբ:

դ- Հասարակայնացման քոնՖլիքտային [անհամաձայնական] ձեւ, որ կը նշանակէ միջխմբային պայքար շահերու դիմակայութեան հիմքի վրայ:

 

Քաղաքական հասարակայնացումը կրնայ իրականանալ երկու ճանապարհով՝

ա- Ուղղակի քաղաքական հասարակայնացում, երբ անհատի ձեռք բերած քաղաքական դաստիարակութիւնը կ՛արտայայտուի անոր կեանքին մէջ բացայայտ ձեւերով:

բ-Անուղղակի քաղաքական հասարակայնացում, երբ անհատի քաղաքական ձեռքբերումները կը մնան անբացայայտելի, սակայն որոշակի չափով կ՛ազդեն անոր քաղաքական վարկագծի վրայ:

 

Քաղաքական հասարակայնացումը կրնայ ընթանալ՝

ա-Մաքրոմակարդակով՝ երբ անհատը կ՛ընդգրկուի ամբողջ քաղաքական գոցծընթացին մէջ:

բ-Միքրոմակարդակով՝ երբ անհատը կ՛ընդգրկուի որոշակի գոցծընթացներու՝ կուսակցութիւններու կամ քաղաքական եւ հասարակական այլ կազմակերպութիւններու մէջ:

 

Ըստ քաղաքագէտներու, քաղաքական հասարակայնացման գործընթացը ըստ տարիքային փուլերու կը կոչուի՝

ա- Վաղ հասարակայնացման ժամանակաշրջան, կ՛ընդգրկէ մինչեւ 6-7 տարեկան երեխաները, որոնք իրենց դաստիարակութիւնը կը ստանան ընտանիքներու եւ դպրոցներու մէջ:

բ- Նախապատրաստական փուլ, 6-7 տարեկանէն 18-25 տարեկան, որոնք իրենց դաստիարակութիւնը կը ստանան կրթական օճախներու մէջ, հասնելով մտաւոր հասունութեան եւ հասարակական որակի:

գ-Կենսագործունէութեան ժամանակաշրջան, երբ անհատը լրիւ կը թեւակոխէ հասարակական յարաբերութիւններ:

 

Քաղաքական հասարակայնացման ընթացման մասշտապները՝

ա.- Հասարակական մակարդակ, երբ հասարակայնացումը կ՛ընթանայ ամբողջ հասարակութեան մասշտապով, գործազրկութիւններու, ընտրարշաւներու, բռնութիւններու պատճառով կազմակերպուած հաւաքական բողոքներու ընթացքին:

բ.- Հասարակա-հոգեբանական մակարդակ, երբ հասարակայնացումը կ՛ընթանայ փոքր կամ մեծ խումբերու մակարդակով:

գ.-Միջ-անձնական մակարդակ, երբ հասարակայնացման դրդապատճառ կը հանդիսանան անհատական պահանջները, շահերը, արժէքային կողմնորոշումները, համոզմունքները, եւայլն, որոնք կը ձեւաւորեն անհատական գիտակցութիւնը:

 

Անհատներու ներգրաւումը քաղաքական գործունէութեան մէջ, ըստ ամերիկացի հոգեբան Մասլոուի՝ արդիւնք է ա.- Ֆիզիոլոգիական, բ.- անվտանգութեան, գ.-սիրոյ, դ.-ինքնահաստատման, ե- ինքնադրսեւորման պահանջմունքներուն:

 

Քաղաքական գիտակցութեան կազմաւորման վերջնական արդիւնքը, անհատի քաղաքական կողմնորոշումն է:

Քաղաքական հաւաքականութիւնները, ըստ անդամներու ընդհանրական հոգեբանական մակարդակին կարելի է բաժնել՝

ա.-Ցած մակարդակի, երբ բոլոր անդամները ունին ընդհանուր հասարակահոգեբանական յատկանիշներ:

բ.- Բարձր մակարդակի, երբ բոլոր անդամները կը գիտակցին իրենց պատկանելիութեան տուեալ խումբին եւ կրնան առանձնացնել իրենց եւ ուրիշի շահերը:

գ.- Գերբարձր մակարդակի, երբ խումբի անդամները բոլորն ալ ունին միասնական գործունէութեան (ընտրութիւններու, հանրահաւաքներու, գործադուլներու, ցոյցերու, եւայլնի մասնակցութիւն) համար հոգեբանական պատրաստուածութիւն:

 

About talar

Check Also

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: …

Leave a Reply