Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / 10 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼԻՏԵՐՈՒԹԻՒՆ [առաջնորդութիւն]

10 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼԻՏԵՐՈՒԹԻՒՆ [առաջնորդութիւն]

10

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼԻՏԵՐՈՒԹԻՒՆ [առաջնորդութիւն]

Քաղաքական առաջնորդութեան հիմնահարցը

Քաղաքական առաջնորդութեան հիմնահարցը բազմակողմ երեւոյթ է, որովհետեւ անով կը զբաղին քաղաքագիտութիւնը, քաղաքական հասարակագիտութիւնը եւ քաղաքական հոգեբանութիւնը:

Եթէ  քաղաքագիտութեան համար կարեւոր է պարզաբանել թէ որո՞ւ կարելի է համարել քաղաքական առաջնորդ, ի՞նչ են անոր պարտականութիւնները, ինչպիսի՞ դեր պէտք է ան խաղայ հասարակութեան զարգացման համար, եւայլն, ապա քաղաքական հասարակագիտութիւնը կը հետաքրքրէ առաջնորդի հասարակական ծագումը, հասարակական միջավայրը, եւայլն, իսկ քաղաքական հոգեբանութիւնը կը հետաքրքրեն առաջնորդի անձնական բնութագրութիւնները, բնաւորութեան առանձնայատկութիւնները, հոգեկան յատկանիշները, եւայլն:

Քաղաքական առաջնորդութեան ձեւաւորման մեքանիզմի բացայայտումը կարեւոր է՝ ե°ւ պետական կառուցուածքի մէջ մարդկանց առաջընթացքի օրինական ընթացակարգի մշակման համար, ե°ւ անոր համախոհներու եւ ընդդիմախօսներու փոխ-ներգործութեան տարբերակներու մշակման առումով:

Այդ առումով մարդկային առաջադէմ միտքը հազարամեակներ առաջ իսկ սկսած է զբաղիլ քաղաքական առաջնորդութեան հարցերով: Ֆրանսացի քաղաքագէտ  Շ. Թարտը ըսած է՝ առանց առաջնորդի հասարակութիւնը գլխատուած իրան է:

Քաղաքական առաջնորդութեան էութիւնը

Նախ հարակաւոր է տարբերակել առաջնորդ եւ ղեկավար հասկացութիւնները: Առաջնորդը կը ծնի որպէս իւրովի անհատականութիւն, կը յայտնուի իշխանութեան մէջ բնական ընտրութեամբ եւ իշխանութիւն կը բանեցնէ շնորհիւ իր հեղինակութեան եւ անձնական ազդեցութեան, մինչ ղեկավարը կը նշանակուի կամ կ՛ընտրուի եւ կը ղեկավարէ ըստ նախապէս կանոնագրուած որոշումներու: Առաջնորդութիւնը անկայուն է մինչ ղեկավարութիւնը յարաբերաբար կայուն:

ՔոնՖուցիոն ըսած է՝ պետութիւն կառավարելու համար անհրաժեշտ է հաց, զէնք եւ ժողովուրդի վստահութիւն:

Պղատոնը առաջնորդի գլխաւոր յատկանիշը համարած է անոր իմաստութիւնը եւ նկատած է, որ իշխանութեան լաւագոյն տարբերակը կը ստեղծուի, երբ մեծագոյն իշխանութեան կը միանայ իմաստութիւնն ու լրջախոհութիւնը:

Պլուտարքոսը Պղատոնին երկրորդելով հանդերձ, հաստատած է՝ որ առաջնորդը պէտք է օժտուած ըլլայ փառքի, անպարտելիութեան, մեծահոգութեան, զսպուածութեան եւ մարդասիրութեան յատկանիշներով:

Մաքիավելլին Իտալիոյ միաւորման յոյսերը կապած է մեծ պետական գործիչի խելացի գործունէութեան հետ: Ան առաջնորդի առաջնակարգ խնդիրները համարած է ազգային շահերը, ազգային համաձայնութիւնները, ժողովուրդի բարեկեցութիւնը եւ քաղաքական կայունութիւնը: Առ այդ, ան մեծ կարեւորութիւն տալով հանդերձ առաջնորդի հոգեբանական յատկանիշներուն, առաջնորդի մէջ ուզած է տեսնել նաեւ  քաղաքականութիւն վարելու ընդունակութիւն եւ ռազմական տաղանդ:

Մինչ Ֆրանսացի այլ քաղաքագէտ՝ Լեպոնը, հաստատած է, որ քաղաքականութիւնը մեր օրերուն թեւակոխած է «զանգուածներու դարը», եւ որ հասարակական փոփոխութիւններու մէջ գլխաւոր դերակատարը ամբոխն է եւ ոչ առաջնորդը, քանի որ ամբոխը ինքն է ծրագիրներ առաջադրողը առաջնորդին:

Հոլպախը ըսած է՝ ժողովուրդներ թէեւ փոխած են այս կամ այն կառավարման ձեւերը, սակայն երբեք ընդունակ չեն եղած հասկնալու իրենց դժբախտութիւններու իսկական աղբիւրը: Սակայն նշած է նաեւ՝ որ եթէ առաջնորդը կարենայ շեշտակի արտայայտութիւններով ամբոխին մոլորութեան մէջ ձգել, ապա կը դառնայ անոր տէրը, իսկ եթէ փորձէ բանականութեան բերել զանոնք՝ կը դառնայ անոնց զոհը:

Ժամանակակից քաղաքագիտութեան առաջնորդութեան սահմանման մէջ գոյութիւն ունին տարբեր մօտեցումներ: Առաջնորդութեան մեթոտաբանական հետազօտութեան մէջ ան մեծ տեղ կու տայ Զ.Ֆրոյտի հոգեվերլուծական մեթոտին, ըստ որու մարդկանց քաղաքական գործունէութեան աշխատունակութեան հիմքը կը կազմէ մարդկային ենթագիտակցական՝ բնազդային մղումները՝ սեքսուալ, լիբիդոյի կամ սուբլիմացիոն (բարձրանալով վերափոխուիլ) ձեւերով, որոնք հասարակական մշակութային միջավայրի մէջ կրնան իրականանալ ջղաձգութեամբ, երբ անհատի լիբիդոն սուբլիմացիոն ձեւով կը վերածուի իշխանամետութեան այնուհետեւ առաջնորդութեան:

Լեպոնը եւ Ֆրոյդը կը հաստատեն՝ որ առաջնորդները օժտուած են մարդկային հաւաքականութիւնները հիպնոսացնելու կարողութեամբ, որուն միջոցով զանգուածներուն կը զրկեն սեփական կամքէն: Բացի այդ դէպի առաջնորդութիւն մղումը հետեւանք է անոնց թերարժէքութեան եւ մեղաւորութեան ենթագիտակցական զգացումներուն, առ այդ, որպէս հոգեբանական փոխհատուցում, իշխանութեան միջոցով կատաղի պայքար կը մղեն ինքնահաստատման համար: Չնայած կան նաեւ հակակարծիքներ եւ փաստեր այս մասին:

Ամերիկացի քաղաքագէտ Ս. Հուկը իր «Հերոսը պատմութեան մէջ» գիրքին մէջ յենուելով Ֆրոյդեան սկզբունքներուն կը նշէ՝ որ մարդ էակը փոքր տարիքէն, միշտ կախուածութեան մէջ կը մնայ, սկիզբը ծնողներէն, այնուհետեւ ուսուցիչներէն, ղեկավարութենէն եւ առաջնորդներէն, որոն ենթագիտակցութեան մէջ հաւասար են իր ծնողներուն: Ահա այն հոգեբանական արմատներէն մէկը, որ յստակօրէն կը պարզաբանէ մարդկանց մեծամասնութեան՝ առաջնորդներուն ենթարկուելու միտման գաղտնիքը:

Առաջնորդը այն մարդն է, որ ընդունակ է ազդելու ուրիշներու վրայ, հասարակութեան շահերուն ուղղուած քաղաքական համատեղ գործունէութիւնը իրականացնելու նպատակով, որուն համախոհները կու տան իրենց համաձայնութիւնը անվերապահօրէն:

Ըստ «առաջնորդի յատկանիշներու» տեսութեան կողմնակիցներուն, որ հիմնուած է առաջնորդութեան ժառանգական իւրայատկութիւններուն վրայ, առաջնորդը պէտք է անպայման ունենայ ուժանակութիւն, խելք, հաստատուն բնաւորութիւն, ինդելեքդ, հիւմորի զգացում, կանխատեսելու շնորհք, հաճելի երեւելու ընդունակութիւն:

Առաջնորդութեան սիդուասիոն [իրավիճակային] տեսութիւնը,  չանտեսելով յատկանիշներու տեսութիւնը, կը նշէ նաեւ՝ որ առաջնորդութեան յատկանիշները, ծնունդ են սիդուացիային՝ իրավիճակին, այսինքն՝ երկրի օրուան քաղաքահասարակական իրավիճակը ինքն է թելադրողը առաջնորդութեան յատկանիշները, սակայն կ՛աւելցնէ, որ ուժեղ առաջնորդը կրնայ իրադրութեան գործիքի վերածուելու տեղ, օրուան իրավիճակը շրջել եւ համապատասխանեցնել իր շահերուն:

Քաղաղաքագէտ Մարգարետ Հերմանը կարենալ ձերբազատուելով առաջնորդութեան հոգեբանական տեսութեան հիմնադրոյթներէն, նկատած է, որ առաջնորդութեան հասնելու համար հարկաւոր է անհատը անցնի՝ ա.-կազմաւորման, բ.-կուսակցական գործունէութեան, գ.-կառավարման գործընթացքի նուիրապետութիւնը, որպէսզի կարենայ տիրապետել իշխանութեան մակարդակի հասնելու ուժային, շուկայական եւ խաղային օրէնքներուն:

 

Քաղաքական առաջնորդութեան պարտականութիւնները

Քաղաքագէտներ, ըստ առաջնորդի գործունէութեան բնոյթի կը տարբերակեն առաջնորդութեան երեք մակարդակներ.-

ա.-Փոքր խումբի առաջնորդ, որ ընդունակ է տիրապետելու ներխմբային իրադրութիւններուն, ընդունելու քաղաքական կամ հասարակական ճիշդ որոշումներ, կրելու պատասխանատուութիւն վերադիրներու առջեւ, հաստատելու փոխշահաւէտ համագործակցութիւններ այլ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ, հարթելու ներխմբային դժուարութիւնն ու լարուածութիւնները եւայլն:

բ.-Հասարակական շարժման կամ կուսակցական առաջնորդ,որ կարողութիւն ունի ազդելու հասարակական կարծիքի վրայ ե°ւ կազմակերպութեան, ե°ւ թէ անձնական կարողութիւններով:

գ.-Իշխանական համակարգի առաջնորդ,որ կարողութիւն ունի որսալու հասարակական կարծիքը իր անձի եւ քաղաքական ծրագիրներու նկատմամբ, ապահովելու հասարակութեան տարբեր հատուածներու միասնականութիւնը, հարթելու միջխմբային անհամաձայնութիւնները, ապահովելու անոնց հասարակական շահերը, ձեւաւորելու հաւաքական քաղաքական գիտակցութիւնը, ապահովելու տնտեսական բարեկեցութիւնը, ընտրելու իրեն ենթակայ աշխատանքային մասնագիտացած անդամները եւ ամենակարեւորը ընդունակ է քաղաքական նորարարութիւններու:

Ըստ ամերիկացի քաղաքականագէտ Թ. Պարսոնսի՝ առաջնորդութեան «Ֆունկցիոնալ-համակարգային տեսութեան», առաջնորդը կը հանդիսանայ քաղաքական վերնախաւի շահերու արտայայտիչը, ուստի ան պէտք է պաշտպանէ տուեալ խումբի շահերը, այլ խօսքով պահպանէ համակարգի ամբողջութիւնն ու կենսագործունէութիւնը:

Ըստ «կազմակերպչական Ֆունկցիայի» տեսութեան, առաջնորդը նախ պէտք է ձեւաւորէ իր կառավարական համակարգը, բաժնէ պարտականութիւնները, ստեղծէ աշխատանքային պայմանները, կարգաւորէ եւ վերահսկէ անոնց յարաբերութիւնները եւ ժամանակին կատարէ վճռական փոփոխութիւնները:

Ըստ քորտինացիոն [համակարգում] տեսութեան, առաջնորդը պէտք է առաջին հերթին օժտուած ըլլայ քաղաքական աշխատանքի նկատմամբ քաջութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ, որպէսզի կարենայ համակարգել եւ համաձայնեցնել իշխանութեան տարբեր գործունէութիւնները, ապահովել հասարակական կարծիքը անոնց նկատմամբ, հանդէս գայ որպէս ազգային միասնութեան խորհրդանիշ եւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ կարենայ ապահովել իր երկրի արժանավայել տեղն ու դիրքը, ապահովել ազգային միասնականութիւնը ազգային արժէքներու եւ իղձերու նկատմամբ, ապահովէ երկրի քաղաքական կայունութիւնն ու քաղաքացիներու կեանքի ապահովութիւնը, նուազագոյնի իջեցնել քաղաքացիներու օտարացման ցուցանիշները, կարգաւորել ԶԼՄ-ներու  հասարակական Ֆունկցիաները:

Այս տեսութեան կողմնակիցները, քաղաքական կեանքի բնական գործընթացի առումով, շատ մեծ չափով կը կարեւորեն նաեւ առաջնորդի անմիջական գործակիցներու նուիրուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը առաջնորդին:

Քանի որ քաղաքականութիւնը չնախատեսուած իրադրութիւններու ամբողջութիւն մըն է, ուստի առաջնորդը պէտք է ունենայ կարողութիւնը ցանկացած իրավիճակներուն ճիշդ որոշումներ կայացնելու: Առ այդ, ան պէտք է նուազագոյնը գիտելիքներ ունենայ նաեւ քաղաքագիտութեան մասին:

Այս բոլորի նպատակը պէտք է ըլլայ՝ հասարակութեան քաղաքատնտեսական կայունութիւնը, պետական ամբողջականութեան ապահովումը, հասարակական յարաբերութիւններու բնականոնացումը, հասարակութեան մշակութային զարգացումը, եւայլն:

 

Քաղաքական առաջնորդութեան դասակարգումը

Քաղաքական առաջնորդները իրարմէ կը տարբերին իրենց բնաւորութեան գիծերով, ղեկավարման մեթոտներով, հասարակութեան վրայ ձգած ազդեցութիւններով, նպատակին հասնելու հաստատակամութեամբ, հասնելու միջոցներով, եւայլն: Յամենայնդէպս քաղաքագէտներ փորձած են տարբերակել զանոնք:

Գ.Աշինը առաջնորդութեան դասակարգման համար նկատի ունեցած է հետեւեալ սկզբունքները՝

1-Պատմական ժամանակաշրջանը:

2-Լուծուելիք խնդիրներու մակարդակը եւ առաջնորդութեան մասշտաբայնութիւնը, ըստ որու առաջնորդները կրնան ըլլալ համազգային կամ խմբակային:

3-Դասակարգային եւ հասարակական իրավիճակներու նկատմամբ առաջնորդի ունեցած դիրքորոշումները:

4-Լիտերի իմացական եւ նախաձեռնողական կարողութիւնները:

 

Պարետոն, առաջնորդները բաժնած է աղուէսներու եւ առիւծներու ըստ անոնց բնազդային իւրայատկութիւններուն, եւ գտած է, որ լաւագոյն առաջնորդը պէտք է կարենայ զուգակցել առիւծի հաստատակամութիւնն ու ջախջախիչ ուժը եւ աղուէսի ճարպիտութիւնն ու խորամանկութիւնը:

 

Մ.Վեպերի դասակարգումը, հիմք ընդունած է առաջնորդի իշխանութեան իրականացման գործընթացն ու անձի հեղինակութիւնը եւ ըստ այնմ զանոնք բաժնած է երեք դասակարգի՝

ա.-Աւանդական ձեւ.- Ան հիմնուած է հաւատքի եւ սուրբ աւանդութիւններու վրայ, օրինակ՝ թագաժառանգութիւնը,որ բնորոշ էր նախաճարտարուեստական հասարակութիւններուն:

բ.-Ռացիոնալ  կամ գրասենեակային ձեւ.- Հիմնուած է գործող քաղաքական համակարգի օրինականութեան վրայ, որ կ՛իրականացնէ նպատակամղուած պետական գործունէութիւն, համակարգի ամբողջութիւնը պահպանելու նպատակով:

գ.- Հարիզմադիկ ձեւ (Հարիզմա).- հին քրիստոնէական գրականութեան մէջ ըստ Վեպերի կը նշանակէ աստուածատուր կամ պարգեւ: Առ այդ, հարիզմադիկ առաջնորդութեան մասին կասկածիլը սրբապղծութիւն է, քանի որ անոր գերմարդկային կարողութիւնները աստուածատուր են:

Նման ձեւը բնորոշ է ամբողջատիրական համակարգերուն, չնայած բացառուած չէ անոր դրսեւորումը ժողովրդավարական համակարգերուն մէջ: Հարիզմադիկ առաջնորդը, որպէսզի պահապանէ իր առաջնորդութեան կարգավիճակը եւ դառնայ ռացիոնալ (օրինական լիտեր), հարկաւոր է  երկիրը հասցնէ աստիճանական կայունացման:

Յամենայնդէպս այս երեք ձեւերն ալ բացարձակ ձեւով չեն դրսեւորուիր, այլ շատ յաճախ անոնց տարրերը հանդէս կու գան միասին:

Ամերիկացի Լասուէլլը առաջարկած է առաջնորդութեան պազային [հիմքային] ձեւը, ըստ որու, առաջնորդի համար իշխանութիւնը կը կազմէ կեանքի գլխաւոր արժէքը եւ առ այդ կը տարբերակէ ագիդադոր [խռովարարական], ադմինիսդրադոր [վարչարարական] եւ տեսաբան ենթաձեւերը:

Ջենինգսը յենելով Նիցշէյի մեթոդաբանութեան վրայ, առաջնորդները բաժնած է երեք խումբի՝ գերմարդիք, հերոսներ եւ գահաժառանգներ, որոնց մէջ իտէալականը գերմարդիկ են, որոնք ընդունակ են յաղթահարելու դժուարութիւնները:

Մ.Հերմանը առաջնորդները բաժնած է՝ դրօշակակիրներու, առեւտրականներու, խաղատիկնիկներու եւ հրդեհաշէջներու:

Դրօշակակիրները մեծ առաջնորդներն են, որոնք կ՛որոշեն քաղաքականութեան ընդհանուր ուղղութիւնները եւ ատակ են հաւաքականութիւնները տանելու իրենց ետեւէն:

Առեւտրականները, ընդունակ են ճանչնալու հասարակութեան պահանջները, լաւագոյն ձեւով մատուցելու իրենց գաղափարները հանրութեան, զանոնք համոզելու եւ ներքաշելու ընդհանուր գործին մէջ:

Խաղատիկնիկները, կը համարուին սպասաւորներ իրենց համախոհներուն:

Հրդեհաշէջները արագօրէն կրնան կ՛ողմնորոշուիլ պահի պահանջմունքներուն նկատմամբ եւ համապատասխան քայլեր առնել անոնց ուղղութեամբ:

Ընդհանրապէս բազմակողմանի զարգացած առաջնորդը ունակ է մէկտեղելու այդ բոլոր տարբերակները:

Լեհ քաղաքագէտ Ե.Վիատրը, ըստ գաղափարախօսական սկզբունքայնութեան, առանձնացուցած է գաղափարախօս եւ բրակդիք [գործնական] առաջնորդներ: Առաջինը՝ մահուան գնով իսկ հաւատարիմ է իր շարժման գաղափարախօսութեան, իսկ երկրորդը՝ վտանգի ժամանակ պատրաստ է հրաժարելու իր գաղափարախօսութենէն, յանուն իր իշխանութեան պահպանման:

Ըստ հակառակորդներու նկատմամբ ունեցած իր վերաբերմունքին, ան տարբերակած է համաձայնողական եւ մոռելանդ առաջնորդներ: Առաջինը կը ձգտի համաձայնողականութեան, զիջողականութեան, իսկ երկրորդը՝ կը հակի անհամաձայնութիւններու սրացման:

Իսկ ըստ նախապէս առնուած որոշումներու վերանայման եւ այլոց կարծիքները առնելու ընդունակութիւններուն, ան կը տարբերակէ նաեւ բաց եւ տոկմադիկ [քարացած մտայնութեան] առաջնորդներ հասկացութիւնները:

Քաղաքական գրականութեան մէջ կը տարբերին նաեւ առաջնորդութեան աւդորիտար [մենիշխան] եւ ժողովրդավարական ձեւերը, ընդ որուն, մենիշխան ձեւի ժամանակ առաջնորդներն վճռական են, քարացած մտայնութիւն կ՛ունենան, իշխանասէր, եսասէր, կոպիտ, բռնապետական եւ պահպանողական, սակայն ներքուստ, իրենք զիրենք շրջապատած կ՛ըլլան հնազանդ գործակատարներով եւ անոնց բոլոր հրահանգները կը կատարուին գործնական՝ կարճ, ուղիղ, յստակ եւ ոչ բարեհամբոյր ձեւերով, գովքն ու պարսաւանքները ենթակայական են: Սակայն կը նշեն, որ ոչ բոլոր մենիշխան առաջնորդներն են վերոյիշեալ բացասական յատկանիշներով օժտուած:

Ժողովրդավարական ձեւն աւելի նախընտրելի է, քանի որ առաջնորդները հակուած են երկխօսութեան, առ այդ, որոշումները կ՛առնուին համախոհ խորհրդականներու հետ յետքննարկումներու, համագործակցական մթնոլորտի մէջ, առաջնորդները առարկայական են եւ կը գործեն ըստ սահմանադրութեան:

Յամենայնդէպս քաղաքական սուր իրադրութիւններու ժամանակ նախընտրելի են մենիշխան առաջնորդները, իսկ խաղաղ պայմաններուն մէջ՝ ժողովրդավար առաջնորդները:

Քաղաքագէտ Ջ. Պարպերը կը նշէ, որ կարելի է առաջնորդի բնաւորութեան մասին բաւականաչափ պատկերացում կազմել անոր նախընտրական կեանքի հոգեբանական վիճակը ուսումնասիրելով, յատկապէս նկատի ունենալով՝

ա.-Անոր ղեկավար դառնալու հակումն ու ձգտումը:

բ.-Անհատական աշխատունակութիւնը՝ շարժունակութիւնը:

առաջինի պարագային, եթէ անձը հակում եւ ձգտում ունի իշխանութեան եւ նիւթական բարձր եկամուտներու, ապա զայն անուանած է posetiv=դրական: Իսկ եթէ անձը պարզապէս պատուամոլ է՝ negative=բացասական:

Երկրորդի պարագային, եթէ անձը գործունեայ է եւ էներգետիկ՝ ուժական, անուանած է՝ active=աշխատունակ, շարժունակ: Իսկ եթէ գործունակ չէ անուանած է՝ passive=անաշխատունակ, անշարժունակ :

Առ այդ, կը տարբերակէ 1- Աշխատունակ-դրական, 2-Աշխատունակ-բացասական, 3-Անաշխատունակ-դրական, 4-Անաշխատունակ-բացասական առաջնորդներ:

Աշխատունակ-դրական առաջնորդները կը գործեն մեծ աշխատունակութեամբ, ճկուն են, ունին հիւմորի զգացում, պատրաստ են սորվելու, փոխուելու եւ զարգանալու:

Աշխատունակ-բացասականները բաւականաչափ ներուժ ունենալով հանդերձ հանգիստ ժամանակաշրջաններու մէջ բաւականութիւն չեն ստանար իրենց իրավիճակէն, քանի որ պաշտօնը ծանր բեռ է իրենց համար, քանի որ կը մխրճուին բոլոր հարցերուն մէջ:

Անաշխատունակ-դրականները չնայած ուրախ են, որ առաջնորդներ են, սակայն աշխատունակ չեն, ուստի աշխատանքներ կը յանձարարեն իրենց օգնականներուն:

Անաշխատունակ-բացասականները բաւականին անաշխատունակ են, քանի որ նշանակովի են:

 

Քաղաքական առաջնորդի գործունէութեան որակը

Քաղաքական առաջնորդի գործունէութեան որակը որոշելու համար հարկաւոր է շարք մը հարցադրումներու պատսխանել, օրինակ՝ Ի՞նչ կ՛ուզէ իրականացնել, ինչպիսի՞ միտումներ, պահանջներ ունի ան, ի՞նչ ընդունակութիւններ ունի, ի՞նչ կրնայ իրականացնել, եւայլն: Նման հարցադրումներու պարզաբանման համար հարկաւոր է, որ համագործակցին քաղաքագէտները, քաղաքական հոգեբանները եւ քաղաքական ընկերաբանները:

Առաջնորդի անձնական յատկանիշներու ուսումնասիրութիւնը նոյնպէս ունի մեծ նշանակութիւն, առ այդ, հարկաւոր է պարզաբանել առաջնորդի.-

ա.- Ընդհանուր աշխարհայեայցքն  ու մշակութային մակարդակը:

բ.-Հոգեբանա-կամային, մտածողական եւ յուզական հոգեկերտուածութիւնը, վճռականութիւնը, ինքնատիրապետումը, շրջապատի հետ անոր շփումը, լաւատեսութիւնը, համակրելիութիւնը, եւայլն:

գ.- ՓրոՖեսիոնալիզմը՝ արհեստաւորականութիւնը:

դ.-Բարոյական կերպարը՝ պատասխանատուութեան զգացումը, հայրենասիրութիւնն ու ազգանուիրումը, եւայլն:

 

About talar

Check Also

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: …

Leave a Reply