Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / «ՔԱՂԱՔԱԿԻՐԹ» ՆՈՐ ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ

«ՔԱՂԱՔԱԿԻՐԹ» ՆՈՐ ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ

«ՔԱՂԱՔԱԿԻՐԹ» ՆՈՐ ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ

Գարօլին Մսրիէ-Սերոբեան

Հայկական Ցեղասպանութիւնը հերքելուԹուրքիոյ թափած ճիգերունորպէս շարունակութիւն, թրքական «Հուրրիէթ» թերթինմէջ հրատարակուած է «քաղաքակիրթ» վարքագիծ մը, որ կը բացատրէ Թուրքիո պետականներ կայացուցիչներուն եւ դեսպանատուներու պաշտօնեաներուն մեր Ցեղասպանութեան իրականութեան հակադարձելու նոր ռազմավարութիւնը: Ըստ BBC-ի Ռուսական մասնաճիւղին, վարքագիծը պատրաստած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնըուիրմէջ կը պարունակէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը հարցական խնդիրի մըվերածելու նորմիջոցները: Ըստ «Հուրրիէթ»ին, թուրքերուն ուղղուած այս վարքագիծը կը բաղկանայ հետեւեալ տասը կէտերէն:

1.- Կապեր ու փոխյարաբերութիւններ ստեղծէ՛ երկրիդ մէջ գործող հայկական լոպիի անդամներուն հետ եւ հրաւիրէ՛ զանոնք ներկայ գտնուելուքու կազմակերպած ձեռնարկներուդ:

2.- Ներկայ գտնուէ՛ իրենց (հայերուն) ձեռնարկներուն ու փորձէ՛ բացատրել թուրքիոյ դիրքորոշումը:

3.- Սփիւռքահայութեան ներկայացուցիչներ բաժնուած են երեք խմբաւորումներու: Առաջինը՝ շահախնդրութեան վերածած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը, երկրորդը՝ Թուրքիայէն նոր հեռացածներն են, որոնք տակաւին կապի մէջ են Թուրքիոյհետ: Իսկ երրորդ խմբակը իրմէջ կը ներառէ Թուրքիոյ հանդէպ թըշնամականկեցուածք ունեցող հայերը: Կապակցի՛ր այս երեք խմբաւորումներու ներկայացուցիչներուն հետու զանոնք հրաւիրէ՛ այցելելու Թուրքիա:

4.- Կապեր հաստատէ՛ բնակած երկրիդ դիւանագէտներունհետ եւ զանոնք հրաւիրէ՛ քու ձեռնարկներուդ:

5.- Մի՛ խուսափիր հայկական կամ իշահ հայութեան գործող մամուլին մէջ ներդրում ունենալէ ու փորձէ բացատրել Թուրքիոյ կեցուածքը քու արտայայտութիւններուդ ընդմէջէն:

6.- Յարաբերութեան մէջ մնացիրապրած երկրիդ ժողովուրդին հետ, բացատրելու համար 1915-ի դէպքերու հանդէպ ունեցած տեսակէտդ:

7.- Շարունակական կապի մէջ մնացի՛ր Պալքանեան երկիրներու, Միջին Ասիոյ, Արեւելքի եւ Թուրքիոյ հարեւան այլ երկիրներու դիւանագէտներունհետ եւ անոնց հետ համագործակցաբար աշխատէ դիմադրել հայկական քարոզչական աշխատանքներուն:

8.-Շեշտէ՛ Հայաստան-Թուրքիա համաձայնագրութեան կարեւորութիւնը, յիշեցնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրելու յանձնախումբի մը գոյացման անհրաժեշտութիւնը:

9.-Փորձէ՛ ներկայացնել Թուրքիոյ կարեւոր դերակատարութիւնը Կովկասի մէջ ապահովութիւն հաստատելու շրջագիծէն ներս:

10.- Ներկայացո՛ւր Ղարաբաղի հարցը լուծելու կարեւորութիւնը՝ շրջանին մէջ  խաղաղութիւն ապահովելու հեռանկարով:

Կը հետեւցնենք, որ Թուրքիա անուղղակիօրէն կը հասկցնէ իր ներկայացուցիչներուն, թէ որպէս վարպետ դիւանագէտներ, անոնք պէտք չէ ուղղակիօրէն դրժեն Հայկական Ցեղասպանութիւնը, այլ առաջին հերթինպէտք է քաղաքակիրթ ձեւով ճեղքեն հայութեան ստեղծած պատնէշները ու անկէ յետոյ միայն հրամցնեն իրականութիւնը պղծողմիտքեր: Իսկ այն պատնէշը վերացնելու համար հարկ է օգտագործել անձնական յարաբերութիւններն ումտերմիկ զրոյցները բարեկամներսիրաշահելու, երբեմն անտեղեակներուն շինծու պատմութիւնը ներկայացնելու: Եւ աւելի եւս ամրապնդելով այդ կազմուած յարաբերութիւնները, ընդլայնել թրքամէտներու շրջանակը, օգտուելովքաղաքական ներկայ պայմաններէն, որպէսՄիջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան ձգտող եւ շրջանի իրաւունքները պաշտպանող կառավարութիւն: Պէտք է գիտակցիլ, որԹուրքիոյ կառավարութիւնը պարտաւորուեցաւ մտածել այս նոր վարքագիծին մասին, որպէս արդիւնք իր քարոզչութեան ձախողութեան Արեւմուտքի մէջ, ինչպէս նաեւ մեծ հարուած ստանալուն համար հայկական ազգանուէր ուժերէն հայ-թրքական համաձայնագրութեան հետ կապակցաբար:

Վարքագիծը իր հետեւորդներուն կը թելադրէ բարեկամներ սիրաշահիլ աւելի շուտ քան հայերը, իրենցմօտ թրքամէտ դատողութիւն մը գոյացնելու հայկական հարցին նկատմամբ ու այդ դատողութեամբ այնպիսի հանրային կարծիք մը յառաջացնել, որ կրնայ աւելի զօրաւոր ըլլալքան իրողական դէպքերն ու Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնը փաստող վկայութիւնները: Ասոր կողքին,Թուրքիա կը փորձէ ոչ միայն մօտիկ մնալ բարեկամներուն, այլ նաեւ սիրաշահիլ Թուրքիոյ հանդէպ բուռն թշնամութիւն ունեցող հայերը, հրաւիրել զանոնք Թուրքիա եւ ներկայացնել եւրոպականացած քանի մը թրքական քաղաքներ, որոնքխորքինմէջ մեծցած ու բարգաւաճած են ըլլալու համար Թուրքիոյ այն աղջիկը, որիր գեղեցիկքողին տակ կը պահէ Թուրքիոյամբողջ բարբարոսութիւնն ու իսկականվայրագ դիմագիծը: Մանաւանդ, որ այսօր, աշխարհով մէկ, աչքեր կուրցնող՝ կեղծբարքերու պաշտամունքի, արտաքին գեղեցկութեամբ տարուելու, ինչպէս նաեւ մակերեսային ազատութեանդաստիարակութիւնը կը ծաւալի:

Թուրքիան այսօր կը ձգտի անցեալին գործածած տարբեր նշանաբանները օգտագործելով «ըլլայ այդ մէկը իր որդեգրած կեցուածքներով հրէաներուն հանդէպՊաղեստինիմէջ, Ա.Մ.Ն.ի հանդէպՊարսկաստանի հարցով եւ Հայաստանի հանդէպ ի շահ Ատրպէյճանի» աւելի սեղմ կապեր հաստատել Միջին Արեւելքի դրացիներուն հետ: Աւելին, ան այսօր կը նախաձեռնէ ու կը ձգտի ղեկավարել լրատուականնոր մեքանիզմի մը յառաջացումը՝ համագործակցաբար Պարսկաստանիեւ շըրջանի կարգ մը երկիրներուհետ: Այս ձեւով ան աւելի մօտպիտի ըլլայ այդ երկիրներու ժողովուրդներուն՝ իրենցհետ կապակցելով իրենց հասկնալի լեզուներով ուիսլամական ֆանաթիք գաղափարներով:

Ուրեմն, Թուրքիան ոչ՝ միայն պիտի աշխատի իր կարծիքը պարտադրել Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ,այլեւ պիտիձգտի ղեկավարել եւ ուղղելզայն Միջին Արեւելքի իրնոր դաշտին մէջ:Հետեւաբար, ան մետիայի ճնշումով կընպատակադրէ աւելի եւս առանձնացնելՀայաստանը, աւելի եւս վատթարացնելՀայաստանիվիճակը ու զայն ողորմելի հետեւորդի մը վերածել իշխող այս կամ այնգերպետութեան:Զգո՛յշ, չիյնալու համար այս լարուածու շատ յստակ թակարդին մէջ: Ձեռնածալ մնալը ու երբեմն սխալմամբ ազդուիլը այս գորշ գայլերու վարքագիծէն, կրնայ մեծ աւերներ գործել, որոնց սրբագրումը միշտ կրկնակի ջանքեր կը պահանջէ, այնպէսինչպէս հիմա կը զգանք հայ-թուրք համաձայնագրութեան հանդէպ վարուած սխալ քաղաքականութեան հետեւանքով: Ընդհանրապէս մարդիկ հարցի մը մասին իրենց նախնական տեղեկութիւնները կը ստանան շրջապատէն ումօտիկ բարեկամներէ, այլ խօսքով՝ անձնական յարաբերութիւններու ընդմէջէն: Հետեւաբար, բարեկամական հանդիպումներու ընթացքին փոխանցուած գիտելիքները եւ ապա Մետիայի միջոցաւ ստացուած ամբողջացուցիչ տեղեկութիւնները կրնան լաւապէս ազդել մարդոց հոգիներուն եւ ապա տիրել անոնց մտածելակերպին վրայ: Իսկմիտքերնու կարծիքները երբ կազմուին, դժուար որ խանգարուին կամ թէ փոփոխուին, որովհետեւ, շրջան մը ետք, անոնք համոզումներու կը վերածուին եւ վերջինհանգրուանին՝ նիւթական շօշափելի իրողութիւններու եւ ուժերու: Անտարբերութեամբ չդիտենք Թուրքիոյ յառաջացուցած այս նոր դաւադրութեան վտանգը, անգամ մը եւս դաշունահարելու հայկական արդար պահանջատիրութիւնը ու Ցեղասպանութեան հատուցման խնդիրը: Ահռելի են այս դաւադրութեան արդիւնքները, եթէ իյնանք սարքուած թաքուն բայց տեսանելի փոսինմէջ: Աշխատինք գործածել թշնամիին նոյն զէնքերը, օգտուելովմեր ճշմարիտ անցեալէն եւ մեր ունեցած բոլորուժերը իսպասդնենք Մետիայի պատերազմին յաղթութիւն ձեռք ձգելու: Կամովին աշխատինք հայութեան միասնակամութիւնը խանգարող եւ յուսալըքումի ալիքը բարձրացնողներուն դէմ: Մեր պայքարի կամքով ու ազգային բարձր գիտակցութեամբ է, որ կրնանք բոլոր դժուարութիւնները անզօրացնել:

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …

Leave a Reply