Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ԿՐԷԿՈՐԻ ՍԹԱՆԹՈՆԻ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒԹԸ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐԸ»

ԿՐԷԿՈՐԻ ՍԹԱՆԹՈՆԻ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒԹԸ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐԸ»

Greg-Stanton-GMU-photo

«Ցեղասպանութիւն կը նկատուի հետեւեալ արարքներէն որեւէ մէկը, որ կը գործադրուի նպատակ ունենալով ամբողջապէս կամ մասամբ քանդելու ազգային, էթնիք, ցեղային կամ կրոնական հաւաքականութիւն մը: Արարքներն են՝ հաւաքականութեան անդամներու սպանութիւնը, անոնց պատճառել մարմնային եւ հոգեկան ծանր վնասներ, դիտաւորեալ ձեւով ազդել հաւաքականութեան կեանքի պայմաններուն վրայ, ի նպաստ անոր ամբողջական կամ մասնակի Ֆիզիքական ոչնչացման, որդեգրել միջոցներ՝ սահմանափակելու համար հաւաքակնութեան ծննդաբերութիւնները եւ պարտադրաբար հաւաքականութեան մանուկները վերածել այլ հաւաքականութեան մը»

(1948-ին Մ.Ա.Կ.-ի հաստատած Ցեղասպանութեան սահմանումը)

 

Կրէկորի Սթանթոնի
«Ցեղասպանութեան Ութը Հանգրուանները»

1996-ին «Genocide Watch»ի նախագահ՝ Կրէկորի Սթաթոն (Gregory Statone), Ա.Մ.Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան կը ներկայացնէ «Ցեղասպանութեան Ութը Հանգրուանները» (The 8 Stages of Genocide) անունով փաստաթուղթ մը, ուր կ՛ակնարկէ, թէ ցեղասպանութիւնը կ՛անցնի ութը հանգրուաններէ:

Սթաթոնի փաստաթուղթը ներկայացուած է Ամերիկայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ռուանտայի ցեղասպանութենէն անմիջապէս վերջ: Փաստաթուղթի ուսումնասիրութիւնները մեծ մասամբ հիմնուած են յիշեալ ցեղասպանութեան դէպքերուն ու մանրամասնութիւններուն վրայ:

Կարելի է նկատել, թէ Սթաթոնի «Ութը Հանգրուանները» կը ներկայացնեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այնքան որքան ուրիշ այլ ցեղասպանութիւններ: Այս մէկը զարմանալի չէ, եթէ նկատի առնենք, թէ բոլոր ցեղասպանութիւնները իրենց էութեան ու գործադրման ձեւին մէջ կը նոյնանան:

«Ուսանողական Էջ»ը Հայոց Ցեղասպանութեան 95-ամեակին առթիւ ճիտին պարտք կը զգայ ցեղասպանութեան երեւոյթը ներկայացնել գիտական- ուսումնասիրական, ուսանողականին վայել ոճով: Այս առումով, յառաջիկայ թիւերուն մէջ պիտի ներկայացնենք Սթաթոնի ութը հանգրուանները, մանրամասն բացատրութիւններով եւ շեշտելով Հայոց Ցեղասպանութեան հետ իրենց ունեցած կապը: Անոնց կողքին, «Ուսանողական Էջ»ը պիտի ընդգրկէ պատմական, ընկերային, մաշկութային եւ իրաւաբանական ուսումնասիրութիւններ ցեղասպանութեան երեւոյթին շուրջ:

«Ուսանողական Էջ»ի խմբագրութիւն

 

Ա Հանգրուան՝ «Դասակարգում»
(Classification)

Ըստ Սթաթոնի՝ ցեղասպանութիւնները կը սկսին դասկարգումով: Միատեղ ապրող երկու հաւաքականութիւններ կը սկսին զարգացնել «Մենք» եւ «Անոնք»-ի զատողական ըմբռնումը:

Առաջին նայուածքէն իսկ, կարելի է նկատել, թէ զատողական այս վտանգաւոր երեւոյթը սկիզբն է ոչ միայն ցեղասպանութեան, այլ նաեւ, ամէն տեսակ անմարդկային բռնութեան ու անարդարութեան: Մարդկային պատմութեան մէջ ցեղային կամ կրօնական զատողութիւնը խորթ երեւոյթ մը չէ: Դժբախտաբար այսպիսի ըմբռնումներ շատ աւելի արագ կը տարածուին եւ աւելի լայն ժողովրդականութիւն կը ստանան, քան համերաշխութեան ու հանդուրժողականութեան գաղափառները: «Մենք»ը, որ ընդհանրապէս կը ներկայացնէ տուեալ վայրի մեծամասնութիւնը, կը սկսի ամէն տեսակ ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական տագնապներու համար մեղադրել «Անոնք»ը: Հալածեալ տարրը կը վերածուի «Քաւութեան Նոխազ»ի եւ իր այդ դերը առիթ կու տայ յաւելեալ հալածանքի ու ատելութեան:

Այս երեւոյթը աւելի զարգանալով կը սկսի շեշտել «Մենք»ին եւ «Անոնք»ին միջեւ եղած ամէն տեսակի տարբերութիւն: Շեշտուած տարբերութիւններու ամէնէն դասականները կը համարուին մորթին գոյնը, մարմնային այլ եւ այլ յատկանիշներ, կրօնքը, լեզուն ու մշակոյթը: Որոշ մորթի գոյն ունեցող, կամ որոշ կրօնական նշաններ կրող մարդիկ կը վերածուին ատելութեան ու հալածանքի թիրախներու:

Օսմանեան կայսրութեան օրերուն, հալածանքն ու ատելութիւնը բոլոր ոչ թուրք տարրերուն հանդէպ ընդհանրացած եւ սովորական երեւոյթ կը համարուէին: «Մենք»ը կը ներկայացնէր թուրքը, իսկ մնացած բոլրոը՝ «Անոնք» էին, ենթակայ ամէն տեսակ անարդարութեան եւ իրաւունքներու զրկումի: Հոս կ՛արժէ նշել, թէ օսմանցի սուլթանները ձախող փորձեր կատարեցին «Մենք»ին դրօշին տակ առնելու նաեւ արաբները, որոնք կ՛ապրէին իրենց իշխանութեան տակ, կրօնական պատրուակով: Բայց իրենց ազնիւ կեցուածքին, մանաւանդ Ցեղասպանութեան օրերուն, հայերուն օգնելու իրենց ջանքերուն պատճառաւ, արաբներն ալ ենթարկուեցան օսմանեան բռնատիրութեան սեւ օրերուն եւ շատ սուղ գին վճարեցին, թրքական կախաղաններուն վրայ կորսնցնելով օրուայ լաւագոյն արաբ մտաւորականները:

Այսուհանդերձ, դասակարգումի հիմնական զոհերը կը համարուէին հայերը: Իրենց հայ ըլլալու աններելի մեղքին համար, 1.5 միլիոն մարդու հանդէպ գործադրուեցաւ տաժանակիր աշխատանքի ու մահապատիժի վճիռը: Մինչ վճիռի գործադրումը, հայ տարրը կ՛ապրէր ծանր հալածանքի ու սարասափի մէջ: Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս ան զրկուած էր ամէնէն տարրական մարդկային իրաւունքներէն: Ան չունէր ազատ փոխադրութեան, կամ նոյնիսկ դատարաններու մէջ վկայելու իրաւունքները: Թուրքերու կողմէն հայուն տրուած «Կեաւուր» ածականը եւ անոր հետ առնչուող մինչեւ օրս մնացած զանազան անհանդուրժողական արտայայտութիւններն ու ասացուածքները պարզ արտացոլումն են հին օրերու հալածանքներուն ու զատողութեան:

Եթէ լաւ նայինք Սթաթոնի սահմանած ցեղասպանութեան առաջին քայլին՝ «Դասակարգում»ին, յստակ կը տեսնենք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան արմատները կ՛երկարին Օսմանեան կայսրութեան ամբողջ պատմութեան եօթը դար խորութեան վրայ: Առաջին օրէն իսկ հալածանքի ենթարկուած հայուն անխուսափելի ճակատագիրը կը թուի ըլլալ 1915-ի «Մեծ Եղեռն»ը:

Յուշիկ Ղազարեան

Սպանացի արուեստագէտ «Ֆրանչեսքո Կոյեայ»ի գծագրութիւններէն, ու կը պատկերուի սպանացի ժողովուրդին կրած տառապանքները Նափոլէոնի բանակին կողմէն:

 

 

About talar

Check Also

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս …

Leave a Reply