Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / 12 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

12 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

12

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Քաղաքական գործընթացի [քգ] բնութագիրը

ՔՀ-երու մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններու բնութագրման համար կարեւոր է իմանալ նաեւ քաղաքական գործընթաց [քգ] կաթեկորիան [հասկացութիւնը]:

ՔԳ կը նշանակէ՝ քաղաքական համակարգի կազմաւորման, գործընթացի եւ այլ քաղաքական համակարգերու հետ անոր յարաբերութիւններու ընթացքին քաղաքական ենթականերու կողմէ կատարուող գործողութիւններու ամբողջութիւնը:

Քաղաքական գործողութիւնները կ՛ընդգրկեն քաղաքական ենթակաները, քաղաքական վարչակարգը, քաղաքական նպատակները, քաղաքական խաղի կանոնները, իրականացման եղանակները, ժողովուրդի դասակարգային կառուցուածքը, ազգային սովորութիւնները, հասարակական մտածելակերպը, քաղաքական մշակոյթը, եւայլն:

Հարկաւոր է անպայման նկատի ունենալ, որ քաղաքական գործողութիւններու վերոյիշեալ տարրերը, սերտ կապակցութեան եւ փոխազդեցութեան մէջ են որեւէ քաղաքական գործընթացի պարագային: Հետեւաբար քաղաքական գործընթացները հարկաւոր է դիտարկել իրենց ամբողջութեան մէջ:

ՔԳ -երը կրնան իրականանալ վերէն, պաշտօնական ձեւով, կամ վարէն, հասարակական կամ քաղաքական շարժուներու ձեւով: Երբեմն ալ Վերի դրդումով, սակայն վարիններու տեղաշարժով,որ կրնայ ունենալ վերիններուն համար ոչ հաճելի վերջընթաց: Նման բան յաճախ տեղի կ°ունենայ ամբողջատիրական վարչակարգերու առկայութեամբ:

Քաղաքական գործընթացի դասակարգումը

ՔԳ –ի դասակարգումը ըստ տարածքի՝

ա.- Տեղական բնոյթի ՔԳ-ներ:

բ.- Միեւնոյն քաղաքական համակարգի մէջ ընթացող ՔԳ-ներ:

գ.- Տարածաշրջանային ՔԳ-ներ:

դ- Համաշխարհային ՔԳ-ներ:

Ազգայնօրէն միատարր պետութեան պարագային կարելի է հանդիպիլ նաեւ՝ ե- համապետական ՔԳի:

Քաղաքագէտներ կը տարբերակեն նաեւ՝

ա.-Ֆորմալ՝  ձեւակերպական ՔԳ, որ կ՛իրականցուի իրաւական դաշտի առկայութեան պարագային:

բ- Ոչ Ֆորմալ՝ ոչ ձեւակերպական ՔԳ, որ պայմանաւորուած է ոչ թէ չափանիշներով, այլ մարդկանց միջեւ առկայ կապերով, յարաբերութիւններով եւ պայմանաւորուածութիւններով:

Ոչ ձեւակերպական ՔԳ-ները, կարելի  է ձեւափոխել ձեւակերպական ՔԳ-ներու, օրէնքներու փոփոխութիւններով, կամ քաղաքական եւ հասարակական շարժումներու հաստատունութեամբ: Իսկ ձեւակերպական ՔԳ-ները կրնան վերածուիլ ոչ ձեւակերպական ՔԳ-ներու, երբ պետութեան մէջ չափէն աւելի ձեւակերպականացումը կ՛արգելակէ ՔԳ-ի անարգել ընթացքը, նոյնիսկ եթէ անոնք կը համապատասխանեն համակարգի շահերուն [ՍՍՀՄի ԿԿ]:

Որպէս կանոն, ամբողջատիրական քաղ.համակարգերու քայքայումը կը սկսի իշխող քաղաքական ուժի քայքայումով: Սակայն ՔԳ-ները կը շարունակուին մինչեւ նոր ձեւակերպական կառոյցներու ստեղծումը [նացիստական Գերմանիա եւ ՍՍՀՄ]:

ՔԳ-ի դասակարգումը հիմնուած է քաղաքական համակարգի գործունէութեան վրայ, դրական կամ բացասական ազդեցութեան փաստով: Առ այդ, գոյութիւն ունի.-

ա- էվՖունկցիոնալ գործընթացներ, որոնք դրական ազդեցութիւն ունին քաղաքական համակարգի վրայ, ինչպէս պետութեան կերտման, կառավարութեան եւ իշխանութեան բարձրագոյն մարմիններու հաստատման եւ կայունացման, բարենորոգումներու իրականացման, քաղաքական համակարգի արդիականացման եւայլ գործընթացները:

բ- ԱվՖունկցիոնալ գործընթացներ, որոնք որեւէ ազդեցութիւն չեն ձգեր քաղաքական համակարգի գրայ, ինչպիսին են թոյլ, ցուցադրական կամ արտաքին քաղաքական գործընթացները:

գ-ԴիսՖունկցիոնալ գործընթացներ, որոնք տարաբնոյթ են եւ բացասական ազդեցութիւն ունին քաղաքական համակարգի վրայ, ինչպիսին են տնտեսական ճգնաժամերը, հասարակական խոր շերտաւորումները, ազգային արժէքներու ոտնահարումները, խռովութիւնները, ապստամբութիւնները, յեղաշրջումներն ու յեղափոխութիւնները, որոնք անկասկած կը ոչնչացնեն քաղաքական համակարգի հիմնական կառոյցները:

 

ՔԳ-ի դասակարգման ձեւ է նաեւ ըստ ենթականերու բաժանումը, առ ադ գոյութիւն ունին.-

ա.-Հասարակութեան մէջ ընթացող ՔԳ-ներ:

բ.-Ընտրախաւի մէջ ընթացող ՔԳ-ներ:

գ.-Վարչակազմի մէջ ընթացող ՔԳ-ներ:

դ.-Խորհրդարաններու մակարդակին ընթացող ՔԳ-ներ:

 

Վերոյիշեալները չեն ընթանար սահմանափակ ձեւով, այլ այս կամ այն չափով կրնան ընթանալ ընդգրկելով տուեալ  մակարդակները կամ վերոյիշեալ դասակարգումները: Որքան աւելի ժողովրդավարական է վարչակազմը, այնքան աւելի է ՔԳ-երու բազմազանութիւնը:

ՔԳ-երու վրայ իւրայատուկ նշանակութիւն ունի նաեւ հաւատամքային գործօնը:

Բոլոր պարագաներուն, ՔԳ-ներու հիմնական նպատակը կը հանդիսանայ քաղ.իշխանութեան գրաւումը կամ անոր վրայ գործադրելիք ազդեցութիւնը:

 

Քաղաքական գործընթացի փուլերը

Համադրելով ՔԳի փուլերու մասին տարբեր առաջարկները, ստացուած է հետեւեալ դասակարգումը՝ ա- քաղաքական համակարգի կերտում,              բ- քաղաքական որոշումներու ընտրութիւն, գ- քաղաքական որոշումներու իրականացում եւ դ-քաղաքական որոշումներու իրականացման վերահսկողութիւն:

Քաղաքական որոշումներու ընդունումը, իրականացումը եւ վերահսկողութիւնը կը համարուին քաղաքական կառավարման փուլ:

Քաղաքական որոշումներու ընդունումը, այսօրուան դրութեամբ բաւականին խոր ուսումնասիրուող հարց է: Քաղաքական որոշումները կրնան առնուիլ առաջնորդներու, առաջնորդի աշխատանքային խումբի, վերնախաւին պատկանող որոշակի մարդկանց, կառավարական մարմիններու, օրէնսդիր մարմիններու, քաղաքական կուսակցութիւններու, քաղ. հաստատութիւներու եւ ամբողջ հասարակութեան մակարդակներով: Այդ ամէնը սակայն կախուած է պետութեան տեսակէն :

Վերջին ժամանակներու գիտաճարտարարուեստական տեղեկատուական միջոցներու ընձեռած հնարաւորութիւնները, մեծապէս կ՛օգնեն քաղաքական որոշումներ ընդունող կողմերուն, ենթադրելու հաւաքականութիւններու հակազդեցութիւնները, առնուելիք քաղաքական որոշումներու նկատմամբ:

Ամբոխի կողմէ ընդունուած քաղ.որոշումները ընդհանրապէս կը կրեն զգացմունքային բնոյթ:

 

Շահերու կամ ճնշման խումբերու [Շ-ՃԽ] մասնակցութիւնը քաղաքական որոշումներու ընդունման մէջ

Քաղաքականութեան մաս կազմող բոլոր ենթակաները ունին իրենց ինքնորոյն շահերը, որոնք կրնան ըլլալ համընկնող կամ հակառակ: Եթէ շահերը համընկնող են, ապա հասարակութիւնը համերաշխ է, այլապէս՝ հակադրութիւններով լեցուն:

Իրենց զանազան նեղ շահերը զանազան ձեւերով հետապնդող անհատները կամ հաւաքականութիւնները [կազմակերպութիւններ, կուսակցութիւններ, եւայլն] կը կոչուին Շահերու կամ Ճնշման խումբեր, այլ խօսքով լոպիներ:

ՃՇԽ-երը կրնան ըլլալ արհեստակցական, ձեռնարկատէրներու, բանուորներու, կանանց, սպառողներու, եւայլն: Մինչեւ իսկ անոնք կրնան ըլլալ ռասսայական կամ ցեղային: Նման խումբեր գոյութիւն չեն կրնար ունենալ ամբողջատիրական համակարգերու մէջ, որտեղ պաշտպանուած են միմիայն հասարակական խոշոր ընկերութիւններու դասակարգատնտեսական շահերը [օր. ՀԴՅ ԱՄՆ]:

Ժողովրդավարական երկիրներու մէջ ՃՇԽ-երու (որոնք ժողովրդավարութեան պահպանման եւ գոյատեւման հիմնաքարերն են եւ որոնց գործունէութիւնները ամրագրուած են սահմանադրութեամբ) գործունէութիւնները պայմանաւորուած են հասարակութեան կառուցուածքով, քաղա քական մշակոյթով, իրաւական մարմիններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու հզօրութեամբ:

Հաստատուած է, որ իշխանութեան կեդրոնացուածութեան կամ հզօր քաղաքական կուսակցութիւններու առկայութեան պարագաներուն, ՃՇԽ-երը եւ անոնց գործունէութիւնները սահմանափակուած են ընդհուպ մինչեւ անոնց վերացումը:

Հեղինակներ կան, որոնք ՃՇԽ-երը ենթարկած են դասակարգման, ինչպէս օրինակ Ձեռնարկութիւններ եւ Անհատական ՖՇԽ-եր: Ձեռնարկութիւնները կը համարեն արդիւնաբերական, միաւորեալ ձեռնարկութիւններ, դրամատուներ, գիւղատնտեսական միութիւններ, եւայլն: Անհատական կը համարեն վեթերաններու, կանանց, հասարակական շահերու, եւայլ խումբեր:

ՃՇԽ-երու գործունէութիւնը կ՛ընթանայ պետական եւ կառավարական տարբեր մակարդակներու հետ, երբեմն յայտնուելով եռանկիւնիներու մէջ, ինչպէս երկաթեայ եռանկիւնին ԱՄՆ-երու մէջ (ռազմարդիւնաբերական հաստատութիւններ, պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ խորհրդարանականներ):

Համակարգի համապատասխան մարմինները, պարտաւոր են ՃՇԽ-երուն ճշգրիտ տեղեկութիւններ եւ վերլուծութիւններ փոխանցել, ապահովելու համար անոնց անարգել գործողութիւնները:

 

 

About talar

Check Also

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: …

Leave a Reply