ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼԻՃԵՐԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼԻՃԵՐԸ

Հայաստաի ունի բազմաթիւ լիճեր:

Հայաստանի լեռնագոգերուն վրայ շատ աղի կամ անուշ ջուր ունեցող  լիճերէն լճակներ գոյացած են: Այս լիճերը բացի իրենց գեղեցիկ տեսքէն տնտեսական տեսակէտով ալ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն:

ՎԱՆԱՅ ԼԻՃ

Կը գտնուի Հայաստանի հարաւակողմը, Վան քաղաքին մօտ: Ան շրջապատուած է Գրգուռ, Սիփան, Նեմրութ եւ Վարագայ լեռներով:

Վանայ լիճը տարբեր ժամանակներու ընթացքին ունեցած է տարբեր անուններ, ինչպէս՝ Նայիրի Ծով, Տոսպայ լիճ, Ռշտունեաց լիճ եւ Բզնունեաց ծով:

Վանայ լճին ջուրը աղի է, ան կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ հանքային նիւթեր, մանաւանդ բորակ: Այնտեղ կ՛ապրի արծաթաձուկը, զոր վանեցիները Տառեխ կը կոչեն:

Վանա լճին տարածութիւնը՝ 3733 ք.քլմ.:

Վանա լիճին մէջ կան չորս կղզիներ՝ Աղթամար, Լիմ, Կտուց, Առտէր:

Ախթամար կղզին հանդիսացած է Վասպուրականի Արծրունեաց թագաւորութեան քաղաքական եւ հոգեւոր կեդրոնը՝ իր ապարանքներով, եկեղեցիներով, զբօսատեղիներով եւ ծառուղիներով:

Կղզիի կառուցապատումը իրականացուցած է հայ նշանաւոր ճարտարապետ ու քանդակագործ՝ Մանուէլը:  Այժմ պահպանուած է Սուրբ Խաչ եկեղեցին, 10-րդ դարու հայ ճարտարապետութեան յուշարձան-կոթողը:

Վանայ լիճին մօտ կը գտնուի Նարեկ աւանը, ուր կայ Ս.Գրիգոր Նարեկացիի վանքն ու դամբարանը:

Աղթամար կղզիին մէջ կը գտնուի «ՐԱՖՖԻԻ ԺԱՅՌԸ», ուրտեղէն մեծանուն գրողը, յափշտակուելով լիճի գեղեցկութեամբ, գրած է նշանաւոր «Ձայն տո՛ւր, ո՛վ ծովակ» բանաստեղծութիւնը, ուր կը գրէ

Արդեօք գալո՞ւ է մի օր ժամանակ՝

Տեսնել Մասիսի գլխին մի դրօշակ,

Եւ ամէն կողմից պանդուխտ հայազգիք

Դիմել դէպ իւրեանց սիրուն հայրենիք:

 

ՍԵՒԱՆԱՅ ԼԻՃ

Կը կոչուի նաեւԳեղամայ Ծով կամ Գեղարքունեաց Ծով:

Կը գտնուի Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը: Շրջապատուած է Արեգունիի, Սեւանի, Վարդենիսի, Զանգեզուրի եւ Գեղամայ լեռնաշղթաներով:

Անոր մէջ կը թափին 28 գետակներ: Անկէ կը բխի Հրազդան գետը, որ կ՛անցնի Երեւանի մօտէն ու կը թափի Արաքսի մէջ եւ կը ջրէ Արարատեան դաշտերն ու այգիները:

Ան իր բարձրութեամբ աշխարհի լեռնային լիճերու ամէնէն բարձրն է:

Սեւանայ լիճին ջուրը անուշ է եւ հարուստ զանազան տեսակի ձուկերով,որոնցմէ՝ Իշխանաձուկը, Կարմրախայտը, Կռակտուցը:

Լիճին հիւսիսը կը գտնուի Սեւանայ կղզին, որ այսօր եղած է թերակղզի:

Վիթխարի է Սեւանայ լիճը ինչպէս բնապահպանական, այնպէս ալ տնտեսական նշանակութեամբ:

Տնտեսական մեծ արժէք կը ներկայացնեն լիճին ջրային եւ ձկնային պաշարները:

Գեղեցիկ է Սեւանայ լիճը: Դիտողի վրայ անոր կապուտակ հայելին կը ձգէ ջինջ երկնքի տպաւորութիւնը: Դիպուկ ըսուած է, որ Սեւանայ լիճը երկինքէն կտոր մըն է: Ան Հայաստանի հանրապետութեան բնութեան գոհարն է:


ՈՒՐՄԻՈՅ ԼԻՃ

Ուրմիոյ լիճը կը գտնուի Հայաստանի հարաւ-արեւելքը:

Ուրմիոյ լիճը կոչուած է Կապուտան Ծով: Ան մեծ լիճ է, սակայն իր մեծութեան հակառակ, խորութիւնը աննշան է:

Լիճին տարբեր մասերուն մէջ կան բազմաթիւ ժայռոտ կղզիներ:

Ուրմիան անհոսք է: Անոր մէջ կը թափին քանի մը գետեր, բայց անկէ սկիզբ չ՛առներ ոչ մէկ գետ: Լիճին ջուրը աւելի քան 6 անգամ աղի է ովկիանոսի ջուրէն: Ան աշխարհի ամէնէն աղի լիճերէն մէկն է:

Ուրմիոյ լիճին մէջ ձուկեր չեն ապրիր:

ՓԱՐՒԱՆԱ ԼԻՃ

Փարւանա լիճին ջուրը անուշահամ է: Ան շրջապատուած է բազմերանգ ծաղիկներով եւ մերձալպեան մարգագետիններով:

Լիճէն կը սկսի Փարւանա գետը:

Ըստ Թումանեանի պատմած աւանդութեան հայ թագուհիի մը աղջիկը կը մերժէ ամուսնութեան խնդրանքով իրեն դիմող բոլոր թեկնածուները:

Ան թեկնածուներէն կը պահանջէ ԱՆՇԷՋ ՀՈՒՐԸ եւ անոնց կը ղրկէ աշխարհի չորս կողմը, որպէսզի գտնեն Անշէջ հուրը, որ խորհրդանիշն է յաւերժական, անդաւաճան սիրոյ եւ գեղեցիկին ու կատարեալին հասնելու ձգտումին:

Սակայն, որովհետեւ թեկնածուները չեն կրնան գտնել Անշէջ հուրը, թագուհիին աղջիկը տարուած իր վսեմ երազով՝ անշէջ հուրի սպասումով, կը դառնայ յուսահատ:

Անոր թափած  արցունքներէն լիճ կը գոյանայ եւ պալատն ու շրջակայքը լիճին տակ կը մնան: Լիճը թագուհիին աղջկան անունով կը կոչուի՝ ՓԱՐՒԱՆԱ:

About talar

Check Also

ՀԱՄՇԷՆԸ ԵՒ ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐԸ

Purchase Office 2010 Key Որոն՞ք են Համշէնահայերը- Համշէնահայերը մինչեւ 19-րդ դարու 90-ական թուականները կը բնակէին …