ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔՆԵՐԸ
ՎԱՆ
Վանը աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն է: Ան պատմութեան յայտնի է շարք մը անուններով՝ Տուշպա, Տոսպ, Վանտոսպ, Երուանդական, Շամիրամ:
Սարդուրի Ա.թագաւորը արքունիքը Վան կը տեղափոխէ եւ զայն կը հռչակէ մայրաքաղաք:
Արաբական տիրապետութեան շրջանին քաղաքը անկում կþապրի: Բայց 10-11-րդ դարերուն, երբ Վանը Վասպուրականի թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր կրկին կարեւոր քաղաք կը դառնայ:
1895-1915 թուականներուն թուրքերու կողմէ կը կազմակերպուի Վանահայերու ջարդը:
ԱՐՄԱՒԻՐ
Վանի թագաւորութեան ծաղկուն քաղաքներէն մէկուն՝ Արգիշտիխինիլիի մէջ, յատկապէս անոր արեւելեան բլուրին վրայ, երուանդունիները կը կառուցեն իրենց նոր մայրաքաղաք՝ Արմաւիրը:
Արմաւիրի մէջ էին հեթանոս հայերու մեհեանները, Արտեմիսի եւ Ապոլոնի պղնձաձոյր, ոսկեզօծ արձանները:
Քաղաքի արհեստաւորներու ձեռակերտերը կը հասնէին մինչեւ Կովկաս, Իրան, Միջագետք, Ասորիք, Միջերկրականի եւ Սեւ Ծովու ափերը:
ԵՐՈՒԱՆԴԱՇԱՏ
Երուանդ վերջին թագաւորը Արարատեան նահանգի Երասխաձոր գաւառին մէջ (ուր Արաքսը եւ Ախուրեանը կը միախառնուին) բլուրի վրայ կը կառուցէ մայրաքաղաք Երուանդաշատը: Մայրաքաղաքի տեղափոխման հիմնական պատճառը Խորենացին կը համարէ Արաքսի հունի փոփոխումը, որու հետեւանքով քաղաքի բնակիչները զրկուած էին ջուրէն:
ԱՐՏԱՇԱՏ
Արտաշատը բուռն զարգացում կ՛ապրի յատկապէս Տիգրան Մեծի որդի՝ Արտաւազի օրով:
Երկար դարերու ընթացքին Արտաշատը երկրի ոչ միայն քաղաքական, այլեւ տնտեսական, առեւտրական ու արհեստագործական կեդրոնն էր:
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ
Տիգրան Բ.-ը Ն.Ք. 80-ական թուականներուն Աղձնիքի մէջ Արեւմտեան Տիգրիսի ձախակողմեան վտակ վտակին մօտ կը հիմնադրէ Տիգրանակերտ քաղաքը:
1045-1058 թուականներուն Տիգրանակերտը հարաւային Հայաստանի ամենամեծ քաղաքներէն էր:
Մոնկոլական արշաւաներէն յետոյ, Տիգրանակերտը կը դառնայ գիւղաքաղաք, որ լետագային կ՛աւերուի:
Այսօր Թուրքիոյ Ֆարկին գիւղի մօտ կարելի է տեսնել Տիգրանակերտի պարիսպներու ու այլ շինութիւններու մնացորդացը:
ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏ
Քաղաքը եղած է այսօրուան Էջմիածնայ տեղը:
Երուանդ Սակաւակեաց թագաւորը այնտեղ կը հիմնէ Վարդգէսաւանը:
Վաղարշ Ա. թագաւորը պարսպպատելով Վարդգէսաւանը կը վերանուանէ Վաղարշապատ եւ կը հռչակէ մայրաքաղաք:
Քրիստոնէական կրօնի գլխաւոր կեդրոնը ըլլալու շնորհիւ վաղարշապատը դարեր շարունակ երկրի համար ունէր հոգեւոր մշակութային խոշոր նշանակութիւն:
Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ այնտեղ կը հիմնեն իրենց դպրոցը:
1945-ին վաղարշապատը կը վերանուանուի Էջմիածին:
ԴՈՒԻՆ
Հիմնադրուած է 4-րդ դարու 30-ական թուականներուն, երբ Հայոց Խոսրով Կոտակ թագաւորը արքունիքը Արտաշատէն կը տեղափոխէ այնտեղ եւ կը յայտարարէ այնտեղ նոր մայրաքաղաք:
Արշակունիներու անկումէն յետոյ դուինը մարզպանական Հայաստանի կեդրոնը կը դառնայ:
1203-ին Դուինը կը տրուի Իվանէ Զաքարեանի որպէս սեփականութիւն եւ քաղաքը կրկին կը բարգաւաճի:
1235-ին Դուինը կ՛իյնայ թաթար-մոնկոլներու ձեռքը եւ իր գոյութիւնը կը պահպանէ այս թուականէն մինչեւ մէկ դար:
ԲԱԳԱՐԱՆ
Բագարանը բագրատունիներու մայրաքաղաքն է, կը գտնուի Արշարունիք գաւառին մէջ, Ախուրեանի աջ ափին: Այնտեղ էին ոչ միայն Բագրատունիներու ապարանքները այլեւ տոհմական դամբարանը:
Անցեալ դարասկիզբին Բագարանը ունէր մօտ 800 բնակիչ:
Ան վերջնականապէս կ՛աւերուի առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն:
ՇԻՐԱԿԱՒԱՆ
Կը գտնուի Շիրակի մէջ, Անիէն ոչ հեռու, Ախուրեանի աջ ափին, որտեղ բնակավայր եղած է Ք.Ա. 3-2-րդ դարերուն:
Շիրակաւանը սմբատ ա.-ի եւ Աշոտ Երկաթի արքայանիստն էր եւ ապահովուած էր ռազմական տեսակէտէն:
Շիրակաւանի բնակչութիւնը տեղահանուած է 1920-ին:
ԱՆԻ
Անին երկրի կարեւորագոյն բերդերէն է: 961-ին Աշոտ Ողորմածը Անիի մէջ կ՛օծուի Հայոց Թագաւոր:
Անիի թագաւորութիւնը տր հզօրութեան կը հասնի Գագիկ Ա.-ի օրով:
1131-ին Անիի մէջ երկրաշարժ տեղի կ՛ունենայ եւ կը կործանէ քաղաքը:
Զաքարեաններու աշխատանքին շնորհիւ Անին կրկին դարձաւ բարեկարգ քաղաք, բայց 1236-ին թաթա-մոնկոլներու արշաւանքէն յետոյ Անին մահացու հարուած ստացաւ:
ԿԱՐՍ
Քաղաքի վերելքը կապուած է Բագրատունեաց թագաւորութեան ստեղծման հետ:
11-13-րդ դարերեուն Կարսը արհեստագործութեան եւ առեւտուրի խոշոր կեդրոն էր:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Կարսը Կովկասեան ռազմաճակատի յենարաններէն էր:
1918-ին Բրեստի պայմանագրով Կարսը կը գրաւեն թուրքերը եւ բնակչութեան իսկական սպանդ կը կազմակերպեն:
1919-ին Կարսը կը միանայ Հայաստանի Հանրապետութեան, նոյն տարուան Հոկտեմբերի 30-ին թուրքերը նորէն կը գրաւեն Կարսը:
1921-ին Կարսը կ՛անցնի Թուրքիոյ:
Երեւանը Հայաստանի 12-րդ մայրաքաղաքն է: Հանրապետութեան արդիւնաբերական, մշակութային, գիտական կեդրոնը, երկաթուղային, օդային, խճուղային ճանապարհներու կարեւոր հանգոյցը:
Քաղաքի գեղատեսիլ ձորով կը հոստ Հրազդան գետը:
Երեւանի հին անունը եղած է Էրեբունի, որ կառուցուած է Ք.Ա. 782-ին Արգիշտի Ա. թագաւորին կողմէ: