Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՈՒՄԸ ՈՐՊԷՍ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿՐՕՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՈՒՄԸ ՈՐՊԷՍ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿՐՕՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՈՒՄԸ ՈՐՊԷՍ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿՐՕՆ

Քրիստոնէութեան ընդունումը Հայաստանի մէջ, պատմական հանգամանքներու թելադրանքով պարտադրուած անհրաժեշտութիւն էր: Դրացի Պարսկաստանի ձուլիչ քաղաքականութենէն ազատելու համար, հայ ժողովուրդը նաեւ կրօնով ու մշակոյթով պէտք էր տարանջատուէր պարսիկներէն:

Իսկ այդպիսի տարրանջատիչ ու նոր գաղափարախօսութիւն հանդիսացաւ քրիստոնէութիւնը: Ան սկիզբը՝ ճնշուածներու կրօնն էր, իսկ յետոյ ծառայեց իշխող դասակարգի շահերուն:

Հայաստանի մէջ քրիստոնէական վարդապետութեան առաջին տարածողները եղան՝ Յիսուս Քրիստոսի տասներկու աշակերտներէն՝ Թադէոսն ու Բարթողիմէոսը ( առաջին դար):

Անոնք իրենց հաւատքի եւ քարոզչական գործունէութեան համար Սանատրուկ թագաւորի հրամանով սպաննուեցան:

Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն շիրիմները կը գտնուին Հայաստանի մէջ:

Առաջին քարոզիչ առաքեալներուն անունով մեր եկեղեցին կը կոչուի Առաքելական եկեղեցի:

***

226 թուականին, Պարսկաստանի մէջ տեղի ունեցած էր քաղաքական յեղափոխութիւն մը: Սասանեանները յաջորդած էին Արշակունիներուն, մինչ տակաւին Արշակունիներու հայկական ճիւղը կը թագաւորէր Հայաստանի մէջ: Պէտք էր ան ալ կործանել, որ Պասկաստանի նոր հարստութիւնը կարենար ապահովապէս հաստատուիլ: Սակայն զէնքի բախտը նպաստաւոր չէր եղած Սասանեաններուն: Այդ պարագային, հանդէպ Արշակունի մը՝ Անակ իշխանը, յօժարութեամբ ստանձնեց Հայոց Թագաւոր Խոսրովը՝ իր մերձաւոր ազգականը, դաւաճանութեամբ սպաննելու գործը: Յանձնառութիւնը կատարեց, սակայն ինք ալ սպաննուեցաւ հայ նախարարներու ձեռքով:

Անակ ունէր որդի մը՝ Գրիգոր անունով:

Գրիգորը մեծցաւ ու կրթուեցաւ Կապադովկիայի Կեսարիա քաղաքը:

Խոսրով ունէր որդի մը՝ Տրդատ անունով:

Տրդատ մեծցաւ Հայաստանի մէջ եւ Հռոմի ու Պարսկաստանի միջեւ կռուախնձոր դարձած Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած պատերազմներուն հետեւանքով, արկածալից պատահարներու մէջ գտնուեցաւ:

Տրդատ վերջին անգամ Հայոց թագաւորական գահը գրաւած էր, Դիոկղետիանոս կայսեր օգնութեամբ, 287 թուականին:

Երզնկայի մէջ կատարուած  գոհաբանական տօնախմբութիւններու առթիւ, երբ Գրիգոր մերժեց քարէ աստուածներուն երկրպագութիւն ընել, յայտնուեցաւ անոր  ծագումն ու հաւատքը եւ անտանելի չարչարանքներէ ետք, Արտաշատի Վիրապի արգելարանը նետուեցաւ:

Գրիգոր տասներեք տարի ապրեցաւ այդ սոսկալի գուբին մէջ եւ կենդանի մնաց մահացու երկարատեւ տանջանքներու մէջ իսկ:

Նոյն միջոցին Հայաստանի մայրաքաղաք՝ Վաղարշապատ հասան խումբ մը քրիստոնեայ կոյսեր, Ս.Գայիանէի առաջնորդութեամբ: Այդ կոյսերէն մէկուն՝ Ս.Հռիփսիմէի գեղեցկութիւնը թագաւորին մտադրութիւնը գրաւեց եւ ուզեց զայն իւրացնել, իսկ երբ Ս.Հռիփսիմէն մերժեց թագաւորին առաջարկը, թագաւորը հալածեց կոյսերը եւ դժոխային չարչարանքներէ ետք սպաննեց:

Այս դէպքէն ետք Տրդատ գայլամարդութեան ախտէ բռնուեցաւ:

Կը պատմուի թէ թագաւորին քրոջ՝ Խոսրովիդուխտի աղաչանքով, Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչը  վիրապէն դուրս հանուեցաւ եւ աղօթքով բժշկեց  թագաւորը:

Տրդատ Գ. թագաւորը, որ խստօրէն կը հալածէր նոր հաւատի հետեւորդները, 301 թուականին Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակեց:

Գրիգորը պարզ աշխարհական մըն էր, իր հետ ո՛չ քարոզիչ ընկերներ ունէր եւ ո՛չ գործակից եկեղեցականներու խումբ, այսուհանդերձ 301 թուականը չբոլորած, Հայաստանի կրօնական կերպարանքը հիմնապէս փոխուեցաւ, աստուածներու պաշտօնը դադրեցաւ եւ կանուխէն տարածուած քրիստոնէութիւնը, ընդհանուր կերպով ընդունուեցաւ:

Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ սակայն, Քրիստոնէութիւնը իր դիրքերը կամաւոր չզիջեցաւ: Կատաղի, արիւնոտ կռիւներ տեղի ունեցան հին եւ նոր հաւատի պաշպաններու միջեւ: Տարօն գաւառի մէջ հեթանոս քրմապետներու գլխաւորութեամբ մարտեր մղուեցան կանոնաւոր զօրքերու դէմ:

Նոր վարդապետութիւնը ժողովրդական լայն զանգուածներու համար ընդունելի եւ գրաւիչ դարձնելու համար, սրբագործուեցան հեթանոսական շատ ծեսեր ու սովորութիւններ:

303 թուականին Վաղարշապատի մէջ հիմնադրուեցաւ Ս.Էջմիածին Մայր տաճարը, որ դարձաւ հայոց հոգեւոր կեդրոնը:

Ս.Գրիգոր Lուսաւորիչը դարձաւ հայոց առաջին կաթողիկոսը եւ կազմակերպեց եկեղեցական համակարգը:

Քրիստոնէութեան ընդունումով՝ Հայաստանը քաղաքական, հոգեւոր եւ մշակութային առումով հեռացաւ Պարսկաստանէն եւ միացաւ Հռոմի ու արեւմուտքի:

Անուրանալի է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դերը երկրի անկախութեան եւ միասնութեան, հայ ազգային ոգիի, լեզուի, գիտութեան եւ կրթութեան պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ:

Քրիստոնէուեթան ընդունումը բախտորոշ, ճակատագրական նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի յետագայ ընթացքին վրայ: Ան շրջադարձային իրադարձութիւն հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ էականօրէն նպաստեց մարդկային քաղաքակրթութեան արժէքներուն հետ հաղորդակցելու գործին:

ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

1-«Պատմութիւն Հայոց» Մովսէս Խորենացի

2-Ագաթանգեղոս «Պատմութիւն Հայոց»

3-1700 ամեակին առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հրատարակած գրքոյկ:

About talar

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …