ԵՐՈՒԽԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

ԵՐՈՒԽԱՆ

Պոլսահայ անուանի գրող, հրապարակախօս, խմբագիր, թարգմանիչ եւ մանկավարժ Երուանդ Սրմաքէշխանլեան ծնած է 1870-ին, Պոլսոյ թաղամասերէն Խասգիւղի մէջ: Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ներսէսեան վարժարանին մէջ, որմէ ետք յաճախած Ազգային Կեդրոնական վարժարանը, իբրեւ դաստիարակ եւ տնօրէն ունենալով Մինաս Չերազը: 1890-ին, «Արեւելք»ի խմբագրութեան կողմէ աշխատելու հրաւէր ստացաւ եւ օգնական խմբագիր նշանակուեցաւ: 1891-ին թերթին մէջ լոյս տեսաւ իր առաջին պատմուածքը՝ «Պապուկը», որ ջերմ ընդունելութիւն գտաւ: Այսպէսով գրականութեան ճամբան բացուեցաւ իր առջեւ: Այնուհետեւ, յաջորդաբար ժողովրդական կեանքէն առնուած պատկերներ, Երուխան ստորագրութեամբ, սկսաւ լոյս ընծայել թէ՛ «Արեւելք»ին եւ թէ՛ «Մասիս»ին մէջ: Այդ պատկերներէն յիշենք «Մեզատճին», «Հիւծախտաւորը», «Լուացարարուհին», «Գինովին վարձքը» եւ «Ձուկին փոխարէն»ը: Այսպէսով ան շարունակեց եւ զարգացուց արեւմտահայ իրապաշտ գրականութեան աւանդոյթները: Ֆրանսերէնէ թարգմանեց եւ «Արեւելք»ի մէջ լոյս ընծայեց Լէոմինայի «Փարիզի գայլերը» ,Ժիւլ Մարիի «Տժգոյն աղջիկը», Մալոյի «Ընտանիքը», Տոտէի «Զէկ»ը, ինչպէս նաեւ այլ վէպեր, վիպակներ ու պատմուածքներ:
Համիտեան 1896-ի կոտորածներու օրերուն փոխադրուեցաւ Պուլկարիա, ուր ձեռնարկեց «Շարժում» թերթի հրատարակութեան եւ ժամանակ մըն ալ Վառնայի մէջ ուսուցիչի պաշտօն վարեց: 1904-ին անցաւ Եգիպտոս, հոնկէ աշխատակցելով պոլսահայ թերթերուն, ինչպէս նաեւ Փարիզ՝ Արշակ Չոպանեանի «Անահիտ»ին: Միաժամանակ ան Ալեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի հայկական վարժարաններուն մէջ ծառայեց իբրեւ ուսուցիչ: Իսկ Արփիար Արփիարեանի սպանութենէն ետք, կարճ ժամանակ մը վարեց «Յուսաբեր»ի խմբագրութիւնը: Գաղթական, Ե. Գաղթական եւ Աշուղ ծածկանուններով յօդուածներ ստորագրեց Պոլսոյ «Բիւզանդիոն» թերթին մէջ:

1900-ին «Շաւիղ» հանդէսին մէջ տպագրուեցան «Կաղընդչէքը», «Սայլորդը», «Արեան ուժը» պատմուածքները եւ «Գաղթականները» վէպը, որ սակայն անաւարտ մնաց:

Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին, վերադարձաւ Պոլիս եւ «Արեւելք»ի պատասխանատու խմբագիր նշանակուեցաւ:

Երուխան նոր դիմագիծ տուաւ եւ յաւելեալ որակ ներարկեց «Արեւելք»ին, իր հաղորդական լեզուով, իր կարծիքներով, տեսակէտներով, դէպքերու եւ երեւոյթներու իր վերլուծումներով եւ իր ներկայացուցած պատկերներով: 1910-ին թերթի էջերուն մէջ սկսաւ իբրեւ թերթօն լոյս ընծայել «Ամիրային աղջիկը» վէպը, որ կը մնայ իր ստեղծագործութիւններուն գլուխ գործոցը: Երուխան հոն կը ներկայացնէ պոլսահայ իրականութիւնը՝ իր բնորոշ առանձնայատկութիւններով: Կը պատկերէ ամիրայական դասի այլասերած բարքերը եւ առանձին համակրանքով կը ներկայացնէ համեստ խաւերը:
Երուխան 1912-1913 տարեշրջանին ուսուցչական պաշտօն վարեց Ազգային Կեդրոնական վարժարանին եւ Սկիւտարի Ս. Խաչ նախակրթարանին մէջ: Իսկ 1913-ին ստանձնեց Խարբերդի Ազգային վարժարանին տնօրէնութիւնը: Ան զոհ գնաց 1915-ի Մեծ եղեռնին:

About talar

Check Also

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Միջնադարեան Հայաստանի մէջ մանրանկարչութիւնը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ. հակառակ դարերու ընթացքին մեր կրած աւերիչ …