Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ՄԵԼՔՈՆ ԿԻՒՐՃԵԱՆ (ՀՐԱՆԴ)

ՄԵԼՔՈՆ ԿԻՒՐՃԵԱՆ (ՀՐԱՆԴ)

ՄԵԼՔՈՆ ԿԻՒՐՃԵԱՆ (ՀՐԱՆԴ)

(1859-1915)

Ծնած է Բալուի հաւաւ գիւղը:Ծննդավայրին մէջ կը ստանայ նախնական եւ անկատար կրթութիւն մը:1870-ին,տասնմէկ տարեկանին կը մեկնի Պոլիս,կը յաճախէ Սկիւտարի ճեմարանը,յետոյ՝ Սուրբ Խաչ վարժարանը:1878-ին կ’ընդգրկէ ուսումնական ասպարէզը եւ կը պաշտօնավարէ բազմաթիւ վարժարաններու մէջ:Միեւնոյն ատեն կը սկսի աշխատակցիլ պոլսահայ թերթերու «Հրանդ» ծածկանունով՝ գաւառի կեանքն ու ցաւերը արտացոլելով գրականութեան մէջ:1896-ին կ’անցնի Վառնա (Պուլկարիա):Երկու տարի յետոյ կը վերադառնայ Պոլիս:1910-ին որպէս կաթողիկոսական պատուիրակ,կ’երթայ Էջմիածին: 1915-ին,Ապրիլ 21-ին կը ձերբակալուի պոլսահայ ծանօթ մտաւորականներու հետ եւ կ’աքսորուի Քասթեմունի ու կը նահատակուի:

Գլխաւոր երկերն են՝ «Պանդուխտի կեանքէն նամակներ»,«Մեսրոպ եւ Սահակ»(հայ նշանագրերու պատմութիւնը),«Գրաբար լեզու»(դասագիրք):

 

 

About talar

Check Also

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Միջնադարեան Հայաստանի մէջ մանրանկարչութիւնը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ. հակառակ դարերու ընթացքին մեր կրած աւերիչ …