Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ՔԱՂՈՒԱԾՔ՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ «ՍԷՐԸ ԵՂԵՌՆԻՆ ՄԷՋ» ՎԷՊԷՆ

ՔԱՂՈՒԱԾՔ՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ «ՍԷՐԸ ԵՂԵՌՆԻՆ ՄԷՋ» ՎԷՊԷՆ

Քաղուածք՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի

«Սէրը Եղեռնին Մէջ» Վէպէն

Պոլսոյ հայութիւնը շշմած էր: Մէկ օրուան մէջ հոգիները սառեցան: Սուլթան Համիտի ամէնէն գէշ օրերը երանելի կը թուէին: Վախը, անգոյն, անձեւ, անանուն վախը ամենուրեք էր: Մարդիկ փողոցներուն մէջ կþերեւէին ու կþանցնէին պատերուն քսուելով, ուրուականներու պէս: Տուներուն մէջ անգամ փսփսուքով կը խօսէին, կարծես անտեսանելի լսող մը ըլլար…

ևՎարուժանն ալ տարեր են…

ևԱզատամարտը փակուած է, դուռը փակ կը մնայ, դռնապան Կարօն ալ…

ևՌուբէն Սեւակը Հարպիէէն բռնէր են…

ևՊատրիարքը տունին մէջ բանտարկուած կը մնայ… ջոկատ մը ոստիկաններ պատրիարքարանին բակը կը պառկին եղեր…

ևԿոմիտաս Վարդապետէն լուր չկայ…

ևՍիամանթոյի պզտիկ եղբայրը տեսայ, Վահանը, ամանով կերակուր կը տանէր եղբօրը…

Կþըսեն որ Գրիգոր Զօհրապի մազեը ճերմկեր են…

Օրուան լուռերն էին: Առանց կրակի այրող եւ լուռ մխացող սիրտերուն վրայ, ամէն մէկ նոր անուն, ափ մը քարածուխ էր թէժ վառուող վառարանի մը մէջ: Եւ հայկական ընտրանիին վիճակուած այս գէշ բախտին հետ, ոչ նուազ կսկծալի պարագայ մը եկաւ աւելի խորացնել համատարած ցաւը: Քանի մը ժամուան մէջ հաւաքուեցան «ղարիպները»՝ գաւառացի պանդուխտներ, որոնք գաւառներէն Պոլիս եկած էին իրենց չարքաշ վաստակէն աւելցածը երկիր ղրկելու: Եւ քսան հազար հայ տղաք, քսանէն երեսուն տարեկան, հաւաքուեցան նոյն օրը: Ոչ բանտ տարուեցան, ոչ ոստիկանատուն: Խմբելէ ետք տխրահռչակ Պայազիտի հրապարակին վրայ, հինգական հարիւրնոց կարաւաններով ճամբայ հանուեցան Գոնիայի ուղղութեամբ, հետիոտն, սուինաւոր զինուորներով պաշարուած…

Եւ որոնք երբեք Գոնիա չհասան…

.           .           .           .           .           .           .           .           .           .           .           .

Մեծ դժուարութիւններով, բայց վերջապէս Զօհրապ յաջողեցաւ ունկնդրութիւն մը կորզել Թալաթէն: Դեռ քանի մը ամիս առաջ փօքէրի սեղանակից բարեկամը անմերձենալի դարձած էր: Պահուըտուք խաղալու պէս, բազմաթիւ խուսափումներէ ետք, վերջապէս ժամադրութիւնը ճշդուեցաւ: Թալաթ սիրով ընդունեց, առանց պաշտօնականութեան: Ելաւ սեղանէն, ընդառաջեց հիւրին եւ կրկին իր գրասեղանը չվերադարձաւ: Դէմ դիմաց նստան թիկնաթոռներուն մէջ, ինչպէս պատշաճ է մտերիմ բարեկամներու միջեւ:

ևԹալաթ պէյ (Զօհրապ գիտակցաբար զանց ըրաւ փաշան, տեսակցութիւնը իրենց մտերիմ շրջանակին մէջ պահելու համար) անկեղծ ըլլանք, ի՞նչ պէտք կար անվնաս մտաւորականները ձերբակալելու: Պատերազմի ատեն որոշ սեղմումներ հասկնալի են: Եթէ խնդիրը դառնար քաղաքականութեամբ զբաղող մարդոց, կուսակցական խմբակի մը շուրջ, այսպէս գալով ձեր սուղ ժամանակը խլողը չէի: Բայց կþիմանամ որ ձերբակալուած են դպրոցի ուսուցիչներ, բժիշկներ, նոյնիսկ քահանայ, վարդապետներ: Մարգարէին համար իսկ անհաճոյ այս բաները ինչո՞ւ կþըլլան… Որպէս փատաբան եւ Պոլսոյ երեսփոխան, պարտք կը զգամ բողոքել այս եղածներուն դէմ: Օրինակի համար, ի՞նչ կը նշանակէ առանց հարցաքննութեան, առանց որոշ ամբաստանութեան մը, հասարակ չարագործներու պէս ձերբակալել եւ տանիլ միայն աղօթքով ու երաժշտութեամբ ապրող վարդապետ մը, սիրուած բանաստեղծ մը, ուսուցիչ մը…

ևԱնմեղներ ալ կրնան խառնուիլ միւսներուն: Երբ ժամանակը գայ, կարելի է սրբագրել…

ևՀապա ի՞նչ ըսենք գաւառներու մէջ տեղի ունեցող տեղահանութիւններւն: Ռազմաճակատէն հազարաւոր մղոններով բաժնուած քաղաքներու հայ բնակչութիւնը ինչո՞ւ կը տեղահանուի, պատերազմական ի՞նչ ստիպողականութեամբ, մարդկային ի՞նչ օրէնքով:

ևԱյն նախազգուշութեամբ, որ ուրիշ տեղեր ալ ապստամբութեան դրօշ չպարզուի, ինչպէս այս օրերուն կը տեսնենք Վանի մէջ, ըսաւ Թալաթ խիստ ձայնով, բարեհամբոյր կեցուածքն ու քաղաքավարական ձեւերը մոռցած:

ևԻնչ որ դուք ապստամբութիւն կը կոչէք, ես պիտի ուզէի ինքնապաշտպանութիւն որակել: Ինքնապաշտպանութիւն՝ ջարդին եւ կողոպուտին դէմ, ինչ որ սրբազան իրաւունքն է մարդուն: Տարիներով իրարու հետ ապրող երկու ժողովուրդներէն մէկը երբ կը գրգռուի, պետութեան կողմէ բացայայտօրէն կը քաջալերուի որպէսզի բռնանայ միւսին վրայ, կողոպտէ, ջարդէ, իսկ պետութիւնը ուրիշ բան չունենայ ընելիք եթէ ոչ կռնակ կենալ յարձակողին եւ տեղահանել յարձակում կրողը, այդտեղ՝ մարդկային բոլոր օրէնքները եւ բարոյականը ինքնապաշտպանութիւն կը պարտադրեն զոհին…

ևԶօհրա՛պ, դաժանացաւ Թալաթ, զգո՛յշ, պետութեան դէմ ապստամբներ կը պաշտպանես: Բարեկամներ էինք, աղ ու հաց ունէինք միասին, լաւ է որ այդպէս ալ մնանք…

ևԲարեկամութեան յարգը գիտցող մարդ եմ, բարեկամութիւնը սուրբ է ինծի համար: Այդ բարեկամութեան զգացումն է որ զիս բերած է ձեր առջեւ: Ձերբակալուածներէն շատերը բարեկամներ են: Ես երաշխաւոր եմ անոնց քաղաքացիական բարոյականին եւ պետութեան հանդէպ հաւատարմութեան: Կը խնդրեմ, կը պաղատիմ, գոնէ ազատ արձակուին անվնաս համարուած մարդիկը, եւ վերջ տրուին տեղահանութիւններուն…

ևԸսի, պատասխանեց Թալաթ նոյն անայլայլ ցրտութեամբ, երբ ժամանակը գայ, նկատի կþառնուին անմեղները, իսկ միւսները Անատօլուի մէջ աքսոր պիտի ապրին պատերազմի տեւողութեան: Գալով տեղահանութիւններու, այդ որոշումը անվերաքննելի է: Ես մինակ չեմ, Կառավարութիւնը միաձայնութեամբ տուած է որոշումը…

ևԻսկ ո՞ւր պիտի ապրին տեղահանուողները:

Թեթեւ, խուսափուկ ժպիտ մը եկաւ Թալաթի դէմքին, բայց շուտով զսպեց եւ նոյն ցուրտ արտայայտութիւնը առած, պատասխանեց: Բայց որքան ալ ուզէր բնական շեշտը տալ ձայնին, անկարելի էր չզգալ բառերուն տակ պահուած շնական հեգնանքը.

ևՄիջագետք, Զօհրապ, արաբներուն քով: Ձեզի համար ալ լաւ է, մեզի համար ալ: Հինգ հարիւր տարի հայերը ապրեցան մեզի հետ եւ գոհ չեն, Բարենորոգում կը պահանջեն: Թող ատեն մըն ալ ապրին արաբներուն հետ: Թերեւս անոնց հետ աւելի լաւ լեզու գտնեն…

Զօհրապ կը զգար, թէ ամբողջովին ստութիւն էր Թալաթ այդ պահուն եւ սուտին հետ անտանելի հեգնանք մըն ալ կար: Բոլորովին նոր, անճանաչելի Թալաթի մը առջեւ կը գտնուէր: Որքան ալ ճիգ ընէր հանդարտ մնալու, Զօհրապի համար անկարելի էր այդպէս շարունակել: Սիրտը սկսած էր ցաւցնող կծկումներ ունենալ: Շնչառութիւնն ալ կը դժուարանար: Հասկցաւ թէ աւելորդ է վիճիլն ու տրամաբանելը: Աւելի կը տառապէր մտածումները ուզածին պէս բանաձեւելու անկարողութենէն: Կը զգար, թէ այս տեսակցութիւնը կրնայ չկրկնուիլ, կþուզէր լման պարպուիլ ու չէր յաջողեր: Շատ տկար ձայնով մըն էր որ կրցաւ ըսել.

ևԹալաթ պէյ, ըսաւ անզուսպ պոռթկումով մը, այս կատարուածները մարդկային հասկացողութենէն դուրս ինկող բաներ են: Օր մը հաշիւ պիտի պահանջուի ձեզմէ:

ևՈ՞վ պիտի ըլլայ հաշիւ պահանջողը, ըսաւ Թալաթ հեգնոտ, ու ոտքի ելաւ, տեսակցութեան վերջ տալու:

ևԵ՛ս… ե՛ս հաշիւ պիտի պահանջեմ ձեզմէ միջազգային ատեանի մը առջեւ, գոչեց Զօհրապ, գունատ, ինքն ալ ոտքի կանգնելով:

Հէ¯գ Զօհրապ: Չէր գիտեր թէ այդ խօսքով իր իսկ մահավճիռն էր որ կþարձակուէր իր բերնով…

Թալաթ չպատասխանեց, բայց մինչեւ դուռը Զօհրապին ընկերացած պահուն, գտած էր իր սովորական պաղարիւնը եւ կը հարցնէր տնեցիներուն որպիսութիւնը, որոնց ծանօթ էր, անցեալին Զօհրապենց տունը ապաստան գտած ըլլալուն, քսան օրով, Համիտէն հալածուած: Թալաթի վերջին խօսքը եղաւ.

ևՅարգանքներս եւ բարեւներս տիկին Քլարային…

About talar

Check Also

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Միջնադարեան Հայաստանի մէջ մանրանկարչութիւնը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ. հակառակ դարերու ընթացքին մեր կրած աւերիչ …