Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ԹԼԿԱՏԻՆՑԻ (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ)

ԹԼԿԱՏԻՆՑԻ (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ)

ԹԼԿԱՏԻՆՑԻ (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ)

(1860, Գ.ԹԼԿԱՏԻՆ ԽԱՐԲԵՐԴ-1915 ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ԶՈՀ)

 

Գրող, մանկավարժ, հասարակական գործիչ: Աւարտած է Խարբերդի Սմբատեան վարժարանը: 1887-ին հիմնադրած է Խարբերդի Ազգ.Կեդրոնական վարժարանը եւ մինչեւ կեանքի վերջը եղած է անոր տնօրէնը: Արեւմտահայ մամուլին մէջ տպագրուած են  Թլկատենցիի ակնարկներն ու նորավէպերը: Գրած է քրոնիկներ, վիպակներ ու պատմուածքներ («Մութ Անկիւններէ» կամ «Կնամա՞րտ թէ Ցլամարտ», «Գաւաթ մը միայն», «Ես    պարտքս կատարեցի»), բանաստեղծութիւններ (հազիւ 5-6 հատ՝ աշուղական ոճով ու ոգիով գրուած), ինչպէս նաեւ թատերգութիւններ (« Էնդի Դէմէն», «Կտակը», «Որ մէկուն ետեւէն», «Զալըմ Տղան», «Դէպի Արտասահման»): Թլկատենցիի գեղարուեստական ստեղծագործութիւնները արտացոլած են 1877-78 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմէն ետք Արեւմտահայաստանի մէջ տիրող քաղաքական եւ ընկերային բարդ ու լարուած իրավիճակը: «Գլխուդ Ջուր Դիր» (1896), «Գեղի նամակներ» (1892) շարքին մէջ, ինչպէս նաեւ «Վերջին տեղը» (1900), «Ճախրակին Առաջքը» (1900) գործերուն մէջ պատկերուած է արեւմտահայ գիւղացիի ողբերգութիւնը՝ յատկապէս 1894-96 թուականներու կոտորածներէն ետք, անոր անպաշտպանուածութիւնը թուրքական իշխանութիւններէն եւ խուժանէն:

Թլկատենցի տէր էր պայքարող խառնուածքի: Իր ատելութիւնները բուռն էին, ինչպէս բուռն էին նաեւ իր սէրերն ու խանդավառութիւնները: Ան մշտական պայքար մղած է անարդարութեան, կեղծիքի եւ չարութեան դէմ:

1915-ին թուրք ջարդարարները թաքստոցէն գտած են Թլկատենցին եւ կնոջն ու երեխաներուն՝ սպաննած:

 

 

 

 

 

 

 

 

ՀԱՏՈՒԱԾ՝ ԹԼԿԱՏԵՆՑԻԻ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ.

ԸՍԷ՛ ԻՆԾԻ, Ի՞ՆՉ ԿԱՅ

(ՄՕՐՍ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

 

Մա՛յր ,բոլոր պատմածներուդ ամենայետին մանրամասնութիւններն ալ միտքս են տակաւին, որոնք տունին պզտիկներն ալ չեն մոռցեր ու անոնք մէկմէկ սորվեցուցած աղօթքիդ պէս կը յիշեն, բա՛յց քանի որ կ՛ըսեմ, միայն գիշեր մը ճամբորդելով, այնքան մը տեղեկութիւններ կը բերէիր գեղէն, որ այնքան հեռու կը մնար մեզմէ, հիմա ալ պահ մը վեր առ գլուխդ ու ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ կայ անդին:

– Ի՞նչ ունիս գերեզմանէն, որ հունա այնքան մըն ալ մեր մօտը կը գտնուի: Ըսէ՛, մա՛յր վստահ եղիր որ չպիտի մերժեմ լսել, երբեք չպիտի ձանձրանամ ըսելիքներէդ: Երազներուդ պէս արդեօք գերեզմանէն անդիներն ալ նորէն ճշմարիտ իրականութիւնն՞եր պիտի հռչակես թէ բացարձակ ոչնչութիւն պիտի ըսես պարզապէս: Հարցուկի մը պատկառոտ սարսռանքներուն մէջ ու միշտ անհուն կարեւորութիւնով մը պիտի լսէի քեզ, մա՛յր, ո՞րն է երազը, սա արեւի՞նը թէ՝ վաղուան ստուերներուն կեանքը, որուն դուն ամիսներէ ի վեր սկսուածքն ըրեր՝ դեռ մեզի բան չես ապսպրած, մեզ յուսահատ սպասանքի մը մէջ սգաւորներ կը պահես. բայց այսչափ չէիր քնանար: Մա՛յր, դուն աքաղաղին ճիչովը ընդոստ արթնցող մը, հիմա ամպերը կը պոռան ականջիդ ու բնաւ չես շարժիր, վեր չես առներ գլուխդ աղօթքի չես վազեր, երազներդ իրականութիւն թէ ինչ, չես յատներ մեզի, ու կը զարմանամ թէ՝ ինչպէս կրնաս համբերել:

Այսչափ երկար ու խորունկ քուն քնանալովգ, մինչեւ հիմա աշխարհ մը ըսելիք կը կախէիր շրթունքէդ: Թզուկ գիշերի մը կեանքէն ամէնքն ալ հիմա ի՞նչ պիտի կրնայիր խօսիլ ան  մեծ գիշերին կողքէն, անոր սոսկալի ու խաւարակուռ ալիքներէն, ուր մտար ու մարեցիր ճրագը ետեւէդ:

 

 

 

 

 

About talar

Check Also

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Միջնադարեան Հայաստանի մէջ մանրանկարչութիւնը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ. հակառակ դարերու ընթացքին մեր կրած աւերիչ …