Հռոմէական կայսրութեան քայքայումը
Romulus Augustus 476 թուին գահազրկուած էր իբրեւ Արեւմտեան հռոմի կայսր, մինչդեռ երիտասարդ Julius Nepos-ը շարունակեց պահանջել Արեւմտեան կայսրի տիտղոսը իր հրաժեշտէն ետք:
Հռոմէական կայսրութեան քայքայումը պատմական արտայայտութիւն մըն է այն ժամանակաշրջանին, որ կը բացատրէ Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութեան քայքայումը: Edward Gibbonը իր հռչակաւոր ուսումնասիրութեան մէջ «Հռոմէական քայքայումն ու Անկումը» առաջինն էր որ գործածեց այս թերմինը, սակայն ան ոչ առաջին եւ ոչ վերջինն էր, որ կռահեց կայսրութեան անկումի պատճառն ու ժամանակը: Ան կը մնայ ամենամեծ պատմական հարցումներէն մէկը եւ կը ստանայ շատ լայն գիտական հետաքրքրութիւն: Հռոմէական կայսրութեան քայքայման աւանդական թուականն է 4 Սեպտ. 476, երբ Romulus Augustus Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութեան կայսրը, տապալեցաւ Odoacerի կողմէ: Շատ մը պատմագէտներ կը կասկածին այս թուականին շուրջ, նկատի ունենալով թէ Արեւելեան Հռոմէական կայսրութիւնը շարունակեց մինչեւ Կոստանտնուպոլսոյ անկումը 29 Մայիս 1453 թուականին: Կարգ մը ուրիշ նկատելի թուականներ են նաեւ Theodosius I-ն մահը 395-ին, (երբ կայսրութիւնը վերջին անգամ ըլլալով միացուցած էր), Գերմանական Ցեղախումբերու կողմէ Րայն գետը անցնիլը՝ 406 թուականին, զօրքերը քաշուելէ ետք, եւայլ: Շատ մը գիտնականներու կարծիքը այն է թէ փոփոխութիւնները կրնան աւելի ճշգրիտ ձեւով նկարագրուիլ իբրեւ «բարդ կերպարանափոխութիւններ» աւելի քան պարզ (քայքայում): Ժամանակի ընթացքին շատ մը տեսութիւներ առաջարկուեցան թէ ինչո°ւ կայսրութիւնը քայքայուեցաւ, կամ թէ իրապէ՞ս ան քայքայուեցաւ…
Հռոմէական կայսրութեան քայքայման մասին կարգ մը տեսութիւններ
Այս տեսութիւնները կրնան բաժնուիլ կարգ մը ընդհանուր ստորաբաժանումներու:
1-«Քայքայուած կայսրութիւնը» Տեսութիւնները Ընդհանրապէս այս տեսութիւնները կ’ըսեն թէ Հռոմէական Կայսրութիւնը կրնայ ըլլալ ապրեցաւ կարգ մը իրադարձութիւններ, որոնք պատճառ դարձան անոր քայքայման: Այս տեսակէտը որդեգրող խումբ մը պատմագէտներ կը հաւատան թէ հռոմիացիք իրենց ձեռքով բերին իրենց վերջը:
2-Vegetius theorized -ի ՏեսութիւնՊատմագէտ Vegetius theorized կը հաւատայ թէ Հռոմէական կայսրութիւնը քայքայուեցաւ դրացի ուժերու հետ տեւական բախումներու պատճառաւ: Հետեւաբար բանակի թուլութիւնն ու կարգապահութեան պակասը խնդիրը վերածեցին ռազմական հարցի:
3-Edward Gibbon Edward Gibbon մեղադրեց Հռոմէացի քաղաքացիներու քաղաքակրաթական առաքինութիւնը: Անոնք աստիճանաբար իրենց պաշտօնները ուղղեցին դէպի դուրս, պաշտպանելու կայսրութեան դուրսի վարձականները, որոնք վերջապէս իրենց դաւաճանեցին: Gibbon համարեց թէ քրիստոնէութիւնը կարեւոր դեր ունեցաւ ժողովուրդը հետաքրքրուած դարձնելով երկնային աւելի քան երկրային հարստութիւններով: Հռոմէացիներու քայքայումը բնական եւ վճռական հետեւանքն էր չափազանց հպարտութեան: Հետաքրքրական է թէ Gibbon յիշած է նաեւ կիլիման, համարելով զայն քայքայման պատճառ ըսելով «Կիլիման այլեւս նոյնը չէր»:
4-Radovan Richta Միւս կողմէն, այլ պատմագէտներ վիճաբանեցան թէ Հռոմի անկումը Հռոմէացիներու կամքէն անկախ էր: Radovan Richta կը համարէ թէ թէքնօլօճիան կը կառավարէ պատմութիւնը: Առ այդ, ձիու փայտի հնարումը Գերմանիոյ մէջ 200-ական թուականներուն, ինչպէս նաեւ կողմանացոյցի փոխառութիւնը Չինացիներէն 300-ական թուականներուն պիտի փոխէր pax romana-ի ռազմական հաւասարակշռութիւնը:
5-John Bagnell Bury John Bagnell Bury կը ներկայացնէ (Քրիստոնէութիւն/կռապաշտութիւն) սովորական տեսութիւնը, ապացոյց բերելով շատ աւելի Քրիստոնեայ Արեւելեան կայսրութեան յաջողութիւնը: John Bagnell Bury-ի կը հաւատայ թէ կարգ մը արտակարգ դրութիւններ պատահեցան, օրինակի համար տնտեսական քայքայումը, Գերմանական ընդլայնումը, Իտալիոյ բնակչութեան նուազումը, ռազմական ոգիի պակասը, Aetius-ի ահաբեկումը եւ անոր փոխարէն ղեկավարի չգոյութիւնը ինչպէս նաեւ շատ մը դժբախտութիւններ, որոնք հաւաքուելով փորձանքային պատճառներ դարձան: Bury-ի տեսութիւնն է, որ անկումը անխուսափելի չէր, սակայն պատահեցաւ կարգ մը դրութիւններու պատճառաւ, որոնց իւրաքանչիւրը դիմադրելի էր սակայն անոնք հաւաքաբար աղէտալի էին:
6-Peter Heather Peter Heather կը ներկայացնէ այլ տարբերակ մը իր «Հռոմէական կայսրութեան անկումը» գործին մէջ: Ըստ Heather-ին առաջին, իսկական հարցի նշանն էր Սասանեաններու յայտնութիւնը Պարսկաստանի մէջ: «Սասանեանները բաւական ուժեղ եւ սեղմ էին ետ դարձնելու Հռոմէական զօրքերը Եփրատի ափերէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Հիւսիւսային Թուրքիայէն: Շատ մը նոր ընթերցողներու կը թուի թէ (Հանս)երն էին Հռոմիացիներու թշնամին, սակայն իրականութեան մէջ Պարսիկներն էին Կոստանտնուպալսոյ եւ հռոմի ուշադրութիւնը գրաւողը»: Heather կը հաստատէ Ճիպպօն եւ Պըրիի հետ թէ Հռոմէական կայսրութիւնը կէս դարու ընթացքին վարուեցաւ եւ պայքարեցաւ Սասանեաներու սպառնալիքին դէմ գիւղերը եւ քաղաքները մերկացնելով իրենց տեղական տուրքերու եկամուտէն: Ռազմական ուժերու ընդլայնումը միջին արեւելքի մէջ վերջապէս յաջողեցաւ Սասանեաններու հետ սահմաններու կայունութիւնը ապահովել, սակայն Կայսրութեան նահանգներու իսկական եկամուտի պակսելու հետեւանքն էր հետեւեալը: Ա.Տեղական պատասխանատունները կորսունցուցին դրդապատճառը ժամանակ եւ դրամ յատկացնելու երկրին նախահիմքերու բարելաւման: Բ.Պատասխանատուները աւելի հետաքրքրուեցան Կայսրական բիւրոկրատութեամբ: Հէտր կը վիճաբանի թէ 4-րդ դարէն ետք, Գերմանական արշաւանքները ինչպէս նաեւ Aetius-ի ահաբեկումը պատճառ դարձան վերջին անկումին: Հէտր Պըրիի նման չի հաւատար թէ անկումը վճռական էր, այլ կը կարծէ թէ կարգ մը պատահարներ միասնաբար բերին կայսրութեան վերջը:
7-Bryan Ward-Perkins Bryan Ward-Perkins կը հաւատայ թէ անկումի պատճառներն էին՝ քաղաքական անկայունութիւնը, օտար արշաւանքները եւ տուրքերու եկամուտի պակասը: Հիմնականօրէն արշաւանքները երկարատեւ վնաս պատճառեցին գիւղական տուրքի հիմքին, այս պատճառով պակսեցաւ կայսրութեան բանակը հանդերձաւորելու եւ սարքաւորելու կարողութիւնը:
8-Rostovtzeff and Mises Պատմագէտ Michael Rostovtzeff եւ տնտեսագէտ Ludwig von Mises միասնաբար վիճաբանեցան թէ սխալ տնտեսական քաղաքականութիւնները կարեւոր դեր ունեցան Կայսրութեան աղքատացման եւ քայքայման: Ըստ անոնց 2-րդ դարուն, Հռոմէական կայսրութիւնը բարելաւուած շուկայական բարդ տնտնեսութեան շնորհիւ կրցած էր առեւտուրը ազատ դարձնել: Սակայն 3-րդ դարէն ետք ոսկիի, արծաթի եւ պրոնզի նուազումը հատուած դրամներուն մէջ, պատճառ դարձաւ սղաճի: Արուեստականօրէն աժան գիները պատճառ դարձան ուտեստեղէնի պակասի, մանաւանդ քաղաքներու մէջ ուր բնակիչները սկսան վստահիլ առեւտուրի՝ ապահովելու համար անհրաժեշտ ուտեստեղէնը: Շատ մը կանոններ փորձեցին արգիլել քաղաքէն դէպի գիւղ գաղթը, սակայն Հռոմէացիներու մեծամասնութիւնը ձգելով առեւտուրը վերադարձաւ գիւղատնտեսութեան:
9-William Carroll Bark William Carroll Bark կը հաւատայ թէ կայսրութիւնը քայքայուեցաւ անոր կանգուն պահելու ճիգերուն պատճառաւ: Ան կը տեսնէ թէ աւատականութիւնը սկսաւ յառաջդիմել Միջին դարերէն իսկ առաջ: Bark նաեւ կը հաւատայ թէ ոսկիի նուազումը Կայսրութեան վերջին օրերուն պատճառ դարձաւ անոր քայքայման: Սղանճը մետաղադրամը ոսկիի չըլլալուն հետեւանքն էր: Հարուստ դասակարգի մարդիկ եւ զինուորներ կը պահանջէին դրամի փոխարէն արժեքաւոր իրերով վճառուիլ: Դժուար էր որ կառավարութիւնը ինքնիրէն պահէր դրամը, առ այդ, վստահեցաւ աժան վարձկաններու որ պաշտպանեն զայն:
10-William H. McNeill William H. McNeill, նշեց իր գիրքին մէջ թէ Հռոմէական Կայսրութիւնը 200 թուականէն ճիշդ առաջ տառապեցաւ ժանտախտ: Մօտ 20 տարուան ընթացքինն ծաղկախտի եւ կարմրուկի ալիքներ վնասեցին կայսրութիւնը սպաննելով մօտաւորապէս բնակչութեան կէսը, հետեւաբար բանակը բնակչութեան աջակցութեան կարողութենէ շատ աւելի մեծ դառնալով տնտեսական եւ հասարակական քայքայումը զարգացնելով վերջ բերաւ Արեւմտեան կայսրութեան: Վերոյիշեալ տեսութիւնը մեծ ժողովրդականութիւն շահած է պատմագէտներու մէջ, որովհետեւ հնագիտական գրառումները կը հաստատեն թէ կայսրութիւնը տառապած է բնակչութեան յարատեւ նուազումէ 2-րդ դարէն մինչեւ 7-րդ դար:
11-Միջավայրի քայքայումը Ուրիշ տեսութիւն մը կ’ըսէ թէ միջավայրի աստիճանաւոր անկումը պատճառեց բնակչական եւ տնտեսական քայքայումը: Անապատի ընդլայնումն ու անասուններու արածումը պատճառ եղան հողափճացումի: Օրինակի համար Հիւսիւսային Ափրիկէի մէջ բերքառատ հողերը դարձան անապատ: Շատ մը կենդանիներու տեսակներ անհետացան:
12-«Սկիզբէն աղէտեալ» տեսութիւնը «Քայաքայուած կայսրութիւնը» տեսութիւններու կողքին, կարգ մը պատմագէտներ ինչպէս Arnold J. Toynbee եւ James Burke կը հաւատան թէ Հռոմէական կայսրութիւնը սկիզբէն փճացած համակարգ էր: Ըստ անոնց կայսրութիւնը անկարելի էր որ շարունակէր: Հռոմէացիք դրամագլուխի համակարգ չունէին: Կայսրութիւնը վստահեցաւ գրաւուած նահանգներէն ձեռք բերուած տուրքերուն, հողագործները դարձան աղքատ: Այս ստրուկային տնտեսութիւնը կը նշանակէր թէ գնողունականութիւն ունեցող միջակ դասակարգ չկար եւ իբրեւ հետեւանք Հռոմէական կայսրութիւնը չունեցաւ արտադրող արդիւնաբերութիւն: Մինչ այդ ռազմական պաշտպանողութեան ծախսերը բարձրացան:
13-«Քայքայում չկար» տեսութիւնները Վերջերս, կարգ մը պատմագէտներ կը վիճաբանին «անկում» բառին շուրրջ եւ նոյնիսկ համաձայն չեն գտնուիր «քայքայում» բառը գործածելու: Անոնք կը տեսնեն թէ իշխանութեան տեղափոխութիւնը Կեդրոնական Կայսրական Պիւրոքրասիէն դէպի տեղական իշխանութիւններ հազիւ նկատելի էր սովորական քաղաքացիի մը համար:
14-Henri Pirenne Pirenne կը հաւատայ թէ Կայսրութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ Արաբական արշաւանքներու շրջանը, որոնք Միջերկրականեան առեւտուրին արգելք ըլլալով, Եւրոպական տնտեսութիւնը քայքայեցին: Այս տեսութիւնը կը համարէ թէ ՖրանքոՖոնիք հոսանքի զարգացումը եւրոպայի մէջ Հռոմէական Կայսրութեան շարունակութիւնն է: Հին դարու պատմագէտները կը հաւատան թէ փոփոխութիւն մը պատահեցաւ դարերու ընթացքին եւ Հռոմէական մշակոյթը ընդգրկեց Միջին դարերու մշակոյթը: Պատմագիտականօրէն, հիմնական հարցը որ հետաքրքեց պատմագէտները որեւէ տեսութիւն ուսումնասիրելու ընթացքին, այն է թէ Արեւելեան Կայսրութեան գոյութիւննը շարունակուեցաւ հազարաւոր տարիներ Արեւմտեան կայսրութեան քայքայումեն ետք: Օրինակի համար միջավայրի փոփոխութիւնները ազդեցին Արեւելքին նոյնքան Արեւմուտքին, սակայն Արեւելքը «չքայքայուեցաւ»: Վերջապէս, պէտք է նշել թէ բազմաթիւ տեսութիւններու գոյութեան հիմնական պատճառներէն մէկն է 4-րդ եւ 5-րդ դարերէն վերապրած հնագիտական գրառումներու չգոյութիւնը: