Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ

ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ

 

ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ
(1080-1375)

 

Ա.Հակական Իշխանութեան Յառաջացումը Կիլիկիոյ մէջ

-Կիլիկիա- դիրք.-Փոքր Ասիոյ Հարաւ Արեւելեան կամ Միջերկրական ծովու Հիւսիւս Արեւելեան կողմը:

-Սահմաններ- Հարաւէն՝ Միջերկրական ծով, Հիւսիսէն եւ Արեւմուտքէն՝ Տաւրոսեան լեռնաշղթան, Արեւելքէն՝ Ամանոսի լեռնաշղթան:

-Տարածութիւն- Կիլիկիոյ տարածութիւնն է 39090 քառ Քմ.

-Հայերու հոսանքը դէպի Կիլիկիա ԺԱ. դարէն սկսեալ.

ԺԱ. դարու Ա. կէսին 400 000 հայեր կը տեղափոխուին Կիլիկիա:

1045-ին Գագիկ Բ. արդէն եկած եւ բնակութիւն հաստատած էր Կիլիկիա, որովհետեւ 1045-1070 թ. շատ մը հայ իշխաններ նոյնպէս կը հաստատուին Կիլիկիա: Հետզհետէ կը զօրանան այս իշխանները, որոնց մէջ յիշատակութեան արժանի է Ռուբէն իշխան, որ հիմը կը դնէ Ռուբինեան իշխանութեան՝ դուրս քշելով այն յոյն իշխանները, որոնք հայկական բերդերը գրաւած էին եւ միաժամանակ համախմբելով տեղական հայ իշխանները իր շուրջ:

Ռուբինեան հարստութիւնը, որ ԺԲ. դարու վերջերուն 1198-ին կը վերածուի Թագաւորութեան, տեւած է մօտաւորապէս 300 տարի 1080-1375:

-Ծանօթագրութիւններ-ընդգծումներ

Կիլիկիոյ մէջ հաստատուած այս իշխանութիւնը, որ հետագային վերածուեցաւ Թագաւորութեան, մեր պատմութեան Դ. եւ վերջին հարստութիւնն է, որ սակայն Հայաստանի հողի վրայ չէ հաստատուած: Այստեղ յատկանշական է ընդծգել այլ երեւոյթ մը, որ մեր ժողովուրդի մէջ ցայտուն եղած է, ատիկա գաղթն է: Հայ ժողովուրդը գաղթած է հին դարերէ սկսեալ Տիգրան Մեծի կայսրութեան օրերէն. երբ հայ վաճառականներ եկած են մինչեւ Կիլիկիա, Միջին Արեւելք ու Լիբանան ու հոն հաստատուած: Ահաւասիկ Ռուբինեան հարստութեան պարագան զանգուածային ու պետականութեամբ ամրացուած գաղթ մըն է:

Յատկանշական այլ երեւոյթ մը. այն է, որ Ռուբինեան հարստութեան շրջանին եւ մասնաւոարաբար Լեւոն Բ. թագաւորի օրով հաստատուեցաւ պետական այնպիսի կառոյց մը, մշակուեցան նոր օրէնքներ եւ որդեգրուեցաւ վարչական իւրայատուկ սիստեմ, ինչպիսին աննախընթաց էր ու աւելի բարձր աստիճանի վրայ կը գտնուէր, քան նախորդ երեք հայկական հարստութիւներու օրով:

Այսպէս նախ կազմակերպուեցաւ արքունիքը, ապա հաստատուեցաւ արքունիքին կից արքունիքին ատեան (դատարան), կազմակերպուեցան արքունական գործակալութիւններ եւ ստեղծուեցաւ դատական համակարգ: Տնտեսական կեանքը նուաճումներ արձանագրեց, շնորհիւ նաւահանգիստներու ստեղածն եւ առեւտրականութիւնը զարգացաւ: Ուշադրութեան առարկայ դարձան դպրոցները, ինչպէս նաեւ ամրապնդուեցաւ օրինակութիւնը եւ կարգաւորուեցան մարդկային ընկերական տնտեսական յարաբերութիւնները:

Այսպիսով՝ Կիլիկիա Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ մշակութային շաղկապող օղակը եղաւ: Արեւմուտքի հետ ոչ միայն մշակութային կապ ստեղծուած է, այլեւ ռազմական ու զինուորական կապով փոխ յարաբերութիւններ մշակուած են խաչակիրներու հետ: Հայ իշխաններ՝ սկսեալ իշխանութեան առաջին օրէն մօտիկութիւն կ՛ունենան խաչակիրներու հետ, օգնելով ու ճամբայ տալով անոնց. նոյնիսկ խնամիական կապեր ալ կը հաստատեն:

Քաղաքական նոր ուղի

Հեթում Ա.թագաւորի օրով, Կիլիկիոյ իշխանութիւնը շփումներ կ՛ունենայ մոնկոլներու հետ, հայոց թագաւորը մինչեւ Կառակորում կ՛երթայ, դաշինք կը կնքուի երկու պետութիւններու միջեւ, որու արդիւնքով փոխադարձ պարտաւորութիւններու հիման վրայ, լաւ պայմաններ կը ստեղծուին, թէ՛ Կիլիկիոյ եւ թէ Հայաստանի համար:

Սակայն ԺԳ. դարու վերջերը եւ ԺԴ. դարու սկիզբը, քաղաքական նոր ուղի կը բացուի Արեւելքի պատմութեան մէջ: Թաթար մոնկոլները մահմետականութիւն կ՛ընդունին, մինչ աննպաստ պայմաններ կը ստեղծէ Կիլիկիոյ երէկի դաշնեկիցը Կրօնական ու քաղաքական գետիններու վրայ, վտանգաւոր թշնամի մը կը դառնայ:

Թուլացում կը նկատուի արքունական կեանքէն ներս: Օրուայ թագաւորը, Հեթում Բ. (1201-1302) 13 տարուան մէջ հինգ անգամ կը հրաժարի գահէն, փորձելով լատին եկեղեցւոյ կցել հայ եկեղեցին:

-Սիսի եւ Ատանայի Ժողովները

Արեւելքէն յուսահատած Կիլիկիոյ արքունիքը, ինչպէս Հեթում Բ.-ի գահէն հրաժարիլը կը բացատրէ, իր աչքերը արեւմուտք կը դարձնէ: Միաժամանակ Եգիպտոս Մեմլուքներու յաճախակի յարձակումները վտանգը աւելի կը մեծցնեն: Օրուայ լատինամոլ կաթողիկոս Գրիգոր Անավարզաղի եւ Հեթում Բ., կը սկսին օգնութիւն խնդրել Հռոմի Պապէն եւ Եւրոպայի իշխանութիւններէն: Իսկ Պապը կը պահանջէր, որ հայկական եկեցեղին ենթարկուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ: Այսպէս, 1307-ին Սիսի ժողովով կաթողիկոսի ու թագաւորի ճնշումով, ժողովական իշխանները ստիպուած համաձայնութիւն կը յայտնեն, հայ եկեղեցին լատին եկեղեցւոյ կապելու որոշման: 1316 թ. Ատանայի ժողովով, թագաւորի եւ կաթողիկոսի հարկադրանքներով կը վերահաստատուի Սիսի ժողովին որոշումները:

Լեւոն Ե. 1331-ին կրկին կը դիմէ Պապին, եւ յատուկ խաչակրութեան արշաւանքին առաջարկը կը ներկայացնէ դէպի Արեւելք: Սակայն, ոչ մէկ դրական արդիւնք կը ստացուի: Պապը միայն, 30 000 ոսկի կը խոստանայ Հայոց թագաւորին, այն պարագային միայն, երբ հայերը կաթոլիկութիւնը ընդունէին:

Այս միջադէպերէն յետոյ, դրացի երկիրները աւելի կը ճնշեն Կիլիկիոյ վրայ, իր նոր քաղաքականութեան համար: Մինչ այդ Լուսինեան, «Բանսական» ծագումով թագաւորներ կը նստին Կիլիկիոյ գահին վրայ, մինչ շարունակելով հետեւիլ «արեւմտեան» կործանարար քաղաքականութեան:

-Անկում Ռուբինեան Հարստութեան Թագաւորութեան

Վերջընթեր թագաւոր Կոստանդին Ե. կը մեռնի առանց գահաժառանգ մը ձգելու, Ֆրանսական ծագում եւ հայկական ծագում ունեցող իշխաններու միջեւ կը շարունակուի գահի յաջորդականութեան խնդիրը: Ռուբինեան հարստութեան Թագաւորութեան վերջին թագաւորը կ՛ըլլայ Լեւոն Զ.: Եգիպտոսի Մեմլուքները մեծ զօրքով կը յարձակին Կիլիկիոյ վրայ, հայերը դիմադրելէ ետք, կը յանձնեն վերջին կեդրոնը եւս, Սիս ամրոցը: Թագաւորը իր ընտանիքով գերի կ՛իյնայ, կը տարուի Հալէպ, հոնկէ ալ կը տարուի Գահիրէ, ուր եւ կը բանտարկուի եւ կը մեռնի 1393 թ.:

Բ.Կիլիկիոյ Հայկական Պետութիւն

1-Ընկերային Կեանք-

*Դասակարգեր կան երկու գլխաւոր խումբեր

ա.-ազատներ եւ բ.-անազատներ

ա. Ազատներուն մէջ կ՛իյնան հոգեւորները եւ աշխարհիկ ազնուականները, որոնց մէկ մասը ժառանգաբար կը տիրանայ իր կալուածներուն, իսկ միւս մասը՝ թագաւորներէն կը ստանայ: Հոգեւորականները եկեղեցական դասը կը ներկայացնէին:

բ.Անազատները կը բաղկանան չորս խումբերէ-

1-Գիւղացիութիւն, որոնք ճորտեր էին եւ հարկ կը վճարէին միայն.
2-քաղաքային բնակչութիւն, արհեստաւորներ ու արեւտրականներ:
3-արքունի գիւղացիներ3-արքունի գիւղացիներ, որոնք աւելի ազատ են, քան ճորտացած գիւղացիները, եւ իբրեւ պարտաւորութիւն՝ տարեկան բերք կը հայթայթեն, տուրք կը վճարեն իրենց ունեցած սնունդներուն հաշւոյն եւ շաբաթը մէկ օր կ՛աշխատին արքունիքին համար: Անոնք նոյնպէս տուրք կը վճարեն եկեղեցւոյ:
4-ծառաներու եւ աղասիներու կարգն էր: Անազատներուն մէջ ամէնէն ընչազուրկը:

 

Պէտք է ըսել որ, անազատներու խումբին մէջ, քաղաքային բնակչութեան ներկայացուցիչները, արհեստաւորներն ու առեւտրականները համեմատաբար անձնական ազատութիւն կը վայելեն:

*Հողատիրութիւն

ա.Ժառանգաբար իշխաններ կամ իշխանութիւններ, որոնք կը համապատասխանեն երբեմնի նախարարութիւններուն, թիւով 70-80 են:

բ.Տէրունի կամ արքունի հողեր:

գ.Պարգեւականք, որ արքունիքին կողմէ կը տրուի արժանաւոր քաղաքացիներուն:

դ.Եկեղեցական հողեր:

գ.Ազատ գիւղացիներու տիրակալութիւն:

*Պետական Կառոյց

Երկրին գերագոյն իշխանութիւնը կը ներկայացնէ արքունիքը- արքունիքին կից կայ «արքունին ատեան», որու նիստերուն կը նախագահէ թագաւորը եւ ուր կարեւոր որոշումներ կ՛առնուին պատերազմի, հաշտութեան, ծանր յանցանքներու առիթով: Ժողովին խորհրդակցական ձայնով կը մասնակցին բերդատէր իշխանները:

 

*Դատարաններ

Լեւոն Բ.-ի օրով հաստատուած՝

ա-Արքունի դատարան կամ ատեան

բ-Սիսի արքեպիսկոպական ատեան

գ-Ստորին կամ փոքր ատեան

դ-Օտար երկիրներէ եկած առեւտարականներու յատուկ դատարաններ «Ճեննովացի, Վենետիկցի®»:

Ծանօթ.- Մշակուած է նաեւ դատական օրէնսդրութիւն

 

*Գործակալութիւններ

Լեւոն Բ.-ի օրով ստեղծուած

ա-Խնամակալութիւն, պայլութիւն «թիւով երկու, գահաժառանք իշխանին համար»:

բ-Սպարապետութիւն

գ-Արքունական քարտուղարութիւն

դ-Սեղանապետութիւն «հազարապետութիւն» թագաւորական զգեստ, դրօշ, գանձ այս գործակալութեան կը յանձնուին

ե-Մաքսապետութիւն

 

*Բանակ

Իշխանութեան օրով բանակին թիւը քանի մը տասնեակ հազար եղած է: Թագաւորութեան օրով բանակը դեռեւս կը կազմակերպուի: Միշտ պատերազմի ատեն անոր թիւը մեծ չափով կ՛աւելնայ: Հայկական բանակը, խաչակիրներէն շատ բան կ՛ընդօրինակէ, թէ իբրեւ արտաքին տարազ եւ թէ իբրեւ զինուորական ուսուցում ու բանակային կարգ:

 

Բանակի կառոյց

ա-Հեծելազօրքը լաւ տարազաւորուած ու ձիաւոր բանակն է, գլխուն՝ սաղաւարտ, զրահ եւ բուրդէ պատմուճան՝ խաչի նշանով: Իբրեւ զէնք կը գործածէ սուր, նիզակ, աղեղ, վահան եւ աշտէ (նիզակի տեսակ): Կային անշուշտ բանակային աստիճաններ եւ հրապարակային քննութեամբ կը ստանային տիտղոսներ ու ձիաւորի կոչում:

բ-Հետեւակ– պատերազմի ժամանակ օգտագործուող բազմահազար զօրքն է, որ թիւը համեմատաբար շատ աւելի մեծ էր հետեւազօրքէն:

Բայց բանակի մնայուն կառոյցին մէջ հիմնականը հեծելազօրքն է:

 

2-Տնտեսական Կեանք

*Գիւղատնտեսութիւն

Կիլիկիա իր երկրաբնական կառոյցով դաշտային է ու լեռնային: Հետեւաբար իր տնտեսական ու գիւղատնտեսական կեանքն ալ բաշխուած է այս երկու տուեալներուն:

Այսպէս դաշտային Կիլիկիոյ մէջ զարկ տրուած է երկրագործութեան, մշակուտ, հողերէն ստացուած է ցորեն, թել տուող բոյսեր, բամպակ, բրինձ, արմեւանի, թզենի, նարինջ, լեմոն, ձիթապտուղ, եւ խաղող:

Կիլիկիոյ մէջ անասնապահութեամբ պահուած են եղջիւր ունեցող անասուններ, ոչխար – բուրդի համար, այծ – մազին համար -, կով, եզ, գոմէշ, ձի, ջորի – մանաւանդ ձի, որ իր ընտիր որակին համար կ՛արածէին ու անոր կաշիէն կ՛օգտուէին:

ԺԲ. – ԲԴ. դարերուն կատարելագործուած են հողամշակութային ձեւերը եւ գիւղատնտեսութեան գործիքները, որոնք երկաթէ շինուած էին: Որդեգրուած է տարեկան եռադաշտային սիստեմը: Հողի պարարտացումի դրութեամբ, օգտագործելով գոմաղբ – գոմ-աղբ, մոխիր եւ այլ նիւթեր:

 

*Արհեստներ

ա.-մանագործութիւն- ջուլհակութիւն, դերձակութիւն, ներկարարութիւն:

բ.-մետաղամշակութիւն- դարբնութիւն, պղնձագործութիւն, պայտագործութիւն:

գ.-կաշեգործութիւն, ատաղծագործութիւն, կաւագործութիւն, որմնադրութիւն:

Ծանօթ.- հետզհետէ սկսած են աւելի նուրբ գործիքներ օգտագործել:

 

*Ներքին եւ Արտաքին առեւտուր

Ներքին- Լեւոն Բ.-ի օրով կը վերցուին բերդատէրերու կողմէ դրուած տուրքերը եւ արծաթեայ ու ոսկեայ դրամները ազատ շրջագայութեան կը դրուին, նոյնպէս արտօնութիւն կը տրուի օտար վաճառականներուն՝ բնակութիւն հաստատելու Կիլիկիոյ մէջ եւ այլ դրութիւններ:

 

Արտաքին- Կիլիկիա Միջերկրական ծովու վրայ ըլլալու իր դիրքով, կեդրոն մը եղած էր Այաս ու Կորիկոս նաւահանգիսներով մանաւանդ: Նաւերու ապահովութեան համար միջոցառումներ ձեռք ձգուած են, նոյնպէս քարավանները ճամբաներու վրայ պաշտպանուած են կողոպուտներու դէմ:

Կիլիկիա առեւտրական կապեր հաստատած էր հետեւեալ երկիրներուն հետ՝ Բիւզանդիոն, Խրիմ, Իկոնիա, Հայաստան, Ասորիք, Միջագետք, Եգիպտոս, Պարսկաստան եւ Հնդկաստանի հետ:

 

*Քաղաքական

Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան օրով կը զարգանան քաղաքները, Սիս կը դառնայ երկրի մայրաքաղաքը:

 

Տարսոն- Վաճառաշահ եւ հարուստ բազմազգ քաղաք մը, ուր կ՛ապրէին հայեր, յոյներ, ասորիներ, հրեաներ, իտալացիներ, քաղաքը նաեւ նաւահանգիստ ունէր:

 

Այաս եւ Կորիկոս- Նաւահանգիստներ էին, այս երկրորդը նաեւ մաքսակեդրոն էր, բոլոր շրջաններու նաւահանգիստներու մաքսային աշխատանքները համակարգերու համար:

Ծանօթ. – Օտարներու կողմէ վկայութիւններ կան Այասի նաւահանգիստի մասին, օրինակ՝ Մարքօ Բոլոյի այցը կը յիշատակուի իր գիրքին մէջ:

-Յիշել նաեւ Ատանան, այդ ոսկիով եւ արծաթով հարստացած քաղաքը, իբրեւ առեւտուրի եւ արհեստագործութեան կեդրոն:

 

*Ունիթորներ եւ Հակաունիթորներ

Եկեղեցական պայքարի հետեւանքով ստեղծուած երկու հոսանքներն էին ասոնք:

 

ա-Ունիթորներ– ասոնք կ՛ուզէին հայկական եկեղեցին միացնել լատին եկեղեցւոյն: Այս շարժումին հետեւորդներն էին առեւտարականներն ու կարգ մը արհեստաւորներ, նոյնպէս բարձրաստիճան հոգեւորականերն ու մանաւանդ արքունիքը: Նպատակ ունենալով հակիլ եւրոպայի, իբրեւ քրիստոնեայ աշխարհ, խաչակրութեան նոր աշխատանքի ակնկալութեամբ, առեւտրական մտահոգութեամբ եւ դրացի Մեմլուք ու Սելճուք երկիրները հարուածելու միջոց:

 

բ-Հակաունիթորներ

Վերի շարժումին հակադրուող հոսանք: Հայկական Ազգային եկեցեղւոյ պաշտպաններ, պահպանողական ազգային աւանդութիւններուն ու արժէքներուն նկատմամբ: Կողմնակիցներ ունենալով հոգեւորականներու ստորին դասը, մեծ բերդատէրեր եւ այլ խաւեր:

Եզրակացութիւն՝ ունիթորական շարժումը վտանգաւոր ու կործանարար էր հայկական թագաւորութեան համար:

 

3-Մշակութային Կեանք

*Դպրոցներ: ԺԱ.- ԺԴ. դարերուն աւելի քան 80 դպրոցներ կը բացուին: Դպրոցներու տեսակներ

ա-Առանձին անհատական դպրոցներ

բ-Ժողովրդական դպրոցներ (Անի, Կարս, Երզնկա, Վան®)

գ-Վանական դպրոցներ, երկու մակարդակներով՝ տարրական եւ բարձրագոյն:

 

*Գեղարուեստական Գրականութիւն

Արդէն Ժ. դարէն սկսեալ դուրս կ՛ելլէ զուտ կրօնական իր ոճէն ու նիւթերու ընտրութիւններէն, իբրեւ հիմնադիր ունենալով Գրիգոր Նարեկացին՝ իր «Նարեկ»ով: ԺԲ. դարուն յիշատակութեան արժանի է Ներսէս Շնորհալին իր շատ մը գործերով եւ մասնաւորաբար «Ողբ Եդեսիոյ» գործով:

Այս շրջանին բանաստեղծները սկսած են աշխարհիկ խօսակցական լեզուն օգտագործել եւ այս տարրը մեծապէս զգալի է Ֆրիկ անունով բանաստեղծին մօտ, որուն անձին մասին քիչ տեղեկութիւններ հասած են: Ֆրիկը խստօրէն պայքարած է անարդարութեան, անհաւասարութեան, հարստահարութեան ու ճնշման դէմ:

 

*Ճարտարապետութիւն եւ Քանդակ

Արաբական եւ Սելճուկեան արշաւանքներու ատեն, ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է Ժ.-ԺԴ. դարերուն Կիլիկիոյ մէջ նշանաւոր է Տրդատ ճարտարապետ, որ վերակառուցած է «ՍՈՖԻԱ» եկեղեցւոյ գմբէթը, որ եղած է «աւելի պայծառ քան զառաջինն»:

Ճարտարապետութեան զուգընթաց կատարելութեան կը հասնի նաեւ քանդակագործութիւնը: Ընդհանրապէս կը յիշատակուին աշխարհիկ մարդոց անունները:

 

*Նկարչութիւն

Մանրանկարչութեան նմուշներու կը հանդիպինք այն հազուագիւտ ձեռագիր մատեաններու մէջ, որոնք հասած են մեզի: Յայտնի մանրանկարիչներ եղած են Թորոս Րոսլին, Սարգիս Պիծակ եւ ԺԳ. դարուն Մարգար անուն անձ մը, որ կը կարծուի թէ Անի ապրած է:

Նկարչութեան մէկ ճիւղն ալ կը կազմէ որմնանկարչութիւնը, որով զարդարուած են դահլիճներու եւ եկեղեցիներու պատերը: Իբրեւ նիւթ վերցնելով երկու թեմա՝      ա-Եկեղեցական

բ-Աշխարհիկ կեանք:

 

*Թատրոն

Քիչ վկայութիւններ կան թատերական հաստատութիւններու ու թատրոնի գոյութեան մասին, բայց մատենագիրներէն մեզի հասած գրութիւնները, անուղակիօրէն կը վկայեն թէ՝ թատրոն գոյութիւն ունեցած է եւ շարունակած է զարգանալ միջնադարուն:

Վկայութիւններու հիման վրայ կրնանք ըսել.

-Թատրոն երթալ յաճախ կրօնական մեղք համարուած է:

-Կատակերգութիւններ ներկայացուած են:

-Պարուհիներ, ծաղածուներ, գուսաններ՝ դիմակ հագած են եւ օգտագործած են թատերական յատուկ զգեստ:

 

About talar

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …