OMEGA 3 / OMEGA 6
ՃԱՐՊԱԹԹՈՒՆԵՐ (الأحماض الدهنية)
ՕՄԷԿԱ 3 եւ 6-ը իւղերու տեսակներեն, որոնք շատ կարեւոր ներգործութիւնունուն մարդկային բջիջներուն վրայ:
Մարդկային մարմինը կը բաղկանայ միլիոնաւոր բջիջներէ, որոնց բաղկացուցիչ տարրերէն են՝ կորիզը եւ պատեանը, բջիջին պատեան ըմեծդերուն մարդու առողջութեան վրայ, անոր գլխաւոր եւ առաջին գործը բջիջին պաշտպանութիւնն է, ան է որ կը հսկէ բոլոր տեսակի նիւթափոխանակումներուն բջիջէն ներս եւ դուրս բացուելով եւ գոցուելով: Բջիջին պատեանը արդարացիօրէն կոչուածէ «կեանքիդուռը» այդտեղէն մուտք կը գործէ բջիջին անհրաժեշտսնունդը:
Բջիջին պատեանը սերտ առընչութիւն ունի ճարպաթթուներուն հետ:
Ճարպաթթուները ճարպերուն իւղոտ տեսակի բարդ մարմիններու հիմնական տարրերնեն, որոնք երկու տեսակ են՝ յագեցած ճարպաթթուներ (مشبعة) եւ չյագեցած ճարպաթթուներ (غير مشبعة):
Յագեցած ճարպաթթուներ: Այն իւղերը որոնք մեծ թիւով յագեցած ճարպաթթուներ կը պարունակեն կը կարծրանան ու կը կազմեն խիտ եւ պինդ մարմինմը, այս է պարագան կարագին, կենդանական իւղերուն, որոնք արագօրէն օգսիտացումիկ՝ ենթարկուին եւ կը կուտակուին մարմնակազմին. չնայած՝ որ կարագը կը պարունակէ A եւ D կենսանիւթերը (vitamin.) ուստի պէտք է չափաւորել անոր օգտագործումը:
Չյագեցած ճարպաթթուներ: Այն իւղերը, որոնք կը պարունակեն չյագեցած ճարպաթթուներ, չեն կարծրանար, կը մնան թափանցիկ, թոյլ եւ հեղուկ վիճակի մէջ ինչպէս՝ բուսական բոլոր տեսակի ձէթերը՝ ներառեալ ձկանիւղը:
ՈՐ՞ՈՆՔ ԵՆ ՃԱՐՊԱԹԹՈՒՆԵՐՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ, ԶՈՐՍԽԻՍՏ ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐ ՈՒՆԻՆ ՄԱՐՄՆԱԿԱԶՄԷՆ ՆԵՐՍ:
Կան ճարպաթթուներ, որոնք կը կոչուին կենսական ճարպաթթուներ, զորս չեն կազմուիր եւ չեն արտադրուիր մարմնին կողմէ, այլ կը ստանանք զանոնք ուտելիքներէն եւ որոնց շնորհիւ է, որ բջիջին պատեանները կը պաշտպանեն կորիզը արտաքին յարձակումներէն եւ կը կանոնաւորեն սնունդին պէտք եղող ներթափանցումը:
Կենսական ճարպաթթուները բաժնուած են գլխաւոր երկու ընտանիքներու ՕՄԷԿԱ 3 ԵՒ ՕՄԷԿԱ 6 :
Ո՞ւր կրնանք գտնել զանոնք:
ՕՄԷԿԱ 3 ճարպաթթուները կը գտնուին ձուկերու իւղերուն մէջ, soya, colza, փրփրիմ…
ՕՄԷԿԱ 6 ճարպաթթուները կը գտնուին առաւելապէս բուսական իւղերուն մէջ եգիպտացորեն, արեւածաղիկ, խաղողի կուտերը :
Այս տեսակի իւղերը կը պաշտպանեն մորթը եւ կիներու հորմոնային խանգարումները, առաւել բջիջներու պատեանները լպրծունկը դարձնեն:
Ուրեմն երբ կը նուազի պատեաններու իւղոտոմը, լպրծութիւնը պիտի յառաջանան այլազան խանգարումներ՝
-Յիշողութեան տկարացում,
-Սրտանօթային դժուարութիւններ,
-Յօդերու բորբոքում,
-Մտահոգութիւն ու մինչեւ իսկ շաքարախտ: