Home / Ա / Նիւթեր / Աշխարահագրական / ՏԵՐՍԻՄԻ ՀԱՅԵՐԸ

ՏԵՐՍԻՄԻ ՀԱՅԵՐԸ

 ՏԵՐՍԻՄԻ ՀԱՅԵՐԸ


Վերջին տարիներուն հայկական եւ թրքական մամուլին մէջ  յաճախակի կը գրուի թաքնուած կրօնափոխ դարձած եւ այլադաւան հայերու մասին: Կրօնափոխ հայերէն կը յամարուին  Տերսիմի հայերը: Հայոց պատմական Ծոփք նահանգի մաս կազմող Տերսիմը կը գտնուի Վանայ Լիճէն հիւսիս-արեւմուտք, սահմաններ ունենալով  հիւսիսէն՝ Երազնկա, հարաւէն՝ Խարբերդ, արեւելքէն՝ Պինկէօլ- Մուշ եւ արեւմուտքէն՝ Սեբաստիա:Գլխաւոր գետերէն է Մնձուրը: Ամէնէն մօտ հայկական գաւառը Չարսանճագի գաւառն է: Պատմական Տերսիմըբաժնուած էր երկու տարածքային մասերու՝ Դաշտային եւ Լեռնային: Պատմութեան տարբեր ժամանակներուն դաշտային Տերսիմը  յաճախ ենթակայ եղած է Օսմանեան իշխանութեանց, մինչ  լեռնային Տերսիմը պահած է իր կիսանկախ գոյութիւնը:Տերսիմցիները կը խօսին զազա լեզուն, որ կը գործածուի նաեւ Տերսիմի շրջակայ սիւննի իսլամ քիւրտերու կողմէ: Տերսիմի քիւրտերը տարածած են այնպիսի տեսակէտ մը, որ Տերսիմցիները  քրտական մէկ այլ ցեղախումբ են, որը բացարձակապէս կը մերժուի տերսիմցիներու կողմէ: Տերսիմի բնիկ ժողովուրդը քիզիլպաշ ալեւի է:

   Քիւրտերը սիւննի իսլամ: Քիզիլպաշ ալեւի (Կարմիր Գլուխ),  այս կրօնքը հիմնականօրէն կը տարբերի Շիա իսլամութեան աղանդաւորական մէկ ճիւղը յամարուող դասական ալեւիական կրօնքէն, որովհետեւ իր մէջ կը պարփակէ Քրիստոնէական, Մովսիսական, հեթանոսական (կրակապաշտութիւն եւ արեւապաշտութիւն) եւ հայ քրիստոնէական հաւատալիքներ ու ծէսեր:

Դաշտային Տերսիմի կամ Չարսանճաքի հայութեան թիւը կը գնահատուէր 40 հազարով ըստ Գ. Երեւանեան, «Պատմութիւն Չարսանճաքի հայոց»: Լեռնային Տերսիմի հայութեան թիւը՝ 8000-ով, իսկ քիզիլպաշներու թիւը կը գնահատէ 62 հազարով Հենրի Լինչ՝ Բիտանական խորհրդարանի անդամ եւ ճանապարհորդագիր1893-ին եւ 1898-ին:

1868-ին ըստ Տիարպեքիրի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ հիւպատոս Թէյլըրի  Քիւրտիստանի մէջ իր ճանապարհորդագրութեան տեղեկութիւններուն՝ Տերսիմի բուն բնակչութիւնը կազմուած է երկու հատուածներէ: Առաջինը՝ Պարսկաստանի Խուրասան շրջանէն գաղթած ալեւի ցեղախումբն է: Երկրորդ հատուածը Տերսիմի լեռնաշխարհին վրայ դարերով ապրող հեթանոս հայերու շառաւիղները կազմող հայերն են:

Տերսիմի շրջանի հայ բնակչութեան կրօնափոխ դառնալու պատմութիւնը կը տեղափոխուի 17-րդ դարու սկիզբ՝ թուրք- պարսկական պատերազմի եւ ջալալիներու ըմբոստութեան օրերուն, երբ մէկ կողմէ՝ պարսկաստանի Սէֆեան հարստութեան կայսր Շահ Աբբաս կ’ասպատակէր արեւելեան Հայաստանը, միւս կողմէ՝ արեւմուտքի մէջ՝ Պինկէօլի, Սեբաստիոյ, Երզնկայի եւ Խարբերդի շրջաններուն մէջ Օսմանեան թուրքերու ճնշումները կը բանեցուէին գիւղացիներուն վրայ:Սուլթանին զինուորական արշաւանքներուն ընթացքին անոնք անխնայ կը կոտորէին եւ կ՛իսլամացնէին հայաբնակ շրջանները: (1935-1937) այս շրջանը յատկանշուած է ամէնէն լայնածաւալ  բռնագաղթով, տեղահանուեցան 100 հազարաւոր հայեր, որոնցմէ մեծ մասը պարտադիր կրօնափոխ դարձաւ իսլամութիւնը ընդունելով փրկուիլ:

Հայ եւ օտար ուսումնասիրողներ կը վկայեն տերսիմցիներու իւրայատուկ ցեղ կամ հաւաքականութիւն ըլլալու իրողութիւնը: Տերսիմցիք իրենք կը հաստատեն նաեւ, որ աւելի մօտ կը զգան քրիստոնէութեան, քան իսլամութեան բայց աւելին՝ հայութեան:

                                                                                                                  Անժելա Պապօղլեան

                                                                                                                                                                                         

 

                                                                 

 

 

 

 

 

zp8497586rq

About talar

Check Also

ՍԻՍ

Սիսը Դաշտային Կիլիկիոյ քաղաքներէն է: Անունը սեմական ծագում ունի եւ արամերէն կը նշանակէ քահանայ, կրօնաւորների …