Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / Հայ Դատ-Ցեղասպանութիւն / ՀԵՏՈՒԻՔ ՊԻՒԼ «ԻՄ ՍԻՐՏԸ ՀԱՅ Է»

ՀԵՏՈՒԻՔ ՊԻՒԼ «ԻՄ ՍԻՐՏԸ ՀԱՅ Է»

ՀԵՏՈՒԻՔ ՊԻՒԼ
«ԻՄ ՍԻՐՏԸ ՀԱՅ Է»

1981 թուականի աշնան, Գերմանիոյ Հայգելբերգ քաղաքին մօտ գտնուող Վալդուիմերսբախ գիւղին մէջ՝ աւետարանական միսիոններներու ծերանոցին մէջ, դանդաղ կը հանգչէր ծերունազարդ կին մը: Կեանքի վերջին օրերուն ան սիրով, հոգածութեամբ եւ խնամքով շրջապատուած էր: Սակայն ոչ մէկը չէր հասկնար անոր վերջին մրմունջը, ոչ մէկուն խօսքը չէր հասներ անոր գիտակցութեան: Զարմանահրաշ բան կատարուեցաւ. կեանքի վերջին օրերուն ան մոռցած էր մայրենի լեզուն՝ էստոներէնը, մոռցած ուսումնառութեան լեզուները՝ ռուսերէնն ու գերմաներէնը, մոռցած աշխատանքային լեզուները՝ անգլերէնը, ‎ֆրանսերէնը, թրքերէնն ու արաբերէնը: Կը խօսէր մէկ լեզուով, որ անծանօթ ու անհասկնալի էր անոր շրջապատին. ան կը խօսէր հայերէն:

«Իմ սիրտը հայ է»,- ծերանոցէն իր հայ սաներէն մէկուն յղած նամակին մէջ գրած էր:

Անոր անունը օրիորդ Աննա Հետուիք Բիւլ էր հայերը ինչպէս որ կ՛ըսեն «Պիւլ Մայրիկ»:

Ծիծեռնակաբերդի Յիշատակի պատի յուշաքարերէն մէկը անմահացուցած է անոր. «Հետուիք Պիւլ, 1887-1981»:

Հետուիք Պիւլը ծնած է Էստոնիայի մէջ՝ Տալինէն քիչ մը հեռու գտնուող փոքրիկ, գեղատեսիլ Հապսալու քաղաքին մէջ, հարուստ, բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ: Հայրը վաճառական էր, մայրը՝ երաժիշտ, մեղմաբարոյ, բարեպաշտ անձնաւորութիւն մը: Ծնողները միջոցներ չեն խնայած իրենց հինգ դուստերուն կրթութիւն տալու: Հետուիքը նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա Սանկտ Պետերպուրկի մէջ ստացած է բարձրագոյն մանկավարժական, իսկ Գերմանիոյ մէջ՝ միսիոներական կրթութիւն: Քրիստոնէական սիրով ծառայութիւն մատուցելու մղումը անոր մէջ սկիզբ առած է դեռատի տարիքին, երբ ունկնդրած է աւետարանական եկեղեցւոյ քարոզիչ վերապատուելի Քարկելին: Ֆրիցենուալդի Սուրբ գրոց բարձրագոյն վարժարանը աւարտելէ ետք Հետուիք Պիւլը ամբողջութեամբ նուիրուած է քարոզչական եւ բարեսիրական գործունէութեան:

1911 թուականին Հետուիգ Պիւլը մեկնած է Կիլիկիա՝ Մարաշ, եւ աշխատանքի անցած գերմանացի աւետարականներու հիմնադրած «Բեթէլ» որբանոցը:

Անհնար է լրագրային հրապարակման մէջ անդրադառնալ Հետուիք Պիւլի կիլիկեան ողջ գործունէութեան: Նշենք միայն, որ այլ նուիրեալներու հետ անմնացորդ նուիրուած է հայ որբերու փրկութեան, խնամքին, դաստիարակութեան ու կրթութեան գործին, տեսած եւ կիսուած այն անլուր զրկանքն ու տառապանքը, որուն կ՛ենթարկուէին Կիլիկիոյ հայութիւնը: Եւրոպական չափանիշներով դաստիարակուած օրիորդի համար թրքական միջավայրը մղձաւանջ էր: Այդ պայմաններուն դիմանալը, աշխատիլը, Աստուծոյ խօսքը տարածելը, համատարած կարծիքի ու բռնութեան մթնոլորտին մէջ նեղութեան մէջ եղողներուն նեցուկ ու ապաւէն ըլլալը հոգիի վիթխարի զօրութիւն, անսասան հաւատ ու կամք կը պահանջէր: Շատեր չդիմացան: Բայց Հետուիք Պիւլը դիմացաւ եւ մնաց: Աւելին՝ ողջ էութեամբ կապուեցաւ հայութեան եւ անոնց կողմէն արժանացաւ «Մայրիկ» սիրագորով անուան:

Պիւլի գործունէութիւնը  չի սահմանափակուիր որբախնամութեամբ: Ան յօդուածներ ու նամակներ կը գրէր, ուր կը վկայէր եւ կը մերկացնէր թուրքիոյ հայաջինջ քաղաքականութիւնը, հայ որբուկներու մէջ կը ներարկէր հայրենասիրութիւն եւ արհաւիրքին դիմակայելու ոգի: 1918 թուականին, երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Պիւլը կ՛աշխատէր մերձակայքը գտնուող Հարունիէ գիւղի որբանոցի մէջ (հիմնադրուած է 1916 թ.): Հայաստանի մէկ մասի անկախացումը եւ հայ ժողովուրդի մէկ մասի ‎ֆիզիքական ապահովութիւնը ոգեւորած էր Պիւլը: Ան կը սկսի ուսումնասիրել հայերէն, թէեւ տիրապետած էր խօսակցականին, նաեւ անզուգական կատարելութեան հասած գրաւոր խօսքի մէջ, կը գրէր յօդուածներ եւ թարգմանութիւններ կը կատարէր: Իսկ անոր բուն նպատակներէն մէկը իր սաներուն հետ Հայաստան երթալն էր:

Ցաւոք, կեանքը այլ բան նախատեսած էր: Որբանոցի սաներու գլխուն ֆիզիքական բնաջնջման վտանգ սկսած էր: Թուրքերը զսպուած էին, որովհետեւ որբանոցը իրենց «մեծ» դաշնակից՝ Գերմանիոյ հոգածութեան ներքեւ էր: Սակայն ժամանակի ընթացքին այս հանգամանքը անտեսուեցաւ, եւ որբանոցի ղեկավարութիւնը ստիպուեցաւ սաները տարագրել Հայլէպ՝ Սուրիա:

Պիւլը իր գործընկերներուն հետ տիտանական ջանքեր գործադրած է՝ այդ կազմակերպելու համար: Ինքը մնացած էր եւ շարունակած աշխատանքը Հարունիյէի որբանոցին մէջ: Բայց երբ Կիլիկիան անցաւ ֆրանսացիներուն, վերջինները վտանգ զգացին իրենց տարածքին մէջ գործող գերմանական որբանոցի մէջ: Աշխատակիցներէն շատեր ստիպուած հեռացան: Պիւլը՝ որպէս էստոնուհի, կրցաւ մնալ եւ ղեկավարել որբանոցը: Սակայն որոշ ժամանակ ետք ինքն ալ ստիպուած հեռացաւ: 1919-ին՝ մօտ ինը տարի Կիլիկիա մնալէ ետք, ան ձգած էր սիրելի ժողովուրդը եւ վերադարձած Էստոնիա:

Սակայն Հետուիք Պիւլը երկար չմնաց «օտարութեան» մէջ: 1922 թուականին ան անդամագրուեցաւ Ֆրանսայի Ստրասպուրկ քաղաքի մէջ հիմնադրուած «Աքսիոն Քրեթիէն Ան Օրիան» («Քրիստոնէական առաքելութիւն Արեւելքի մէջ») աւետարանական մարդասիարական կազմակերպութեան  եւ մեկնեցաւ Հալէպ:

Այսպէս սկսած է անոր հայասիրական գործունէութեան երկրորդ շրջանը:

Ան բազմաբնոյթ է եւ բազմաբեղուն, լեցուն անօրինակ սիրով, նուիրումով, տքնանքով, յաջողութիւններով ու գնահատումով: Այն ժամանակ Սուրիոյ մէջ կար 160.000-է աւելի հայ գաղթական: Եղեռնէն մազապուրծ, սպանդի եւ տարագրութեան արհաւիրքները յաղթահարած հայութեան բեկորները ապաստան գտած էին Հայլէպ Սուլէյմանիէ եւ Ռամատանիէ արուարձաններու՝ միատեսակ կառուցուած հիւղակներու մէջ: Անոնք զուրկ էին կենցաղային տարրական պայմաններէն, չունէին աշխատանք, մատնուած էին թշուառութեան: Ճիշդ է, աստիճանաբար ուշքի գալով՝ կը գործէին ազգային մարմինները, սակայն անոնց հնարաւորութիւնները սահմանափակ էին, կարիքը՝ ծայրածիր, անսպառ:

Հ. Պիւլը հասած է ճիշդ ժամանակին: Հալէպի մէջ ան վերստին կը հանդիպի իր սաներուն, որոնք հրաշքով փրկուած էին: Անոր առաջին գործը հիւանդանոց հիմնել կ՛ըլլայ, բժշկական օգնութիւն կազմակերպել եւ ծանր հիւանդներուն այլեւայլ հիւանդանոցներու մէջ տեղաւորել:

Երկրորդ անհրաժեշտութիւնը աշխատատեղերու ստեղծումն էր: Պիւլը կրցած էր հիմնադրել հիւսուածքներու գործարան (ջուլհականոց եւ ձեռագործի մասնաճիւղ): Աշխատանք գտած էին մօտ հինգ հարիւր կին եւ աղջիկ: Անոնց արտադրած կարպետներն ու ձեռագործերը վաճառքի կը ղրկուէր Եւրոպայ, ապահովելու որոշ եկամուտ: Պիւլի նախաձեռնութեամբ կրթաթոշակ սահմանուած է աւելի քան 250 դպրոցներու համար: Ան սկիզբ գտած է որդեգրման իւրայատուկ ձեւի՝ որդեգրողներուն առաջարկելով օգնել որդեգիր ընտանիքին: Այդպէս պարբերական օգնութիւն սահմանուած է շուրջ 200 ընտանիք: ՁեռնահտԱծ եւ աւարտին հասցուցած է որբեվայրի հայ կանանց համար նախատեսուած շէնքի («Սարեբթա») շինարարութիւնը:

Փոխուած են ժամանակները, հայութիւնը աստիճանաբար ոտքի կանգնած է: Հալէպի իշխանութիւնները անոնց կացարանները քանդելու, տեղափոխելու հարց բարձրացած են: Դարձեալ միջամտած է Պիւլ Մայրիկը: Անոր օժանդակութեանբ հայերը շահած են դատը եւ բնակելու տուներ կառուցելու համար հողամաս գնած: պիւլը մասնակցած է նաեւ այս շինարարութիւնը կազմակերպելու օգնութեան:

Պիւլը ծաւալած է նաեւ մանկավարժական լայն գործունէութիւն, մանուկներէ զատ ուսուցանած նաեւ ուսուցիչներու, երեխաներու կազդուրման կայան կազմակերպած է Կիլիկիոյ Աթըգ գիւղին մէջ եւ այլն, եւ այլն: Դարձեալ անհնար է ամբողջութեամբ թուարկել այն ամէնը, ինչ որ ըրած է Հետուիք Պիւլը Սուրիոյ մէջ 1919-1951 թուականներուն՝ աւելի քան երեսուն տարի ծառայելով, օգնելով, քարոզելով, սիրելով եւ սիրուելով ու գնահատելով:

Երկրորդ աշխարհամարտը աւարտած էր: Հայութիւնը ստացած էր Հայաստան ներգաղթելու հանաւորութիւնը: Համոզուած էր, որ իր տեղը իր սաներուն, հայութեան կողքին էր, Պիւլը դիմած է ներգաղթի կոմիտէ՝ խնդրելով իրեն նոյնպէս թոյլ տալ բնակիլ Հայաստանի մէջ: Մերժած են:

1951 թուականին Պիւլը որոշած է հեռանալ Սուրիայէն: Այն ժամանակ ան վաթսունչորս տարեկան էր: Էստոնիա՝ ծննդավայր, չէր կրնար վերադառնալ, այնտեղ նոյն կարգերն էին, որ իրեն թոյլ չտուին բնակութիւն հաստատել Հայաստանի մէջ: Հետուիգ Պիւլը անցած էր Եւրոպա:

Բայց այդ ժամանակ ալ ան կը շարունակէր սերտ կապեր պահել իր սաներուն եւ Սուրիահայութեան հետ: Սակայն Բիւլը միայն կապերով եւ նամակագրութեամբ չբաւարարուեցաւ: Ան շարունակեց գործուն օժանդակութիւն ցոյց տալ գաղութի կեանքին, խորհուրդներ տալ, կազմակեպել նիւթական օգնութիւն: Պիւլը նաեւ երկու անգամ Հալէպ եկած է, ընդունուած է երախտագիտութեամբ, խանդավառութեամբ եւ սիրով:

Ան երբ բնակութիւն հաստատած է վերը յիշուած գերմանական ծերանոցին մէջ, արդէն հայ բարեկամներ կ՛այցելէին անոր, կը շրջապատէին սիրով եւ հոգածութեամբ, եկած էր պարտքեր վերադարձնելու ժամանակը:

Երախտապարտ հայ ժողովուրդը իր պարտքը  կը վերադարձնէր Պիւլ Մայրիկին: Եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ վերադարձնել: Որպէս սրտի յուզիչ օրինակ՝ վերապատմենք դէպք մը. Պիւլը Սուրիոյ մէջ իր վերարկուն նուիրած է պէտք ունեցող մէկուն: Վերջինս վերարկուն պահած է որպէս յուշ Պիւլ Մայրիկէն, որպէս մասունք: Տարիներ անց՝ 1988 թուականին, երբ օգնութեան անհրաժեշտութիւն կը ծագի երկրաշարժէն տուժածներուն, Հետուիք Պիւլի վերարկուն ստացած անձնաւորութիւնը ուղարկած է Հայաստան՝ անոր կողմէն:

Սիրոյ հանդէպ պարտքը վերադարձուցած են սիրուն հաւատարիմ ըլլալու եւ տարածելով: Այսպէս վարուած եւ ապրած է Էստոնուհի Աննա Հետուիգ Պիւլը:

Կ՛ըսեն, թէ վերջին շունչը տուած ժամանակ՝ անկախ ամէն բանէ, մարդիկ խօսած են իրենց մայրենի լեզուով: Հետուիգ Պիւլը խօսած է հայերէն:

Աշխարհը չի ճանչնար Պիւլ Մայրիկին: Բայց աշխարհը կը ճանչնայ Մայր Թերեզային: Անոնց մէջ ապրած է նոյն հրեշտակը:

*Թէեւ Սուրիահայերը վառ պահած են Հետուիք Պիւլի յիշատակը (Հալէպի մէջ անոր պատուին խաչքար կանգնած է, կան անոր նուիրուած բազմաթիւ հրապարակումներ, վկայութիւններ, արխիւային նիւթեր եւ այլն), բայց Հայաստանի մէջ կարծես մոռցած էին անոր: Կարելի է ըսել, որ մենք Հետուիք Պիւլը յայտնագործեցինք երկրորդ անգամ՝ անկախացումէն յետոյ (յիշարժան է Սերօ Խանզագեանի յօդուածը «Կոմունիստ» թերթին մէջ): Այդ գործին մէջ մեծ աւանդ ունի նաեւ պատմաբան Վարդան Գրիգորեանը՝ իր «Հայութեան Նուիրուած Կեանք» աշխատութեամբ:

Վկայարան

          Հատուած Հալէպի մէջ Գերմանիոյ հիւատոսի հեռագիրէն.

Ինչպէս այսօր յայտնի դարձաւ, Մարտի կիսուն 4-րդ զօրաբանակի հրամանատար Ալի Իսխան փաշայի հրամանով դարձեալ սկսած են հայերու մնացորդներու դէմ միջոցներ ձեռնարկել, անոր ղեկավարութեան ներքեւ գտնուած տարածքին մէջ,  յատկապէս Մամուրէթ Ալ-Ազիզի վիլայէթին մէջ: Բերդազ եւ Փերի բնակավայրէն Մամուրէթ Ալ-Ազիզ հասած են շուրջ 3000 կին ու երեխայ: Դեռահասները շղթայուած էին եւ բերուած են առանձին: Մամուրէթ Ալ-Ազիզի վալին կ՛անցնի ու երեխաներուն ազատ կ՛արձակէ, իսկ դեռահասները բանտ նետուած են…

                                                                        Հալէպ, 15 Մայիս 1918 թ.

Նիւթը քաղուած է «Յիշատակի Պատ» աշխատութենէն

Հեղինակ՝ Յակոբ Սողոմոնեան

Խմբագիր՝ Ալպերթ Աճէմեան

         

zp8497586rq

About talar

Check Also

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս …