Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երկու կամ բազմաթիւ պետութիւններու միջեւ փոխադարձ համաձայնութեամբ յառաջացած միջ-պետական կամ գեր-պետական կազմակերպութիւնները կը կոչուին միջազգային կազմակերպութիւններ: Միջազգային կազմակերպութիւնները կրնան ունենալ պետական-վարչական, քաղաքական, ընկերային, կրօնական, տնտեսական, զինուորական կամ այլ բնոյթներ:

Այսպէս, միջազգային պըտական – վարչական կազմակերպութիւններ են պետական զանազան անկախ միաւորներու կամ տարբեր ազգերու միջեւ ստեղծուած դաշնակցութիւններն (federation)  ու համադաշնակցութիւնները (confederation) , ինչպէս էր, օրինակ, Անդրկովկասի պետութիւնը 1917-18 տարիներուն՝ նախքան Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի անկախացումը: Միջ-պետական դաշնակցութիւնները կրնան երթալ մինչեւ փաստօրէն ամբողջական միացում, ինչպէս եղաւ պարագան Արաբ Միացեալ Հանրապետութեան՝ 1958-էն մինչեւ 1961 \Եգիպտոս, Սուրիա, Եէնէմ\:

Համաձայն նախկին խորհրդային Միութեան Սահմանադրութեան, դաշնակցային կապերով եւ ինքնակամ կերպով իրարու միացած անկախ պետութիւններ էին նաեւ Միութեան 15 հանրապետութիւնները, ոեւէ մէկը կրնար իր ազատ կամքով քաշուիլ Միութենէն: Հասկնալի է անշուշտ՝ որ այլ է սկզբունքը, այլ է փաստացի իրականութիւնը: Նման համադաշնակցութիւններու մէջ՝ ամենամեծ եւ ամենաուժեղ պետութիւնը փաստօրէն կ՝ըլլայ գերիշխող, եւ իր քաղաքականութիւնը կը պարտադրէ միւս միաւորներուն՝ համաձայն իր պետական շահերուն:

Տնտեսական բնոյթի միջ-պետական միութիւն մըն է Եւրոպայի Տնտեսական Միութիւնը (Communate economique Europeenne) կամ հասարակաց Շուկան (Marche Commun), որուն յարած են Արեւմտեան Եւրոպայի վեց պետութիւններ՝Ֆրանսա, Արեւմտեան Գերմանիա, Պելճիքա, Հոլանտա, Լիւքսեմպուրկ եւ Իտալիա:

Անգլիոյ եւ Բրիտանական նախկին գաղթավայրերու անկախացած պետոգթեանց համաձայնութեամբ գոյացած Հասարակապետութիւնը (Commonwealth) ունի նաեւ տնտեսական, եւ միաժամանակ՝ քաղաքական բնոյթ:

Գիտական աշխատանքներու ներդաշնակումի եւ հաւաքական գիտա-հե-տազօտութեան բնոյթ կը կրէ Եւրոպայի Հասարակաց Շուկայի պետութեանց ստեղծած EURATOM-ը \Հիւլէական Զօրութեան Եւրոպական Միութիւն\:

Զինուորական կամ պաշտպանողական բնոյթի միջազգային կազմակերպութիւններ են Հիւսիւսային Ատլանտեան Ուխտը \O.T.A.N.\, ՀարաւԱրեւելեան Ասիոյ Ուխտը \O. T.A.S.E.\ , Վարշաւիոյ Ուխտը, որոնք այժմ սակայն, քաղաքական փոփոխութեանց պատճառաւ կազմալուծուած են:

Բազմաթիւ ու բազմատեսակ են միջազգային եւ միջ-պետական կազմակերպութիւնները: Մենք պիտի ծանրանանք մասնաւորապէս համաշխարհային չափանիշով պատմական կարդեւորութիւն ներկայացուցած եւ ներկայացնող միջազգային երկու մեծ կազմակերպութիւններու վրայ, որոնք են Ազգերու Դաշնակցութիւնը (Societe des Nations), 1920-1946, թէեւ բ. Աշխարհամարտի ծագումէն ետք ՝այլեւս անուանական եւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը կամ ՄԱԿ-ը (Organisation des Nation Union—-,-1945-էն մինչեւ այսօր):

ԱԶԳԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Ա. Աշխարհամարտէն ենք, խաղաղութըան Վեհառողովին (28 Ապրիլ 1919) կողմէ հիմնուեցաւ Ազգերու Ընկերակցութիւնը: Նախաձեռնութիւնը ներշնչուած էր ամերիկեան, մասնաւորաբար նախագահ Ուլիսընի գաղափարներէն: Ընկերակցութեան կանոնագրութիւնը հիմ ունէր Ազգերու Ընկերակացութեան Ուխտագրին սկզբունքները: Ուխտագիր մը, որ մաս կը կազմէ խաղաղութեան դաշնագիրներու եւ որ, սկզբնական շրջանին, մշակուեցաւ 1914ի Դաշնակից պետութեանց եւ կարգ այլ երկիրներու կողմէ, որոնք հրաւիրուեցած միանալու Ուխտագրին:

Հիմնադիրներէն բացի, ուրիշ պետութիւններ ալ կրնային ընդունուիլ Ազգերու Ընկերակցութըան մէջ, Ազգերու Ընդհ. Ժողովի (կամ  խորհուրդի) անդամներու երկու երրորդին քուէով: Այսպէս, Դաշնակից մեծ պետութիւններէն (Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա եւ Ճափոն) ետք, Ընկերակցութեան անդամակցեցան 1926ին՝ Գերմանիա, 1934ին՝ Խ. Միութիւն եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Միայն Մ. Նահանգները դուրս մնացին Ազգերու Ընկերակցութենէն, ամերիկեան Քոնկրէսը մերժած ըլլալով անդամակցութեան սկզբունքը: Փաստօրէն Ազգերու Ընկերակցութիւնը տիրապետութեանը տակ ինկած էր Եւրոպական պետութեանց: Սակայն Եւրոպայի այս գերադասութիւնը գործնական մեծ հետեւանքներ չունեցաւ, նախ այն պատճառով, որ Եւրոպական պետութիւնները հակամարտ ճակատներու բաժնուած էին (դրամատիրական ազատական երկիրներու, Խ. Միութեան եւ Ֆաշիստ պետութեանց խմբակցութեան միջեւ), ապա այն իրողութեան հետեւանքով, որ բազմաթիւ պետութիւններ (մասնաւորաբար Ճափոն,Գերմանիա եւ Իտալիա), 1933էն ետք, քաշուեցան Ազգերու Ընկերակցութենէն:

Կը հետեւին ուերեմն, որ Ազգերու Ընկերակցութիւնը, իր կոչումով եւ փառասիրութիւններով համաշխարհային կազմակերպութիւն, իրականութեան մէջըրբեք համաշխարհային նկարագիր չզցեգաւ, յատկապէս Մ.Մահանգներու ամբողջական բացակայութեան հետեւանքով: Եթէ այդ նկարագիրը զգեցագ անգամ, զգեցաւ միայն վաղանցուկկերպով:

Ի հարկ է, տեսականօրէն կրնար իբրեւ գործակցութեան դաշտ ծառայել հակամարտ գաղափարաբանութեանց հետեւորդ պետութեանց, սակայն միջազգային քաղաքական պայմանները թոյլատու չեղան այս ուղղութեամբ: Օրինակ, հազիւ Գերմանիա նացիզմի տիրակալութեան ենթարկուած՝ կը քաշուէր Ընկերակցութենէն, իսկ Խ.Միութեան անդամակցութիւնը կը զուգադիպէր Գերմանիոյ եւ Ճափոնի հեռացումին:

Այդ թուականէն սկսեալ, Ազգերու Ընկերակցութիւնը միայն արեւմտեան ժողովրդավարութեանց եւ Ռուսիոյ հետ երկրորդական ազգերու ընկերակցութեան մը վերածուեցաւ, միացած՝ առժամաբար, առանց համոզումի, առանց փոխադարձ վստահութեան եւ տեւական վճռակամութեան՝ընդդէմ ֆաշիստ պետութեանց:\ Գերմանիա-Ստանիա-Իտալիա\այս շրջանի համար:

Զուր պիտի ըլլար Ազգերու Ընկերակցութեան Ուխտագրին մէջ փնտռել միջազգային կազմակերպութեան մը աւարտուն մեքենականութիւնը՝ իր իրաւասութեանց մարզերուն մէջ: Իրեն տեսականօրէն վերապահուած յաւակնոտ պարտականութեանց տէր չի կրնար կենալ.- Բախումներու փարատման վերաբերեալ միջոցառումներու ծեւակերպումը ամբողջական չէ արդէն, պետութեանց պատերազմելու իրաւունքը կը պահպանուի, միջազգային բանակը կամ միջազգային վէճերու միջամտելու յատուկ օրգանը գոյութիւն չունի:

Ազգերու Ընկերակցութեան այս անզօրութեան գլխաւոր պատճառը, բնականաբար, այն է, որ անդամ պետութիւնները երբեք տրամադիր չեղան հրաժարելու իրենց գործելու ազատութենէն, մասնաւորաբար խաղաղութեան պահպանման պէս էական մարզի մը մէջ:

Այսուհանդերձ, պէտք է ընդգծել, որ Ազգերու Ընկերակցութիւնը, սկզբնապէս անգլոսաքսոն ծագումով, Ա. Աշխարհամարտի վաղորդայնին, ներշնչուած էր Անգլիոյ եւ  Մ. Նահանգներու մէջ լայն տարածում գտած գաղափարէ մը,- ընկերակցութիւնը կոչուած էր միջազգային հանրային կարծիքը ցոլացումը կազմելու, իսկ այդ կարծիքին ճնշումը, բարոյական եւ քաղաքական գետնի վրայ, աւելի մեծ կարեւորութիւն պիտի ստանար խաղաղութեան պահպանման տեսակէտէն, քան  Ընկերակցութեան օրէնսդրական մարմիններու իրաւասութեանց ճշգրտութիւնն ու կատարելութիւնը: Փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ անգլոսաքսոնները սխալած էին, թերեւս ոչ այնքան միջազգային հանրային կարծիքի մը գործելիք ազդեցութեան սկզբունքին, որքան նոյնքան նման կարծիքի մը գոյութեան մասին՝ իբրեւ միջազգային ուժի զօրաւոր ազդակ: Անգլոսաքսոնները, այս կէտին մէջ, Ազգերու Ընկերակցութեան օրերուն, առնուազն երեսուն տարի առաջ էին իրենց ժամանակէն:

Եթէ ուզենք ամփոփ ցուցակը Ազգերու Ընկերակցութեան կամ անոր մարմիններուն կատարած դարկան գործերուն՝ բախումներու կարգադրութեան կամ խաղաղաութեան պահպանման մարզին մէջ, պարտաււոր ենք որոշ աստիճանաւորում մը ճշդելու երեք գլխաւոր մարզերու գծով.- օրէնսդրական վէճերու կարգադրութեան, քաղաքական վէճերու լուծում, պայքար՝ նախայարձակման փորձերու դէմ, հետզհետէ սահմանափակ յաջողութեամբ:

1920-1939ի շրջանին, Ընկերակցութեան միջազգային Արդարութեան Ատեանի միջպետական հարցերու մէջ գործ դրած իրաւարարութիւնը եւ արձակած վճիռները բազմաթիւ տարակարծութիւններու հարթման տուն տուին:

Ազգերու Խորհուրդը, կարելի է ըսել, գոհացուցիչ կերպով լուծեցկարգ մը քաղաքական վէճեր, ինչպէս, օրինակ, 1921ին՝ Վերին Սիլեզիայի շուրջ գերմանեւլեհ վէճը, 1925ին՝ անգլեւթուրք եւ պուլկար եւ յոյն վէկերը, 1933ին՝ Գոլոմպիոյ եւ Փերուի միջեւ ծագած վէճը ըւ այլն:

Սակայն բոլոր այն վէճերը, որոնց լուծումը կարելի չեղաւ Ընկերակցութեան միջոցով, յանգեցան պատերազմի, ինչպէս, օրինակ, 1932էն սկսեալ ճափոնական յարձակումը Չինաստանի վրայ, 1935ին Իտալիոյ յարձակումը՝ Եթովպիոյ վրայ, 1939ին Գերմանիոյ յարձակումը՝ Լեհաստանի վրայ:

Իսկ 1939ին, Բ. Աշխարհամարտը պայթեցաւ ոչ թէ իբրեւ հետեւանք Ազգերու Ընկերակցութեան Գերմանիոյ դէմ գործ դրած հաւաքական ճնշումին, այլ հակազդեցութիւնը Անգլիոյ եւ ֆրանսայի, որոնք երաշխաւորուած էին Լեհաստանի անկախութիւնը:

Թէեւ Ազգերու Ընկերակցութիւնը կարելի էր քայքայուած նկատել  Բ. Աշխարհամարտի սկզբնաւորութեան, սակայն ան օրինաւորապէս եւ պաշտօնապէս լուծուած հռչակուեցաւ  Ազգերու Խորհուրդի կողմէ, Ժընեւի մէջ,  8-18 Ապրիլ 1946ին գումարուած իր նստաշրջանի վախճանին, որուն գլխաւոր նպատակն էր Ազգերու Ընկերակցութեան ինչքերուն ու ստացուածքները փոխացել Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, որ նոր հիմնուած էր եւ կոչուած էր յաջորդելու Ազգերու Ընկերակցութեան՝ մարդկութիւնը դնելով նոր յոյսերու եւ վարդագոյն նոր հեռանկարներու առջեւ:

Որքան ալ քաջալերական չըլլայ Ազգերու Ընկերակցութեան տուած փորձարութիւնը որոշ իմաստով, պէտք է ընդունիլ սակայն, որ ան ժողովուրդներու մտքին մէջ արմատացոյց այն հիմնական գաղափարը, թէ համաշխարհային կոչումով ու առաքելութեամբ միջազգային մեծ կազմակերպութեան մը ստեղծումը պատմական անհրաժեշտութիւն մըն է:

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …