Home / Ա / Նիւթեր / Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ / ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ (Բ. ՄԱՍ)

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ (Բ. ՄԱՍ)

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ (Բ. ՄԱՍ)

  1. Հայ Թաթարական Պատերազմ

1.1.   Ներածական

1.2.   Պատճառներ

1.3.   Դաշնակցութեան Ղեկավարութեամբ Մղուած Կռիւներ Ամբողջ Կովկասի Մէջ եւ Դաշնակցութեան Յաղթանակը

1.4.   Հաշտութիւն Թաթարներու Հետ` Ռուս Կառավարութեան «Միջնորդութեամբ»

1.5.   Այս Պատերազմին ունեցած անդրադարձը, Հայ եւ Թաթար Ժողովուրդներու Վրայ:

  1. Ձարական Հակազդեցութիւնը Եւ «Դաշնակցութեան Դատը»

2.1.   Ռուս Ցեղասպաններու Նահանջը եւ անոր Պատճառները

2.2.   Դաշնակցութեան ունեցած առաւելութիւնը անոնց Վրայ Իբր Մարտական Ուժ

2.3.   Հալածանք Դաշնակցութեան Դէմ

2.4.   Դաշնակցութեան Դէմ Բացուած Դատը Եւ Անոր Արդիւնքները

1-Հայ Թաթարական Պատերազմը

ա.Ներածական

Հազիւ Դաշնակցութիւնը Կովկասեան նախագծի հիման վրայ կը սկսի յեղափոխական ընդհանուր կռիւի, յեղափոխական միւս կուսակցութիւններու հետ գործակցաբար, յանկարծ Կովկասի թրքութիւնը կը յարձակի հայ անզէն ժողովուրդին վրայ, այս ձեւով հարկադրելով Դաշնակցութիւնը կրկին մէկ կողմ ձգելու յեղափոխական ընդհանուր կռիւը եւ զբաղելու միայն հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործով: Եւ իրապէս Դաշնակցութիւնը չէր կրնար այս պայմաններու տակ յեղափոխական համառուսական գործին նուիրուիլ իր բոլոր ուժով:

Համառուսական յեղափոխական ճակատը Դաշնակցութեան հետ չգործակցելով շատ բան կորսնցուց, քանի՝ Դաշնակցութիւնը բաղդատաբար միւս կուսակցութիւններուն, աւելի լայն կարողութիւններ եւ պատրաստութիւն ունէր մարտական զինուորական գետնի վրայ. այս մէկուն լաւապէս քաջածանօթ էր նոյնինքն Ռուսական կուսակցութիւնը եւ Դաշնակցութեան ուժը չեզոքացնեքու եւ տկարացնելու լաւագոյն ձեւը գտած էր, եւ իր սադրանքներով է որ Հայ-Թաթարական պատերազմը կը սկսի ու կը ծաւալի:

բ.Պատճառները

1905 թուականն է. Կը սկսի Հայ-Թաթարական պատերազմը, սակայն ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը սկսի պատերազմը այս երկու ժողովուրդներուն միջեւ, երբ տարիներ ամբողջ անոնք ապրած են համերաշխ:

Բուն ատելութիւնը ծայր կ՛առնէ Պաքուի մէջ, ուր կը բնակի թուրք բնակչութեան մտաւորական եւ ազդեցիկ խաւը: Պաքուն, որ նաւթաշխարհի կեդրոնն է, հայերը վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին մեծ պաշտօններ կը գրաւեն, առեւտրական լայն գործունէութիւն կ՛ունենան, ի դիմաց թուրք ազգաբնակչութեան, որ զուրկ էր այդ ձիրքերէն: Այս ձեւով թուրքերը հաշտ աչքով չեն դիտեր հայերու բազմակողմանի վերելքը:

Ատելութեան հիմնական երկրորդ պատճառը այն է, որ թուրք բարձր մտաւորականութիւնը նախանձով կը հետեւէր, թէ ինչպէս հայ տարրը քաղաքականօրէն կազմակերպուելով՝ կռիւ կը մղէ կազմակերպուած ձեւով, եւ թէ ինչպէս անոնք (հայերը) կը ջանան ինքնավար Հայաստան ստեղծել, եւ մանաւանդ, ամենամտահոգիչը, Հայերու մղած պայքարն էր իրենց ցեղակից տաճիկ կառավարութեան դէմ:

Այս ձեւով թուրքերը իրենք զիրենք վտանգուած կը տեսնէին եւ այս մտավախութիւնը կը տարածէին նաեւ ժողովուրդի վարի խաւին մօտ, սարսափեցնելով զայն հաւանական կատարուելիք կոտորածներէ եւ ջարդերէ: Այս բոլորին բուն պատասխանատուն անոնց աչքին Դաշնակցութիւնն էր, որ պիտի ջարդէր ու թալանէր թրքութիւնը եւ քանդէր մզկիթները:

Համառուսական շարժումի այս օրերուն, նման վախերով եւ տարաձայնութիւններով, Թաթար ղեկավարութիւնը ժամանակը յարմար կը սեպէր Ռուս կառավարութեան օժանդակութեամբ, չէզոքացնելու Հայ ժողովուրդը եւ մանաւանդ Դաշնակցութիւնը:

Կը սկսի Թուրք ժողովուրդի զինումը մեծ թափով, որուն անվերապահօրէն կ՛օժանդակէ Ձարի կառավարութիւնը, երբ պատրաստութիւնը կ՛աւարտի, պատրուակով մը անմիջապէս կը սկսի ծրագրի գործադրութիւնը 1905 թ. Փետրուարին, երբ նշանաւոր թուրք աւազակապետ մը դատարանէն բանտ կ՛առաջնորդեն խումբ մը զինուորներ, բանտարկեալը կը փորձէ փախչիլ, սակայն զինուորները կրակ կը բանան անոր վրայ եւ դիպոուածով, զինուորներէն մէկուն գնդակը կը սպաննէ աւազակապետը: երեւան կ՛ելլէ որ այդ սպաննող զինուորը Հայ մըն է, ականատես թուրքեր կը տարաձայնեն պատահարը եւ իրարանցում կը ստեղծուի թուրքերուն մէջ, որոնք կ՛ուզեն վրէժ լուծել հայերէն, փորձելով սպաննել հայ զինուորը, որ կը վիրաւորուի: Սակայն քանի մը հայ երիտասարդներ կը հալածեն հայ երիտասարդները վիրաւորող թուրքը եւ բռնելով զայն կը յանձնեն ոստիկանութեան, ուրկէ կը յաջողի փախչիլ: Ասոր վրայ հայ երիտասարդները իրենք կը սպաննեն թուրքը:

Թուրքերը այս պատահարը շատ կը մեծցնեն եւ սպաննուած թուրքին դիակը կը պտտցնեն փողոցներու մէջ, թուրք խուժանը գրգռելու համար: Ասոր վրայ թուրք զինեալ տարրեր ալ կը հարուածեն հայ անզէն ժողովուրդը, ուր որ հայ մը տեսնեն անմիջապէս կը գնդակահարեն եւ կը սկսին հայ տուներն ու շուկաները թալանել եւ հրդեհել:

Այս բոլորը կը կատարուին ռուս ոստիկանութեան աչքին առջեւ, որ որեւէ քայլ չ՛առներ կոտորածը դադրեցնելու:

գ.Դախնակցութեան Ղեկավարութեամբ Մղուած կռիւներ

Դաշնակցութիւնը անակնկալի կու գայ առաջին օրերուն եւ կը բաւականանայ խաղաղութեան կոչեր եւ թռուցիկներ հրատարակելով: Սակայի զոհերուն շարքը կ՛երկարի. Դաշնակցութիւնը երբ վստահ կը համոզուի թէ եղածը պարզ պատահար մը չէ, այլ վերին ղեկավարութեան մեղսակցութեամբ կը կատարուին կոտորածները, սպառնագիր կը ղրկէ նահանգապետ Նակաշիձէին, դադրեցնելու համար կոտորածը եւ զէնք տալու հայ ժողովուրդին, այլապէս զինք պատասխանատու նկատելով եղած բոլոր դէպքերուն: Սակայն նահանգապետ Նակաշիձէ կը շարունակէ նոյն անտարբեր վարմունքը, քաջալերելով թրքութիւնը. իսկ միւս կողմէ նոյնիսկ արգելք հանդիսանալով, որ հայութիւնը ինքն ալ իր կարգին զինուի:

Այս ձեւով երբ թուրք խուժանը կը տեսնէ, թէ հայ ժողովուրդը իր տուները քաշուած է վախէն, ալ աւելի կը սաստկացնէ կոտորածները. երկու-երեք օրուայ ընթացքին փողոցները կը ծածկուին հարիւրաւոր հայ դիակներով եւ վիրաւորներով:

Այսպէս չէր կրնար շարունակուիլ ու Դաշնակցութիւնը հակառակ իր անպատրաստ վիճակին, կ՛որոշէ իր փոքրաթիւ ուժերով հրապարակ գալ: Այս դժուարին ինքնապաշտպանութեան գործը կը յանձնուի հին հայդուկապետ Նիկոլ Դումանի, որ ամիջապէս ամենակարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին կը կազմակերպէ շրջանը եւ կ՛անցնի կռիւի, իր հռչակաւոր ակն ընդ ականի կարգախօսով: Շատ դժուարին կռիւներ կը մղեն հայերը Նիկոլ Դումանի ղեկավարութեամբ եւ կարճ ժամանակուան մէջ այնքան յաջող կերպով ետ կը մղեն թուրք յարձակումները, որ թուրքերը կը շշմին եւ հարիւրաւոր զոհեր տալով կը նահանջեն:

դ.Հաշտութիւն Թաթարներու Հետ եւ Նակաշիձէի Ահաբեկումը

Դաշնակցութիւնը սակայն դեռ չէր բաւարարուած թաթարներու նահանջով, եւ երբ կը պատրստուէր իր ռումբերով, ինք նախայարձակ ըլլայ ուղղակի թրքական շրջանները, թուրք ղեկավարութիւնը հաշտութիւն կը խնդրէ: Դաշնակցութիւնը սիրայօժար կ՛ընդառաջէ հաշտութեան, քանի Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ ատեն չէր ուզեր դրացի թուրքերուն հետ կռիւ ունենալ եւ կը ցաւէր եղածներուն համար: Հետեւաբար հաշտութիւն կը գոյանայ:

Սակայն Դաշնակցութեան կը մնար բուն պատասխանատուն պատժել, որ արդէն սեւ ցանկի վրայ առնուած էր: Նահանգապետ Նակաշիձէն էր այդ պատասխանատուն. օր ցերեկով Նակաշիձէ ռմբային տերորի զոհ կ՛երթայ: Ամբողջ Կովկասը կը սասանի այս տեռորի ազդեցութեան տակ. Դաշնակցութիւնը յեղափոխական ժողովրդական շրջանակներու մէջ ուղղակի հիացմունքի կ՛արժանանայ:

Կարելի է ըսել թէ Դաշնակցութեան ամենայաջող տեռորներէն մէկը կ՛ըլլայ այս, որուն հեղինակն էր Դրօն:

ե.Պատերազմին Ունեցած Անդրադարձը

Փոթորիկը կ՛անցնի, սակայն շուտով վերսկսելու համար, այս անգամ աւելի մեծ տարողութեամբ: Ճիշդ է հաշտութիւն գոյացած էր, սակայն թուրքերը չէին մարսած իրենց այս պարտութիւնը, եւ լուռ կը պատրաստուէին աւելի մեծ տարողութեամբ կռիւներու:

Թաթար ղեկավարութիւնը չէր հանգստացած. ան գործակցաբար ռուս կառավարութեան հետ անընդհատ կը պատրաստուէր, եւ ահա քանի մը ամիս անց փոթորիկը կրկին կը պայթի: Մեծ սասկութեամբ կռիւներ տեղի կ՛ունենան Պաքուի մէջ, հարիւրաւոր զոհեր կ՛իյնան, որոնց մեծ մասը թուրքեր էին: Պաքուի հսկայ նաւթահորերը հրոյ ճարակ կը դառնան. Դաշնակցութեան հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ շատ կազմակերպուած եւ սքանչելի: Սակայն Դաշնակցութեան համար ցաւալի կ՛ըլլայ այն պարագան, որ թաթար ազատական նկատուած մտաւորականութիւնը եւ վրացական ընկերվար կուսակցութիւնը, ճշմարտութիւնը ամբողջութեամբ կը խեղաթիւրէին, եւ այս բոլոր դէպքերու պատասխանատուութիւնը Դաշնակցութեան կը վերագրէին:

Կռիւը Պաքուէն կը տարածուի դէպի Երեւան եւ գաւառները, Զարաբուչ, Զանգեզուր, Գանձակ եւ Թի‎ֆլիս: Այլեւս տեղի ունեցածը իսկական պատերազմ մը կ՛ըլլայ. դաւը ամբողջական է, հայութիւնը բնաջնջելու ընդհանուր քաղաքականութիւն մըն էր, որ գործադրուելու կը սկսէր: Այնքան յառաջ կ՛երթան ջարդերն ու կոտորածները այս շրջաններուն մէջ, որ կը սկսին համիտեան պատերազմ յիշեցնել. ուղղակի Սուրբ պատերազմ հռչակուած էր հայերուն դէմ:

Դաշնակցութիւնը գրեթէ բոլոր ճակատներու վրայ յաղթական էր, պէտք է ըսել որ ինչ կատաղութեամբ եւ անխղճութեամբ, որ թուրքերը կը փորձէին կռուիլ եւ ջարդել հայ անզէն ժողովուրդը, նոյն սաստկութեամբ եւ երբեմն ալ աւելին կը ստանային դաշնակցական ֆետայիներէն: Ի վերջոյ տեսնելով որ բոլոր ճակատներու վրայ ալ հայերը աւելի նպաստաւոր դիրքերու վրայ են եւ իրենց երազած յաղթանակը այնքան ալ դիւրին չէ. Կովկասի փոխարքային միջոցաւ հաշտութիւն կը կնքուի հայերու հետ:

Այս ձեւով վերջ կը գտնէ այդ մեծ անիմաստ պատերազմը, որ պատճառ կը դառնայ բազմահազար զոհերու եւ անիմաստ ատելութեան երկու դրացի ժողովուրդներու միջեւ:

Դաշնակցութեան հմայքը այս պատերազմէն ետք շատ կը բարձրանայ Կովկասի մէջ. Հայ ժողովուրդը ուղղակի կ՛անդրադառնար թէ շնորհիւ դաշնակցութեան ազատած էր ստոյգ բնաջնջումէ: Կովկասահայր՝ որ նախապէս կը դիտուէր իբրեւ ստորադաս, թոյլ, մեղկ եւ վախկոտ զանգուած, այս պատերազմով փաստեց թէ կովկասահայն ալ գիտէ կռուիլ եւ ինքզինք պաշտպանել:

Դաշնակցութիւնը իր ծոցը առնելով հայ ժողովուրդը, այնքան եռանդ եւ արիութիւն ցուցաբերեց, այնքան ռազմական կորով եւ տաղանդ, որ հակառակորդ թուրքը շշմեցաւ, ինչպէս նաեւ շշմեցաւ նոյնինքն չարիքը նիւթող Ձարական կառավարութիւնը եւ սկսաւ հաւասարէ հաւասար աչքով դիտել հայրը:

2-Ձարական Հակազդեցութիւնը Եւ «Դաշնակցութեան Դատը»

ա.Ռուս Յեղափոխականներու Նահանջը Եւ Պատճառները

Ինչպէս տեսանք, Դաշնակցութիւնը միացած Ռուսական Կայսրութեան մէջ գտնուող միւս յեղափոխական կուսակցութիւններուն, անցած էր ուղղակի յեղափոխական գործի, եւ հազիւ գործի սկսած, վրայ հասած էր Հայ-Թաթարական պատերազմը, կասեցնելով սկսած շարժումը:

Հայ-Թաթարական պատերազմի աւարտումով, անշուշտ Դաշնակցութիւնը պիտի սկսէր յեղափոխական կռուի, սակայն այստեղ եւս Դաշնակցութեան առջեւ կը ծագէր ուրիշ մեծ դժուարութիւն մը:

Ռուս յեղափոխական կուսակցութիւնները հակառակ իրենց բազմանդամ շարքերուն եւ համակիրներուն, հակառակ իրենց մեծ կուսակցութիւններ ըլլալու հանքամանքին, հիմնական մեծ պակաս մը ունէին, մարտական ուժը եւ համապատասխան պատրաստութիւնը: Առանց այս հիմնական տուեալներուն, անոնք յեղափոխութեան կը սկսէին կայսրութեան մէջ եւ փոխանակ զինեալ ապստամբութեամբ գործելու, մերկ կուրծքերով ռուսական զօրքերու դէմ կը ծառանային:

բ.Դաշնակցութեան Ունեցած Առաւելութիւնները

Այս կուսակցութիւններուն մէջ միայն Դաշնակցութիւնն է, որ իր ծնունդի օրէն մեծ կարեւորութիւն տուած էր մարտական ուժին եւ միշտ ալ այդ գծով զբաղած իր շարքերու պատրաստութեամբ: (Այս պարագան ընդունուած եւ հաստատուած էր ընկերվարական միւս կուսակցութիւններու կողմէ, զանազան համագումարներու ընթացքին): Սակայն Դաշնակցութիւնը որքան ալ ուժ ունենար, իր փոքր ըլլալուն պատճառաւ մեծ նշանակութիւն չ՛ուներ, յեղափոխական ուժերու ընդհանուր տեղատուութեան դիմաց: Այստեղ նկատի ունենալ նաեւ միւս կուսակցութիւններու բոլորովին անպատրաստ վիճակը մարտական գետնի վրայ:

Այս ձեւով կը սկսի յեղափոխական ուժերու նահանջը բովանդակ կայսրութեան մէջ, եւ կը սաստկանայ հալածանքը յեղափոխական կուսակցութիւններու դէմ, որոնց շարքին նաեւ եւ մասնաւորաբար Դաշնակցութեան դէմ:

գ.Հալածանք Դաշնակցութեան Դէմ

Ռուսական պետական խորհրդարանը շարք մը նիստերով կը զբաղի Դաշնակցութեան հարցով, նկատի կ՛առնուի Դաշնակցութեան ունեցած մեծ հմայքը ժողովուրդէն ներս, անոր կազմակերպական կուռ ցանցը, մարտական ուժը եւ այս բոլորը չափազանցեալ ձեւով:

Կովկասեան յեղափոխական շարժումներու բուն ղեկավարը եւ հրահրիչը կը նկատուի Դաշնակցութիւնը: Ձարական կառավարութիւնը պահ մը մոռնալով կովկասեան միւս յեղափոխական կուսակցութիւնները, կը սկսի զբաղիլ գրեթէ Դաշնակցութեամբ, որովհետեւ անոր աչքին Կովկասեան Շարժում եւ Դաշնակցութիւն հոմանիշ դարձեր էին:

Դաշնակցութեան դէմ ամենախիստ միջոցներ ձեռք կ՛առնուին. հարիւրաւոր երիտասարդներ, որոնք հեռուէն կամ մօտէն կապ ունեցած էին դաշնակցութեան հետ, կամ այս կամ այն ձեւով որեւէ դեր խաղցած էին Հայ-Թաթարական պատերազմին մէջ, կը լեցուէին բանտերը: Ահ ու դող կ՛ապրի ամբողջ կովկասահայութիւնը, ուսուցիչներ, խմբագիրներ, բանաստեղծներ, արհեստաւոր, վաճառական, բոլորն ալ Դաշնակցական համարուելով կը հալածուին, կը բանտարկուին:

Այս գործողութիւնները կը կատարուէին նախագահութեամբ կառավարութեան մէջ հայատեաց անգութ դատական քննիչ Լըժինի, որ քառասուն հազար էջնոց ամբաստանագիր մը պատրաստած էր Դաշնակցութեան դէմ:

դ.Դաշնակցութեան Դէմ Բացուած Դատ

Հարիւրաւոր երիտասարդներ եւ դաշնակցական գործիչներ բանտերու մէջ կը հալէին տարիներով, սպասելով մեծ դատավարութեան, որ կը կոչուէր Դաշնակցութան Դատը. անոնցմէ շատեր կը խելագարէին, շատեր կը հիւծէին չդիմանալով բանտի դժոխային պայմաններուն. վերջապէս կը հասնի դատավարութեան օրը եւ հարիւր վաթսուն      քաղաքական գործիչներ կը տարուին Պետերբուրգ, դատուելու համար:

Ամբաստանեալներու մէջ էին նաեւ դաշնակցական ղեկավար դէմքեր, ինչպէս՝ Զաւարեանն ու Ռոստոմը, Արմէն Գարօն, Շահրիկեանը, Նիկոլ Դումանն ու Դրօն եւ այլ պատասխանատուներ, որոնք ընդհանրապէս ամբաստանուած էին դաւաճան խմբապետ Միհրանի ցուցմունքներով: Միհրան մատնած էր նաեւ բոլոր այն խորհրդանշանները, կարգախօսներն ու ծածկագիրները, որոնք կը գործածուէին Դաշնակցութեան մէջ:

Դատավարութիւնը կը սկսի ռուս ծերակոյտի յատուկ ատեանին առջեւ. ամբողջ դաշնակցութեան դատն էր որ տեղի կ՛ունենար, եւ առ այդ կուսակցութիւնը եւ համայն հայութիւնը իր բոլոր միջոցները ի գործ դրած էր այս հարուածին դիմադրելու համար: Ռուսաստանի լաւագոյն փաստաբանները ստանձնած էին ամբաստանեալներու պաշտպանութիւնը: Ռուսական ազատական մամուլի բազմաթիւ թերթերը չէին ծածկեր իրենց համակրանքը Դաշնակցութեան  հանդէպ. Դաշնակցութեան անունը ամբողջ ամիսներ կը հոլովուէր Ռուսաստանի, եւ անկէ դուրս, մինչեւ արեւմտեան աշխարհին մէջ:

Դատավարութեան ընթացքին ընդհանուր դատախազը կը կարդայ ամբաստանագիրը, որուն մէջ մեծ սուտերով, Դաշնակցութիւնը կը ներկայացուի ո՛չ միայն հակակառավարական եւ յեղափոխական, այլ նաեւ՝ իբրեւ հակառուսական կուսակցութիւն, ինչ որ իրականութեան երբէք չէր համապատասխաներ: Ճիշդ է, որ Դաշնակցութիւնը եղած էր զանազան հարցերու պատասխանատու, իբրեւ յեղափոխական կուսակցութիւն, սակայն երբեք անջատական եւ հակառուսական:

Եւ ահա դատավարութեան ընթացքին պաշտպան փաստաբաններու աշխատանքով, դղրդագին յայտնութիւն մը մեծ գայթակղութիւն կը ստեղծէ: Այդ յայտնութենէն ի յայտ կու գայ, որ Լըժինի կատարած «նախնական քննութիւնները» լի էին կեղծիքներով, ինչպէս նաեւ ինքը հարցաքննիչը, ծայրայեղ հայատեաց, անհաւասարակշիռ, հոգեպէս հիւանդ մըն է:

Պաշտպան փաստաբանները կը պահանջեն նոր քննութիւն: Այս գայթակղութիւնը արդէն սկսած էր մամուլի էջերէն դատապարտուիլ, ինչ որ կը սպառնար հարցին աւելի մեծ ծաւալ տալ:

Այս կացութեան դիմաց դատարանը ընթացք չտուաւ փաստաբաններուն պահանջին, այլ ամիջապէս կ՛ուզէ եզրափակել ու արձակել դատավճիռը, որ արդէն իսկ պատրաստ էր եւ արձակուած՝ նախարարական դահլիճէն:

Կ՛արձակուի դատավճիռը, եւ դատը վերջ կը գտնէ, որ սպասուածէն շատ աւելի մեղմ կ՛ըլլայ:Քանի Լըժիմեան կեղծիքները, ամբողջ հանրային կարծիքին սեփականութիւնը դարձած էին եւ ընդվզումի դուռ բացած, իննսուն չորս հոգի անպարտ կ՛արձակուին, յիսուն երկու հոգի միայն կը դատապարտուին բանտի ու աքսորի, որոնց մէջ Համօ Օհանջանեան եւ Սարգիս Մանասեան: Իսկ երկու հոգի ալ Մարբազ Խեչօ եւ Զինչինեան չդիմանալով զրկանքներու, բանտի մէջ արդէն մահացած էին:

Այս դատով ձարական բռնակալ կառավարութիւնը սակայն չկրցաւ քայքայել Դաշնակցութիւնը, այլ հակառակը այս դատով Դաշնակցութեան հմայքն ու փառքը աւելցաւ, ամբողջ ամիսներ իր վրայ կեդրոնացնելով Ռուսաստանի եւ արեւմտեան աշխարհի ուշադրութիւնը, եւ ինչպէս նաեւ ազատ աշխարհի համակրանքին արժանացաւ ան:

Աղբիւր՝ Հ.Յ.Դ. Պատմութիւն
Մ.Վարանդեանց

About talar

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …