ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՌԵԺԻՄՆԵՐ
[վարչաձեւեր-վարչակարգեր]Քաղաքական վարչակարգի
էութիւնը
Քաղաքական վարչակարգը միջոցներու եւ մեթոտներու ամբողջութիւն է, որոնց
օգնութեամբ
կ՛իրականացուի
քաղաքական
եւ
պետական
իշխանութիւնը:
Քաղաքական վարչակարգը կը ստեղծուի հասարակական եւ քաղաքական համակարգերու առկայութեամբ, որոշակի
պայմաններու
տակ,
ինչպիսիք
են՝
կառավարող
քաղաքական
վերնախաւի
կողմէ
առաջադրուած
խնդիրները,
նպատակներն
ու
անոնց
իրագործման
եղանակները,
հասարակական
ուժերու
յարաբերակցութիւնը,
երկրի
ազգային-պետական
աւանդոյթները,
հասարակութեան
քաղաքական
գիտակցութեան
մակարդակը,
եւայլն:
Այսօրուան դրութեամբ աշխարհի վրայ կան 100-է աւելի
գործող
վարչակարգեր,
որոնք
քաղաքագէտներու
կողմէ
ենթարկուած
են
որոշակի
դասակարգման:
1-Արիստոկրատիա-[յուն.aristokratia,
ariistos=բարձր,
ընտիր,
kratos= իշխանութիւն]
բարձրախաւի
կամ
ընտրախաւի
իշխանութիւն:
2- Աւդոկրատիա –
[autokratia=տնաիշխանութիւն] ինքնակալութիւն:
3- Տեմոկրատիա – [յուն.demokratia,
demos= ժողովուրդ]
ժողովուրդի
իշխանութիւն:
4-թէոկրատիա- [յուն. theos=աստուած] Աստուծոյ իշխանութիւն՝ հոգեւոր դասի իշխանութիւն:
5-Մերիտոկրատիա-[լատ. meritus=արժանի]
արժանաւորների
իշխանութիւն:
6-Օլիգարխիա- [յուն.oligarchia, oligos=քչաքանակ]
քիչերու
կամ
ընտրեալներու
իշխանութիւն:
7-Օխլոկրադիա- [յուն.ochlokrayia,
ochlos=ամբոխ]
ամբոխի
իշխանութիւն:
8-Պլութոկրադիա-[յուն.plutokratia,
plutos=հարստութիւն]
հարուստներու
իշխանութիւն:
9- Բոլիկրատիա- [յուն.polykratos,
poly=շատ]
բազմաիշխանութիւն:
10- Տիմոկրատիա- [հատ.timeokratia,
timeo=վախ]
վախի
վրայ
հիմնուած
իշխանութիւն:
Մարքսիզմը քաղաքական վարչակարգերը դասակարգած է հասարակական-դասակարգային
հիմունքներով
եւ
տարբերակած
է՝
համայնական,
ճորտատիրական,
աւատապետական,
դրամատիրական,
սոցիալիստական
եւ
համայնավարական
վարչակարգեր:
Որոշ քաղաքագէտներ, վարչակարգերու դասակարգման
համար
հիմք
կ՛ընդունին
քաղաքացիներու
իրաւաքաղաքական
առկայ
կարգավիճակը,
այլ
խօսքով՝
ժողովրդավարական
զարգացման
աստիճանը,
քանի
որ
ժամանակակից
քաղաքական
կեանքի
հիմնական
հակասութիւնը,
ժողովրդավարական
եւ
հակաժողովրդավարական
ուժերու
միջեւ
գոյութիւն
ունեցող
պայքարն
է,
այլ
խօսքով
ժողովրդավարական
վարչակարգի
տակ
կը
հասկցուին
նախագահական,
խորհրդարանական
վարչակարգեր,
իսկ
ոչ
ժողովրդավարական
վարչակարգի
տակ
կը
հասկցուին
ամբողջատիրական
եւ
աւդորիտար
վարչակարգերը:
Դոդալիտարիզմ.- [լատ.
totalis= ամբողջ]
ամբողջատիրութիւն,
որ
գոյութիւն
ունեցած
է
պատմական
հին
ժամանակներէն,
սակայն
այսօր
կրկին
հանդէս
եկած
է
համաշխարհային
մասշտապով,
որպէս
հետեւանք
հասարա-քաղաքական
եւ
հասարա-տնտեսական
վարընթացներու
եւ
նեխումներու,
որմէ
կ՛օգտուին
իշխանութեան
ձգտող
ոչ
ժողովրդավարական
ուժերը:
Ամբողջատիրութեան ժամանակ առաջնորդի
պաշտամունքը
կը
դառնայ
հասարակութեան
բարձրագոյն
արժէք,
իշխող
միակ
կուսակցութիւնը
իր
անմիջական
հսկողութեան
տակ
կը
պահէ
պետական
կառավարման
բոլոր
լծակները,
կուսակցութեամբ
կը
սկսի
եւ
կուսակցութեամբ
կը
վերջանայ
ամբողջ
իշխանութիւնը:
Աւդորիտար ռեժիմ.-
Դժուար
է
անոր
սահմանումը:
Ամբողջատիրութենէն
կը
տարբերի
այն
բանով,
որ
որոշ
չափով
կը
պարունակէ
ժողովրդավարական
տարրեր:
Տիրապետելով
մեծամասնութիւնը
իրենց
ենթարկելու
լծակներուն,
իշխողները
զանգուածային
հասարակական
հալածանքներու
չեն
դիմեր:
Կը
թոյլատրեն
որոշակի
խմբակցութիւններու
անուան
տակ
տարբեր
կուսակցութիւններու
անուանական
առկայութիւնը:
կը
թոյլատրեն
մշակութային
կեանքի
սահմանափակ
գործունէութիւնը,
պայմանաւ
որ
չունենան
իշխանութիւնը
քննադատելու
միտումներ:
Նման ոչ ժողովրդավարական երեւոյթներու կողքին
սակայն,
որոշակի
ժամանակաշրջանով
կ՛ապահովեն
հասարաքաղաքական
կայունութիւնը
եւ
կառուցուածքային
վերափոխումները
դէպի
իրաւական
պետութեան
ձեւաւորումը:
Ժողովրդավարական վարչակարգ.-
ժողովրդավարութեան
գաղափարը
առաջին
անգամ
ձեւակերպած
է
Արիստոտէլը,
ըստ
որու
ժողովրդավարական
վարչակարգը
հասարակութեան
անդամներու
հաւասար
մասնակցութիւնն
է
պետութեան
կառավարման
գործընթածքին
մէջ:
Մինչ
Պղատոնը
զայն
համարած
է
ամբոխի
իշխանութիւն,
ուր
կը
հաւասարին
հաւասարներն
ու
անհաւասարները:
Այսօրուան դրութեամբ, ժողովրդավարութիւնը կը բնորոշուի
որոշակի
յատկութիւններով՝
ա.-Կանոնաւոր, մրցութային եւ մաքուր ընտրութիւններ:
բ.-Ընտրութեամբ առաջացած կառավարութիւն:
գ.-Մէկ խումբէն միւսին խաղաղ ձեւով անցնող իշխանութիւն:
դ-Քաղաքական առաջնորդներու եւ գործիչներու
նկատմամբ
վստահութեան
մթնոլորտ:
ե.-Հասարակութեան անդամներու հասարակական
շահերու
պաշտպանուածութիւն:
զ.-Տնտեսութեան դուրս բերում իշխանութեան հսկողութենէն, ազատականացում շուկայական
յարաբերութիւններու:
է.- Քաղաքական ազատութիւններ, բազմակուսակցական համակարգի
առկայութիւն,
քաղաքական
ընդիմութիւններու
թոյլտուութիւն:
ը.- Իշխանութիւններու տարանջատում եւ օրէնքներու
գերակայութիւն:
Ամերիկացի քաղաքակագէտ Լիփսեթի կարծիքով, ժողովուրդի չափէն աւելի մասնակցութիւնը քաղաքական գործընթացներուն
մէջ,
այդքան
ալ
չի
նպաստեր
ժողովրդավարական
վերափոխումներու
յաջողութեան:
Ժողովրդավարական վերափոխումներ իրականացնելու
նպատակով
առաջացող
ժողովրդային
զանգուածային
շարժումները
եւ
յեղափոխական
իրադրութիւնները,
քաղաքական
գիտակցութեան
եւ
քաղաքական
մշակոյթի
բացակայութեան
պայմաններու
մէջ,
կրնան
ունենալ
ոչ
կառուցողական
բնոյթ:
Այլ կողմէ, հասարակութեան սոցիալ-քաղաքական
բազմակի
շերտաւորումները
նոյնպէս
կը
վնասեն
եւ
կը
թուլացնեն
հասարակութեան
ժողովրդավարական
կազմաւորման
գործընթացքը,
յատկապէս
տնտեսապէս
թոյլ
երկիրներու
պարագային:
Ոչ ժողովրդավարական
վարչակարգէ ժողովրդավարական վարչակարգի
անցման գործընթացը
Քաղաքական փակ համակարգերէ, յատկապէս ամբողջատիրական
վարչակարգերէ
ժողովրդավարական
վարչակարգի
անցման
տեւողութիւնը,
բարդութիւնները
եւ
յաջողութիւնները
պայմանաւորուած
են
տուեալ
երկրի
տնտեսական
եւ
հոգեւոր
զարգացման
մակարդակով,
ազգային
առանձնայատկութիւններով,
քաղաքական
եւ
իրաւական
հաստատութիւններու
իրավիճակով,
ներքին
եւ
արտաքին
քաղաքական
պայմաններով,
ներքին
հասարակական
իրավիճակներով
եւայլն:
Տեւողութիւնը յատկապէս կրնայ
երկարիլ
դարերով
(ինչպէս
պատահեցաւ
Ֆրանսական
մեծ
յեղափոխութենէն
մինչեւ
ժողովրդավարական
Ֆրանսայի
հաստատումը):
Բարդութիւնները կը կայանան
հետեւեալ
կէտերուն
մէջ.-
ա.-Նախկին իշխանութիւնները եւ իրենց
մանկլաւիկները,
ժողովրդավարական
վարչակարգի
անցման
ցանկութիւն
ունենալով
հանդերձ,
կ՛ուզեն
լրիւ
իշխանութեան
գլուխ
մնալ:
բ.-Իշխանութեան գլուխ մնալով հանդերձ, առիթ չեն ստեղծեր ընդդիմութեան գոյացման, ոչ ալ կը փորձեն
իրենք
ուղղել
նախկին
համակարգէն
ժառանգուած
սխալ
երեւոյթները,
յատկապէս
ազգային
հարցերը:
գ.-Երբեմն, իշխանութիւնները հրաժարելով կ՛ենթարկուին
անձնատուութեան
(զինուորական
յեղաշրջումներու
պատճառով):
Յամենայնդէպս որեւէ համակարգ
հնարաւոր
չէ
ներմուծել
կամ
արտածել,
այլ՝
երկրի
մէջ
պէտք
է
ստեղծել
համապատասխան
ենթահող
, որու
վրայ
կարելի
կ՛ըլլայ
կառուցել
ժողովրդավարութեան
հիմունքներն
ու
շէնքը: