ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ
ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
(2)
Նախորդ յօդուածին մէջ
միասնաբար ծանօթացանք Սովորութեան եւ անոր կազմութեան օրէնքներուն մասին:
Այժմ պիտի տեսնենք թէ
հոգեբանական ինչ արդիւնքներ կ’ունենայ սովորութիւնը:Զայն պիտի նկատենք մէյ մը
գործունէական տեսակէտէն , մէյ մըն ալ զգացական եւ իմացական տեսակէտէն :
Գործունէական Տեսակէտէն :
1-Սովորութիւնը կը դիւրացնէ արարքները:
Ինչ որ նախապէս մեծ դժուարութեամբ կը կատարուէր սովորութիւն դառնալով կը դիւրանայ:
Երբ ոեւէ գործի նոր պիտի սկսինք անոր նպատակին եւ զայն կատարելու միջոցներուն վրայ լարուած պիտի
պահենք մեր ուշադրութիւնը եւ պիտի որոշենք նաեւ անոր յաջորդական փուլերը:
Բայց երբ այդ արարքը կրկնուելով սովորութեան վերածուի՝ կը տեսնուի որ անոր Համար ճիգը հետզհետէ աւելորդ
կը դառնայ, որովհետեւ արարքին յաջորդական փուլերը ինքնաբերաբար կուգան:
Սովորութիւնը գործողութեան մը զանազան մասերը իրարու կը կապէ, երբ անոնցմէ մէկը
ընենք՝ ան իր ետեւէն կը բերէ երկրորդ,երրորդ եւ չորորդը:
2-Սովորութիւնը կ’արագացնէ արարքները:
Արարք մը որքան սովորութիւն դառնայ այնքան աւելի արագ տեղի կ’ունենայ, որով
կը խնայուին խորհելու եւ ընտրելու ժամանակն ու ճիգը :
Օրինակ: դաշնամուր նուագելու վարժւող մը մեծ դժուարութիւն կ’ունենայ նօթերը
տեսնելու եւ ապա ստեղնաշարը մատնահարելու:Սակայն երբ սովորութիւն կազմուի
անհամեմատ կը դիւրանայ եւ կ’արագանայ գործը:Նոյնպէս կարդալու սովորութիւն ունեցող
մէկը բառը տեսնելն ու արտասանելը մէկ շարժումով կը կատարէ: Մինչդեռ երբ նոր
կ’սկսէր կարդալ սորվիլ ՝ նախ գիրը պիտի ճանչնար, վանկ կազմէր եւ յետոյ բառը արտասանէր:
Սովորութեամբ այս ժամանակը կը խնայուի :
3- Սովորութիւնը կը մեքենականացնէ արարքները :
Սովորութիւնը հետզհետէ յառաջ կը բերէ գիտակցութեան գաշուիլը
արարքներէն:Արարք մը որքան սովորական դառնայ գիտակցութիւնը այնքան աւելորդ կը
դառնայ:նուագողը երբեք չի մտածեր իր մատներուն տեղին վրայ որովհետեւ սովորութեամբ
մատները ինքնաբերաբար կը շարժին եւ կ’արտադրեն պահանչուած նօթերը՝ յառաջ բերելու
համար երաժշտութիւնը: Հետեւաբար սովորութիւնը մեքենական կը դարձնէ արարքները: Սկիզբը,
սովորութեան կազմութեան ատեն , գիտակցութիւնը կատարելիք դեր ունէր, բայց
սովորութիւնը կազմուելէ յետոյ այլեւս դեր չունի. ուստի կը քաշուի եւ շարժումը մեքենաբար
կը կատարուի:Ինչպէս որ մեքենային մէջ մտածել, տրամաբանել չկայ, այնպէս ալ սովորութեան
մէջ տրամաբանել չկայ: Ուրեմն կրնանք ըսել թէ սովորութիւնը մեր մէջ
մեքենականութիւններ կը կազմէ :Ինչպէս մեքենան որ առանց խելքի կը գործէ բայց խելքով
հնարուած է, այնպէս ալ մեր մէջ գործի մը մասերը նախապէս մտածուած եւ խորհուած են
բայց կրկնութեամբ գիտակցութիւնը կը քաշուի ,որովհետեւ անոնք այլեւս կը կատարուին
մեքենաբար:
Քանի որ սովորութիւնը նոյնութիւն է , գիտակցութիւնը կը մարի ,կը քնանայ
նոյնութեան մէջ.բայց արթուն է նորութեան
եւ փոփոխութեան մէջ: Օր. Երբ դերձան մը անցնի մեր երկու մատներուն մէջէն ՝
գրեթէ չենք զգար զայն, բայց որոշ կ’զգանք եթէ հանգոյցներ ըլլան , որովհետեւ
հանգոյցները նորութիւն են:Կը տեսնուի ուրեմն թէ սովորութիւնը ձեւով մը կը խնայէ
գիտակցութեան ճիգը , կը խնայէ մեր մտքին լարումի եւ ստեղծումի բոլոր ճիգերը :
Մեր մէջ այսպէս կը կազմուին շատ մը մեքենականութիւններ , զորս կը կոչենք
սովորութիւններ:
Ասոնք սովորութեան արդիւնքներն են ուղղակի գործունէութեան վրայ:
Զգայնական տեսակէտէն:
1-Սովորութեամբ Զգայնութիւնը կը բթանայ._Սովորութիւնը գիտակցութեան պարագայ
մըն է: Սովորութիւնները կը ջնջեն գիտակցութիւնը , ուրեմն կը ջնջեն նաեւ
գիտակցութեան այդ երեսն ալ՝ զգացումը :Մեր արարքներուն ընկերացող ամէնէն կարեւոր
զգացումներն են՝ հաճոյքն ու ցաւը:Զգացումները գիտակցական վիճակներ են եւ մեքենականութիւնը կը հեռացնէ գիտակցութիւնը արարքներէն , ուստի
կը հեռացնէ նաեւ արարքներուն յառաջ բերած ցաւը կամ հաճոյքը .այլ խօսքով ՝
սովորութիւնը կը բթացնէ զգայնութիւնը:Օր. Սա ինչ արարքը կատարած ատեն ցաւ կ’զգայիր.
քանի ‘ սովորական դառնայ՝ այնքան կը նուազի ցաւը , որովհետեւ , ինչպէս ըսինք,
ցաւը գիտակցութեան մէկ վիճակն է: Քանի’
արմատանայ սովորութիւնը , այնքան նուազ տպաւորութիւն կ’ստանանք արարքներէն, անոնք
ըլլան հաճոյական թէ ցաւագին:Ալքոլը եթէ մեր ջղային կեդրոններուն կ’ազդէ ու մենք
տեսակ մը հաճոյք կ’զգանք, երբ սովորութիւն դարձնենք խմելը՝ մեր գրգռումը կը
պակսի,հետեւաբար հաճոյքն ալ կը նուազի:Հաճոյքն ու ցաւը ներկայ են միայն այն ատեն ,
երբ մեր մէջ նոր վիճակ կ’ստեղծուին, փոփոխութիւն յառաջ կուգայ:Ցաւի մը կամ հաճոյքի
մը վարժուիլ կը նշանակէ ցաւը կամ հաճոյքը հետզհետէ չզգալ:
Այսպէս է որ թատերական ներկայացում մը 3-4 անգամ որ տեսնենք այլեւս հաճոյք
չենք առներ անկէ, նոյնիսկ կը ձանձրանանք.նոյնպէս երգ մը եթէ միգանի անգամ լսենք
հաճոյք չենք առներ:
2-Սովորութիւնը պէտք մը կը դառնայ ._Ճիշտ է որ սովորութեամբ զգայնութիւնը
կը բթանայ,սակայն ան այլեւս զգայնութեան համար պէտք մը կը դառնայ:
Սովորութիւնները մեր մէջ պէտքեր կ’ստեղծեն,օր.ալքոլամոլը երբ զրկուի
խմիչքէն՝ կը տառապի՝Ամէն սովորութիւն իր կատարուելուն ձգտումը կ’ստեղծէ:Օր.երբ
մենք մեզ վարժեցնենք որոշ ժամու մը ճաշելու ու պատահի որ այդ նոյն ժամուն
չկարենանք ճաշել՝ նեղութիւն կ’զգանք,որովհետեւ ճաշելու պէտքը ինքզինք կ’գացնէ
անմիջապէս:
Կարելի է սովորութիւնը ջնջել ինչպէս որ զայն կազմելն ու հաստատելը մեր
ձեռքն են,նոյնպէս զայն ջնջելը մեր ձեռքն է,բայց որքան ամուր ըլլայ անոր հաստատումը
,այնքան աւելի դժուար կ’լլայ զայն արմատախիլ ընելը:
Հետեւաբար,զօրաւո’ր կամք պէտք է զայն ջնջելու համար:
Սովորութիւն մը կարելի է ջնջել անոր գոհացում չտալով,որ է ըսել անոր տեղ
նոր սովորութիւն մը կազմելով:
Սովորութիւններու Դասաւորումը :
Կրնանք որոշել երեք խումբ սովորութիւններ .- Գործունէական,Զգայնական եւ
Իմացական:
–Գործունէական սովորութիւններ են խմիչքներու, ծխախոտի ,թմրեցուցիչներու
գործածութիւնը, բարեկամ մը, հարազատ մը տեսնելու համար անոր մեր այցելութիւնը:
–Իմացական սովորութիւններ են քերթուած մը ,թատերական կտոր մը գոց մը սորվիլը,թուաբանական
կամ գիտական խնդիրներու լուծումը դիւրութեամբ գտնիլը, չորս գործողութիւնները
դիւրաւ կատարելը :
Այս բոլորը սովորութիւնները ըլլալով եւ էապէս գործունէական հանգամանք
ունենալով՝ մէկուն մէջ երեւոյթները գրեթէ զուտ շարժումներ են, միւսին մէջ
զգացումներ,երրորդին մէջ իմացական գործունէութիւն:
Ծերուն Գահուէճեան