ԲԵՆԵԴԻԿՏՈՍ 15

Benedict-15-1914-b

ՀԱՅԸ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀՈԲ ԵՐԱՆԵԼԻՆ

Վերջերս կաթոլիկ եկեղեցին ունեցաւ նոր հովուապետ: Հակառակ սպասուածի, պապ ընտրուելով, կարտինալ Յոզէ‎ֆ Ռայտցինգերը ընդունեց ոչ թէ իր մեծ նախորդի Յովհաննէս-Պօղոս անունը, այլ կոչուեցաւ Բենեդիկտոս 16: Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ պապի անուանակոչութիւնը խորհուրդ ունի. այդ կը նշանակէ, որ նորընծան իրեն կը համարէ այն պապի հետեւորդը, որու անունը ընդունած է: Ուրեմն՝ ներկայիս պապը իրեն կը համարէ Բենեդիկտոս 15-ի հետեւորդ: Ո՞վ է Բենեդիկտոս 15-ը: Անոր աշխարհիկ անունը Ջակոմօ դելա Կիեզա է: Ծնած է 1854 թուականին Ճենովայի մերձակայ բնակավայրերէն մէկուն՝ իտալական ազնուական ընտանիքներու մէջ: Ուսումնասիրած է իրաւունք եւ աստուածաբանութիւն: 1878 թուականին դարձած է հոգեւորական եւ Պիոս 10-ի օրով ծառայութեան անցած է Վադիկանի դիւանագիտական սպասարկութեան մէջ: 1907 թուականին արժանացած է արքեպիսկոպոսի տիտղոսի, եղած է Բոլոնիայի հոգեւոր առաջնորդը: 1914 թուականին դարձած է կարտինալ: Նոյն թուականին կը բռնկի Առաջին համաշխարհային պատերազմը, եւ կը վախճանի Հիոս 10-ը: Չնայած պատերազմի յարուցած դժուարութիւններուն՝ յաջորդ պապի ընտրութեան կոնկլաւին մասնակցած են կաթոլիկ եկեղեցւոյ վաթսունհինգ կարտինալներէն վաթսունը: Չորս օր տեւած ընտրութիւններէն յետոյ պապ ընտրուած է կարտինալ Կիեզան, որ ընդունած է Բենեդիկտոս 15 անունը: Բենեդիկտոս 15-ը աթոռակալած է համեմատաբար կարճ՝ 1914-1922 թուականներուն: Սակայն այս շրջանը մարդկութեան ամենադժուար ու բախտորոշ ժամանակահատուածներէն մէկն էր. դաժան, արիւնահեղ պատերազմը ընդգրկած էր ողջ Եւրոպան, տարածուած անոր սահմաններէն դուրս՝ աշխարհով մէկ: Կոտորած էր, սպանդ, արիւն, աւեր՝ մարդու եւ ժողովուրդի ողբերգութիւն եւ ողջակիզում: Երկիրներ ու կայսրութիւններ կը փլուզուէին: Կը ճարճատէին մարդկային բարոյական հիմքերը: Ռուսիոյ սառցապատ անտառներէն մինչեւ արաբական տօթակէզ անապատները մարդը կը յօշոտէր մարդուն: Ուժեղները բաժնած ու վերաբաժանած էին աշխարհը՝ արիւնածոր գաւաթներով խրախճանք ընելով լեռնացած դիակներու շուրջ: Գլուխ կը բարձրացնէր անաստուածութիւնը: Բնականաբար, քրիտստոնէական ամենաազդեցիկ եկեղեցւոյ հովուապետը չէր կրնար անտարբեր մնալ այդ ամէնուն նկատմամբ: Բենեդիկտոս 15-ը հանդէս եկաւ որպէս պատերազմի երդուեալ հակառակորդ, ուղերձներ ու աղաչագրեր կը յղէր պատերազմող երկիրներու ղեկավարներուն, հաշտութեան ու խաղաղութեան կոչ կ՛ընէր խտրութիւն ու խտրականութիւն չդնելով ժողովուրդներու, երկիրներու, պետութիւններու ու դաւանանքներու միջեւ: Կը ճգնէր աղօթքով բանալ մարդ արարածի քարացած սրտի դարպասները: Սակայն աշխարհը խուլ էր ողջախոհութեան եւ հաւատի ձայնի հանդէպ: Պապը համոզուած էր, որ պատերազմի պատճառը աշխարհի ապաքրիստոնէացումն է, մարտնչող անհաւատութեան մոլեգին յաղթարշաւը: Յատուկ կոնդակով ան արգիլեց որեւէ քաղաքական քարոզչութիւն եկեղեցական արարողութիւններու ժամանակ: Սակայն, ինչպէս եղած է բազմիցս ու գրեթէ միշտ, այս ձայնն ալ անցաւ ինչպէս անապատի մէջ հնչող կանչ մը. ձայն բարբարոյ յանապատի: Աշխարհը կը յիշէ Հռոմի պապ Բենեդիկտոս 15-ի տառապանքն ու ջանքը: Իսկ մենք՝ հայերս, զայն յիշելու նաեւ այլ պատճառ ունինք. որքան անձնական, նոյնքան համամարդկային, եւ որքան համամարդկային, նոյնքան անձնական: Բենեդիկտոս 15-ը ճիգեր գործադրած է հայոց ցեղասպանութիւնը դադրեցնելու համար: Աշխարհը թաթախուած էր արեան մէջ, իսկ Հայաստան աշխարհի մէջ, Թուրքիոյ պետական քաղաքականութեան կերպարանքով բանականի, թուրք ամբոխի, քիւրտ հրոսակներու, արիւնարբու բնազանդներուն գերի մարդասպաններու ձեռքով մոլեգին խրախճանք կ՛ընէին դիւային ուժերը: Հայերու ցաւը այնքան անսահման եւ այնքան անձնական է, որ մենք յաճախ կը սահմանափակենք միայն ու միայն մեր շրջանակներուն մէջ: Մինչդեռ ինչ որ կատարուեցաւ 1915 թուականին հայ ժոողվուրդի նկատմամբ, կատարուեցաւ նախ եւ առաջ համայն մարդկութեան եւ հայութեան դէմ: Չարի զօրագունդերը բացայայտ գրոհի ելած էին, եւ աշխարհիկ պատկերացումով զարհուրած էր, քստմներու ոճիր, հոգեւոր մէկուն համար Աստուծոյ գոյութեան աշխարհասասան փորձութիւն էր անշուշտ: Բենեդիկտոս 15-ին վերաբերող հայերէն սակաւաթիւ գրականութեան մէջ կը յիշատակեն անոր ներքին տուայտանքները: Երբ պապը տեղեկացած էր հայ ժողովուրդի նկատմամբ կատարուած անլուր ոճրագործութիւններուն մասին («Հայոց տեղահանութիւնն ու ջարդը խոր վիշտ պատճառած էր Բենեդիկտոս 15 պապին»), խոլ ունայնութեան պահեր ունեցած է: Մեզի կը թուի, թէ ոեւէ հոգեւոր անձնաւորութիւն, անձամբ իրեն համար ալ փորձութեան այդ պահուն, կամայ-ակամայ զուգահեռներ անցկացնելու էր հայ ժողովուրդի եւ աստուածաշնչեան Հոբ Երանելիի ճակատագրերու միջեւ: Ու թէեւ բոլոր համեմատութիւնները կաղ են, ինչպէս կաղ է ինքը՝ արդարութիւնը, հաւանաբար շատ-շատերն հայութիւնը անուանած են Հոբ Երանելի՝ ժողովուրդներու մէջ. հայը՝ ժողովուրդներու Հոբ Երանիլի… Կոկծու՝ փառք Աստուծոյ… Իսկ ի՞նչ ըրած է կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ Բենեդիկտոս 15 պապը, որ արժանացած է Ծիծեռնակաբերդի Յիշատակի պատի պահոցներուն մէջ անթեղուելու շնորհին (բնաւ նուազ չէ այն շնորհէն, որ պարգեւած է պապական խոյրը): Չենք կարծեր, թէ ան ըրած է այն ամէնը, ինչ որ անհրաժեշտ էր: Բայց չենք կարծեր նաեւ, որ չէ ըրած այն ինչ որ կարող էր: Հոգեւորականի զէնքը յորդորն է: Ի՞նչ կրար ընել յորդորը՝ թէկուզ պապական, թուրքիայի նման հրէշին. ոչինչ, եւ ի հարկ է, ոչինչ. ոչ մէկ ազդեցութիւն, ոչ մէկ հետեւանք: Վադիկանի ստամպուլեան պատուիրակ կարտինալ Դոլչիէն եւ, անշուշտ, այլ աղբիւրներէն տեղեկանալով հայերու սպանդի եւ տեղահանութեան մասին՝ Բենեդիկտոս 15-ը նամակ յղած է թուրք սուլթան Մուհամմէտ Ռեշատին: Ահա այդ նամակը. «Վսեմափա՛ռ տէր, Մինչ մեր սիրտը կը բզկտուիի տես ահարկու պատերազմի արհաւիրքներու, որոնց մէջ Եւրոպայի մեծ տէրութիւններու հետ մխրճուած է նաեւ Ձեր վսեմաշուք տէրութեան հզօր կայսրութիւնը, մեզ հասած են նաեւ սրտաճմլիկ հեծեծանքի արձագանգները ողջ ժողովուրդի, որ Օսմանեան կայսրութեան ընդարձակ տարածութեան վրայ աննկարագրելի չարչարանքներու ենթարկուած է (արեւմտահայ թարգմանութիւնը, որոնցմէ օգտուած ենք, նախապատուութիւնը տուած է «տուայտանք» բառին): Հայ ազգը արդէն տեսաւ իր զաւակներէն շատերու կախաղան բարձրանալը, իսկ ուրիշ շատ-շատերու, նաեւ եկեղեցականներու, անդամ եպիսկոպոսներու բանտարկութիւնն ու աքսորի ենթարկուիլը: Իսկ այժմ մեզ կը տեղեացնեն, թէ գիւղերու ու քաղաքներու ամբողջ բնակչութիւնը հարկադրանքի տակ իրենց տուները կը լքեն եւ անասելի զրկումներով ու չարչարանքով հեռաւոր կեդրոնացման վայրերը կը տեղափոխուին, ուր հոգեկան անձկութենէն զատ, ենթարկուած են յետին թշուառութեան, զրկանքներու եւ մինչեւ իսկ սովի տուայտանքներու: Մենք հաւատացողներ ենք, տէր արքայ, թէ նման ծայրայեղութիւնները Ձեր վսեմափառ կառավարութեան կամքին հակառակ կը գործուին: Ուստի վստահութեամբ կը դիմենք Ձեր վսեմութեանը եւ ջերմօրէն կը յորդորենք, որպէսզի հաճիք Ձեր վեհանձն մեծասրտութեամբ գթալ եւ միջամտել ի նպաստ ժողովուրդի մը, որ իր դաւանած կրօնի զօրութեամբ իսկ Ձեր վսեմաշուք անձի հանդէպ հաւատարմութեան կը պարտի: Եթէ հայոց մէջ դաւաճաններ կամ ուրիշ ոճիրով յանցապարտներ կան, թող անոնք օրէնքի համաձայն դատուին ու պատժուին: Բայց Ձերդ վսեմութիւնը, որ արդարութեան նկատմամբ բարձր զգացումներ կը տածէ, թող թոյլ չտայ, որ անմեղները նոյնպէս պատիժի զոհ դառնան: Թող մոլորուածներու վրայ անգամ Ձեր մեծապետական ներողամտութիւնը իջնէ, եւ Ձերդ վեհափառութիւնը խաղաղութեան եւ ներումի իր հզօր խօսքը արտասանէ: Հայ ազգը այսպէս՝ բռնութիւններու եւ վրիժառութեան դէմ ինքն իրեն ապահովուած զգալով, պիտի օրհնէ իր պաշտպանի օգոստոսափառ անունը: Այս քաղցր յոյսով, Ձերդ վսեմութիւն, հաճեցէք ընդունիլ նաեւ մեր լաւագոյն մաղթանքները արեւշատութեան եւ բարգաւաճման եւ Ձեր ժողովուրդներու երջանկութեան: Վադիկան, 10-ը Սեպտեմբեր 1915 թ. Բենեդիկտոս ԺԵ Ահա այսպիսի նամակ ուղարկուած է Հռոմի պապի կողմէ Թուրքիոյ սուլթանին: Անտեսենք այս գրութեան դիւանագիտական, զգուշաւոր ու աղերսական ոճը, մէկ կողմ թողենք երկչոտ մեղադրանքը, որը փաղաքշանք է այն ամէնուն համեմատ, որ արժանի էր Թուրքիոյ «վսեմափառ» տէրը, անդրադառնանք նամակի ճակատագրին: Հասկնալի է, այն ընդունուեցաւ դժգոհութեամբ եւ դժկամութեամբ: Սուլթանի գրասենեակը խոչընդոտներ յարուցեց անոր ճանապարհին: Սուլթանը բարեհաճեցաւ նամակին պատասխանել գրեթէ երկու ամիս անց՝ ի հարկ է ժխտելով մեղադրանքը եւ արդարացնելով իր գազաններուն (ինչը, ի դէպ, նոյնքան մեծ ոճիր է, որքան բուն ոճիրը արդարացնելը ոճրագործութիւն է): Եւ հասկնալի է, որ նամակը որեւէ ազդեցութիւն չունեցաւ: Ոչ միայն այն պատճառով, որ Թուրքիոյ այդ սուլթանը խամաճիկին մէկն էր, խաղալիք երիտթուրքերու ձեռքին, հարբեցող, ու անոնցմէ ոչինչ չէր կախուած: Ոչ միայն այն պատճառով, որ պապի միջամտութիւնը ուշացած էր եւ մահուան չարագոյժ ուրուականը արդէն քանի ամիս կը խժռէր Հայաստան աշխարհը: Այլ նաեւ այն պաճառով, որ այլ, բոլորովին այլ էին պատկերացումները նամակագրի եւ հասցէատիրոջ: Անոնք կը խօսէին բոլորովին այլ լեզուներով: Վայրագութեան լեզուն մարդկային խօսք հասկնալու ընդունակ չէ: Այնուամենայնիւ, Բենեդիկտոս 15-ը կը ձեռնարկէ իրադարձութիւններու վրայ ազդելու նաեւ այլ քայլեր, դիմումներ յղած է պատերազմող եւ չէզոք երկիրներու ղեկավարներուն, եկեղեցական քարոզի ժամանակ հրապարակաւ յայտարարած եւ դատապարտած է հայոց ցեղասպանութիւնը, փորձած է Թուրքիոյ վրայ ազդել վերջինիս դաշնակիցներու միջոցով (մասնաւորապէս՝ աւստրիացի պատուիրակի միջոցով), պատերազմը դադրեցնելու իր կոչի յիշատակութեան մէջ նաեւ Հայաստանի պետականութիւնը վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը, տեղեկանալով, որ Պրեստ-Լիտովսկի հաշտութենէն ետք կրկին բնաջնջման վտանգ կախուած է հայութեան մազապուրծ խլեակներու վրայ, դարձեալ նամակով դիմած է Թուրքիայի սուլթանին, իր հեղինակութեամբ յաջողութեան յոյսեր ներշնչած է հայութեան Սեւրի դաշնագրի նախօրէին եւ այլն, եւ այլն… Ինչպէս գիտենք, ամէն բան զուր ու ապարդիւն էր: Միակ արդիւնքը, որուն հասաւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ ամենաազդեցիկ անձնաւորութիւնը՝ Հռոմի պապը, իր այս ջանքի ճանապարհին, հայութեան խորին երախտագիտոութիւնը կենդանութեան օրով եւ յետմահու, որու վկայութիւն է քարեղէն մակագիրը Ծիծեռնակաբերդի Յիշատակի պատի պահարաններէն մէկուն դռան վրայ. «Բենեդիկտոս 15. 1854-1922»: Յ.Գ. Ես կը յիշեմ Յովհաննէս-Պօղոս 2-րդ պապի աղօթքը Ծիծեռնակաբերդի մէջ եւ Շառլ Ազնաւուրի «Աւէ Մարիա»ն: Յաճախ մտովի կը տեսնեմ այն պահը, երբ պապի ուսերը կը ցնցուէին ցաւէն ու արտասուքէն: Ան կ՛աղօթէր անմեղ զոհերու յիշատակին համար, եւ մարդկային ոճիրի ծանրութենէն, հոգիի տառապանքէն ցնցուած, կը դողդողար մարմինը: Հաւանաբար կ՛աղօթէր նաեւ ոճրագործներու հոգիի փրկութեան համար, եւ դողն այդ իր աղօթքի անիրականալիութեան արձագանգն էր… Կը յիշեմ Հովհաննէս-Պօղոս պապի հեծեծանքն ու պատկերացուցած, թէ ինչ տառապանք իջած է քրիստոնէական այն հովուապետի ուսերուն, որու օրով տեղի ունեցած է մարդկութեան առաջին ցեղասպանութիւնը, ինչպէս ցնցուած են անոր ուսերը, երբ անպատասխան աղօթք յղած է առ Աստուած: Վկայարան Մրմուջներ Յովհաննէս-Պօղոս պապի աղօթքէն, Ծիծեռնակաբերդ, 26 Սեպտեմբեր 2001 թ.: Ով դատաւոր ողջերու եւ մեռելներու, ողորմէ՛ մեզ, լսէ՛, ո՛վ Տէր, ողբը, որ բաձրացած է այս վայրերէն՝ Մեծ եղեռնի վիհերէն, կոչը մեռեալներու, անմեղ արեան աղաղակը, որ կ՛աղերսէ Աբելի արեան պէս… Լսէ՛, ո՛վ Տէր, Հռոմի եպիսկոպոսի ձայնը, որ կ՛արձագանգէ իր նախորդներէն մէկուն՝ Բենեդիկտոս 15 պապի աղաչանքին, երբ 1915 թուականին ձայնը բարձրացուց ի պաշտպանութիւն ծանրօրէն վշտահար ու բնաջնջման սեմին հասցուած հայ ժողովուրդի… Նիւթը քաղուած է «Յիշատակի Պատ» աշխատութենէն Հեղինակ՝ Յակոբ Սողոմոնեան Խմբագիր՝ Ալպերթ Աճէմեան

zp8497586rq
zp8497586rq

About admin

Check Also

Հայ Ժողովուրդը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Ընթացքին

Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը (1914-1918)       Եւրոպական պետութիւններու յարաբերութիւնները լարուած էին՝ հողային եւ տնտեսական մրցակցութեան պատճառով. …