Home / Ա / Նիւթեր / Մշակութային / ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ 10-ԷՆ 14-ՐԴ ԴԱՐԵՐՈՒՆ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ 10-ԷՆ 14-ՐԴ ԴԱՐԵՐՈՒՆ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ 10-ԷՆ 14-ՐԴ ԴԱՐԵՐՈՒՆ

1-Գիտութիւն

Պատմութիւն: Բագրատունեաց Հայաստանի տեւական քաղաքական ու տնտեսական վերելքը բարենպաստ պայմաններ ստեղծեց նաեւ գիտութեան զարգացման համար: Բուռն ծաղկում ապրեցաւ պատմութիւնը: Այդ ժամանակշրջանին հայ պատմագրութեան մէջ սկիզբ առաւ նոր ուղղութիւններ, որոնց յետագայ զարգացումը չէր ընդատուէր յաջորդ դարերու ընթացքին:

Նախ՝ շարունակուեցաւ «Հայոց Պատմութիւններու» շարադրումը: Անոնց հեղինակները սկսեր էին իրենց բուն աշխատութիւնները այն տեղէն, ուր կանգ առեր էր նախորդ պատմիչը: 10-րդ դարուն այստեղ շարադրուեցաւ կաթողիկոս եւ քաղաքական գործիչ Յովհաննէս Դրասխանակերտացիի «Հայոց Պատմութիւնը»:

Հայ պատմիչներու յաջորդ խումբը փորձեցին գրի առնել նաեւ հարեւան երկիրներու պատմութիւնը, ստեղծելով «համաշխարհային» կամ «տիեզերական» պատմութիւններ: Միջնադարեան պատմութեան այս ուղղութեան ներկայացուցիչներն էին Ստեփան Տարօնեցին եւ Վարդան Արեւելցին:

Հայոց միասնական պետութեան մասնատումէն յետոյ մանր մանր թագաւորութիւններուն ձգտում յառաջացաւ շարադրել տեղական տոհմերու պատմութիւնը: Թովմա Արծրունին գրեց Վասպուրականի թագաուրութեան պատմութիւնը: Առաւել նշանաւոր է Ստեփանոս Օրբելեանի «Սիսական նահանգի պատմութիւն» մեծարժէք աշխատութիւնը:

12-րդ դարուն հայ պատմիչները սկսան գրել նոր տիպի երկեր՝ ժամանակագրութիւններ ու տարեգրութիւններ: Այդ ստեղծագործութիւններու հեղինակները, ըստ տարիներու համառօտ շարադրում էին իրենց ապրած ժամանակաշրջանի արժանայիշատակ իրագործութիւնները: Հայ ժամանակագիրներու շարքին առաւել յայտնի են Մաթէոս Ուռհայեցիի եւ Սամուէլ Անեցիի անունները: Կիլիկեան Հայաստանի պատմիչներուն ամենանշանաւորը Սմբատ Գունդուստաբլն է, որու «Տարեգիրքը» կ՛աւանդէ Ռուսինեանի ժամանակաշրջանի կարեւոր դէպքերը:

Փիլիսոփայութիւն: Վերեկ կ՛ապրէր նաեւ հայ փիլիսոփայական միտքը: 11-րդ դարուն մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունին, որ զորավար ու քաղաքական գործիչ էր նաեւ բազմակողմանի կրթուած գիտնական: Ան բժիշկ էր, մաթեմատիկոս, լեզուաբան ու բանաստեղծ: Գրիգոր Մագիստրոսը կը թարգմանէր եւ կը մեկնաբանէր հին յունական փիլիսոփայական աշխատութիւները, Հանրագիտարանային գիտելիքներ ունէր: ականաւոր փիլիսոփայ ու տաղանդաւոր բանաստեղծ էր նաեւ Յովհաննէս Իմաստասէրը: Փիլիսոփայական կրթութեանը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէր Գլաձորի ու Տաթեւի համալսարաններուն: Յովհան Որոտնեցիի եւ Գրիգոր Տաթեւացիի աշխատութիւնները առաջընթաց քայլ էին հայ փիլիսոփայական մտքի պատմութեան մէջ:

Իրաւաբանութիւն: Աննախընթաց զարգացում ապրեցաւ հայ իրաւագիտութիւնը: 12-րդ դարու առաջին կէսին գրուած Դաւիթ Ալավկաորդիի «Կանոնները» կը կարգաւորէին ընտանեկան ու կենցաղային հարցերը: Յաջորդ առաջընթաց քայլը կատարեց Մխիթար Գոշը: 12-րդ դարու վերջին շրջանին ան գրեց «Գիրք Դատաստանի» հռչակաւոր աշխատութիւնը, որն կ՛ընդգրկէր կեանքի բոլոր բնագաւառները: Այդ երկը սկսեր է թարգմանուիլ բազմաթիւ լեզուներով դեռեւս միջնադարուն եւ այսօր միջազգային ճանաչում ձեռք բերեած է: Մխիթար Գոշի «Դատաստանագրքի» վրայ հիմնուելով, յաջորդ դարուն իր «Դատաստանագիրքը» շարադրած է Սմբատ Գունդստապլը: Անոր աշխատութիւնը յարմարած էր Կիլիկեան Հայաստանի առանձնայատուկ պայմաններուն:

Բնական Գիտութիւններ: Ժամանակի առաջադրած պահանջներով պայմանաւորուած էր նաեւ բնական գիտութիւններու վերելքը: Ականաւոր գիտնական Յովհաննէս Իմաստասէրը հարստացուց ժամանակի թուաբանական գիտութիւնները: Ուսումնասիրեց եւ բարեփոխեց հայկական օրացոյցը:

Մաթեմատիկային ասպարեզին կարեւոր աշխատանք կատարեր է նաեւ Գրիգոր Մագիստրոսը: Ան է, որ առաջին անգամ թարգմանած է Էվկլիդէսի «Երկրաչափութիւնը»:

Դարաշրջանի հայ գիտնականները զբաղուէր են նաեւ կենդանաբանութեան, կենսանաբանութեան եւ բժշկագիտութեան հարցերով: Հայ բժիշկներու ամենահռչակաւորը Մխիթար Հերացին էր: Անոր «Ջերմաց մխիթարութիւն» աշխատութիւննը շարադրուած է ժամանակի խօսակցական լեզուով, որպէսզի բոլորը «կարդան եւ օգուտ քաղեն»:

Հայ բժիշկները հիւանդութիւններն ուսումնասիրելու նպատակով նոյնիսկ դիահերձումներ կը կատարէին, որն արգիլուած էր եւրոպական երկիրներու մէջ:

2-Գրականութիւն

Ժողովրդական Փանահիւսութիւն: «Սասնա Ծռեր»: 10-էն 14-րդ դարերուն կը շարունակուէր ժողովրդական բանահիւսութեան առաջընթացը: Ժողովրդական ստեղծագործութիւններու հարստութեան մասին փաստեր պահպանուած են միջնադարեան հեղինակներու աշխատութիւններուն: Այդ ստեղծագործութիւններէն միայն առանձին նմուշներ մեզի հասեր են: Ժողովրդական երգերու մէջ արտացոլուած են աշխատաւոր մարդոց հոգերը, զգացումներն ու երազանքները: Ժողովուրդը կը շարունակէր ստեղծել նոր երգեր, հարսանեկան, սիրային: Այդ ստեղածգործութիւնները յօրինուած էին ժամանակի խօսակցական լեզուով, ունէին իրենց երադժշտական եղանակը եւ կ՛երգուէին ժողովուրդի մէջ:

9-10-րդ դարերուն լրացաւ ու հարստացաւ «Սասնա Ծռեր» դիւցազնավէպը: Վէպի գլխաւոր հերոս Սասունցի Դաւիթը ազատութեան համար պայքարի ելած հայ ժողովուրդի մարմնացումն է: Ան անողաք է հայրենիքի թշնամիներու նկատմամբ եւ գթասիրտ է խաղաղ մարդկանց հանդէպ: Դիւցազնավէպի չորս ճիւղերը կ՛արտացուլեն ազատութեան համար մարտնչող ժողովուրդի ձգտումներն ու երազանքները, հաղթանակի նկատմամբ հաւատն ու լաւատեսութիւնը:

Գեղարուեստական Գրականութիւն: Զարգացման նոր աստիճանի բարձրացաւ գեղարուեստական գրականութիւնը: Անոր մէջ կ՛արտայայտուէին քաղաքային կենցաղն ու աշխարհիկ մտածողութիւնը: Աշխարհիկ թեմաներով  ստեղծագործութիւնները նոր երեւոյթ էին հայ գրականութեան մէջ:

Դարաշրջանի ամենամեծ բանաստեղծը Գրիգոր Նարեկացին է: Անոր «Մատեան Ողբերգութեան» պոյեմը գրուած է ճոխ լեզուով եւ բանաստեղծական բարձր արուեստով: Այս ժողոուրդի մէջ տարածուած էր «Նարեկ» անունով եւ համաշխարհային հռչակ կը վայելէր: Գրիգոր Նարեկացին գրեր է նաեւ տաղեր, որոնց սկիզբը գրեր է հայ աշխարհիկ բանաստեղծութեան մասին: Անոր տաղերը յօրինուած են պարզ լեզուով եւ կը գովերգեն սէրը, բնութիւնը եւ մարդուն:

Ազգային խոշոր գործիչ եւ բանաստեղծ էր Ներսէս Շնորհալին: Ժողովուրդին վիճակն ու հոգերը իրենց արձագանքը գտեր են անոր պոեմներուն եւ չափածոյ այլ ստեղծագործութիւններուն: Յատուկ սէր կը վայլէին Ներսէս Շնորհալիի գրած պարզ ու գողտրիկ հանելուկները:

Հարուստ եւ բազմազան է նաեւ Ֆրիկի ստեղծագործութիւնը: Անոր բանաստեղծութիւններու մեծ մասը բողոք է օտարի բռնութիւններու եւ աշխարհի անարդարութիւններու դէմ: Ֆրիկը գրեր է ժողովուրդին հասկնալի, ժամանակի խօսակցական լեզուով:

Առակագրութիւն: Ժողովական ստեղծագործութիւններու մէջ առակը միշտ կարեւոր տեղ գրաւած է: Առակի միջոցով ժողովուրդը սուր քննարդատութեան ենթարկեր է թերութիւնները, խրատել մատաղ սերունդին: 12-րդ եւ 13-րդ դարերուն առակներու դերը աւելի աճեցաւ: Մխիթար Գոշը դարձաւ գեղարուեստական գրականութեան նոր ճիւղի՝ առակագրութեան հիմնադիրը: առակներու ժողովածու ստեղծելու ան մեծ չափով օգտոեր է ժողովրդական առակներէն, թեպետ անոր առակներու լեզուն գրաբար է: Առակագիրը ձգտեր է պարզ եւ մատչելի առակներու միջոցով դաստիարակել ժողովուրդին, համախմբել ազգային եկեղեցւոյ շուրջ: Մխիթար Գոշի առակները հայ աշխարհի գրականութեան առաջին էջերէն են:

Առակները յատուկ տեղ գրաւած են Վարդան Այգեկցիի գրական ժառանգութեան մէջ: Ան միջնադարի ամենանշանաւոր հայ առակագիրն է: Քննադատելով հասարակական կեանքի բացասական կողմերը, առակագիրը խրախուսեր է առաջադիմական երեւոյթները: Վարդան Այգեկցիի առակները իրենց ժողովրդական լեզուի եւ ոճի շնորհիւ լայն տարածում ստացան եւ դերեւս միջնադրուն թարգմանուեցան այլ լեզուներով:

3-Նիւթական Մշակոյթ եւ Արուեստ    

Ճարտարապետութիւն: Արաբական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին ընդհացած շինարարական աշխատանքները վերսկսեցին անկախութեան վերականգնումէն անմիջապէս յետոյ: Դարաւով աւանդութիւններ ունեցող հայ ճարտարապետութիւնը կրկին բռնեց վերելքի ուղին:

Սկսաւ միջնադրաեան Հայաստանի առաւել յայտնի վանական համալիրներու առաջացումը: Այդ համալիրները կ՛ընդգրկէին շարք մը եկեղեցական եւ աշխարհիկ շէնքեր, աչքի կ՛ընկնէին բնութեան եւ վանական կառոյցներու ներդաշնակութեամբ: Տաղանդաւոր Մանուէլ ճարտարապետը Աղթամար կղզիին վրայ կառուցեց Սուրբ Խաչ հռչակաւոր եկեղեցին, որ բովանդակ հայ ճարտարապետութեան գլուխգործոցներէն է: Տաճառի»ը բոլոր զարդարուած էին հիանալի քանդակներով, իսկ կառոյցի ներսն էին բազմաթիւ ճոխ որմնանկարներ: Աղթամար կղզիի վրայ Սուրբ Խաչ եկեղեցիի, Գագիկ թագաւորի հրամանով կանգնեցուցած է հանդիսաւոր արարողութիւններու համար նախատեսուած ընդարձակ դահլիճ, եւ սկսած է նաւահնգիստներու շինարարութիւնը:

Քաղաքացիական ճարտարապետութիւնը կը զարգանայ գլխաւորապէս քաղաքներու մէջ, որոնցմէ առաջատար դերը կը պատկանի մայրաքաղաք Անին:

Անիի ամենանշանաւոր կառոյցը Մայր տաճարն էր (Կաթողիկէ), որ ճարտարապետն էր հռչակաւոր Տրդատը: Գագիկ 1-ին թագաւորի հրամանով ան կառուցեց եւս յայտնի շինութիւն՝ Անիի զուարթնոցատիպ եկեղեցին: Եկեղեցիները կը զարդարէին Անիի բոլոր թաղամասերը եւ նոյնիսկ արուարձանները:

 

 

About admin

Check Also

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Միջնադարեան Հայաստանի մէջ մանրանկարչութիւնը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ. հակառակ դարերու ընթացքին մեր կրած աւերիչ …