Home / Ա / Նիւթեր / Իմաստասիրական / ԿԻՍԱՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (9)

ԿԻՍԱՍՈԿՐԱՏԵԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (9)

ԿԻՍԱՍՈԿՐԱՏԵԱՆ
ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

(9)

Անցնելէ առաջ Պղատոնին, պէտք է տեսնենք կարգ մը վարդապետութիւններ, զորս  իմաստասիրութեան պատմութիւնը կը կոչէ Կիսասոկրատեան վարդապետութիւններ, այն պատճառով,  որ անոնց ներկայացուցիչները ինքզինքնին սերած կը համարեն Սոկրատէն եւ Սոկրատի հմայքն ու հեղինակութիւնը կ’ուզեն իրենց վրայ ունենալ: Բայց ասոնք Սոկրատի մասնակի շարունակողներն են: Սոկրատի ուղղութիւնը իր ամբողջութեան եւ բուն էութեան մէջ չեն առած, այլ անոր ուսուցումին մէկ կամ միւս երեսը առած են իբրեւ մեկնակէտ:

Կիսասոկրատեան վարդապետութիւնները երեք են . –

1-     Կիւրենական Վարդապետութիւնը, որ կը կոչուի նաեւ Կիւրենականութիւն: Այս վարդապետութեան հիմնադիրն է Արիսթիպպոս  Aristippus, որ աշակերտած է Սոկրատի :

 

2-     Անթիսթենէսի Վարդապետութիւնը, Antisthenes  այլ անուամբ Շնականութիւնը:

Թէ ի’նչպէս շունի անունը մտած է այս վարդապետութեան մէջ յստակ կերպով  չենք գիտեր. զանազան բացատրութիւններ կան այդ մասին: Իբրեւ թէ այս դպրոցին հետեւողներուն ժողովուած տեղը շուներու քանդակ մը եղած ըլլայ: Կամ այն թաղը, ուր ապրած է Անթիսթենէս, այդպէս կոչուած ըլլայ: Կամ թէ այս վարդապետութեան հակառակորդները անոր հետեւողներուն ապրելակերպը շուներու ապրելակերպ նկատած են:

Շնական բառը ներկայիս կը գործածուի ստորարկիչ իմաստով: Կը նշանակէ մէկը, որ բարոյական արժէքներու  իմացումը չունի – համապատասխան ժողովրդական ասութեան՝ «Մէկը որ ո՛չ Աստուծմէ կը վախնայ եւ ո՛չ մարդոցմէ կ’ամչնայ»: Այս իմաստը սակայն երբեք չի համապատասխաներ Շնական դպրոցի վարդապետութեան, որ  ընհակառակը, առաքինութեան միայն կարեւորութիւն կու տայ:

3 – Եւկղիտէսի Մեկարական վարդապետութիւնը:

Ի՞նչ են այս վարդապետութիւնները:

1 –   Արիսթիպպոս  Aristippus Կիւրենացիի Վարդապետութիւնը իր բուն եղածին տեսակէտով կը կոչուի Հաճոյապաշտութիւն  (Hedonisme): Բարոյական մըն է,  եւ ոչ թէ բնազանցութիւն մը կամ տիեզերախօսութիւն մը: Կը մեկնի Սոկրատի այս սկզբունքէն, թէ պէտք է բնութեան հետեւիլ: Մարդուն բնութիւնը իրեն կը սորվեցնէ արդէն իր ինչպէս ապրիլը:  Մարդոց հաստատած գրաւոր օրէնքները պէտք է հիմնուին մարդուն բնութեան անգիր օրէնքներուն վրայ: Միայն թէ Սոկրատ մարդուն բնութիւնը տարբեր, վե’ր տեսակի, ոգեկա’ն բնութիւն մը կը համարէր: Արիսթիպպոս  Բնութիւն  ըսելով կը հասկնայ ինչ որ մարդուն եւ կենդանիներուն հասարակաց  բնութիւնն է: Եւ տակաւին ան  կը մեկնի սա նկատողութենէն,  թէ առաքինութիւնը երջանկութիւն է: Արիսթիպպոսի համար, որ թանձրական (Concret) մտածող մըն է, երջանկութիւն կը նշանակէ հաճոյք:  Երբ Սոկրատ կ’ըսէր,  թէ Առաքինութիւնը երջանկութիւն է, ինք կ’ըսէր Հաճոյքն է: Ուրեմն մարդուն բարին հաճոյքն է : Առաքինութիւնը կը կայանայ իւրաքանչիւր մարդու իր հաճոյքը փնտռելուն մէջ: Մարդկային բնութեան մէջ կայ ձգտում մը դէպի հաճոյքը. կենդանիներու բնութիւնը իրենց  փնտռել կու տայ հաճոյքը, ինչպէս  հակադարձաբար, խորշիլ կու տայ ցաւէն : Բնութիւնը կենդանիին մէջ դրած բնազդով կը սորվեցնէ ուրեմն, թէ ի՛նչ է բարին –հաճոյքը- ,եւ կամ չարիքը –ցաւը-: Ուրեմն բնութեան հետեւիլ, բնութենէ’ն սորվիլ,  թէ  ո՛րն է բարին, ո՛րը՝ չարը : Մէկուն բարին կրնայ տարբեր ըլլալ ուրիշի մը բարիէն, որովհետեւ ինչ որ մէկու մը հաճոյք կը պատճառէ, ուրիշի մը կրնայ ցաւ պատճառել կամ զայն անտարբեր ձգել: Ուրեն բարին յարաբերական է իւրաքանչիւրին բնութեան:

Նոյնպէս, կ’ըսէ Արիսթիպպոս, որովհետեւ ներկան միայն իրական է անցեալը գոյութիւն չունի ա’լ , անցա’ծ է , ապագան ալ անորոշ է , չկայ. ուրեմն իմաստութիւնը կը կայանայ ամէն օր, ամէն ժամ այդ օրուան, ժամին ներկայացուցած հաճոյքը ունենալուն մէջ, մոռնալով անցեալը եւ չխորհելով ապագայի մասին:  Այս պատճառով Արիսթիպպոսի վարդապետութիւնը կը կոչուի «անմիջական հաճոյքի վարդապետութիւն» : Խուսափիլ օրուան ցաւէն, փնտռել եւ հետեւիլ օրուան հաճոյքին, ահաւասիկ իմաստութիւնը՝ ըստ Արիսթիպպոսի:

Անշուշտ Արիսթիպպոս տարբերութիւն մը կը դնէ հաճոյքներուն միջեւ: կ’ընդունէր թէ աւելի բարձր, հոգիին խօսող բաներուն հաճոյքները կան եւ զգայարանական հաճոյքները կան: Բայց իր հետեւողներէն շատերը կը մերժեն այդ տարբերութիւնները: Իր  հետեւորդներէն մէկը եղած է Էժիզիպ, որ քարոզած է մահը, անձնասպանութիւնը:  Մեկնելով Արիսթիպպոսի այն սկզբունքէն, թէ Բարին մարդուն հաճոյքն է, Էժիզիպ կ’ըսէր, թէ այս աշխարհը այնպէս է, որ երբ մարդ միշտ հաճոյքին  ետեւէն երթայ, պահ մը կու գայ երբ կամ կը բթանայ հաճոյքին հանդէպ ու ա’լ  չզգար զայն, եւ կամ ալ հաճոյքը շատ անգամ կը խուսափի իրմէ եւ անոր տեղ ցաւեր կու գան: Օրինակ՝ հաճոյամոլները  յաճախ ախտեր կ’ունենան, եւ հաճոյքին ետեւէն վազած ատեն զայն ստանալու տեղ տառապանք կը ստանան: Հաճոյամոլներու վախճանը կամ յափրացում է հաճոյքէն, կամ ախտավարակ դառնալ: Եւ որովհետեւ կեանքի միակ արժէքը, իմաստը հաճոյք տալուն մէջն է, ուրեմն  քանի որ հաճոյք փնտռած ատեն կա’մ զայն ունենալու անկարելիութեան առջեւ կը գտնուինք եւ կա’մ հաճոյքները մեզ տառապանքներու ծոցը կը նետեն, այդ տեսակ գոյութիւն մը անիմաստ է այլեւս, ուստի ամենամեծ իմաստութիւնը կը կայանայ անոր վերջ տալուն, այսինքն՝ անձնասպան ըլլալուն մէջ : Երբ իրեն կը հարցնէին. «ինչո՞ւ դուն անձնասպան չես ըլլար», կը պատասխանէր . «որպէսզի այս ճշմարտութիւնը մարդոց քարոզեմ»:

2 – Անթիսթենէսի  Antisthenes Վարդապետութիւնը  նոյնպէս  կը մեկնի Սոկրատէն:  Սոկրատ չէր ուզեր կախում ունենալ Սիթէի սովորութիւններէն, մարդոց կարծիքներէն: Իմաստունը կը տեսնէին Սոկրատին մէջ երբ մարդոց շատ մը խաբկանքներէն յառաջ եկած արժէքներէն վեր կը դասէ առաքինութիւնը: Հարստութիւնը, փառքը  բուն արժէք չեն, որովհետեւ մնայուն չեն, այլ՝ վաղանցիկ: Սոկրատի այդ կեցուածքն է, որ կը գտնենք Անթիսթենէսի  շնականութեան մէջ:

Շնականները Սիթէին սովորական բարքերու արժեւորումներուն հանդէպ տեսակ մը արհամարհանք, բացէն կեցուածք ցոյց կու տային: Ամէն բանէ առաջ կը դնէին իմաստութիւնը մարդուն ազատութեան, անկախ կեցուածքին մէջ: Մանաւանդ կը քարոզէին գերի չդառնալ մարմնական ախորժակներուն ու կիրքերուն այլ վեր կենալ անոնցմէ. անկախ ըլլալ ուրիշներու կարծիքին, ըսածին հանդէպ. չշլանալ սովորական ու ամէնուն կողմէ փնտռուած բարիքներէն, որոնք իրական բարիքները չեն. որպէսզի կարելի ըլլայ այդ տեսակ ազատութիւն մը ունենալ՝ նուազագոյնի վերածել մեր պէտքերը որ դիւրաւ գոհանան եւ անոնց գերին չըլլանք . ուրեմն տեսակ մը ճգնական կեանք վարել:

Շնականները  յաճախ տուն տեղ չունէին: Վերարկու մը եւ կտոր մը հաց կը բաւէր իրենց: Կը խնդային աթենացիներուն կամ այլ քաղաքացիներու Սիթէի պատկանելու պարծենկոտութեան վրայ. խխունջներն ալ պէտք է քաղաքացի  համարել, կ’ըսէին, քանի որ անո’նք ալ Սիթէին մէջ կը բնակին: Այս տեսակ խօսքերով իրենց կեցուածքը կը շեշտէին:

Շատ են պատմութիւնները իրենց մասին: Դիոգինէս՝ մէկը անոնց վերջիններէն, օր մը ցերեկ ատեն ճրագով փողոցները կը պտտէր «մարդ կը փնտռեմ » ըսելով: Իր մասին կ’ըսուի, թէ տակառի մը մէջ  կ’ապրէր, եւ երբ մեծն Աղէքսանդր առաջարկեց իրեն խնդրել ինչ որ կը փափաքէր ունենալ, ինք պատասխանեց . «Արեւս մի՛ խափաներ, մէկդի քաշուէ՛»:

3 –Մեկարեան դպրոցին  գալով, անոնք  բնազանցագէտներ էին եւ Սոկրատի նուրբ տրամաբանութիւնը օգտագործողներ Եղէականներու է-ին հետ կ’ուզէին նոյնացնել   Տիեզերական Բարին :


 

About admin

Check Also

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10)

ԲՈՒՆ ՍՈԿՐԱՏԵԱՆՆԵՐ (10) ՊՂԱՏՈՆ  Plato  ( 428 – 347  Ն. Ք.  ) Պղատոն եղած է  …

Leave a Reply