ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԾՆՈՒՆԴԸ
ԵՒ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀՆՅ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆ
Եթէ տպագրութեան գիւտէն ընդամէնը քանի մը տասնամեակ ետք միայն ծնունդ առաւ հայ տպագրութիւնը, ապա պարագան նոյնը չեղաւ հայ պարբերական մամուլին, որ իր ծնունդով շատ աւելի ուշ մնաց՝ քան եւրոպական բազմաթիւ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու մամուլը, բայց հակառակ այս փաստին, հայ մամուլը իր հնութեամբ առաջնակարգ դիրք կը գրաւէ արեւելքի ժողովուրդներուն մէջ:
1604 թուականին, Շահ Աբբասի կազմակերպած բռնագաղթէն ետք, Նոր Ջուղա հաստատուած մեծ թիւով հայեր հետզհետէ կը գաղթեն Հնդկաստան եւ կը հաստատուին գլխաւորաբար երեք քաղաքներու մէջ՝ Մատրաս, Կալկաթա եւ Պոմպէյ: Հոն, անոնք առաւելաբար կը զբաղին վաճառականութեամբ ու կը գրաւեն նիւթապէս բարւոք դիրքեր:
Մատրասի հայերը 1772 թուականին կը հիմնեն հնդկահայոց առաջին տպարանը եւ նոյն տարին իսկ լոյս կ՛ընծայեն Մովսէս Բաղրամեանի «Նոր Տետրակ Որ Կոչի Յորդորակ» հատորը, իսկ մէկ տարի ետք՝ Շահամիր Շահամիրեանի «Որոգայթ Փառաց» գիրքը:
Վերոյիշեալ երկու գիրքերն ալ գրուած են ազգային շունչով ու կը միտին ազատագրական ոգին առկայծել ժողովուրդին մէջ: Անոնցմէ երկրորդը կը խօսի ապագայ անկախ Հայաստանի սահմանադրութեան եւ վարչաձեւին մասին:
Ազատագրական այս մթնոլորտին մէջ է ահա, որ լոյս կը տեսնէ հայերէն առաջին թերթը: 1794 թուականին, Մատրասի հայոց աւագերեց՝ Յարութիւն Քհնյ. Շմաւոնեան, որ 1789 թուականին հիմնած էր սեփական տպարան մը եւ ծանօթ էր տպագրական գործին, կը մտածէ լոյս ընծայել հայերէն թերթ մը, ուղեցոյց ունենալով նոյն օրերուն Մատրասի մէջ լոյս տեսնող անգլերէն թերթ մը, որ կը հրատարակուէր տեղւոյն անգլիացի գաղթականներուն կողմէ:
1794 թուականի Յուլիսին Շմաւոնեան քահանայ կը հրատարակէ կոչ մը, ուղղուած՝ «բարեպաշտ պարոնաց եւ մաքրակենցաղ տիկնաց Մատրասի հայոց», ուր ամփոփ կերպով կը ծանօթացնէ իր ծրագիրը, ապա կը խնդրէ որ տեղացի հայեր օժանդակեն իրեն՝ սոյն ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու համար:
Կարճ ժամանակ անց ան կը յաջողի քսանութ բաժանորդ ապահովել եւ 1794ևի Սեպտեմբերի 16ևին լոյս ընծայել իր թերթին՝ «Ազդարար»ին Առաջին թիւը: Ըստ Յարութիւն Քհնյ. Շմաւոնեանի, թերթը լոյս պիտի տեսնէր ամէն ամսուայ վերջաւորութեան եւ պիտի ընդգրկէր այդ ամսուայ լուրերը:
Թերթը կ՛ունենայ նաեւ իր խմբագրական մարմինը՝ բաղկացած քանի մը «ուրախակից» երիտասարդներէ, որոնք կ՛օժանդակեն խմբագիրին:
«Ազդարար»ի իւրաքանչիւր թիւ ունէր մօտաւորապէս 48 էջ եւ հարուստ բովանդակութիւն: Հոն կային կաթողիկոսական կոնդակներ, պաշտօնական գրութիւններ, Ռուսիոյ ցարին հրովարտակներուն թարգմանութիւնները, բանաստեղծութիւններ, պատմական նիւթեր, վաճառականները հետաքրքրող տեղեկութիւններ՝ ապրանքներու սակացոյց, նաւերու մեկնումի ու ժամանման ժամանակացոյց, տեղական լուրեր եւ վերջապէս՝ յաջորդ ամսուայ տօնացոյց:
«Ազդարար»ը թղթակիցներ ունեցած է մինչեւ իսկ հեռաւոր Չինաստանէն, Ֆիլիփեան կղզիներէն, Ռուսաստանէն եւ Պասրայէն:
Ան ամենայն ճշդապահութեամբ լոյս կը տեսնէ ամբողջ մէկ ու կէս տարի՝ 18 տետրակով (4 տետրակ 1794ևին, 12 տետրակ 1795ևին եւ 2 տետրակ 1796ևին): Անոր վերջին թիւը կը հրատարակուի 1796ևի Փետրուարին:
Թէեւ կարճատեւ կ՛ըլլայ «Ազդարար»ի կեանքը, բայց անով հիմը կը դրուի հայ պարբերական մամուլին ու անով ծնունդ կ՛առնէ հայ լրագրութիւնը:
Շմաւոնեանի հիմնած տպարանը կը շարունակէ գործել մինչեւ 1809 թուական: Իր գոյութեան ընթացքին ան կը յաջողի հրատարակել կրօնական, փիլիսոփայական, գրական եւ երկրաչափական բովանդակութեամբ քսան գիրք:
«Ազդարար»ին կը յաջորդէ Վենետիկի Մխիթարեան հայրերու հրատարակած «Տարեգրութիւն»ը, որ կը համարուի հայերէն լեզուով լոյս ընծայուած երկրորդ թերթը: Անոր կը յաջորդէ նոյն միաբանութեան կողմէ հրատարակուած «Եղանակ Բիւզանդեան»ը:
«Ազդարար»էն ետք Հնդկաստանի մէջ լոյս կը տեսնեն հայերէն այլ թերթեր եւս, որոնցմէ առաւել նշանաւոր են Մեսրոպ Թաղիադեանի «Ազգասէր» (Կալկաթա 1845և1848) եւ «Ազգասէր Արարատեան» (Կալկաթա 1848և1852) թերթերը:
Քաղուած՝
Հայագիտականի ձեռագրաց գիրքէն