Վենզուելան կը գտնուի հարաւային Ամերիկայի հիւսիսը, անոր տարածութիւնը մօտաւոր ինն հարիւ հազար Ք.Ք.Մ. է, բնակչոթեան թիւը՝ 27 միլիոն, մայրաքաղաքը՝ Քարաքաս, լեզուն՝ սպաներէն:
Վենզուելան 1830-ին երեք դար սպանական բռնատիրութեան տակ մնալէ ետք իր անկախութեան կը տիրանայ:
Վենզուելայի նախիճհ նախագահ՝ Հուկօ Չավեզ ծնած է 28 Յուլիս 1954-ին, Պարինաս նահանգին մէջ: Ան հասակ առած է համեստ ընտանիքի մը մէջ, ամուսնացած է եւ ունի 5 զաւակներ:
Չավեզ Վենզուելայի զինուորական ուժերուն կը միանայ 18 տարեկանին եւ 1975-ին որպէս օդաչու կ՛աւարտէ զայն:
Չավեզ ճանչցուած է, աղքատները սիրելու իր յանգամանքով, ամէն պարագայի ան աղքատ դասակարգի զաւակ եղած է եւ համտեսած անոնց տառապանքը:
Օդաչու Չավեզ իր զինուորական ընկերներուն հետ կը հիմնէ գաղտնի շարժում մը՝ «Պոլիվար Տօ Սիմոն» անունով եւ 1992-ին ձախող ապստամբութիւն մը կ՛ընէ Գարլոս Անտրէս Բերեզի կառավարութեան դէմ: Այս պատճառով ան կը բանտարկուի:
1994-ին ազատ կ՛արձակուի եւ կը հիմնէ «Հինգերորդ Հանրապետութեան Շարժում» կուսակցութիւնը: Այս կուսակցութիւնը երկրի մեծամասնութիւն կազմող աղքատներուն ներկայացուցիչն ու ռահվիրան կը հանդիսանայ: Իր շուրջ կը հաւաքէ բոլոր աղքատներն ու ձախակողմեանները եւ կը յաջողի Չավեզը երկրի նախագահ ընտրուիլ, 1998-ի ընտրութիւններուն:
Չավեզ նախագահութեան գլուխը անցնելէն անմիջապէս ետք, պայքարած է կաշառկերութեան եւ ապօրինութեան դէմ: Գործնական քայլեր նախաձեռնած աղքատոթեան տոկոսը նուազեցնելու եւ կեանքի պայմանները բարելաւելու: Ան մեծ ներդրում ունեցած է երկրի գիւղատնտեսական եւ արհեստական համակարգը զարգացնելու:
Այս բոլորին կողքին Չավեզ մեծ աշխատանք տարած է երկիր ուսումնական եւ առողջապահական ոլորտները զարգացնելու: Այսօր Վենզուելայի անուսներուն տոկոսադրոյթը 9 առ հարիւրը չ՛անցնիր:
Չավեզի ընտրութիւնը քարիւղով հարուստ երկրի մը որպէս նախագահ, հեշտ աչքով չդիտուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ: Ան մինչեւ օրս, իր խիզախ կեցուածքներուն համար, անհանդուրժելի անձնաւորութիւն մը եղած է ԱՄՆ-ի վարչակարգին համար:
Այսպէս 2002-ին Ամերիկեան օժանդակութեամբ Չավեզի դէմ ապստամբութիւնը մը տեղի ունեցած է: Ամբողջ աշխարհն ու յատկապէս ԱՄՆ ականատես եղած է, թէ ինչպէս Վենզուելայի միլիոնաւոր ժողովորդը փողոց իջած է նեցուկ կանգնելու համար իրենց նախագահին: Ապստամբութիւնը ձախողութեամբ պսակուած է:
2003-ին դարձեալ Ամերիկեան միջամտութեամբ ու դրթումով տեղի ունեցած է հանրաքուէ, որուն յաղթական դուրս եկած է Չավեզը եւ փաստած իր վայելած ժողովրդականութիւնը:
Չավեզի կառավարութիւնը ընկերվար-ժողովրդավար յատկութիւն ունէր: Անոր քաղաքականութիւնը դէմ էր ԱՄՆ-ի եւ իր դաշնակիցներուն որդեգրած ծաւալապաշտական եւ կայսերապաշտական քաղաքականութեան:
Ան բազմիցս վիրաւորած է Պուշն ու իր վարչակազմը: Ան Պուշին համար ըսած է՝ «Գոնթ Տրագոլա», «Նոյնինքն սատանայ», «Պուշը ոչինչ է Աստուծոյ կամքին դիմաց» եւայլն:
Չավեզ առաջին փողոքի ձայն բարձրացնողներէն էր Իրաքի եւ Լիբանանի պատերազմներուն: Ան զօրաւիք կանգնած է Պաղեստինեան պահանջատիրութեան եւ Սուրիական դիրքորոշումներուն հետ: Այսօր բաւականին լաւ յարաբերութիւններ ունի արաբական երկիրներուն եւ յատկապէս Սուրիոյ հետ:
Չավեզ հրչակաւոր ղեկավար մըն էր, իր պարզութեամբ, անվախութեամբ, իրապաշտութեամբ եւ Քարիպեան երկիրներու միասնութեան կոչեր ուղղելու դերակատարութեամբ:
Չավեզ մերաւ 2013 գաղցկեղի հիւանդութենէ: