Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ՀԱՅ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ԳԱՂՈՒԹԱՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐԸ

ՀԱՅ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ԳԱՂՈՒԹԱՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐԸ

ՀԱՅ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ
ԳԱՂՈՒԹԱՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐԸ

          1-Ազատագրական շարժման հնդկահայ կեդրոնը

          Հայերը Հնդկաստանի մէջ

            18-րդ դարու կէսերուն հայ ազատագրական շարժման մէջ սկսած են աշխաուժանալ հայ գաղթօճախները: Անոնց մէջ առանձնայատուկ տեղ ունէր հնդկահայ գաղութը:

            Հնդկաստանի մէջ հայերը հաստատուած էին դեռեւս 16-17-րդ դարերուն եւ զբաղած էին գերազանցապէս վաճառականութեամբ: Հայկական խոշոր եւ ծաղկուն համայնքներ կային Հնդկաստանի շատ քաղաքներուն մէջ: 17-րդ դարու երկրորդ կիսուն, երբ եւրոպական պետութիւնները փորձած էին ներթափանցել Հնդկաստան, հայերը արդէն այնտեղ մեծ կշիռ ունէին: Անգլիական «Արեւելա-հնդկական ընկերութիւնը» Հնդկաստան մուտք գործելը դիւրացնելու նպատակով 1688 թ. պայմանագիր կնքած է անոնց հետ: Անոր համաձայն հայերը իրենց ապրանքները անգլիական նաւերով փոխադրելու իրաւունք ունեցած են:

            Ամրապնդուելով Հնդկաստանի մէջ՝ անգլիացիները ձգած էին միայնակ տիրանալ հնդկական առեւտուրին եւ սկսած են հետզհետէ սահմանափակել հայ վաճառականութեան իրաւունքները: Անգլիացիները ունէին խոշոր նաւատորմ, կանոնաւոր բանակ, ուստի կրցան զէնքի ուժով տիրանալ գրեթէ ամբողջ Հնդկաստանին: Հնդկահայ պուրժուազիան սկսած է գիտակցիլ հայրենիքի, սեփական պետութեան ու բանակի անհրաժեշտութեան ու նշանակութեան: Հնդկահայ այդ գործիչներէն էր Յովսէփ Էմինը:

Յովսէփ Էմինի գործունէութիւնը Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ

 Յովսէփ Էմինը ծնած է 1726 թ. Պարսկաստանի Համադան քաղաքը, ետքը փոխադրուած Կալկաթա: Ան ծանօթ էր ինչպէս պարսկա-թրքական լուծի տակ գտնուող հայ ժողովուրդի վիճակին, այնպէս ալ ականատես էր Հնդկաստանի մէջ հայ վաճառականութեան դժուար կացութիւնը:

Երիտասարդ Էմինը որոշած էր երթալ Անգլիա, սորվիլ ռազմական գործը եւ ձառնամուխ ըլլալ Հայաստանի ազատագրման: Անոր ոգեւորած էր Արցախի եւ Սիւնիքի ազատագրական պայքարի մասին տեղեկութիւնները, որտեղ հայերը տարիներ շարունակ յամառ կռիւներ մղած էին հայրենիքի ազատագրութեան համար:

1751 թ. Էմինը, հակառակ հօր կամքին, որ կ՛ուզէր վաճառական դարձնել Էմինը, ծառայութեան մտած է Անգլիա մեկնող նաւով մը եւ ուղեւորուած Անգլիա: Անգլիոյ մէջ Յովսէփ Էմինը ընդունուած է Վուլվիչի զինուորական ակադեմիան, ծանօթացած անգլիական քաղաքական ու պետական գործիչներու հետ: Ակադեմիայի մէջ ան հմտացած է ռազմական գործի մէջ: Այնուհետեւ Էմինը մեկնած է Գերմանիա՝ մասնակցելու Ֆրանսայի դէմ մղուող պատերազմին:

1759 թ. Յովսէփ Էմինը եկած է Հայաստան, որտեղ մօտիկէն ծանօթացած է տիրող իրավիճակին: Ան համոզուած է, որ թրքական տիարպետութեան դէմ ազատագրական պայքար կարելի է սկսիլ միայն որեւէ հարեւան տերութեան օժանդակութեամբ: Այդպիսի հնարաւոր դաշնակից կրնար ըլլա Ռուսիան կամ Վրաստանը:

Յովսէփ Էմինը Ռուսիոյ եւ Անդրկովկասի մէջ

 Վերադառնալով Անգլիա՝ Էմինը հանդիպած է Անգլիոյ մէջ ռուսական դեսպան Գոլիցինին: Ան վերցնելով Ռուսիոյ վարչապետ Վորոնցովին ուղղուած յանձնարարական նամակ՝ ճամբորդած է (1761 թ.) Պետերսպուրկ: Էմինը Վորոնցովին ներկայացուցած է Հայաստանի ազատագրութեան իր ծրագիրը, ցանկութիւն յայտնած գտնուիլ Վրաստան: Ան մտադիր է հայրենիքի ազատագրութեան համար վրաց Հերակլ Բ. թագաւորի հետ դաշնակցած, պայքարիլ թրքական տիրապետութեան դէմ:

Վորոնցովը ընդառաջացած է Էմինի խնդրանքին եւ Հերակլ Բ. թագաւորին ուղղուած նամակով անոր ճանապարահած է Վրաստան: Մոսկուայի մէջ Յովսէփ էմինին միացած է Մովսէս Բաղրամեանը, իսկ Աստարախանի մէջ հաւաքագրուած է կամաւորներու ջակատ, որ ուղեկցուած է Էմինին:

Վրաց թագաւորը համաձայնած է օժանդակել Էմինի ծրագիրներուն եւ անոր յանձնարարած է եւրոպական ռազմական արուեստով վարժեցնել վրացական զօրքին:

Հայաստանի մէջ ազատագրական շարժումը աշխուժացնելու համար Էմին կապեր հաստատած է Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի վանահայր Յովնանի հետ: Վերջինս մեծ աշխատանք տարած է ջոկատներ հաւաքագրելու եւ Թուրքիոյ հպատակութեան տակ գտնուող Ասորիներու ու քիւրտերու հետ համագործակցելու ուղղութեամբ: Յովանը ստիպած է, որ Էմինը Հայաստան գալու ժամանակ Վրաց թագաւորի կողմէ տրամադրուի թէկուզ եւ փոքրիկ զօրաջոկատ մը: Անոնցմով թուրքերը կը համոզուին, որ վրացիներն ալ հայերուն հետ են: Հերակլ Բ.-ը, զգուշանալով Թուրքիոյ հետ ընդհարումէն, երկար ժամանակ տատանած է որոշակի խոստումներ տալ:

1764 թ. Յովսէփ Էմինը եւ Հերակլը խրախուսական նամակներ ուղարկած են Յովնանին: Նամակատարը Երեւանի մէջ խանի մարդոց կողմէ ձերբակալուած է: Տեղեկանալով այդ մասին Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը հանդէս եկած է Էմինի եւ Յովնանի ծրագրի դէմ (ան անիրագործելի համարած էր սեփական ուժերով Թուրքիոյ եւ Պասկաստանի դէմ յաղթանակի հասնիլը): Ան նամակով կը շտամբէր Հերակի Բ.-ին Էմինին ընդառաջելու համար: Զգուշանալով յետագայ անախորժութիւններէն՝ Հերակլը Յովսէփ Էմինէն պահանջած է հեռանալ Վրաստանէն:

Յովսէփ Էմինը անցած է Հիւսիսային Կովկաս, ուր մնացած է աւելի քան մէկ տարի: 1766 թ. ան վերադարձած է Հայաստան եւ Գետաշէնի մէջ գտնուող Կիւլիստանի մելիք Յովսէփի մօտ գացած: Էմինը Գետաշէնի մէջ մասնակցած է Գանձակի խանի անակնկալ արշաւանքի դէմ մելիք Յովսէփին մղած ճակատամարտին: Հայկական զօրքերը ջախջախիչ պարտութեան մատնած են խանի բանակը: Անոր հետապնդած են մինչեւ Գանձակի դարպասները եւ պաշարած քաղաքը: Հերակլ Բ.-ի միջնորդութեամբ հայկական զօրքը դադրեցուցած է պաշարումը:

Արցախի իրադարձութիւններուն ծանօթանալու համար Յովսէփ Էմինը Շուշիի մէջ այցելած է Իպրահիմ խանին եւ ապա մեկնած Գանձասար: Հոնկէ ան տեղեկացած է, որ Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը բանադրանքի սպառնալիքով հրամայած է չընդունիլ եւ չօժանդակել Էմինին:

Անյաջողութիւնները զգալի չափով յուսահատեցուցած են Յովսէփ Էմինին: 1770 թ. ան վերջնականապէս վերադարձած է Հնդկաստան:

2-Հայաստանի ազատագրութեան Ռուսահայ կեդրոնը

Մովսէս Սարաֆեանի  ծրագիրը

 Հայրենիքի ազատագրմամբ մտահոգ աշխարհասփիւռ գաղութներու մէջ առանձնացած էին մասնաւորապէս ռուսահայ կեդրոնները: Այդ պայմանաւորուած էր անով, որ դէպի հարաւ տարածուելու Ռուսիոյ ձգտումը եւ Հայաստանը ազատագրելու համար հայոց շարժումներն ու ծրագիրը համահունչ էին:

18-րդ դարու երկրորդ կիսուն Ռուսիոյ հայ բնակչութիւնը շարունակած էր արագօրէն աճիլ: 1768 թ. ռուս-թրքական պատերազմը եւ տարածուող լուրերը, թէ ռուսերը զօրք մտցուցած են Անդրկովկաս, մեծ ոգեւորութեամբ առաջ բերին հայերու շարժումը: Ռուս-թրքական պատերազմը Հայաստանը թուրք-պարսկական լուծէն ազատագրելու յոյսեր արթնցուցած էր:

1769 թ. Յունիսին Աստրախանի մեծահարուստ Մովսէս Սարաֆեանը, նշանաւոր այլ գործիչներու գիտութեամբ, Ռուսիոյ արտաքին գործերու կոլեգիաին (նախարարութիւն) Հայաստանի ազատագրութեան ծրագիր ներկայացուցած է: Այդ ծրագրով ան առաջարկած է Ռուսիոյ մէջ բնակող հայերէն ու վրացիներէն կազմել կամաւորական ջոկատներ եւ ռուսական զօրքերու հետ ուղարկել Վրաստան: Զօրաջոկատներու հարամանատարը պիտի ըլլար հայազգի եւ ենթարկուէր ռուսական բանակի հրամանատարութեան: Սարաֆեան առաջարկած է հակաթուրք պայքարի մէջ ընդգրկել նաեւ Արցախի մելիքները: Սարաֆեանի համոզմամբ ռուսական բանակը հեշտութեամբ կրնար տիրանալ Երեւանը, որովհետեւ այնտեղ իշխող խանը կախման մէջ էր Հերակլ Բ.-ի հետ: Վերջինս կրնար հայ, վրացի եւ ռուս զինուորներ ուղարկել Երեւան եւ գահընեց ընել խանին: Ակնկալուած էր, որ Երեւանի գրաւումէն յետոյ մեծ քանակութեամբ հայ բնակչութիւնը կը զինուորագրուէր ռուսական բանակին:

Մովսէս Սարաֆեանի ծրագրի համաձայն, Հայաստան ազատագրուելէ ետք պէտք է ստեղծուէր հայկական պետութիւն եւ Արցախի մելիքներէն մէկը դառնար Հայաստանի թագաւոր:

Մովսէս Սարաֆեանը առաջարկած էր նաեւ պատերազմի աւարտէն ետք կնքուելիք հաշտութեան պայմանագրի մէջ մտցնել յատուկ կէտ: Անոր համաձայն, Հայաստանը կը համարուէր Ռուսական կայսրութեան հովանաւորութեան տակ գտնուող երկիր, որպէսզի անհրաժեշտութեան ժամանան Ռուսիա իրաւունք ունենար օգնելու:

 

Հայաստանի ազատագրութեան Հիւսիսային (Յովսէփ Արղութեանի) ծրագիրը

 18րդ դարու 80-ական թ. աշխուժացաւ հայ պետականութեան վերականգման համար ազատագրական ծրագրի մշակումը: Անոր մեծապէս խթանեց 1783 թ. Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ կնքուած Գէորգիեւեան դաշնագիրը: Անոր Ռուսիան իր հովանաւորութեան տակ առած էր եւ զօրք տրամադրած Վրաստանին: Այդ դաշնագիրը մեծ արձագանգ գտաւ հայկական շարժումներու մէջ: Անոր հետ մեծ յոյսեր կապած էին ինչպէս Յովսէփ Արղութեանը Ռուսիոյ մէջ, այնպէս ալ Շահամիր Շահամիրեանը Հնդկաստանի մէջ:

Հայ ազատագրական շարժման նշանաւոր գործիչներ՝ Յովսէփ Արղութեանը եւ Յովհաննէս Լազարեանը, 1780-ական թուականներու սկիզբը բանակցութիւններ վարած էին ռուսական պետական գործիչներու հետ՝ արշաւանք կազմակերպելու եւ Հայաստանը ազատագրելու մասին:

Անոնք պատրաստած են նաեւ Հայաստանի ազատագրման եւ հայ-ռուսական դաշնագրի նախագիծ մը: Ան բաղկացած էր 18 յօդուածներէ: Առաջին երեք յօդուածները նուիրուած էին հայ եւ ռուս ժողովուրդներու միջեւ կրօնական տարաձայնութիւններու կարգաւորման: Այնուհետեւ առաջարկուած էր Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքել յաւիտենական դաշինք: Անոր համաձայն, Հայաստանի մէջ պէտք է ըլլար չափաւոր քանակի ռուսական զօրք՝ երկիրը հնարաւոր յարձակումներէ պաշտպանելու համար: Հայաստանը պէտք է հանքերէ եւ եկամուտներէ հարկ վճարէր Ռուսիոյ, իսկ պատերազմի ժամանակ ցուցաբերեր ռազմական օգնութիւն: Հայոց թագաւորի ընտրութիւն պէտք է կատարեր ռուսաց կայսրը, որ այնուհետեւ օծուէր էջմիայծնի մէջ: Առաջարկուած էր Հայաստանի մայրաքաղաք դարձնել Վաղարշապատը կամ Անին: Սահմանուած էր Հայաստանի դրօշը, զինանշանը, եւայլն: Նախկին հողատէրներուն պէտք է վերադարձնէին իրենց կալուածները, սակայն առանց ճորտացնելու գիւղացիներու իրաւունքը: Առաջարկուած էր Հայաստանի եւ Ռուստոյ միջեւ կնքել առեւտրական պայմանագիր եւ Կասպից ծովու ափին Հայաստանին տրամադրել նաւահանգիստ:

3-Մատրասի հայրենասիրական խմբակը

Խմբակի գործունէութիւնը

 Հայաստանի ազատագրութիւնը նախապատրաստելու համար Շահամիր Շահամիրեանի գլխաւորութեամբ՝ Մատրասի մէջ ստեղծուած խմբակի անդամները 18-րդ դարու 70-80-ական թթ. մեծ աշխատանք կատարած են:

Յովսէփ Էմիննը, Հնդկաստան վերադառնալով, շարունակեց ազատագրական-հայրենասիրական քարոզչութիւնը, որ կ՛ոգեշնչէր նաեւ Մատրասի հայերը:

Հայաստանի ազատագրութիւնը, ըստ Շահամիր Շահամիրեանի, պէտք է կատարուէր օտարի լուծի դէմ համաժողովրդական ապստամբութեան միջոցով: Անիկա պէտք է գլխաւորէին Արցախի մելիքներն ու Էջմիածնայ հոգեւորականները: Հայ ժողովուրդը կրնար օժանդակութիւն ստանալ Վրաստանէն եւ Ռուսիայէն:

Մատրասի մէջ տպագրուած «Նոր տետրակ» եւ «Որոգայթ փառաց» գիրքերը, Շ.Շահամիրեանը ուղարկած է ոչ միայն Սիմէոն կաթողիկոսին, այլեւ Արցախի մելիքներուն, Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոսին, Վրաստանի Հերակլ Բ. թագաւորին:

Շ.Շահամիրեանը նամակագրական աշխոյժ կապ ստեղծած էր Էջմիածնայ ու Գանձասարի կաթողիկոսներուն եւ Վրաց թագաւորի հետ: Ասոնցմէ բացի, ան կապուած էր Արցախի մելիքներուն, Ռուսիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Յովսէփ Արղութեանին, Յովհաննէս Լազարեանին եւ շատ ուրիշներու հետ: Անոնց յղած իր նամակներուն մէջ ան շարադրած էր Հայաստանի ճակատագրի մասին ազատագրական խմբակի տեսակէտերը եւ առաջարկներ առած այդ ծրագրի իրագործման համար: Շ.Շահամիրեան առաջարկած էր, դպրոցներ բանալով, ժողովուրդի մէջ լուսաւորութիւն տարածել, զինել ժողովուրդը, պատրաստուիլ ազատութեան համար պայքարի:

Ան Հերակլ Բ. թագաւորին առաջարկած էր բարեփոխումներ կատարել Վրաստանի մէջ, որոնք կը հզօրացնէին երկիրը, ինչպէս նաեւ օգնութեան ձեռք մեկնել հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին: Վրաց թագաւորնին օգնելու նպատակով Շ.Շահամիրեանը թանկարժէք նուէրներ ուղարկած էր անոր եւ պատրաստակամութիւն յայտնած տեղափոխուիլ Վրաստան:

Վրաց թագաւորը իր հերթին Լոռիի գաւառը նուիրաբերած է Շ.Շահամիրեանին եւ անոր շնորհած իշխանի տիտղոսը: 1790 թ. Հերակլ Բ.-ը Շ.Շահամիրեանի առաջարկութեամբ՝ յատուկ ուղերձ յղած է Պարսկաստան քշուած հայ ժողովուրդին: Վերջիններուն ան հրաւիրած էր բնակութիւն հաստատել Վրաց թագաւորութեան կազմին մէջ գտնուող հայաբնակ գաւառները:

Շահամիր Շահամիրեանի «Որոգայթ փառաց» եւ  Մովսէս Բաղրամեանի «Նոր տետրակ, որ կոչի Յորդորակ» աշխատանքները

 Յովսէփ Էմինի ու Մովսէս Բաղրամեանի վերադարձը կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ Հնդկաստանի գաղթօճախի կեանքին մէջ: Անոնք համոզեցին հնդկահայ ուրիշ գործիչներու եւս, որ առանց ժողովուրդի լայն աջակցութեան, Հայատանի ազատագրութեան գործին մէջ հնարաւոր չէ հասնիլ յաջողութեան: Հետեւաբար անհրաժեշտ է միաւորել հայ երիտասարդութիւնը, անոնց դաստիարակել հայրենասիրութեան ու ազգային արժանապատուութեան ոգիով:

Հայ ժողովուրդի մէջ ազատագրական պայքարի տարածման եւ երիտասարդութիւնը հայրենի երկրի պատմութեան ու մշակոյթին ծանօթացնելու համար, անհրաժեշտ էր հայրենասիրական ոգիով գրականութիւն ունենալ: Նման գիրքեր տպագրելու համար հնդկահայ մեծահարուստ՝ Շահամիր Շահամիրեանը, 1771 թ. Մատրաս քաղաքին մէջ հիմնած է հայկական տպարան: 1772 թ. այդ տպարանին մէջ լոյս տեսած է Մովսէս Բաղրամեանի «Նոր տետրակ, որ կոչի Յորդորակ» գիրքը: Հայ իրականութեան մէջ այդ առաջին հրապարակախօսական տպագիր աշխատանքն էր: Գիրքին մէջ ներկայացուած են հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալը, անոր աշխարահգրական լայնարձակ սահմանները եւ հակադրուած է առկայ վիճակը, երբ երկիրը շահագործուած է օտարներու կողմէ: Գիրքը կոչ կ՛ուղէ հայ երիտասարդներուն դուրս գալ օտար բռնակալներու դէմ եւ զէնքի ուժով հասնիլ ազատութեան. «Խիզախութեամբ եղէք, եղէք նմանողներ մեր նախահօր՝ քաջ Արամի որդիներուն, որ մի գուցէ այդպիսով կարողանանք վերագտնել մեր հայրենիքին Արարատեան»: «Նոր տետրակ»ի մէջ քննադատուած է միապետական կարգը՝ ան համարելով հայոց պետականութեան անկման պատճառներէն մէկը՝ «Մէկ մարդը ի վիճակի չէ անսխալ, իսկ թագաւորի սխալը դժբախտութիւն է երկրի համար»: Ուստի առաջարկուած է ստեղծել սահմանադրութիւն եւ երկիրը կառավարել ժողովուրդի ընտրովի ներկայացուցիչներու միջոցաւ:

Ստանալով «Նոր տետրակ»ը եւ զգուշանալով հայ երիտասարդի անժամանակ ապստամբելու վտանգէն՝ Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը խիստ միջոցներու դիմած է: Ան հրամայած է հաւաքել եւ այրել այդ գիրքը, փակել տպարանը եւ հեռացնել Մովսէս Բաղրամեանը: Անոր սպառնալիքները սակայն չկասեցուց գիրքի տարածումը:

1786 թ. «Նոր տետրակ»ը թարգմանուած է Ռուսերէն եւ լոյս տեսած է Բեդերսպուրկի մէջ, իսկ այնուհետեւ թարգմանուած է նաեւ վրացերէն:

Շարունակելով «Նոր տետրակ»ի գաղափարները Մատրասի խումբի անդամներէն՝ Շ.Շահամիրեանը, հրատարակած է «Որոգայթ փառաց» գիրքը: Ան ապագայ հայկական պետութեան կառավարման համար նախատեսուած օրէնքներու ժողովածու էր, որ պէտք է կիրառկուրէր երկիրը օտարին լուծէն ազատագրելէ ետք:

Հայոց ապագայ պետութեան բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինը՝ «Հայոց տուն»ը, պէտք է կազմուէր ժողովուրդի կողմէ ընտրուած պատգամաւորներէն: Հայաստանի մէջ պէտք է իշխէր օրէնքը: «Հայոց տուն»ը պարտաւոր էր ստեղծել գործադիր իշխանութիւն (կառավարութիւն): Այդ նպատակով փոխանորդներէն պէտք է ընտրուէին տասներեք հոգի, որոնցմէ մէկը վիճակահանութեամբ կրնար դառնալ նախարար, իսկ միւսները՝ նախարարի խորհրդակիցներ: Նախարարը պէտք է ըլլար օրէնքներու առաջին կատարողը եւ զօրքին գլխաւոր հրամանատարը: Հայաստանի բոլոր բնակավայրերը պէտք է ունենային դպրոցներ:

«Որոգայթ փառաց» գիրքը սահմանադրական հանրապետութիւն ստեղծելու ծրագիր էր եւ հայ քաղաքական կարեւոր նուաճումներէն մէկը:

Հայաստանի ազատագրութեան Հարաւային (Շահամիր Շահամիրեանի) ծրագիրը                  Այս նախագիծով Ռուսիոյ օգնութեամբ ազատագրուած Հայաստանը պէտք է հռչակուէր հանրապետութիւն՝ ներկայացուցչական կառուցուածքով: Կառավարութիւնը պէտք է գլխաւորէր ազգութեամբ հայ նախարարը: Հայաստանի մէջ 20 տարի ժամկէտով պէտք է մնար 6 հազարնոց ռուսական զօրքեր: Հայաստանը տարեկան հարկ պիտի վճարէր Ռուսիոյ եւ անհրաժեշտութեան ժամանակ տրամադրել նաեւ զօրք: Առաջարկուած էր երկու երկիրներու միջեւ սահմանել ազատ երթեւեկութիւն: Հայաստանի կառավարութիւնը Բեդերսպուրկի մէջ պէտք է ունենար իր դեսպանը:

Յովսէփ Արդութեանի ծրագրի օրինակով Շ.Շահամիրեանի նախագիծը նաեւ ներկայացուած է ռուսական կառավարութեան, սակայն իշխանութիւններու կողմէն անոնք բաւարար ուշադրութեան չեն արժանացեած ու չեն քննարկուած:

zp8497586rq

About admin

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …