ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ
17-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՍՈՒՆ ԵՒ 18-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ
1-Կրթութիւն, Տպագրութիւն
Դպրոց.- 17րդ դարու երկրորդ կիսուն հայկական մշակութային օճախները կը շարունակէին հայոց ազգային աւանդութիւնները: Միաժամանակ անոնք առաւել սերտօրէն կ՛առնչուէին եւրոպական քաղաքակրթութեան նուաճումներու հետ, որ բարերար ազդեցութիւն կը գործէր հայ մշակոյթի հարստացման վրայ:
Հայ ժողովուրդի մշակութային առաջընթացի ու քաղաքակրթական վերելքի գրաւականը եղած է կրթութիւնը: 17րդ եւ 18րդ դարերուն, չնայած ծանր իրավիճակին, Հայաստանի մէջ ոչ միայն փորձած են շարունակել նախորդ դարաշրջանի կրթական աւանդութիւնները, այլեւ օգտագործած են նոր հնարաւորութիւններ: Հայաստանի բուն տարածքէն դուրս հայկական համայնքներու մէջ եւս աշխուժացաւ կրթական գործը, որ պայմանաւորուած էր նաեւ ստուարացումով:
17րդ դարու սկիզբները Սիւնեաց աշխարհի մէջ հաստատուած էր Հարանց անապատի դպրոցը, որ դարձաւ ուսումնական նշանաւոր կեդրոն, եւ որով սկիզբ առաւ Արեւելեան Հայաստանի կրթական ու մշակութային առաչընթացը: Ստեղծուած են նոր դպրոցներ՝ Սեւանի, Շամքորի, եւ այլ վայրերու մէջ:
Մովսէս Տաթեւացին հիմնադրած է Յովհաննա վանքի դպրոցը: 1635-1637 թթ. այդ դպրոցը փոխադրուած է Էջմիածին, սակայն Յովհաննա վանքին մէջ ուսուցումը չդադրեցաւ, այնտեղ դեռեւս կ՛ուսանէին շատ ուսանողներ:
17րդ դարու մէջ գիտակրթական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած է Բաղէշի Ամիրդոլիի վանքի դպրոցը, ուր հաւաքուած եւ արտագրուած են նաեւ մեծարժէք շատ ձեռագրեր:
17րդ դարու դպրոցական կեանքի կարեւոր կեդրոնն էր նաեւ Նոր Ջուղան: Այնտեղ Խաչատուր Կեսարացիի ջանքերով հիմնուած է դպրոց, որ աւելի քան յիսուն տարի դեր ունեցած է: Աշակերտները առեւտրական ասպարէզին նախապատրաստելու նպատակով, դպրոցի մէջ կը դասաւանդէին նաեւ տոմարագիտութիւն, թուաբանական առարկաներ, չափերու ու կշիռներու մասին գիտելիքներ: Իր գոյութեան տարիներուն դպրոցը տուած է աւելի քան 250 շրջանաւարտ: Այս դպրոցի շրջանաւարտներէն էին՝ Ոսկան Երեւանցի, շարք մը կաթողիկոսներ եւ ուրիշ շատ անուանի գործիչներ: Ինչպէս բոլոր դպրոցները, այս դպրոցը եւս եղած է գրչութեան կարեւոր կեդրոն, ունեցած իր մատենադարանը:
Տպագրութիւն.- Հայերէն գիրքի տպագրութեան սկզբնաւորումը նոր փուլ նախանշեց եւ անգնահատելի դեր ունեցաւ 17րդ եւ 18րդ դարերու հայկական մշակոյթի զարգացման բնագաւառին մէջ: 17րդ դարու երկրորդ կիսուն առաւել նշանաւոր էր Ամսդրտամի մէջ հիմնադրուած տպարանը:
Ամսդերտամի հայոց տապարանը առաւել լիարժէք սկսած է գործել 1664 թ.ին, Այնտեղ ժամանած Ոսկան Երեւանցիի եւ Կարապետ Անդրիանցիի համատեղ ջանքերու շնորհիւ: Աստուածաշունչի ամբողջական նկարազարդ ու յատուկ խնամքով իրականացուած տպագրութիւնը հայ տպարգրութեան խոշոր նուաճումն էր: Ամսդերտամի հայկական տպարանին մէջ տպագրուած է եւս 11 գիրք:
Ոսկան Երեւանցին տպարանը փոխադրած է Լիւոռնօ, ուր երեք գիրք հրատարակելէ ետք, փոխադրած է Մարսէլ եւ այնտեղ մինչեւ 1680-ական թուականներու վերջերը հրատարակած է 16 գիրք: Մարսէլի մէջ Ոսկան Երեւանցին 1673 թ. սկսած է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» երկի տպագրութիւնը, որ սակայն մնացած է անաւարտ:
Ամսդերտամի հայոց տպարանը կարեւոր դեր խաղացած է հայ տպագրութեան պատմութեան մէջ: Ոսկան Երեւանցին ունեցաւ նաեւ աշակերտներ, որոնք նոյն ոգիով նուիրուեցան տպագրութեան միջոցով լուսաւորութեան տարածման գործին:
17րդ եւ 18րդ դդ. հայկական գրահրատարակչութիւնը մեծ առաջդիմութիւն արձանագրած է Կ.Պոլսոյ մէջ: 1677 թ. հոն տպարան հիմնադրած է Երեմիա Չէլէպի Քէօմուրճեանը: Հայ տպագրութեան պատմութեան մէջ մեծ աւանդ ունի Աստուածատուր դպիր Կոստանդնու Պոլսեցին, որ իր հիմնադրած տպարանին մէջ 1699 թուականէն սկսած մօտ յիսուն տարի հրատարակած է աւելի քան ութսուն գիրք: Այս տպարանին մէջ առաջին անգամ լոյս տեսած է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» հռչակաւոր երկը:
18րդ դարը հայ տպագրութեան համար դարձաւ ծաղկման շրջան: Հայերէն գիրքեր տպագրուած էին Կ.Պոլսոյ, Հռոմի, Վենետիկի, Տրիեստի, Պետեսպուրկի, Նոր Նախիջեւանի, Աստրախանի, Մատրասի, Կալկաթայի եւ Էջմիածնի մէջ, որոնք միաժամանակ վերածուած էին հայ մշակոյթի նշանաւոր կեդրոններու:
Հայ տպագրութեան մէջ վիթխարի նուաճում էր Էջմիածնայ Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսի (1763-1780) նախաձեռնութեամբ տպարանի ստեղծումը (1771): Սիմէոն Երեւանցին նախաձեռնած եւ 1776 թ. իրակացուցած է նաեւ Էջմիածնայ մէջ թուղթի արտադրութեան գործարան կառուցելու գործը:
1512-1800 թթ. հայ գրատպութիւնը մեծ յառաջընթաց ունեցաւ, լոյս տեսաւ հոգեւոր ու աշխարհիկ բովանդակութեամբ աւելի քան հազար անուն աշխատութիւն:
Հնդկաստանի աշխոյժ հասարակական կեանքը յառաջադրեց նաեւ պարբերական ունենալու անհրաժեշտութիւնը: 1794-1796 թթ. Մատրասի մէջ Յարութիւն Շմաւոնեանի նախաձեռնութեամբ եւ իր տապարանին մէջ լոյս ընծայուեցաւ հայոց առաջին պարբերականը՝ «Ազդարարը»:
2-Գիտութիւն, Գրականութիւն, Արուեստ
Գիտութիւն.- Հայոց գիտութեան պատմութեան համար մեծ արժէք ունի 1695 թ. Ամսդրտամի մէջ Վանանդենցիներու ջանքերով կազմուած եւ տպագրուած «Համատարած Աշխարհայոց» անունով քարտէսը: Քարտէսագրութեան ինքնատիպ ու եզակի նմոյշ է Երեմիա Չելէպի Քէօմուրճեանի կազմած Հայաստանի քարտէսը: Գիտագործական նպատակներ հետամտած են նաեւ մաթեմատիկային բնագաւառի ուսումնասիրութիւնները: 1675 թ. Մարսէլի մէջ լոյս ընծայուած է Գերմանացի մաթմատիկոս Ք.Կլաւիուսի «Գործնական թուաբանութեան համառօտ շարադրանք» աշխատութեան հայերէն թարգմանութիւնը: Մաթեմատիկական գիտութեան զարգացման համար կարեւոր աշխատանք էր 17-րդ դարու սկիզբը Եւկլիդէսի «Երկրաչափութիւն» հայերէն նոր թարգմանութիւնը:
Հայ մշակոյթի զգացման ասպարէզին մէջ մեծ է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան դերը: Հայ տպագրութեան մէջ վիթխարի է Մխիթար Սեբաստացիի եւ անոր հիմնած Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակչական գործունէութեան նշանակութիւնը: 18րդ դարու առաջին կիսուն հրատարակուեցաւ Մխիթար Սեբասացիի կազմած «Դուռն Քերականութեան Աշխարաբար Լեզուին Հայոց», որ կազմուած էր թրքախօս դարձած հայերուն կրկին հայոց լեզուն հասու դարձնելու համար: Ապա լոյս տեսաւ «Քերականութիւն Գրաբար Լեզուի Հայկազեան Սեռի», «Բառգիրք Հայկազեան Լեզուի» աշխատութիւնները, «Համատարած Աշխարհայոց» քարտէսը եւ այլ երկեր:
17րդ դարու երկրորդ կէսէն զարգացում ապրեցաւ նաեւ հայոց պատմագրութիւնը: Պատմիչներէն նշանաւոր էր Առաքել Դաւրիժեցին, որու հեղինակած «Պատմութիւնը» իր ժամանակաշրջանի կերաւորագոյն աղբիւրներէն է: Նոյն դարու երկրորդ կիսուն ստեղծագործած են Զաքարիա Քանաքեռցին, Երեմիա Չելէպի Քէօմուրճեանը, որոնց պատմական աշխատութիւններու մէջ լուսաբանուած են ոչ միայն բուն Հայաստանի, այլեւ Օսմաեան կայրութեան ու Պարսկաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: 18րդ դարուն ստեղծուած կարեւոր պատմագիտական երկերէն են Եսայի Համան-Ջալալեանի «Համառօտ Պատմութիւն Աղուանէն», Աբրահամ Երեւանցիի «Պատմութիւն Պատերազմաց», Ստեփանոս Շահումեանի «Պատմութիւն Դաւիթ Բէկին» եւ այլ աշխատանքներ:
Հայ իրականութեան համար դարակազմիկ նշանակութիւն ունեցաւ Միքայէլ Չամչեանի «Պատմութիւն Հայոց» եռահատոր աշխատութիւնը (1784-1786): Այս ոչ միայն առաջին անգամ ամբողջական պատկերացում տուած էր հայ ժողովուրդի անցած ուղիի մասին այլեւ օգտագործած է մինչ այդ անյայտ շատ սկզբնաղբիւրներ: Չամչեանի աշխատութիւնը հայ ժողովուրդի զաւակներուն հաղորդած էր արժանապատուութիւնն ու ազգի ինքնագիտակցութեան հզօր լիցք: Միքայէլ Չամչեանի «Պատմութիւն Հայոց»ը մեծապէս նպաստած է հայ պատմագիտական մտքի զարգացման:
Գեղարուեստական Գրականութիւն.- 17րդ եւ 18րդ դարերուն կարեւոր նուաճումներ արձանագրուած է նաեւ գեղարուեստական գրականութեան բնագաւառին մէջ: Այդ ժամանակ չափածոյ ստեղծագործութիւններով յայտնի դարձած են Պետրոս Ղաբանցին, Նաղաշ Յովնաթանը, Սայաթ Նովան եւ շատ ուրիշներ: Նաղաշ Յովնաթանը միայն բանաստեղծ չէր, այլեւ նկարիչ, երաժիշտ: Ան հանդիսացաւ մշակութային մեծ ժառանգութիւն թողած Յովնաթանեան տոհմի հիմնադիրը:
Սայաթ Նովան սիրուած բանաստեղծ եւ երաժիշտ էր ոչ միայն Թիֆլիսի բնակչութեան լայն շրաջաններուն, որտեղ ան ապրած եւ ստեղծագործած էր երեք լեզուով, այլեւ անոր սահմաններէն դուրս: Անոր երգերը տոգորուած էին սիրոյ, արդարութեան, ճշմարտութեան, ազնուութեան վեհ գաղափարներով: Իր երգերուն մէջ ան դատապարտած էր անազնուութիւնը, սոցեալական անհաւասարութիւնը եւ պաշտպանած մարդկային արժանապտուութիւնը:
Արուեստ.- 17րդ դարու երկրորդ կէսը եւ 18րդ դարը արդիւնաւէտ եղաւ նաեւ արուեստի ու ճարտարապետութեան բնագաւառի մէջ: Հայաստանի մէջ կառուցուած էին բազում եկեղեցիներ ու վերականգնուած թուրք-պարսկական պատերազմի տարիներուն աւերուածները: Վերանորոգչական լուրջ աշխատանքներ ծաւալեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վանքին մէջ, ուր նկարազարդումներ իրականացուեցան Յովնաթանեաններու կողմէ:
Հայ արուեստագէտները ստեղծագործած էին ոչ միայն բուն Հայաստանի, այլեւ հայկական գաղութներու մէջ: Մինչեւ այսօր իրենց ճոխութեամբ կը հիացնեն Նոր Ջուղայի հայոց պալատներու ու բնակարաններու որմնանկարները: Նոր Ջուղայէն հայկական պատուիրակութեան կազմին հետ ժամանելով Մոսկուա, այնտեղ իր ստեղծագործական ուղին շարունակեց նշանաւոր նկարիչ Բոգդան Սալթանովը: Արուեստի նշանաւոր կոթող էր հայ արհեստաւորներու պատրաստած «Ալմաստէ Գահը», որ Նոր Ջուղայի հայկական պատուիրակութիւնը նուիրաբերեց Ռուսիոյ Ալեքսէյ ցարին: Ան այժմ պահուած է Մոսկուայի Չինապալատին մէջ: