ԴՐՕ (ԴՐԱՍՏԱՄԱՏ ԿԱՆԱՅԵԱՆ)

ԴՐՕ
(ԴՐԱՍՏԱՄԱՏ ԿԱՆԱՅԵԱՆ)
1884 – 1956

Դրաստամատ Կանայեան որ մեր ազատագրական շարժման եւ Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան մէջ իր պատուաւոր տեղը գրաւած է ԴՐՕ անունով: Ծնած է Արարատեան դաշտի Սուրմալու գաւարի Իգդիր աւանին մէջ, 1884 թուին Մայիս 31-ին:

Դրոյի հայրը՝ Մարտիրոս Կանայեան խելացի, ուժեղ կամքով, հարուստ, ազդեցիկ եւ ժողովուրդի մէջ յարգանք վայելող մարդ էր: Իր մեծ տան մէջ հիւրերը անպակաս էին եւ հայկական շունչ եւ ոգի կային անոր յարկին տակ:

Դրօ կը մեծնար այս մթնոլորտին մէջ։ Ան կը սիրէր թափառիլ դաշտերը, մանաւա՛նդ զօրանոցներու շրջակայքը, ուր կատարուած զինուորական մարզանքները կը յափշտակէին զինք։ Ան կը սիրէր նաեւ հրացանգործածել եւ ձի հեծնել: Հայրը տեսնելով՝ թէ գիւղի դպրոցը Դրոյի տեղը չէ՝ զինք կ’ուղարկէ Երեւանի գիմնազիան, ուր իբրեւ գիշերօթիկի աշակերտ՝ կը մնայ խստապահանջ ուսուցիչի մը տունը. Սակայն դարձեալ ուսման սէր ցոյց չիտար։ Ան կ’որոշէ ձգել դպրոցը եւ մտնել զինուորական վարժարան՝ հետագային յեղափոխական մարտիկ դառնալու համար: Դրօ անմիջապէս չիմեկնիր զինուորութեան, այլ՝ ժամանակ մը կը մնայ իր ծննդավայրին մէջ։ Վրայ կը հասնին 1903-ի Յունիս 12-ի ցարական հրամանագիրը եւ հայազգային եկեղեցական կալուածներու գրաւումը։ Դրօ, որ խառնուածքով ըմբոստ տղայ մըն էր, ամբողջութեամբ կը նետուի կռուի մէջ:

Նոյն տարուան ամառը մեծ թափ կը ստանայ զէնքի փոխադրութիւնը Սուրմալուի վրայով դէպի Արեւմտահայաստան. Դաւաճաններու եւ լրտեսներու գոյութիւնը սակայն ահազանգի կը մատնէ գործը։ Թէջերապատի (Սուրմալուի գիւղերէն մէկը) գիւղապետ՝ Մարտիրոսը, մատնութիւններ կ’ընէ։ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ Դրոյի եւ Գերդանի կը վիճակուի անոր հաշիւ մաքրելը։ Կը հասնի յարմար առիթը, երբ Կանայեաններու մտերիմ բարեկամ՝ ռուս սպայ Սաշա Զաբոլոտկօ եւ իր ընկերները Դրոյենց տան հիւր կ’ըլլան։ Երեկոյեան՝ կերուխումի պահուն՝ լուր կը հասնի Դրոյի, թէ դաւաճանը երկու հոգիի հետ հրապարակի վրայէ։ Դրօ կը թռչի դուրս եւ մէկ հարուածով գետին կը փռէ զայն։ Վրայ կը հասնի Գերդան եւ երկու
դաշոյնի հարուած ալ ան կու տայ դաւաճանին։ Երկու ահաբեկիչները կը ձգեն դէպքին վայրը։ Դրօն կը վերադառնայ տուն։ Ծանրօրէն վիրաւորուած Մարտիրոս սակայն անմիջապէս չի մահանար. Ձերբակալութիւններ կը կատարուին. Կը ձերբակալուի նաեւ Դրօն։ Երբ կը տեսնէ Դրոյին Մարտիրոս կ’ըսէ, թէ ան էր զինք ահաբեկողը։ Ռուս սպայ՝ Սաշան կը պնդէ, թէ Դրօն իր հետն էր ամբողջ ժամանակ եւ կ’աւելցնէ, թէ Մարտիրոս տաքութեան մէջ կը զառանցէր եւ գիտակից չէր իր ըսածին։ Քանի մը օր ետք Դրօ ազատ կ’արձակուի։ Այս դէպքը Դրոյի մարտական աշխատանքներուն առաջինը կ’ըլլայ։ Կուսակցութեան որոշումով ան կը հեռանայ Սուրմալուէն, կ’անցնի Հիւսիսային Կովկասի Պիատիգորով քաղաքը, ուր եւ կը զինուորագրուի։

1905 Փետրուար 6-ին Պաքուէն կը հասնին հայ-թաթարական առաջին ընդհարումներուն լուրերը։ Դրօ գաղտնօրէն կը հեռանայ զօրաբաժինէն եւ կ’անցնի Պաքու, ուր կը միանայ դաշնակցական հայդուկներու շրջանակին, Նիկոլ Դումանի ղեկավարութեան տակ։ Պաքուի նաւթաշխարհին մէջ, հայութիւնը տնտեսական եւ մշակութային մեծ կշիռ կը ներկայացնէր։ Այնտեղ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը ծաւալէր ու կը զօրանար։ Ռուս բռնատիրութիւնը հայոց դիմադրական ուժը կոտրելու համար կը դիմէր որեւէ միջոցի. Այս պարագային, տգէտ մահմետականութիւնը կը ծառայէ իբրեւ գործիք հայերու դէմ։ Ռուս ոստիկանութեան աչքին առջեւ յանկարծակիի եկած հայեր զոհ կ’երթան թալանող ու կոտորող ադրբեջանցի թուրքին։ Պարզէր, թէ ցարակ անիշխանութիւնն էր ծրագրողը այս վայրագութիւնները, զորս կը գործադրէր նահանգապետ Նակաշիձէի ձեռքով։ Շրջանի Կ.Կոմիտէի կողմէ կ’առնուի անոր ահաբեկման որոշումը։ Նիկոլ Դուման 21 տարեկան երիտասարդ Դրոյի կը յանձնէ այդ պարտականութիւնը եւ 11 Մայիս 1905-ին օրցերեկով Դրօ կ’իրականացնէ իրեն յանձնուած գործը։ Պաքուէն շուտով կ’անցնի Երեւան, ուր իր առջեւ կը պարզուի մռայլ տեսարան մը։ Քաղաքի թուրքերը յանկարծակիի բերելով սպաննած էին 20-25 հայեր։ Տեղւոյն մարտական ղեկավար Խեչոյի հետ խորհրդակցելով՝ կը ծրագրէ ուժեղ հակահարուած մը, որ կը շշմեցնէ թշնամին։

Օգոստոս 1905-ին Դուման Դրոյի կ’ուղարկէ Նախիջեւան։ Դրօ Նորս գիւղը կ’ընտրէ իրեն կեդրոն եւ կը սկսի գիւղերու ինքնապաշտպանութեան գործին։ Տեսնելով շրջանի եռուզեռը դրացի թուրքերը կը յարձակին բայց կը հանդիպին Դրոյի խումբի բուռն դիմադրութեան։ Հայ գիւղացիները կը գրաւեն թուրքերու տաւարը։ Նորսի կռիւը մեծապէս կը բարձրացնէ Դրոյի հեղինակութիւնը՝ հայդուկներու եւ ժողովուրդի աչքին։ Այնուհետեւ, Քեռիի ընդհանուր հրամանատարութեան կողքին կը վարէ լեռնային Նախիջեւանի եւ Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան շատ մը կռիւները եւ ի վերջոյ թշնամին պարտուած կը դիմէ հաշտութեան։ Նակաշիձէի ահաբեկիչը կը փաստէ, թէ ան միաժամանակ հմուտ կազմակերպիչ, տաղանդաւոր խմբապետ
եւ ռազմագէտ է։

1908-ին Դրօ կը հաստատուի հին Բայազիտի մէջ, իբրեւ քարիւղի վաճառական՝ Սուրէն Էֆէնտի։ Ան գործի եւ բարեկամական կապեր կը հաստատէ քրտական ցեղապետերու եւ թուրք պաշտօնեաներու հետ։ Իր քաղցր բնաւորութեամբ կը գրաւէ անոնց սրտերը. Բայց ներքնապէս Կովկասի սահմանագլխի Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը հաղորդակցութեան կապի եւ զէնքերու փոխադրութեան վարիչը կ’ըլլայ։

1914-ին վրայ կը հասնի Ա. Աշխարհամարտը։ Դրօ կուգայ Թիֆլիս, ուր Հ.Յ.Դաշնակցութեան ժողովը կ’որոշէ ռուսական զօրքերու կողքին հայ կամաւորական խումբերը ուղարկել ճակատ՝ կռուելու համար Թուրքիոյ դէմ։ Նոյն տարուան Հոկտեմբեր 21-ին կը սկսի ռուս-թրքական պատերազմը. Հայկական գնդերը յառաջապահ դիրքերու վրայ են։ Դրօ 2-րդ գնդի հրամանատար է, Վանի գիծին վրայ։ Բաւական առաջանալէ ետք, կռիւի կը բռնուին թշնամիին հետ, որուն կը հետեւէին քրտական անկանոն կռուողները. Զօրաւոր բախումէ մը ետք, ետ կը մղէ թշնամին։ Դրօ առաջին դիրքերու վրայ հրամաններ կու տայ. Յանկարծ ժայռերու ետեւէն դարանակալ թշնամիի գնդակը կը հարուածէ Դրոյի կուրծքը։ Մահացու վիճակի մէջ՝ Դրօ կը փոխադրուի Թիֆլիսի զինուորական հիւանդանոցը, ուր Դեկտեմբերին Նիկոլացարը կ’այցելէ բոլոր հիւանդները։ Ցարը շքանշան մը նուիրելով՝ կը հարցնէ Դրոյին, թէ ո՞ւր սորված է զինուորական արուեստը։ «Յեղափոխութեան մէջ» – համարձակօրէն կը պատասխանէ Դրօ։ Նկարագրով վախկոտ՝ ցարը կուզէ դուրս գալ սենեակէն։

1915 Ապրիլին, կամաւորական զօրագնդի գլուխ անցած՝ ան Վան մտնողներուն առաջինը կ’ըլլայ։

1918-ի Մայիսեան ճակատամարտերուն Բաշ-Ապարանի հերոսն է։ Յետոյ՝ Արարատեան դաշտի ռազմական ուժերու զինուորական կոմիսար եւ Երեւանի զինեալ ուժերու հրամանատար։ Պաշտօնը անուն էր միայն։ Փաստօրէ՛ն, Դրօն ամէն ինչ էր կազմակերպուող հայկական բանակին մէջ։

2 Դեկտեմբեր 1920ին, կառավարութեան կողմէ խորհրդայիններուն հետ միասին կը ստորագրէ համաձայնագիրը, որմէ ամիս մը ետք կ’աքսորուի Մոսկուա, ուր կը մնայ հինգ տարի։ 1925-ին, Չեկան կ’արտօնէ, որ անցնի Փարիզ եւ ապա Ռումանիա։

1933-ին Հ.Յ.Դաշնակցութեան 12-րդ Ընդհանուր Ժողովը զինք կը դնէ կուսակցութեան գերագոյն ղեկավարութեան մէջ, ուր կը մնայ ցմահ։

1952-1955 Պէյրութի մէջ չորս տարի կ’ապրի Սիմոն Վրացեանի հետ նոյն յարկին տակ եւ յաճախ կը գանգատի յօդացաւէ։ 8 Մարտ 1956-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, կ’աւանդէ իր հոգին Պոսթընի մէջ։

Յարգա՜նք հայ ժողովուրդին, նրա յեղափոխական մարտիկներին եւ
ղեկավարներին, փա՜ռք հայ բանակին եւ նրա անձնուէր զինուորներին ու սպանէրին, որոնք
գիտցան արհամարհել ամէն դժուարութիւն եւ անվկանդ կամքով խոյացան մահուան դէմ՝
մինչեւ արեան վերջին կաթիլը կռուելու վճռականութեամբ:

ԴՐՕ

zp8497586rq

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …