Home / Ա / Նիւթեր / Տնտեսական / ՓՈՔՐԱԾԱՒԱԼ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

ՓՈՔՐԱԾԱՒԱԼ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

ՓՈՔՐԱԾԱՒԱԼ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

Սահմանում

Փոքրածաւալ տնտեսութիւնը տնտեսագիտութեան այն ճիւղն է, որ կը քննէ թէ ինչպէս անհատներ, տանտէրներ եւ հաստատութիւններ կը ճշդեն նիւթական չափաւոր աղբիւրներու գործածութիւնը առեւտուրի շուկաներուն մէջ: Այս մասնագիտութիւնը կը քննէ որոշումներու ու վարուելակերպի ազդեցութիւնը պահանջարկին ու առաջարկին վրայ, որոնք իրենց կարգին կ՛ազդեն գիներուն վրայ ու կ՛ազդուին անոնցմէ: Փոքրածաւալ տնտեսութիւնը կ՛առնչուի տնտեսական ընդհանուր գործողութեան հետ տնտեսական աճ, թղթադրամի արժեզրկում, գործազրկում եւ այլն, հետեւաբար՝ կ՛ազդէ կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան վրայ, օրինակ՝ տուրքերու փոփոխութիւնը: Փոքրածաւալ տնտեսութիւնը յառաջացուած է տնտեսական փոքրածաւալ հիմնադրումներու համար:

Ընդհանուր Ակնարկ

Փոքրածաւալ տնտեսութիւնը կը նպատակադրէ վերլուծել շուկային կառուցուածքը, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու գիները, ինչպէս նաեւ չափաւոր աղբիւրներու ճշդումը: Ան կը վերլուծէ շուկային խափանման ձախողութեան պատճառները: Այս մարզը տնտեսական այն էական ասպարէզն է, որ կը նկարագրէ մթնոլորտ ստեղծելու տեսական պայմանները, կը գտնէ անհամաչափ տեղեկութիւններ, ընտրանիներ եւ տնտեսական խաղի տեսութեան կիրարկումներ: Այս բոլորին կողքին կը համեմատէ արտադրութեան ճկունութիւնը շուկայի համակարգին մէջ:

Տեսութիւններ Ենթադրութիւններ եւ Բացատրութիւններ

Պահանջարկ-Առաջարկ տեսութիւն: Այս տեսութիւնը կ՛ենթադրէ, որ շուկան յաճախ մրցակցութեան ընթացքի մէջ է: Կան բազմաթիւ վաճառականներ ու յաճախորդներ, սակայն անոնցմէ ոչ ոք կրնայ ազդել ապրանքին ու ծառայութեան գինի վրայ: Իրականութեան մէջ այս տեսութիւնը կը ձախողի: Առեւտրական գործարքի ընթացքին վաճառականներ ու յաճախորդներ կամ անոնց խմբակցութիւնները անմիջականօրէն կ՛ազդեն գիներուն վրայ եւ յաճախ կարիքը կը զգացուի ուսումնասիրութիւններու եւ վերլուծելու համար ապրանքի ու ծառայութեան պահանջարկ-առաջարկի պայմանները: Այս տեսութիւնը ճիշդ կը համարուի պարզունակ կացութիւններու համար:

Գլխաւոր Շարժառիթի հոսանքի Տնտեսագիտութեան Տեսութիւն:

Այս տեսութիւնը կը բացատրէ, թէ շուկան հասարակութեան նախընտրած կազմակերպութիւնը չէ միշտ: Օրինակ, մայրուղիի մը կերտումը անուղղակիօրէն շահեկան է հասարակութեան, սակայն ոչ նիւթական առումով: Նմանօրինակ պարագաներու, տնտեսագէտներ, կառավարութեան հովանաւորութեամբ, կ՛որդեգրեն այնպիսի օրէնքներ, հասարակութիւնը մղելու օրինակելի բարգաւաճումի ու հաւաքական աշխատանքի: Անոնք նաեւ մէջտեղ կու գան «պակասաւոր» շուկայի գաղափարով, աւելի լաւ ու բարգաւաճ շուկայ մը ստեղծելու նպատակաւ: Փոքրածաւալ տնտեսագիտութեան մէջ շուկայի խափանման ձախողութեան կիրարկումները չափաւոր կը մնան, երբ չեն միատեղուիր տնտեսագէտին համոզումներն ու տեսութիւնները: Երբ Փոքրածաւալ տնտեսագիտութիւնը հիմնուի միայն չափանիշներու վրայ, կը դադրի գիտութիւն ըլլալէ ու կը վերածուի քաղաքականացուած կատակի մը: Բազմաթիւ ապրանքներու պահանջարկն ու առաջարկը անհատներու կողմէ կը համարուին ըլլալ օգտակարութիւնը գերագոյնին հասցնելու աշխատանքի արդիւնք: Ապրանքներուն գիները, քանակը, մրցակցութիւնը, շուկայի արգելքները եւ ընտրանիներն են, որոնք սպառողը, գնողը ուրախ կը պահեն:

Գործողութեան Եղանակներ

Եթէ համարենք, թէ բոլոր ընկերութիւնները կ՛արտադրեն իրենց ապրանքին օգտակարութիւնը գերագոյնին հասցնելոււ մեկնակէտին, ապա ընկերութիւնները կրնան ունենալ շահի չորս եղանակներ: Ընկերութիւն մը տնտեսական շահ ձեռք կը ձգէ, երբ իր ապրանքին արտադրութեան միջին-ընդհանուր ծախսը աւելի նուազ է քան ապրանքը ծախելու գինը:

Տնտեսական Շահը Ապրանքի Արտադրութեան Քանակը եւ Միջին Ընդհանուր Ծախսը – Վաճառելու Գինը

Ընկերութիւն մը պարզ ու սովորական շահ ձեռք կը ձգէ, երբ միջին ընդհանուր ծախսը կը հաւասարի ապրանքի վաճառման գինին հետ: Այս Պարզ Շահ: Միջին ընդհանուր ծախսը եւ վաճառելու գինը ընկերութիւնը այս պարագային տնտեսական ոչ մէկ շահ կ՛արձանագրէ: Եթէ ապրանքը ծախելու գինը կը գտնուի միջին ընդհանուր ծախսին եւ միջին փոփոխական մեծութեան ծախսին միջեւ, օգտակարութիւնը գերագոյնին հասցընելու մեկնակէտին, ընկերութիւնը նիւթական իր կորուստը նուազեցնելու ընթացքի մէջ է: Արտադրումը շարունակելով ընկերութիւնը կը փակէ փոփոխական մեծութեան ծախսը եւ առնուազն կայուն ծախսերուն մէկ տարրամասը: Եթէ ապրանքը ծախելու գինը միջին փոփոխական մեծութեան ծախսէն նուազ է, շահը գերագոյնին հասցնելու մեկնակէտէն, ընկերութիւնը պէտք է դադրի գործելէ: Արտադրումը կասեցնելով վնասները կը նուազին, որովհետեւ որեւէ արտադրութեան եկամուտը այս պարագային բաւարար պիտի չըլլայ որեւէ կայուն թէ փոփոխական մեծութեան ծախսը փակելու: Հետեւաբար՝ ընկերութիւնը պիտի նախընտրէ կորսնցնել իր կայուն ծախսը քան աւելի բարդ պարագաներու հասնիլը աւելի մեծ փոփոխական մեծութեան ծախս կորսնցնելով:

Շուկայի Խափանում Ձախողութիւն

Փոքրածաւալ տնտեսագիտութեան մէջ շուկայի խափանում թերմինը չի նշանակեր, թէ շուկան դադրած է գորրծելէ: Շուկայի խափանումը տեղի կ՛ունենայ, երբ ան չի կրնար կարգաւորել իր արտադրութիւնները ու զանոնք յարմարեցնել սպառողներու գնողներու կարիքներուն: Տնտեսագէտներ այս թերմինը կը գործածեն ակնարկելու շուկային անկարողութեան յաւելման, կամ երբ ոչ շուկայական հաստատութիւններ աւելի ցանկալի արդիւնքներ կ՛արձանագրեն: Միւս կողմէ, քաղաքական բնաբանին մէջ, այս թերմինը կը գործածեն ակնարկելու այն պարագային, երբ շուկայի գերիշխող ուժերը չեն ծառայեր ժողովուրդի շահերուն: Ենթակայական գնահատանք մը, որ յաճախ տեղի կ՛ունենայ հասարակական եւ բարոյկան գետիններուն վրայ:

Շուկայի Խափանման Հիմնական Պատճառները

Մենաշնորհներու կամ այլ տեսակի գերիշխող շուկայի ուժերու զեղծումը: Այստեղ սպառող կամ վաճառող անհատը մեծ ազդեցութիւն ունի ապրանքներու գիներուն վրայ: Այս մէկը կը յաղթահարուի գերիշխող այդ ուժերուն դէմ օրէնքներ սահմանելով: Արտաքինի վրայ ազդեցութիւնը: Շուկայի խափանումը տեղի կ՛ունենայ նաեւ, երբ հաստատութիւնը նկատի չ՛առներ իր աշխատանքին ձգած տպաւորութիւնը ու անոր հանդէպ յառաջացած հանրային կարծիքը: Արտադրութեան յառաջացուցած հանրային կածիքը կրնայ ըլլալ ե՛ւ դրական ե՛ւ ժխտական: Այսպէս, դրական կը համարուին հեռատեսիլի առողջապահական այն ծրագիրները, որոնք կը ծառայեն ժողովուրդի առողջապահական գիտակցութիւնը զարգացնելու ու բարելաւելու անոնց վիճակը: Ժխտական կը համարուի հաստատութեան այն արտադրանքը, որ կը պատճառէ օդի, ջուրի ու բնութեան ապականացում: Արտադրութեան ձգած ժխտական ազդեցութիւնը կարելի է սահմանել օրէնքներ որդեգրելով, տուրքերով, սեփական իրաւունքը հաստատելով, դրամական նպաստով եւ այլն: Այս բոլորը պիտի պարտադրեն ընկերութիւններուն լաւապէս ուսումնասիրել իրենց տանելիք աշխատանքը ու նկատի ունենալ հասարակական կարծիքը: Հասարակական գոյքերը: Ինչպէս ազգային պաշտպանութեան եւ առողջապահական նախաձեռնութիւնները: Եթէ ասոնք ձգուած ըլլան սեփական կողմերու, անոնք լաւ ձեւով պիտի չիրարկուէին: Օրինակ, մժեղներէ ձերբազատուելու հասարակութեան նպաստող աշխատանք: Ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, թէ ճշդուած տուրքերը կը նպաստեն հասարակական գոյքերու պահպանման արտաքին դրական ազդեցութեան եւ ժողովրդային բարգաւաճման: Անհամաչափ Տեղեկութիւններ – Տեղեկութիւններու անհամաչափութիւնը տեղի կ՛ունենայ, երբ Սպառող եւ Վաճառող խումբերու տեղեկութիւնները կը տարբերին: Կան պարագաներ, երբ վաճառողին տեղեկութիւնները աւելի ճշգրիտ են քան սպառողինը: Օրինակ, գործածուած օթօներ ծախողը աւելի լաւ տեղեկութիւններ ունի գիներուն մասին, քան գնողը: Հակառակն ալ կը պատահի: Այսպէս, տուներ գնող վաճառականը աւելի լաւ տեղեկութիւն ունի տուներու գիներուն մասին քան ծախող տանտէրը: Այս վերջին կացութիւնը առաջին անգամ կը նկարագրէ Տբլլբմն Իշ Ջսսըփ «9 թուին, «Անհամաչափութիւն եւ Բժշկական Խնամքի Բարգաւաճման Տնտեսագիտութիւն» յօդուածին մէջ, որ լոյս տեսած է ——–Ջքբսկչջլ——— Բչըլըքկզ Սբյկբփ——– թերթին մէջ: Յետագային, ——Սբըսաբ Ջտբսհըե—— «անհամաչափ տեղեկութիւն թերմինը կը գործածէ «9.0 թուին ——«Քջստբր եըս Հբքըլվ»——— գործին մէջ: Ան կը նկատէ, որ նոյնիսկ որակաւոր ապրանքին միջին արժէքը նուազումի ընթացքի մէջ է, որովհետեւ գնողը ապրանքին որակը գիտնալու ձեւը չունի, հետեւաբար՝ կրնայ անգիտակցաբար անորակ ապրանք գնել:

Պատեհ Առիթին Արժէքը

Դժուար է որոշել պատեհ առիթին, սակայն անոր դերակատարութիւնը ե՛ւ ընդհանուր է ե՛ւ անհատական: Անոր սկզբունքի կիրարկումը կրնայ ըլլալ ոչ միայն տնտեսական, այլ նաեւ տարբեր մարզերու մէջ: Պատեհ առիթներու արժէքը գիտնալը միջոց մըն է որեւէ մէկ բանի արժէքը գիտնալու: Աւելին՝ կարելի է այդ արժէքը գիտնալով, որոշ ծրագրի մը տրամադրելիք գումարը աւելի նպաստաւոր ծրագրի մը տրամադրել: Օրինակ՝ հողագործը իր հողի օգտագործման նպաստները, այլ խօսքով հող ունենալու պատեհ առիթին արժէքը գիտնալով, զայն վարձկանին չի յանձներ: Համալսարանականը, գիտակցելով ուսման պատեհ առիթի արժէքին, իր ստացած շաբաթական գումարը կը տրամադրէ ուսման կարիքներուն քան այլ բաներու: Անհատ մը, հաճելի արձակուրդի մը ծախսերը լաւապէս սերտելով դրամը, կը տրամադրէ աւելի օգտաշատ բանի մը, այլ խօսքով, կը գիտնայ այդ պատեհ առիթին արժէքը ու գումարը կրնայ տուն մը գնելու տրամադրել: Պատեհ առիթին արժէքը բազմաթիւ ծրագիրներու միատեղ գումարումին մէջ չի կայանար: Պէտք է որոշել թէ ո՞րն է լաւագոյն օգտագործման առիթը: Օրինակ՝ հողատարածք մը կրնայ վերածուիլ հիւանդանոցի մը, մարզադաշտի մը կամ այլ հիմնարկի: Պէտք է գիտակցիլ թէ ո՛րն է այս բոլորին մէջէն ամէնէն շահեկանը պատեհ առիթին արժէքը: Այլ հարցում մը կը ծագի այստեղ: Ինչպէ՞ս բաղդատել ու արժեւորել տարբեր տիպի ծրագիրներ ու անոնց բերելիք նպաստը, ըլլայ այդ մէկը տնտեսական, առողջապահական, ազգային թէ դաստիարակչական: Տարբեր ծրագիրներու նպաստները կրնան ըլլալ անհամաչափ ու այսպիսով աւելի կը դժուարանայ պատեհ առիթին արժէքին ճշդումը: Հակառակը այս դժուարութեան, տնտեսագէտներ տոլարի հիման վրայ բաղդատական կը կատարեն առիթներուն միջեւ ճշդելու ամէնէն շահեկանը:

Փոքրածաւալ Տնտեսագիտութեան Կիրարկումներ

-Արդիւնաբերական Կազմակերպութիւններ եւ Օրէնքներ: Կը քննեն գործարաններու մուտքն ու ելքը եւ նմանատիպ հաշիւներ, նորարութիւններ եւ վաճառանիշի դերակատարութիւնը:

-Օրէնք եւ Տնտեսագիտութիւն: Կիրարկէ փոքրածաւալ տնտեսագիտութեան սկզբունքները մրցակցական օրինաւոր վարչաձեւերով ու այլ արդիւնաբեր միջոցառումներ ի գործ դնելով:

-Բանուորական Տնտեսագիտութիւն: Կը քննէ շաբաթական վճարումները, գործը եւ բանուորական շուկայի ուժականութիւնը:

-Ժողովրդային-Հասարակական Տնտեսագիտութիւն: Կ՛ուսումնասիրէ կառավարական տուրքերու ձեւաւորումը, ծախսերու գործելակերպը եւ այդ գործելակերպի ազդեցութիւնը:

-Քաղաքական Տնտեսագիտութիւն: Կը քննէ քաղաղական կազմակերպութիւններու դերակատարութիւնը տնտեսագիտութեան քաղաքականութեան ճշդման մէջ:

-Առողջապահական Տնտեսագիտութիւն: Կ՛ուսումնասիրէ առողջապահական կազմակերպութիւններու համակարգը, գործօն մարմինները եւ ապահովագրութեան գործընթացը:

-Գաւառական «Քաղաքային» Տնտեսագիտութիւն: Կ՛ուսումնասիրէ քաղաքներու դիմագրաւած մարտահրաւրէները, ինչպէս անխնամութիւնը, օդի եւ ջուրի ապականացումը, երթեւեկի ճանապարհներու խճողուածութիւնը, աշխարհագրական դիրքը եւ բոլոր ընկերային հարցերը:

-Տնտեսական Ֆինասաւորում: Կ՛ուսումնասիրէ տնտեսական պաշտօնական թուղթերու հիմքը, դրամագլուխի յաւելման չափը, տնտեսական վերլուծումները, ապահովական արդիւնքները եւ տնտեսական համընդհանուր գործելակերպը:

-Տնտեսական Պատմութիւն: Կ՛ուսումնասիրէ տնտեսական յեղափոխութիւնը եւ տնտեսական ընկերութիւնները, գործելակերպը, աշխարհագրական, պատմական, ընկերային, հոգեկան եւ քաղաքական տարբեր դիտանկիւններէ:

zp8497586rq

About admin

Check Also

WHAT ARE GAME THEORY AND BARGAINING THEORY?

What are game theory and bargaining theory? The best definition of Game Theory contained in …