Գլխացաւը բժշկական այցելութիւններուն ամէնէն յաճախակի դրդապատճառն է: Ան կը պատահի որեւէ տարիքի, առանց խտրութեան՝ գոյնի եւ սեռի: Գլխացաւը ինքնին հիւանդութիւն մը չէ. ան դրսեւորումներ է զանազան հիւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ մեր մարմնի զանազան հիւսուածքներու եւ օրկաններու անբնական աշխատանքին:
Գլխացաւը նկարագրուած է զանազան ձեւերով եւ զանազան անուանումներով:
1-Ճնշումի գլխացաւ.-
Ան գլխացաւի տարբերակներուն ամէնէն յաճախակին է: Ճնշումի գլխացաւը կը պատահի այն անձերուն մօտ, որոնք կը տառապին՝ մտահոգութիւններէ, անքնութենէ, ընտանեկան եւ ընկերային դժուարութիւններէ, հոգեկան ընկճուածութենէ, վհատութենէ, վախէ, ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան յոգնածութենէ, մկանային պրկումէ, գերյոգնութենէ, սխալ մարմնական նիստ ու կացէ, տեսողական խանգարումներէ, սուրճի, ալքոլի եւ ծխախոտի չափազանց գործածութենէ: Անոնք յաճախ գլխու եւ կամ ուղեղային խլիրդէ կը կասկածին: Տարեցներուն մեծամասնութիւնը, 70-90 առ հարիւրը, իրենց կեանքի որոշ մէկ շրջանին կ՛ունենան այս գլխացաւը: Հիւանդը կը գանգատի ամբողջ գլխուն շուրջը նեղ երիզի մը ճնշումի գլխացաւէ, որ կը տարածուի դէպի վիզը, ճակատը եւ ծոծրակը: Ճնշումի գլխացաւը կը տեւէ տասնեակ մը վայրկեաններ եւ կամ ժամեր, բայց կրնայ ըլլալ մնայուն եւ երկարատեւ: Ան կը դարմանուի հանդարտեցուցիչ, թմրեցուցիչ եւ ցաւամոք դեղերով, ինչպէս նաեւ՝ ապրելակերպի, կենցաղի եւ նիստի ու կացի բարեփոխութեամբ, մարզանքով եւ երբեմն ալ՝ հոգեբուժական միջամտութեամբ:
2-Անգար (միկրեն).-
Անգարը միակողմանի գլխացաւ է, անիկա կը պատահի ուղեղի զարկերակներու անակնկալ պրկումներով եւ ընդլայնումներով: Զանազան ազդակներ դրդապատճառ նկատուած են զարկերակային այս փոփոխութիւններուն: Այս ազդակներէն կարելի է նշել՝ անքունութիւն, ֆիզիքական տկարութիւն, անօթութիւն, զօրաւոր եւ փայլուն լուսաւորում, գրգռիչ հոտեր, բարձր ձայներ եւ աղմուկ, եղանակի փոփոխութիւն, կարմիր գինի-գարեջուր, սուրճ, ծխախոտ, ընտանեկան եւ ընկերային զանազան դժուարութիւններ, ճնշուածութիւն, վհատութիւն, յուզում եւ ներազդակային խանգարումներ: Էսթրոժեն ներազդակը, մանաւանդ՝ արբունքի, դաշտանի եւ դաշտանադադարի ընթացքին, որոշապէս մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ անգարի յայտնաբերելուն եւ սաստկացումին: Անգարէ տառապող կիներուն 60-70 առ հարիւրը կ՛ունենայ գլխացաւը՝ դաշտանի օրերուն: Կիներ աւելի հակամետ են անգար ունենալու: Անգարը կը նուազի եւ կամ կ՛անհետանայ յղութեամբ, եւ ան կը զարգանայ հակայղութեան դեղերով: Հիւանդներուն 60 առ հարիւրը, ամիսը անգամ մը կ՛ունենայ գլխացաւը եւ 25 առ հարիւրը՝ շաբաթը մէկ անգամ: Անգարը ունի նախանշաններ՝ տեսողական խանգարումներ, ոտքի-ձեռքի թմրութիւն եւ անզգայութիւն եւ խօսելու անտրամադրութիւն. այս բոլորէն ետք կը սկսի գլխացաւը, որ սկիզբը կ՛ըլլայ միջակ զօրութեամբ եւ կամաց-կամաց կը սաստկանայ ու կը տեւէ 4-72 ժամ: Անգարը հանգրուանային է եւ ընդհանրապէս միակողմանի, տրոփիչ եւ նողկանքի, ինչպէս նաեւ լոյսի, հոտի եւ ձայնի անհանդուրժողականութեամբ: Այս գլխացաւին դարմանումը կը կարօտի դրամանամիջոցառումներու.
ա. Ժամանակաւոր դարմանամիջոցներ
բ. Երկարատեւ դարմանամիջոցներ
Ժամանակաւոր դարմանամիջոցներն են՝ յատուկ դեղեր, որոնք կ՛արգիլեն զարկերակներու ընդլայնումը. ֆիզիքական հանգիստ, պառկիլ մութ եւ անձայն տեղ մը, կենցակային բարելաւում, օրինաւոր քուն եւ առողջ սննդականոն:
Երկարատեւ դարմանումին համար հիւանդը պէտք է գործածէ յատուկ դեղեր:
3-Ներազդային (hormonal) գլխացաւ.-
Ասիկա կը պատահի ամսական դրութեամբ, կիներու մօտ, դաշտանէն քանի մը օր առաջ եւ կամ դաշտանի ընթացքին: Գլխացաւէն առաջ, անգարի նման, անոնք կ՛ունենան նախանշաններ՝ նախադաշտանային մկանային պրկումներ եւ յօդերու եւ մկաններու ցաւ: Գլխացաւը կը տեւէ 4-6 օր եւ կը մեղմանայ դաշտանադադարումով, կանոնաւոր քունով, մարզանքով եւ առողջ սննդականոնով:
4-Յղութեան գլխացաւ.-
Յղութեան շրջանին կիներուն ամբողջ մարմինը կը մատնուի ֆիզիքական եւ հոգեկան այլափոփոխութիւններու, որոնք հետեւանքն են որոշ գեղձերու արտասովոր աշխատանքային եւ որոշ ներազդակներու անբնական քանակութենմբ արտադրութեան: Այս ներազդակներու գերարտադրութիւնը կը յառաջացնէ այլ գլխացաւը, որ ժամանակաւոր է եւ կ՛անհետանայ ծննդաբերութեամբ: Յղի կիներ գլխացաւին հետ կրնան ունենալ նաեւ արեան ալպիւմինի բարձրացում եւ ոտքերու ուռեցք, որոնք հետեւանքներ են՝ արեան գերճնշումին եւ երիկամներու խանգարումներուն:
5-Կարկառ գլխացաւ (cluster headache).-
Կարկառ գլխացաւը կը պատահի յաճախականութեամբ, քանի մը շաբաթ, ամէն օր, նոյն ժամուն եւ կը տեւէ 15 վայրկեանէն 3 ժամ. անիկա կ՛անյատանայ անակնկալօրէն եւ ամիսներ ետք կը վերադառնայ: Կարկառ գլխացաւը կը սկսի գլխուն ետեւը եւ կամ մէկ աչքին շուրջը. գլխացաւը կ՛ըլլայ՝ միակողմանի, սաստիկ, բաբախիչ, տրոփիչ, աչքերու կարմրութեամբ, քիթի հոսքով-խցումով, արցունքով եւ յօնքերու կախուածութեամբ: Յաճախ հիւանդը քունէն կ՛արթննայ սաստիկ գլխացաւով եւ կ՛ունենայ անհանդարտ ու ջղագրգիռ վիճակ: Կարկառ գլխացաւը աւելի կը տեսնուի տղամարդոց մօտ եւ մանաւանդ՝ 20-40 տարիքի միջեւ:
Ալքոլը եւ ծխախոտը նկատուած են այն գլխացաւին դրդապատճառները:
Կարկառ գլխացաւին դարմանումը կ՛ըլլայ ցաւամոք դեղերով. յաճախ շատ սաստիկ գլխացաւի պարագային թթուածինի ներշնչումը կը դարնայ միակ դարմանամիջոցը: Քորթիզոնը արգելք կը հանդիսանայ անոր յաճախականութեան:
6-Քնքազարկերակատապի (temporal arteritis) գլխացաւ.-
Ասիկա սուր եւ միակողմանի գլխացաւ մըն է, որ կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի, բայց ընդհանրապէս՝ տարեցներու: Գլխացաւը կեդրոնացած կ՛ըլլայ քնքազարկերակի բաժանմունքներուն վրայ եւ կը տարածուի գլխուն յետամասը, ականջին վերը եւ ետեւը: Տարեց հիւանդները կը գանգատին նաեւ ֆիզիքական ընդհանուր տկարութենէ, գլխու մորթի եւ մազերու զգայնոտութենէ: Քնքազարկերակատապը յաճախ կը պատահի աչքի մայր զարկերակատապի հետ միատեղ, որ կրնայ յառաջացնել նոյնիսկ կուրութիւն: Այս գլխացաւը կը դարմանուի քորթիզոնով եւ ցաւամոք դեղերով:
7-Ներգանկային գերճնշումի գլխացաւ.-
Ներգանկային գերճնշումը կը յառաջանայ ուղեղային ուռերով եւ արիւնահոսումով, պալարներով եւ բորբոքումներով: Հիւանդը կը գանգատի գլխու ընդհանուր ցաւէ, որ մնայուն է եւ յաճախ սաստիկ: Գլխացաւին կ՛ուղեկցին նողկանք, փսխուք, տեսողական խանգարում, ցանցենիի արիւնահոսում, ցանցենիի արիւնահոսում, հարուածային ականջաբզզիւն, ուղեղային դանդաղանք եւ ջղային այլ նշաններ: Յաճախ հիւանդը կ՛արթննայ անտրմադիր, ճնշիչ ու խոր գլխացաւով: Ներգանկային գերճնշումի ախտաճանաչումը տեղի կ՛ունենայ զանազան միցոցներով՝ յատուկ Քէ ճառագայթային նկարահանում, Էմ. Ար. Այ. եւ ուղեղաջուրի քննութիւն. իսկ գլխացաւը կ՛անյայտանայ դարմանելով ներգանկային գերճնշումը. այս մէկը կ՛իրականանայ յատուկ դեղերով, որոնք կը հակակշռեն գերճնշումը, եւ՝ միզամղիչ դեղերով եւ ողնայարի մէջքի բաժինէն ուղեղաջուրի արտահանումով (lumbar puncture):
8-Ուղեղատապի (encephalitis) եւ խելապատապի (meningitis) գլխացաւ.-
Ուղեղատապը եւ խելապատը կը յառաջանայ ժահրային եւ կամ մանրէական բորբոքումներով: Գլխացաւը կ՛ըլլայ խոր եւ մնայուն. անիկա կ՛ընդգրկէ ամբողջ գլուխը, եւ ցաւին կ՛ուղեկցին՝ ջերմութիւն, նողկանք եւ փսխունք: Գլխացաւը կ՛անհետանայ ուղեղապատի եւ խելապատի դարմանումով:
9-Գլխու անակնկալ ցնցումներու գլխացաւ.-
Ինքնաշարժերու արկածներու պատճառով գլխու ուժգին ցնցումները պատճառ կը դառնան անակնկալ, սուր, անցողակի կամ մնայուն գլխացաւի:
10-Տենդի գլխացաւ.-
Մարմնի ջերմաստիճանը կը բարձրանայ զանազան պատճառներով, որոնց կարեւորագոյնն է՝ սորսոքումի մը գոյութիւնը մարմնի որոշ մէկ օրկանին եւ կամ մէկ հիւսուածքին մէջ: Ջերմաստիճանի բարձրացումով ուղեղի բջիջները կ՛ըլլան ծանր աշխատանքի, որ կը յառաջացնէ խոր եւ ճնշիչ գլխացաւ: Ջերմաստիճանի նուազումով կը մեղմանայ եւ կամ կ՛անյայտանայ գլխացաւը:
11-Թթուածինի նուազումի գլխացաւ.-
Այս գլխացաւը կը պատահի, երբ ուղեղը չի մատակարարուիր բաւարար քանակութեամբ թթուածինով: Այս կացութիւնը կը ստեղծուի անոնց մօտ, որոնք կ՛ապրին շատ բարձր լեռներու վրայ եւ կամ բարձր լեռ մագլցելու ընթացքին:
Գլխացաւը մնայուն եւ խոր է: Յաճախ անոր դարմանումը կը կարօտի շտապ թթուածինի ներշնչման:
12-Բնածուխի միաթթուի (CO) գլխացաւ.-
Այս գլխացաւը կը յառաջանայ բնածուխի միաթթուի թունաւորումով: Գլխացաւին ուժգնութիւնը կախեալ է թունաւորումին աստիճանէն, այսինքն՝ ներշնչուած թունաւոր կազմին քանակէն: Հիւանդը ընդհանրապէս կը ներկայանայ շատ մտահոգիչ առողջական վիճակով՝ նուաղում եւ մահաքունի վիճակ:
13-Արեան առատ շրջագայութեան եւ զարկերակներու ընդլայնման գլխացաւ.-
Որոշ դեղերու գործածութեամբ տեղի կ՛ունենայ ուղեղի զարկերակներու ընդլայնում եւ արեան առատ մատակարարում, որոնք կը յառաջացնեն ուղեղային գերճնշում եւ ապա գլխացաւ:
14-Արեան շրջագայութեան նուազումի գլխացաւ.-
Այս գլխացաւը կը յառաջանայ, երբ ուղեղը բնական քանակութեամբ արիւնով չի մատակարարուիր. այս կացութիւնը կը ստեղծուի մարմնի ընդհանուր արիւնահոսութեամբ եւ ուղեղի զարկերակներու մասնակի խցումով:
15-Արեան գերճնշումի գլխացաւ.-
Արեան գերճնշումով ուղեղը կ՛ենթարկուի յաւելեալ ճնշումի եւ աշխատանքի, որոնք կը յառաջացնեն սաստիկ, խոր, ճնշիչ եւ մնայուն գլխացաւ: Անիկա կ՛ընդգրկէ ամբողջ գլուխը եւ կը մեղմանայ արեան գերճնշումի հակակշռումով:
16-Արեան թանձրացումի (polycitemia) գլխացաւ.-
Արեան թանձրացումով ուղեղի արեան շրջագայութիւնը բնական կերպով տեղի կ՛ունենար, եւ ասիկա կը յառաջացնէ մնայուն եւ խոր գլխացաւ, որ կ՛ընդգրկէ ամբողջ գլուխը:
17-Երկարատեւ երիկամատապի գլխացաւ.-
Երիկամներու երկարատեւ բորբոքումներու պատճառով երիկամներու աշխատանքը կը խանգարուի եւ տեղի կ՛ունենայ երիկամային ձախողութիւն, որ կը յառաջացնէ մնայուն եւ խոր գլխացաւ:
18-Գլխու տեղայնական հիւանդութիւններու գլխացաւ.-
Հետեւալ հիւանդութիւնները, իրենց տեղայնական ախտանշաններու կողքին, պատճառ կը դառնան ժամանակաւոր, սուր, մեղմ, կամ զօրաւոր գլխացաւի:
ա. Աչքի հիւանդութիւններ, տեսողական տկարութիւն, խաժամթութիւն, ցանցենիի անակնկալ տեղաշարժ (retinal detachment): Գլխացաւը կեդրոնացած կ՛ըլլայ աչքին շուրջը եւ խորը:
բ. Քիթի խցում եւ քիթի սուր եւ կամ մնայուն խոռոչատապ:
գ. Վիզի ողնոսկրային եւ մկանային հիւանդութիւններ:
դ. Ակռաներու եւ լինտերու բորբոքումներ:
ե. Ականջի արտաքին, միջին եւ ներքին բաժիններու բորբոքումներ, պարզ ուռեր եւ խլիրդ:
զ. Քնքածնօտային յօդաբորբ, անշարժութիւն, ոսկրային անբնական աճում եւ տեղաշարժ (dislocation):