ՏԵԱՌԸՆԴԱՌԱՋ

ՏԵԱՌԸՆԴԱՌԱՋ

Հայկական ժողովրդական հնագոյն տօներէն մէկն է Տէրն տէզը կամ  տըրն տէսը:

Եկեղեցին տօնը կապած է քառասնօրեայ մանուկ Քրիստոսը տաճարին ընծայելու տօնին, ուր մարգարէութեան համաձայն Քրիստոսին պիտի ընդունէր Սիմէոն ծերունին, որուն խոստացուած էր հոգին չաւանդել մինչեւ Փրկիչը տեսնելը:

Մեր բոլոր քրիստոնէական տօները առաւել կամ նուազ չափով կը կրեն ազդեցութիւնը հեթանոսական կամ բնապաշտ տօներուն:

Տեառընդառաջի նկատմամբ աւանդական զրոյցները քիչ են, միայն կարգ մը սովորութիւններ կը մնան ու կը գործադրուին:

Տեառընդառաջը կը կատարուի Փետրուարի 14 ին: Ինչպէս Սիմէոն ծերունիին ընդառաջ գնաց Տիրոջ, այդպէս ալ մարդիկ կ՛ուզեն ընդառաջ երթալ Գարնան եւ Արեւին: Բնական զուգորդութիւն մը կը ստեղծուի՝ Յիսուսի եւ լոյսի, արեւի ու կրակի միջեւ: Խարոյկը Գարնան հրաւէր է: Առաջին խարոյկը կը վարի եկեղեցւոյ բակին մէջ ուրկէ կիներ խանձող (այրած բայտ) կը բերեն իրենց տան կրակը եւ լապտերը վարելու:

Խարոյկի մոխիրը կը թափեն արտերուն ու այգիներուն մէջ, որ դաշտերուն մէջ հացը առատ ըլլայ, այգիներուն մէջ՝ պտուղը, հաւերը ըլլան ածան բոլոր կենդանիները ցագ բերեն: Նորապսակ հարսերը կը ցատկեն խարոյկին վրայէն, որպէսզի զաւակ ունենան: Կրակին մէջ կ՛այրէն հին ու անպէտք իրերը, որպէսզի խափանեն չարը եւ ուժ տան տարապողներուն:

Այդ օր կերակուրներու եւ ըմպելիներու ճոխ սեղան կը պատրաստեն: Այդ օր նաեւ ամէն մարդու ձեռքը մոմ պէտք է գտնուի: Այն օրուան համար յատուկ պատրաստուած աղանդ, չամիչ զանազան քաղցրաւենիք եւ մրգեղէն կ՛ուտեն: Իւրաքանչիւրը իր հագուստին կտորէն կտոր մը կ՛այրէ այն օրուան կրակով որպէսզի կախարդութիւնը չներգործէ իր վրայ: Կրակի մոխիրէն կը պահեն տուներուն մէջ, որպէս դեղ զանազան փորձանաց եւ ցաւերու: Եթէ փայտակոյտին բոցն ու ծուխը դէպի աղօթարան երթայ կը նշանակէ թէ շատ բարի տարի է, արտերուն կողմը երթայ՝ բարեբեր է, իսկ հակառակ կողմը՝ ձախորդ է: Նոյն իրիկուան վառած ճրագը կամ մոմերը եթէ չսպառած մարին, անբախտութեան նշան է: Այսպէս մեծ հանդէսով կը կատարեն ճրագալոյցը տէրն տէսը:

zp8497586rq

About admin

Check Also

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐ

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐ   Քաղաքական Աստիճաններ   Կայսր – Emperor, cesar Կայսրուհի – Empress …