Home / Ա / Նիւթեր / ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ / ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ / ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵՍ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵՍ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵՍ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԴ

Ընկերութիւնը փոփոխութեան կ՛ենթարկուի, բայց մարդիկ կը մնան նոյնը, հետեւաբար այն ինչ որ օգտակար եղած է ասկէ հարիւր կամ հազար տարի առաջ կրնայ այսօր ալ օգտակար հանդիսանալ:

Փորձուած խրատը, ընդհանրապէս գործնական մեծ արժէք ունի:

Այստեղ ընկերային կարողութիւններու վերաբերեալ 8 խորհուրդներ կան անցած 2500 տարիներէն, որոնք միշտ կրկնուած եւ շատ օգտակար են:

1-Լսէ

«Բնութիւնը մէկ լեզու եւ երկու ականջ տուած է մեզի, որպէսզի կարենանք մեր խօսածին կրկնապատիկը լսել»:

Իփէկթէթըս

«Որքան քիչ խօսիս, այնքան աւելի պիտի լսես»:

Ալեքսանդր Սոլշընըթսն

«Կը սիրեմ լսել, շատ բան սորված եմ ուշադրութեամբ լսելով: Մարդոց մեծամասնութիւնը երբեք չի լսեր»:

Էրնըսթ Հէմնկուէյ

 

Լսելու ունակութիւնը հաւանաբար ամէնէն թերագնահատուածն է ընկերային կարողութիւններուն մէջ: Մարդիկ յաճախ կը կեդրոնանան իրենց անձերուն վրայ, բայց այս չի նշանակեր, թէ անձնասէր են: Անոնք իրենց անձին մասին խօսելու վարժ են եւ կը սպսեն որ դիմացինը աւարտէ խօսքը, որպէսզի անմիջապէս խօսին:

Ինչպէ՞ս կարելի է յաղթահարել այս դժուարութիւնը:

1-Ինքզինքդ մոռցի՛ր:

2-Խօսակցութեան ընթացքին ուշադրութիւնդ կեդրոնացո՛ւր անձէդ դուրս:

3-Միտքդ դիմացինիդ վրայ կեդրոնացո՛ւր, փոխանակ քու:

4-Դիտակէտը քու անձէդ հեռացո՛ւր: Այսպիսով նուազ եսակեդրոն կը դառնաս եւ ուշադրութիւն գրաւելու փափաքդ կը նուազի:

Երբ սկսիս իրապէս մարդոց ունկնդրել աւելի դիւրիւն կրնաս խօսակցութիւնը վարելու հաճելի միջոցներ գտնել. օրինակ՝ կարելի է հարցնել այնպիսի հարցումներ, որ խօսակիցդ -այո- եւ -ոչ- պատասխաններէն աւելին տայ:

2-Հետաքրքրութիւն ունեցիր ուրիշնեուն հանդէպ

«Ուրիշներուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ունենալով երկու ամսուան մէջ աւելի ընկերներ կրնաս ունենալ քան երկու տարի փորձելով ուրիշներուն ուշադրութիւնը գրաւել, այլ խօսքով ընկեր ունենալու միջոցը ընկեր ըլլալն է»:

Տէյլ Քարնէճի

 

 «Ամէնէն լաւ գովասանքը, որ կը ստանամ կեանքիս ընթացքին, երբ կը հարցուի կարծիքս ու պատասխանս կը լսուի»:

Հէնրի Տէյուիդ Թօրօու

 

Երբ հետաքրքրուիս շուրջիններովդ ու աւելի ծանօթանաս անոնց միտքերուն, շատ աւելի դիւրին կը հասկնաս անոնց ցանկութիւնները եւ դուրս կը վանես այն բացասական ենթադրութիւնները, որոնք կրնան խանգարել հաղորդակցութիւնը:

Երբ լրջօրէն ունկնդրես մէկուն, հաւանական է տեսնես, որ ան այնքան ալ ձանձրացուցիչ կամ տարբեր չէ քեզմէ, ինչպէս որ կրնայիր ենթադրած ըլլալ առաջին հանդիպումին:

Մարդիկ ընդհանրապէս չեն լսեր, իսկ երբ դուն կը փորձես զիրենք լսել բնական է, որ հաճելի բացառութիւն մը կրնաս ըլլալ անոնց համար, որոնք միմիայն կը սպասեն իրենց կարգը խօսելու: Այսպիսով ուշադրութեանդ եւ կեդրոնացումիդ հետեւանքով շուրջիններդ շատ հանգիստ կը զգան քեզի հետ:

3-Շատ կարեւորութիւն մի տար քննադատութեան

«Երբ քո հասցէիդ ըսուած վատութիւնը ճիշդ է, սրբագրէ՛ ինքզինքդ, իսկ եթէ սուտ՝ խնդա՛ անոր վրայ»:

Իփէկթբթըս

 

«Մեր դատումը կամ քննադատութիւնը ոեւէ մէկու, ոչ մէկ բան կ՛ըսէ այդ անձին մասին, պարզապէս ցոյց կու տայ քննադատական ըլլալու մեր անձնական պահանջքը»:

Անծանօթ

 

Քննադատութենէ վերջ կրնաս ինքզինքդ բարեփոխել, բայց իմացիր, որ քննադատութիւնը առաւելապէս ուրիշին կը վերաբերի:

Երբ մարդիկ յաճախ իրենք անձերուն վրայ կը կեդրոնանան շատ հեշտութեամբ սխալներ կ՛արձանագրեն:

Հարկ է իմանալ, որ երբեմն քեզի ուղղուած քննադատութիւնը քննադատողին սեփական կեանքին վերաբերող խնդիր մը որպէս հիմք կ՛ունենայ:

Հասկցիր, որ աշխահը շուրջդ միայն չի դառնար: Տգեղ է եթէ ուզես գրաւել բոլորին ուշադրութիւնը եւ համակրանքը:

Միւս կողմէն աւելի անկախ կրնաս ըլլալ երբ մարդիկ այնքան ալ չեն հետաքրքրուիւր գործերովդ:

4-Մի՛ շաղակրատեր անդադար

«Մարդիկ որչափ քիչ խօսին իրենց մեծութեան մասին, այնքան շատ կը մտածենք անոնց մասին»:

Ֆրամսիս Պէյքըն

 

«Որչափ շատ խօսիս, այնքան քիչ կը յիշեն քեզ»:

Այս բաժինը կապուած է լսողութեան հետ: Եթէ անընդհատ խօսիս, լսելու քիչ ժամանակ, ուժ եւ կեդրոնացում կ՛ունենաս: Երբ սկսիս ուշադրութիւնդ դէպի դուրս սեւեռել, այն ատեն միտքդ աւելի կեդրոնացած կ՛ըլլայ եւ քիչ ժամանակ կը տրամադրես շատախօսելու:

5-Մարդոց հետ վարուիր այնպէս, ինչպէս որ կ՛ուզես հետդ վարուին:

«Անձնական կեցուածքդ կը ցոլացնէ քեզ հետ աշխատողները: Եթէ կասկածամիտ ես, անբարիացակամ եւ ինքնահաւան, պիտի տեսնես որ այս տգեղ յատկանիշները քեզմէ կ՛արտացոլուին, բայց երբ լաւ վարք ունենաս, երեւան կը հանես ամենալաւը այն մարդոց մէջ, որոնց հետ կ՛անցնես աշխատանքի ժամերդ»:

Պիաթրիս Վէնսընթ

 

            «Հեշտ է խնդալ, հեշտ է ատել, բայց ազնուութիւնն ու բարութիւնը քաջութիւն կը պահանջեն»:

Մօռիսի

Ինչպէս որ կը վարուիս, նոյն ձեւով օր մը շուրջիններդ պիտի ուզեն հետդ վար

zp8497586rq

About admin

Check Also

WHEN PUBLIC SPEAKING IS ENEMY

WHEN PUBLIC SPEAKING IS ENEMY By Erika Prafder – It’s happening again. Your pulse is …