Զատիկուան տօնին հետ կապուած են հնաւանդ կարգ մը սովորոյթներ, որոնցմէ գլխաւորը հաւկիթ ներկելն է:
Հաւկիթը, իր արտաքին ձեւով եւ ներքին կազմով, կը ներկայացնէ աշխարհը: Հաւկիթին դեղնուցը կը պատկերացնէ երկիրը, սպիտակուցը՝ ջուրը, մաշկը՝ օդը, իսկ կեղեւը՝ երկինքը: Այլ խօսքով, հաւկիթը բնութեան սկիզբն է, սերմը եւ անվախճան պատճառը համագործակցութեան: Հնդկաց «Մանու» դիցաբանական օրինագիրքը կ՛ըսէ թէ քաոսային տիեզերքի ջուրերուն մէջ դրուած ոսկէ հաւկիթէ մը ծնաւ Պրակման, եւ յառաջ եկան երկինքը, երկիրն ու բոլոր զատորոշ գոյակցութիւնները:
Հին Պարսկաստանի ու Եգիպտոսի մէջ, տօնական օրերուն, գունաւոր հաւկիթներ կը բաշխուէին նաեւ ոսկէ եւ արծաթէ հաւկիթներ կը տարուէին մեծամեծներուն՝ իբրեւ նշան, խորին յարգանքի:
Պարսիկներու արքան՝ Մեծն Շեմշիտ, հաւկիթ ընծայաբելու սովորութիւնը պաշտօնականի վերածեց: Պարսիկ նախարարներ գիշերահաւասարէէն (Մարտ 21) մէկ ժամ առաջ շքեղ հագուած պալատ կ՛երթային եւ Շահէն կը ստանային ոսկի հաւկիթ, յետոյ ամէն ոք իրարու կը ղրկէր գունաւոր հաւկիթներ:
Եգիպտացիք հաւկիթը կը նկատէին նուիրական խորհրդանշան մը՝ ջրհեղեղէն ետք մարդկային ցեղին վերանորոգութեան:
Քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մէջ եւս կարմիր հաւկիթ նուիրողներ կ՛ըլլան զատիկին, պարզ այն պատճառով որ ի սկզբանէ ընդունուած է հաւկիթը որպէս խորհրդապատկերը Յարութեան:
Զատիկուան տօնին, հաւկիթը կարմիր գոյնով ներկելու պարագան կրնայ բացատրուիլ, հետեւեալ կերպով, ըստ քրիտսոնէական հաւատքի, աշխարհը փրկուեցաւ քրիստոսի արեամբ: Արիւնը կարմիր է, եւ գլխաւոր խորհրդանշանը կը կազմէ սիրոյ եւ զոհաբրեութեան:
Միշտ խնդիր եղած է թէ հաւկիթը կարմիր ներկելու սովորութիւնը ամէնէն առաջ ո՞ր ազգին մէջ սկսած է, այսինքն՝ որ ազգային գիւտն է այդ: Յայտնի է թէ վարդագոյն ներկին հայրենիքը Արեւելքն է, իսկ Հայաստանի մէջ կը գտնուի որդան կարմիր որդը, որմէ կ՛արտադրուի կարմիր ներկը: Եւ որովհետեւ, հայոց մէջ, հնուց սովորոյթ եղած է կարմիր գոյնով ներկել մատաղցու եզը, կովն ու աքլոր, կրնանք հաւաստել թէ հաւկիթ ներկելու սովորութիւնը հաւանաբար հայերէն օրինակուելով տարածուած է ամէն տեղ:
Հայոց Զատիկ
Զատիկը հայոց մէջ կը տօնուի մեծհանդիսութեամբ: Ուրախութիւնները կը սկսին ճրագալոյցի (ճրագ լուցանել, ճրագ վառել) երեկոյին, երբ պատարագիչը կ՛արտասանէ «Առէք կերէք»:
Զատկուան առտուն մեր հայրենի բնաշխարհին մէջ կար շատ հիանալի սովորոյթ մը: Երբ Զատկուան ժամերգութեան զանգակին առաջին հնչիւնը կը լսուէր, հայ ժողովուրդը ոչ թէ ժամ այլ նաեւ գերեզմանատուն կ՛երթար: Ամէն ոք ննջեցեալին գերեզմանաքարին վրայ մոմ կը վառէր կը, ծնարդարէր եւ կը մրմնջէր ննջեցելին, աւետելով անոր «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց»:
Զատկուան առաւօտուն երբ տաներէց քահանան տնօրհնէքի կ՛երթան կ՛օրհնէր ոչ միայն գինին այլեւ հաւկիթները, աղը, ցորենը, ալիւրը եւ ջուրը: Կ՛օրհնէր այս ամէնը, որպէսզի հայուն տունը շէն ու պայծառ մնար: