Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / Հայ Դատ-Ցեղասպանութիւն / ԱՆԱԱ ՀԵՏՎԻԳ ՊԻՒԼ կամ ՄԻՍ ՊԻՒԼ 1887-1981

ԱՆԱԱ ՀԵՏՎԻԳ ՊԻՒԼ կամ ՄԻՍ ՊԻՒԼ 1887-1981

Anna_Hedvig_Lovisa_Lagerberg_-_from_Svenskt_Porträttgalleri_II

Հետվիգ Պիւլ ծնած է Էստոնիայի Տալինէն քիչ հեռու գտնուող փոքրիկ Հապսալու քաղաքի  հարուստ, բարեկեցիկ ընտանիքի մը մէջ: Հայրը վաճառական էր, մայրը՝ երաժիշտ, մեղմաբարոյ, բարեպաշտ անձնաւորութիւն մը:

Պիւլի ծնողները միջոց չեն խնայած՝ իրենց հինգ աղջիկներուն կրթութիւն տալու համար: Հետվիգը նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի մէջ, ապա Ս.Պետերսպուրգի մէջ ստացած է բարձրագոյն մանկավարժական, իսկ Գերմանիոյ մէջ միսիոնարական կրթութիւն: Քրիստոնէան սիրով ծառայութիւն մատուցելու մղումը անոր մէջ սկիզբ առած է դեռատի տարիքի մէջ, երբ ունկդրած է աւետարանական եկեղեցւոյ քարոզիչ վերապատուելի Քարկելին:

Ֆրիցենվալդի Սուրբ գրոց բարձրագոյն վարժարանը աւարտելէ յետոյ, Հետվիգ Պիւլը ամբոջութեամբ կը նուիրուի քարոզչական եւ բարեսիրական գործունէութեան:

1911-ին Հետվիգ Պիւլը կը մեկնի Կիլիկիա՝ Մարաշ եւ աշխատանքի կ՛անցնի գերմանացի աւետարանականներու հիմնադրած «Բեթել» որբանոցի մէջ: Ան կը նուիրուի հայ որբերու փրկութեան, խնամքի, դաստիարակութեան ու կրթութեան գործին: Կը տեսնէ ու կը կիսէ  այն անլուր զրկանքն ու տառապանքը, որուն կ՛ենթարկուէր Կիլիկիոյ հայութիւնը: Եւրոպական չափանիշներով դաստիարակուած օրիորդի համար թրքական միջավայրը մղձաւանջ էր:  Հետվիգ Պիւլը ողջ էութեամբ կապուեցաւ հայութեան ու անոր կողմէ արժանացաւ «Մայրիկ» սիրոգորով անուան:

Հետվիգ Պիւլի գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր որբախնամութեամբ: Ան յօդուածներ ու նամակներ կը գրէ, ուր կը  վկայէ եւ կը մերկացնէ թուրքերու հայաջինջ քաղաքականութիւնը, հայ որբուկներուն մէջ կը ներառէ հայրենասիրութիւն, արհաւիրքի դիմակայելու ոգի, դարձի կը բերէր անոնց, որոնք հրաժարած էին հաւատքէն ու մայրենի լեզուէն:

1918-ին երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Պիւլ կ՛աշխատէր Մարաշի  մերձակայքը գտնուող Հարունիէ գիւղի որբանոցին մէջ: Հայաստանի մէկ մասի անկախացումը, հայ ժողովուրդի մէկ հատուածի Ֆիզիքական ապահովուածութիւնը այնքան կ՛ոգեւորեն անոր, որ իր որբերու ճակատագիրը այլ կերպ չպատկերացներ, քան անկախ Հայաստան տեղափոխելը: Ան կը սկսի ուսումնասիրել հայերէն լեզուն ու թէեւ կը տիրապետէր խօսակցականին, անզուգական կատարելութեան կը հասնի գրաւոր խօսքի մէջ, կը գրէ յօդուածներ ու կը կատարէ թարգմանութիւններ:

Սակայն կարճ ժամանակ անց թուրքերու ճնշումով կը ստիպուի որբանոցը տարագրել Սուրիա՝ Հալէպ: Պիւլը իր գործընկերներուն հետ տիտանական ջանքեր կը գործադրէ՝ այդ կազմակերպելու համար: Ինք կը մնայ եւ կը շարունակէ աշխատանքը՝ Հարունիէի որբանոցին մէջ: Բայց երբ Կիլիկիան  կ՛անցնի Ֆրանսացիներուն, վերջինները վտանգ կը զգան իրենց տարածքին մէջ գործող գերմանական որբանոցէն: Աշխատակիցներէն շատեր հարկադրուած կը հեռանան: Պիւլը՝ որպէս էստոնուհի, կը կարողանայ մնալ եւ կը ղեկավարէ որբանոցը: Սակայն որոշ ժամանակ անց ան  ալ ստիպուած կը հեռանայ: 1919-ին՝ մօտ իննը տարի Կիլիկիոյ մէջ մնալէ ետք, ան կը ձգէ իր սիրելի ժողովուրդը եւ կը վերադառնայ Էստոնիա:

Սակայն Հետվիգ Պիւլը երկար չի մնար Էստոնիոյ մէջ: 1922-ին, կ՛անդամագրուի Ֆրանսայի Ստրազբուրգ քաղաքին մէջ հիմնադրուած «Քրիստոնէական առաքելութիւն արեւելքի մէջ» աւետարանական մարդասիրական կազմակերպութեան եւ կը մեկնի Հալէպ:

Այսպէս կը սկսի անոր հայասիրական գործունէութեան երկրորդ շրջանը:

Այն ժամանակ Սուրիոյ մէջ կ՛ապրէր 160.000 հայ գաղթական: Եղեռնէն մազապուրծ, սպանդի եւ տարագրութեան արհաւիրքները յաղթահարած հայութեան բեկորները հիմնականին մէջ ապաստան գտած էին Հալէպ՝ Սիւլէյմանիէ եւ ռամատանիէ արուարձաններուն մէջ կառուցուած հիւղակներուն մէջ: Անոնք զուրկ էին կենցաղային տարրական պայմաններէն, չունէին աշխատանք, մատնուած էին թշուառութեան: Ճիշդ է, աստիճանաբար ուշքի գալով կը գործէին ազգային մարմինները, սակայն անոնց հնարաւորութիւնները սահմանափակ էին, կարիքը՝ անծայրածիր, անսպառ:

Հետվիգ Պիւլը կը հասնի ժամանակին: Հալէպի մէջ ան վերստին կը հանդիպի իր աշակերտներուն, որոնք փրկուած էին հրաշքով: Անոր առաջին գործը կ՛ըլլայ հիւանդանոցի հիմնումը, բժշկական օգնութեան կազմակերպումը եւ ծանր հիւանդներուն այլեւայլ հիւանդանոցներուն մէջ տեղաւորելը:

Երկրորդ անհրաժեշտութիւնը աշխատատեղերու ստեղծումն էր: Հետվիգ Պիւլը կը կարողանայ հիմնադրել հիւսուածքներու գործարան: Ան սկիզբ կը դնէ որդեգրման իւրայատուկ ձեւի՝ որդեգրողներուն առաջարկելով օգնել որդեգրի ընտանիքին: Այդպէս պարբերական օգնութիւն կը ստանայ շուրջ 200 ընտանիք:

Կը փոխուին ժամանակները, հայութիւնը աստիճանաբար ոտքի կը կանգնի: Պիւլը կը ծաւալէ մանկավարժական լայն գործունէութեան, մանուկներէն զատ կ՛ուսուցանէ նաեւ ուսուցիչներուն եւ երեխաներու յատուը կազդուրման կայան կը կայմակերպէ Կիլիկիոյ Աթըգ գիւղին մէջ:

1951-ին Պիւլ կ՛անցնի Եւրոպա: Բայց միաժամանակ կը շարունակէ սերտ կապեր պահել իր սաներուն եւ սուրիահայութեան հետ: Սակայն Պիւլ միայն կապերով ու նամակագրութեամբ չի բաւարարուիր: Ան կը շարունակէ գործօն օժանդակութիւն ցոյց տալ գաղութի կեանքին, խորհուրդներ տալ, կազմակերպել նիւթական օժանդակութիւն:

Ան նաեւ երկու անգամ կու գայ Հալէպ, ուր անոր կ՛ընդունին երախտագիտութեամբ եւ խանդավառութեամբ:

Երբ ան բնակութիւն կը հաստատէ գերմանական ծերանոցի մը մէջ, արդէն հայ բարեկամները կ՛այցելեն անոր, կը խնամեն եւ կը շրջապատեն սիրով ու հոգածութեամբ:

Կ՛ըսեն, թէ վերջին շունչին՝ անկախ ամէն բանէ, մարդիկ կը խօսին իրենց մայրենի լեզուով: Հետվիգ Պիւլըկը խօսէր հայերէն:

Սուրիահայերը վառ կը պահեն Հետվիգ Պիւլի յիշատակը: Հալէպի մէջ անոր պատուին խաչքար կանգնած է, կան նաեւ անոր նուիրուած հրապարակումներ:

Քաղուած Յակոբ Սողոմոնեանի
ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՊԱՏԸ
շնորհալի ու շատ օգտաշատ աշխատութենէն

zp8497586rq

About admin

Check Also

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս …