Սաթենիկ ծնած է Ալեքսանդրապոլ: Կանուխէն Թիֆլիս փոխադրուելով, նախնական ուսումը կը ստանայ Թիֆլիսի Օրիորդաց դպրոցին մէջ: Հիւանդութեան պատճառով՝ կը ստիպուի Զ. դասարանէն դպրոցը լքել: Յետագային կը ստանայ մանկավարժութեան վկայական: Սակայն Սաթենիկ իր իսկական ուսումը կը ստանայ իրենց տան գաղափարական բարձր մթնոլորտին մէջ:
Փոքր տարիքէն Սաթենիկ յափշտակութեամբ կը հետեւի իրենց տունը յաճախող մտաւորական եւ հասարակական գործիչներու միջեւ տեղի ունեցող զրոյցներուն:
Երբ Դաշնակցութիւնը կը կազմակերպուի, ինք ալ շարքերը կը մտնէ բարձր պահելով Դաշնակցական կին գործիչի անունը:
Դաշնակցութեան Ա. Ընդհ. Ժողովէն ետք, կ՛որոշէ Պարսկաստան անցնիլ իբրեւ ուսուցչուհի: Ան կը պաշտօնավարէ Թաւրիզի Լիլաւայի դպրոցը եւ իր դպրոցական պարտականութիւններու կողքին կը նուիրուի յեղափոխական գործին նաեւ յարմար առիթներ կ՛որոնէ Երկիր անցնելու եւ հոն գործելու համար:
Սաթենիկի պարտականութիւն կը տրուի կազմակերպել Թաւրիզի կիները: Նախապէս ութսունական թուականներուն, Յովնան Դաւիթեանի ճիգերուն շնորհիւ բարձր դասակարգին պատկանող քանի մը տիկններ, կանանց բարեգործական ընկերութիւն մը հիմնելու գաղափարը յղացած էին: Երբ Սաթենիկ գործի գլուխ կ՛անցնի, իր առաջին գործը կ՛ըլլայ մտնել հայ ընտանիքներուն մէջ եւ կապեր ստեղծել: Իր նպատակն էր հայ կինը աստիճանաբար դուրս բերել իր հարեմական կեանքէն, յեղափոխական գաղափարներ ներշնչել անոր եւ կապել Հ.Յ.Դաշնակցութեան:
Սաթենիկ կիներու ընդարձակ ցուցակ մը կը կազմէ եւ ժողովի կոչ կ՛ուղղէ՝ Երկրի վիճակին մասին բացատրութիւններ տալու համար: Այս ժողովը խոր տպաւորութիւն կը ձգէ եւ բոլորն ալ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն աշխատելու եւ գործելու իր ցուցմունքներով:
Սաթենիկի ճիգերով կը վերակազմուի կիներու ընկերակցութիւնը, որ կը կոչուի «Թաւրիզի Հայուհեաց Բարեգործական Ընկերութիւն»:
Սաթենիկի թելադրանքով եւ քաջալերանքով, Ընկերութիւնը ի վերջոյ կը յաջողի Թաւրիզի մէջ միջնակարգ դպրոց մը ունենալ:
Սաթենիկ երբ Դերիկի վանքը կը գտնուէր, ականատես կ՛ըլլայ քիւրտերու յարձակման: Ան դիրքէ-դիրք անցնելով փամփուշտներ կը բաժնէր եւ մարտիկները կը խրախուսէր:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրօն որոշած էր քիւրտերուն լաւ դաս մը տալ, մանաւանդ Մազրիկ ցեղին, անոնց պատճառած յաճախակի նեղութիւններուն համար: Այս նպատակով կը կազմակերպուի Խանասորի արշաւանքը, որ յաջողութեամբ կը պսակուի եւ քիւրտերը խուճապահար կ՛ըլլան: Արշաւանքէն ետք Իշխան Յովսէփ Արղութեան Սալմաստի մէջ Պարսկական կառավարութեան կողմէ կը ձերբակալուի եւ կը յանձնուի Ռուսական հիւպատոսարան: Ուրկէ ետք կ՛աքսորուի Ոլոգտա: Սաթենիկ, որ խոր սիրով կապուած էր Իշխան Յովսէփ Արղութեանին, կը հետեւի անոր եւ աքսորի մէջ կ՛ամուսնանայ անոր հետ:
Հայ կնոջ յատուկ նուիրուածութեամբ ան իր ամուսնոյն կեանքի ընկեր կ՛ըլլայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին Իշխան Արղութեան Պարսկաստանի դեսպան կը նշանակուի: Իսկ Հանրապետութեան անկումէն ետք Արղութեանները Փարիզ կը հաստատուին, ուր ալ կը մեռնին հայրենիքի կարօտը սրտերնուն: