Home / Ա / Նիւթեր / Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ / ԽԱՆԸՄ ՔԵՐԹԵՆՃԵԱՆ (ԱՐՄԵՆՈՒՀԻ)

ԽԱՆԸՄ ՔԵՐԹԵՆՃԵԱՆ (ԱՐՄԵՆՈՒՀԻ)

Խանըմ Քերթենճեան, յեղափոխական ծածկանունով՝ Արմենուհի, նախնական կրթութիւնը ստացած է Ուր‎ֆայի բողոքական վարժարանը, ապա աւարտած է Խարբերդի Ամերիկեան գոլէճը: Եղած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ Կարմիր խաչի անդամ եւ դարձած կանանց զինավարժութեան առաջնորդն ու մարզական ջոկատներ կազմակերպողը:

Կարճ ժամանակի մէջ Ուրֆայի կանանց մէջ ղեկավար Խանըմ Քերթենճեան, Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանի եւ Յարութիւն Ռասթկլենեանի ամենասերտ գործակիցը կը դառնայ:

Ուրֆայի հերոսամարտի ընթացքին կը ստանցնէ կիներու հրամանատարութիւնը եւ կը մասնակցի ղեկավարներու խորհրդակցութիւններու իբրեւ զինուորական մարմնի անդամ:

Երբ թուրք խուժանը կը սկսի քաղաք լեցուիլ, Խանըմ եւ իր հետեւորդները թուրք զինուորի տաբատ հագած կը յաջողին թշնամի զինուորներ մեռցնել: Իրենց դիրքերը չեն լքեր եւ մինչեւ վերջ ալ կը մնան պատնէշի վրայ:

Հայոց թաղամասերէն մէկուն մօտ թրքական պահականոց մը կար, զօր պէտք էր մէջտեղէն վերձնել: Խանըմ կ՛որոշէ իր ջոկատին հետ գլուխ հանել այս գործը: Գիշեր ատեն, աննկատ կը մօտենայ, կը կտրեն հեռախօսային կապը, կը սպաննէն դրան երկու պահակները եւ ներս կը խուժեն: Թշնամին յանկարծակիի կու գայ եւ կը ջանայ խոյս տալ:

Երբ հայ մարտիկներուն հրացանները այլեւս լռած էին, Խանըմ կ՛անցնի Ամերիկեան կուրանոցը, ուր մեծ թիւով ուրֆացիներ հաւաքուած էին: Յանկարծ սպայի մը առաջնորդութեամբ թուրք զինուորներ կը խուժեն եւ կը սկսին խուզարկել հոն հաւաքուած ժողովուրդը: Հերթը Խանըմին կը հասնի, ան արագօրէն գօտիին մէջ պահուած ատրճանակը կը հանէ եւ կը կրակէ սպային վրայ: Մինչ սպան գետին կը տապալէր, զինուորները կը կրակեն անվեհեր հայուհիին վրայ:

Խանըմ կը նախընտրէ մեռնիլ նուիրական զէնքը ձեռքին, քան թէ ապրիլ թշնամիին անարգ լուծին տակ:

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …