Home / Ա / Նիւթեր / Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ / ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ (ԷԼԼԷՆ)

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ (ԷԼԼԷՆ)

             Քրիստափոր հայ յեղափոխական շարժման առաջնորդն է: Կարելի է ըսել, որ ան կերտեց մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքը: Տիրապետեց իր շրջապատին, մէկ դրօշի ներքեւ հաւաքեց ազատատենչ հայ մտաւորականութիւնը եւ մարտիկները:

Քրիստափորը ծնած է Գողթան պատմական գաւառի Վերին Ագուլիս աւանը, 1859 Հոկտ. 18ին: Հայրը սիրուած էր բոլոր գիւղացիներէն, որոնք զինք կը համարէին գիւղին դատաւորը եւ իր դատաստանին կը յանձնէին իրենց վիճելի խնդիրները: Քրիստափոր դժբախտութիւնը կ'ունենայ չորս տարեկանին կորսնցնելու մայրը, իսկ տասը տարեկանին՝ հայրը: Այս կրկնակի կորուստներուն հետեւանքով կ'ենթարկուի նիւթական զրկանքներու: Տեղական վարժարանը կ'աւարտէ փայլուն յաջողութեամբ եւ Հոգաբարձութիւնը կը խոստանայ զինք ղրկել Թի‎ֆլիս, ուսուցչական ճեմարանը, պայմանով որ վերադարձին պաշտօնավարէ հայրենի աւանի դպրոցը: Քրիստափոր կ'ընդունի այդ պայմանը եւ կը մեկնի Թիֆլիս 1874ին: Իր ուսումը բաւարար չէր, տենդագին կերպով կ'աշխատի եւ 1876ին, տասն եւ եօթ տարեկան հասակին, կը մտնէ ուսուցչական ճեմարան:

Այդ շրջանը Ռուսիոյ մէջ կը գործէր Նարոդնայա Վոլիա (ժողովրդական կամք) յեղափոխական կազմակերպութիւնը, որ լայնօրէն տարածուած էր ուսանողական շրջանակներու մէջ: Քրիստաոփոր անոր գործօն անդամը կը դառնայ, յափշտակութեամբ կը կարդայ յեղափոխական գրականութիւն, մեծապէս  կ'ազդուի անգլիացի հեղինակ Ռոպըրդ Օուընի (1171-1858) գործերէն:

Ճեմարանը կ'աւարտէ 1880ին եւ կը վերադառնայ հայրենիք, ըստ իր խոստման՝ պաշտօնավարելու հոն իբրեւ ուսուցիչ: 1881ի ամառը, արձակուրդի առթիւ Թիֆլիս վերադարձին, միջազգային գետնի վրայ աշխատող իր ընկերներուն կ'առաջարկէ «ստեղծել առանձին ազգային կազմակերպութիւններ,  որոնք միայն ի վիճակի կը լինեն թափանցելու հարազանտ զանգուածների մէջ»: Առաջարկը չ'ընդունուիր, բայց յաջորդ տարին, իր ընկերը` Դաստակեան կը գրէ, թէ Թիֆլիսի կոմիտէն բաժնուած է առանձին ազգային խմբակներու: Աւելի յետոյ «Միութիւն Հայրենասիրաց» անունով կազմակերպութիւն մը կը սկսի գործել ու 1883ին Մոսկուա գացած ուսանողները կը հրատարակեն «Ազատութեան Աւետաբեր» գաղտնի շաբաթաթերթը, նուիրուած Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան գործին:

1884ի աշնան, երբ Քրիստափոր գիւղէն Թիֆլիս կու գայ, քայքայուած կը գտնէ «Միութիւն Հայրենասիրաց»ը: Ան կը յաջողի հաւաքել մաս մը անոր անդամներէն եւ մշեցի բանուորներ, որոնց դասախօսութիւններ կու տայ, կը սորվեցնէ նախնական գիտելիքներ եւ լեզու, իսկ Կիրակի օրերը անոնց հետ կը զբաղի զինավարժութեամբ: Յետագային այս խումբէն դուրս եկան Արաբօն եւ Մարգար Վարժապետը, որոնք իրենց գործունէութեամբ եւ հերոսական մահով նշանաւոր դարձան: Քրիստափոր կը զբաղի նաեւ ուսանողական երէց խումբերով, որոնց ընկերաբանութիւն կը դասաւանդէ. նոյն ատեն կը հետաքրքրուի հայ կեանքով, այցելութիւններ կու տայ Րաֆֆիին եւ Գր. Արծրունիին:

1885ին ցարական կառավարութիւնը կը փակէ 400 հայ դպրոցներ եւ փողոց կը ձգէ շուրջ 20000 աշակերտ եւ 2000 ուսուցիչներ: Քրիստափոր եւ ընկերները բողոքի թռուցիկներ կը ցրուեն: Ժողովուրդը դեռ պատրաստուած չէր այդ քայլին ընդդիմանալու, մինչեւ 18 տարիներ ետք մէկ մարդու նման ոտքի պիտի ելլէին բազմութիւնները՝ նման արարքի մը առթիւ:

1885ի աշնան Քրիստափոր Մոսկուա է՝  ուսանելու համար: Հայ մեծ վիպագիր Րաֆֆին իր բարեկամ Մելքոն Գասպարեան Փանեանցիէն կը խնդրէ նիւթապէս աջակցիլ անոր եւ կ'աւելցնէ. «Նրա  բարոյականութեան մասին կարող էք հաւատացած լինել, որ ամենապատուական երիտասարդ է»: Տարի ու կէս Քրիստափոր կը հետեւի Պետրովսկի Գիւղատնտեսական Ակադեմիայի դասընթացքներուն, իբրեւ ազատ ունկնդիր, միւս կողմէ՝ կը նուիրուի գիտական ու տնտեսական խնդիրներու ուսումնասիրութեան եւ գործօն մասնացութիւն կ'ունենայ ուսանողական շարժումներու մէջ:

Նիւթական միջոցներու չգոյութեան հետեւանքով, Քրիստափոր կէս կը ձգէ ուսումը եւ 1887ին կը վերադառնայ Թիֆլիս ու կը նուիրուի յեղափոխական աշխատանքներու: Ռոստոմի հետ կը փորձեն գաղտնի ապարան մը հիմնել, բայց դրամ չեն կրնար գտնել:

Թրքայահայաստանէն ստացուած տխուր լուրեր, Մուսա Պէկի ոճիրները եւ վերջապէս Էրզրումի ցոյցը, Թիֆլիսի հայութեան մէջ արտակարգ իրարանցում կը ստեղծեն: Ամէնքը կը զգային խօսքէն գործի անցնելու անհրաժեշտութիւնը օգնութեան փութալու համար սահմանէն անդին տառապող հայութեան: Քրիստափոր իր յուշերուն մէջ կը գրէ, «1889ի թուականի ձմեռն էր, պրոպագանդն արդէն այնքան էր յառաջած, որ անհրաժեշտութիւն զգացուեցաւ կազմակերպական կանոնագիր մշակելու: Այսպէսով յառաջ եկաւ «Երիտասարդ Հայաստան» կազմակերպութիւնը, որ յետագային ստացաւ Եուժնօնօմէրայի խմբակ անունը, որովհետեւ Եուժնիէ Նօմէրա հիւրանոցի մէջ կը բնակէին մէկ քանի ընկերներ, որոնց մօտ յաճախ տեղի կ'ունենային հաւաքոյթները…»: Այս խմբակին անդամ էին Յովսէփ Արղութեան, Մարտին Շաթիրեան, Տիգրան Ստեփանեան, Արշակ Թադէոսեան, Յ.Եուսուֆեան, Նիկ.Մատինեան, Արամ Նազարէթեան եւն.:

Այդ ատենները Մոսկուայէն Թիֆլիս վերադարձած էին Ս.Զաւարեան եւ Ս.Զօրեան (Ռոստոմ), որոնք նոյնպէս կը գործէին հայրենասիրական խմբակներու մէջ: Անհրաժեշտութիւն կը զգացուէր բոլորին կողմէն՝ միացնելու բոլոր խումբերը, նաեւ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, միակ կազմակերպութեան մը դրօշին տակ: Այս պատմական գործը կը վիճակուի մասնաւորապէս Քրիստափորին, որ մեծագոյն դերը կ'ունենայ «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան» կազմութեան գործին մէջ: Հնչակեաններու պատուիրակ Խան Ազատ եւս համամիտ կը գտնուի միութեան, բայց յետագային իր ընկերները ընթացք չեն տար գոյացած համաձայնութեան: Գր. Արծրունի նոյնպէս համակիր կ'ըլլայ նոր կազմակերպութեան ստեղծումին, թէեւ գործօն դեր մը չստանձներ:

1890ի ամառն է, որ կը կազմուի Դաշնակցութեան առաջին կեդրոնը, որուն անդամներն էին Քրիստափոր Միքայէլեան, Սիմոն Զաւարեան Աբրահամ Դաստակեան, Յ.Լորիս Մելիքեան եւ Լեւոն Սարգիսեան: Կեդրնոի ժողովները ընդհանրապէս տեղի կ'ունենային Բժ. Լորիս Մելիքեանի տունը:

 Դաշնակցութեան կեդրոնը ընկերներ կը զրկէ շատ մը հայաշատ վայրեր՝ կոմիտէներ կազմելու. այսպէս՝ Ս.Զաւարեան, Յ.Արղութեան կը մեկնին Տրապիզոն. Յովհ. Եուսուֆեան՝ Պոլիս. Պետօ, Վարդան, Դուման՝ Վասպուրական. Գալուստ Ալոյեան՝ Ատրպատական. եւ եյլն: Թիֆլիս գաղտնի տպարանի մը մէջ կը տպագրուէին թռուցիկներ. այս գործին մէջ կարեւոր դեր կը կատարէր Ռոստոմ:

1891ին կը հրատարակուի «Դրօշակ»ը, իսկ 1892ին՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդրանիկ ծրագիրը:

1891ին կը ձերբակալուի Քրիստափոր, մէկ-երկու ամիս կը մնայ Մետեխի բանտը, ապա կ’աքսորուի Քիշնեւ: Հոն՝ ան կը յաջողցնէ «Դրօշակ»ի հրատարագութեան փոխադրութիւնը Ռումանիա:

Տարի մը ետք կ’արտօնուի վերադառնալ Թի‎ֆլիս, ուր 1894ին «Նովոյէ Օբօզրենիէ» ռուս թերթի սրբագրիչի պաշտօն կը ստանձնէ, իսկ ազատ ժամերը կը նուիրէ Դաշնակցութեան: Զաւարեանի հետ կը վարէ Արեւելեան Բիւրոյի գործերը, մինչ Ռոստոմ Արեւմտեան Բիւրոյի մէջ է, Ժընեւ, եւ կը խմբագրէ «Դրօշակ»ը: 1895 Հոկտ. 24ին, նոր խստութիւններու հետեւանքով, Քրիստափոր կրկին կը ձերբակալուի եւ հինգ ամիս Բագուի բանտը մնալէն ետք՝ 1896 Մարտ 23ին ազատ կ’արձակուի 2000 րուպլի երաշխաւորագինով եւ Թիֆլիսէն չհեռանալու պայմանով:

Հ.Յ.Դ. երկրորդ Ընդհ. Ժողովը, 1898ին, կ’ընդունի Քրիստափորի ներկայացուած ծրագիրը, կազմակերպելու համար Հայ Դատի արտասահմանեան պրոպագանդը: Ասոր համար ինք կը մեկնի Ժընեւ եւ կը ստանձնէ Արեւմտեան Բիւրոյի ղեկավարութիւնը, նաեւ «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը:

Խանդավառ շունչ մը կը բերէ Քրիստափոր Ժընեւի մէջ: Գործակիցներ ընտրելու եւ զանոնք աշխատանքի մղելու ձեռնահասութիւնը ունէր, ան կը թափանցէր մարդոց հոգիներէն ներս ու զանոնք ընդունակ կը դարձնէր հրաշքներ գործելու: Իր անմիջական ազդեցութիւնը կրած են Է.Ակնունի, Մ.Վարդանեան, Ա.Ահարոնեան, Սիամանթօ, Հ.Օհանջանեան եւ ուրիշներ:

Բացի ռուսերէնէ՝ Քրիստափոր օտար լեզու չէր գիտեր (քիչ մը ֆրանսերէն կը խօսէր), հակառակ ատոր՝ կազմակերպեց Հայ Դատի քարոզչութիւնը Եւրոպայի մէջ: Հիմնեց «Pro Armenina»ն, անոր շուրջ հաւաքելով Ֆրանսացի մտաւորականութեան ընտրանին: Իբրեւ գլխաւոր աջակից ունեցաւ բժիշկ Լորիս Մելիքեանը եւ ծանօթ Ֆրանսացի բանաստեղծ-հրապարագիր Փիէռ Քիյառը: Քրիստափոր կը հաւատար սեփական ուժի՝ տապալելու համար բռնապետութիւնը, ասոր զուգահեռ՝ կ’ուզէր ապահովել, եւրոպայի հանրային կարծիքին միջոցաւ, դիւանագիտութեան աջակցութիւնը, ի նպաստ հայ դատին:

1903ին ան Կովկաս է նորէն, կուսակցութեան որոշումով բռնի դրամահաւաք կազմակերպելու  կատարելու հայ հարուստներէն: Մարմիններու պահանջ էր անտարբեր հայ դրամատէրները մասնակից դարձնել ազգային պայքարին: Քրիստափոր անձամբ ղեկավարեց այդ գործը, որուն ինք տուաւ «Փոթորիկ» անունը: Հարուստները ընդառաջ գացին կատարուած դիմումներուն: Միայն մեծահարուստ Ժամհարեանը յանդգնեցաւ լուր տալ ռուս ոստիկանութեան եւ յետագային պատժուեցաւ յեղափոխականի դաշոյնով:

Քրիստափոր Պագու գտնուած միջոցին, Սոցիալ Դեմոկրատներու հետ ունեցած վէճի մը ընթացքին կ’ըսէ. «Դուք խօսում էք յաւելեալ աշխատանքի մասին, որ շահագործում է պուրժուազիան յօգուտ իր շահերի, այս մենք գործ ունենք յաւելեալ արեան հետ, որ թափուում է ամենայն օր շնորհիւ տաճիկ կառավարութեան»:

Ստեղծուած էին նիւթական անհրաժեշտ միջոցներ: Քրիստափոր ծրագրած էր հազարաւոր անմեղ զոհերու վրէժը լուծել Կարմիր Սուլթանէն եւ միաժամանակ առաջ բերել եւրոպական միջամտութիւն: 1904ին, Հ.Յ.Դ. ընդհ. ժողովը, գումարուած Սոֆիայի մէջ, Քրիստափորի առաջերկելով, այդ ծրագրի գործածութիւնը անոր յանձնեց: Այս մասին Ա.Ահարոնեան կը գրէ Քրիստափոր Միքայէլեան անուն իր գործին մէջ:

«Քրիստափոր ծպտեալ մեծատուն Սամուէլ Ֆայն դարձած, իր աղջիկը՝ Ռուբինա Ֆայն, որ իր եռանդուն ու անվեհեր գործակիցն է եւ ոչ աղջիկը, իր միւս աշխատակիցները՝ կառապան, ձիապան, քիմիկոս, պահեստապետ, սուրհանդակ, տանտիկիններ եւ այլն եւ ամէնքը ոստիկաններով ու լրտեսներով հարուստ Պոլսում, Սուլթան Համիտի քթի տակ պատրաստում են ուժանակները ու միաժամանակ Եըլտըզ- Քէօշքի այցի գնում Սելամլըքի օրերին ուսումնասիրում նրա ճամբաները, շրջակայքը չափում, ձեւում, սահմանում ահագնադղորդ հարուածը:

«Ձախողուեցաւ հարուածը, որովհետեւ բախտն ուզեց, որ ուժանակի փորձերին իր սրտակից Վռամշապահուի հետ, Քրիստափոր ինքն ընկնի Վիտօշի լանջին, նախքան Սուլթանին տալիք հարուածը:

«Վստահաբար կարելի է ասել, որ եթէ Քրիսհափոր ապրէր եւ Պոլիս դառնար  Պուլկարիայից, Կարմիր Սուլթանը չէր ապրի»:

Քրիստափոր նահատակուեցաւ 1905 Մարտ 20ին, 47 տարեկանին: Հ.Յ.Դ. Բիւորյի անդամ էր մինչեւ իր մահը : Ցնցող տպաւորութիւն գործեց անոր մահը յեղափոխական երիտասարդութեան վրայ, օրինակ ծառայելով հազարաւոր մարտիկներու՝ աւելի խիզախ եւ անձնուէր կերպով շարունակելու պայքարը Քրիստափորի գծած ուղիով, յանուն հայ ժողովուրդի ազատագրութեան:

Պայծառ մտքի ու հաստատ համոզումներու տէր, Քրիստափոր զանգուածներու հոգին փոթորկեց: «Բարենորոգումներու հարց» անունով հայ դատը ան վերածեց համաժողվրդական փառահեղ պայքարի ըննդէմ Կարմիր Սուլթանին եւ Սպիտակ ցարին:

Կազմակերպական ոգի եւ վարուելակերպ, երկու կարողութիւններ, որոնք մասնաւորապէս շեշտուած էին Քրիստափորի մէջ: Իր հաշտարար ու զուսպ բնաւորութեամբ, ան գիտցաւ նաեւ ընտրել լաւագոյն գործակիցներ:

Կոչումն ունէր մարդիկ կառավարելու, գաղափարներ տարածելու, կազմակերպուած ուժ ստեղծելու գրեթէ ոչինչէն: Օժտուած զօրաւոր նկարագրով երկաթեայ կամքով եւ բարձրօրէն գաղափարապաշտ՝ ան շարժման մէջ դրաւ ցեղային ազնուագոյն կարողութիւնները: Գամառ Քաթիպայի, Րաֆֆի քարոզը, երգն ու երազը Քրիստափոր վերածեց գործի:

Քաղուածներ Քրիստափորի Միտքերէն

            «Յարատեւ կռիւ-յաճախ եւ երկար ժամանակ, գուցէ անյաջող՝ չնայած երբեմն նոյնիսկ իր լայն ծաւալին – ահա թէ ո՛ւր է մեր փրկութեան բանալին: Պահպանե՛նք, շարունակենք կռիւը, որպէսզի լայնանայ, ընդարձակուելով՝ յարատեւի – ահա դէպի մեր նպատակը տանող միակ ճանապարհը: Չշեղուենք այդ ճանապարհից, որ պատճառների եւ հետեւանքների կապակցութեամբ, ունի պատմութեան մէջ հաստատուած օրէնքի ոյժ. չշեղուենք այդ միակ ճանապարհից, որ սփռուած է յուսատու ապագայի գրաւիչ ծաղիկներով»:

«Պատռել է հարկաւոր քարտէզների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները, ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում: Ո՛չ մի բռնութիւն, ո՛չ մի հալածանք, ոչ մի սահման չէ կարող բաժանել մի ժողովուրդ, եթէ նա տոգորուած է ընդհանուր շահերի գիտակցութեամբ, ունի նաեւ կռուելու անսասան վճռողականութիւն եւ կապուած, միացած է դարերով սնուած ու պահպանուած ընդհանուր բնազդների ու զգացմունքների առողջ զարկերով»:
«Յեղափոխական մտքեր»

**

«Առանց կռիւի չկայ իրաւունք, ինչպէս որ առանց աշխատանքի չկայ սեփականութիւն: Որքան ճիշդ է ասուած թէ՝ «Երեսիդ քրտինքով պիտի վաստակես քո հացը», նոյնքան ճիշդ է եւ այն՝ թէ «կռուի մէջ միայն պիտի գտնես քո իրաւունքը»…   Արդարութիւն մին ձեռքում բռնած ունի կշիռ, միւս ձեռքում՝ սուր: Կշիռով նա կշռում է իրաւունքը, սրով պաշտպանում, հաստատում է նրան: Սուրը առանց կշռի՝ մերկ բռնութիւնն է, կշիռը առանց սրի իրաւունքի անզօրութիւնը» այսպէս է տրամաբանում գերմանացի Երինգ, եւրոպական ամենահռչակաւոր իրաւաբաններից մէկը:

«Թուլամիտ պէտք է լինել այս խօսքերում պարունակուող ճշմարտութիւնը չըմբըռնելու համար: Սակայն եթէ իրաւունքը իր պաշտպանութեան համար կռիւ է պահանջում, հապա կռիւը իր յաղթանակի համար նեցուկ պիտի ունենայ ուժը: Ուժն է՝ որ կառավարում է աշխարհս, եւ մենք ‎ձեռք կը բերենք մեր ուզածները՝ երբ ոյժ կ’ունենանք»:

                                                                                                                            Դրօշակ, 1903

**

zp8497586rq

About admin

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …