ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԵԱՆ ԿԱՊԸ ԱՅԼ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Մանկավարժութիւնը կը զարգանայ սերտ կապեր ստեղծելով այլ գիտութիւններու հետ, յենելով այդ գիտութիւններու ընդհանուր օրինաչափութիւններուն եւ փաստարկներուն վրայ:
Մանկավարժութիւնը սերտ կապեր ունի հետեւեալ գիտութիւններուն հետ.
1-ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ Philosophy
Որ կ՛ուսումնասիրէ շրջապատող աշխարհն ու մարդկութիւնը:
2-ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ Psychology
Ուր կը յենի մարդազարգացման հոգեբանական երեւոյթներու վրայ:
Օրինակ՝ մտածողութիւն, յիշողութիւն, խառնուածք, հոգեվիճակ, կամք, զգացմունք, բնաւորութիւն:
Իւրաքանչիւր մանկավարժ պարտադիր պէտք է գիտնայ հոգեբանական գիտելիքներ:
3-ԿԱԶՄԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ Antatomy
Իւրաքանչիւր անձնաւորութեան ձեւաւորման եւ զարգացման համար անհրաժեշտ պայման է օրկանիզմի կառուցուածքի իմացութիւնը: Այս գիտութեան վերաբերեալ գիտելիքներու իմացութիւնը, նոյնպէս պարտադիր պայման է մանկավարժներուն համար:
4-ԲՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ Biology
Իւրաքանչիւր մարդ կ՛անցնի բնախօսական զարգացում եւ ունի կեդրոնական ջղային համակարգ, որու սխալ գործարոյթը առաջ կը բերէ զարգացման գործընթացքի խաթարում, հոգեկան ճնշում, ջղաձգութիւն, ջղային բորբոքում:
Մարդու գործունէութեան յաջողութեան ամենակարեւոր ազդակներէն մէկը կեդրոնական ջղային համակարգի բնական գործարոյթն է:
5-ԸՆԿԵՐԱԲԱՆԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Sociology
Այս գիտութիւնը կ՛ուսումնասիրէ տուեալ երկրի տնտեսութեան, ընկերային կեանքի, քաղաքական, մշակութային, կրթական իրավիճակները եւ կատարելով ընկերվարական հարցադրումներ կը կազմէ վիճակագրական տուեալներ:
Այսօր մանկավարժութիւնը բաւական մեծ կապուածութիւն ունի նաեւ տնտեսագիտութեան, իրաւաբանութեան, բնապահապանութեան, բժշկութեան, համակարգչային եւ ժառանգականութեան գիտութիւններուն հետ: