Հմուտ ընկերաբան, անուանի հռետոր եւ մանկավարժ՝ Գարեգին Խաժակ, ծնած է Ալեքսանդրապոլ 1868ին: Կանուխէն կը կորսնցնէ իր հայրը, իսկ մայրը չարքաշ աշխատանքով, իբրեւ լուացարարուհի կը հոգայ ընտանիքի ծախսերը, ապահովերլով զաւակին կրթութիւնը:
Խաժակ նախնական ուսումը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, կը յաճախէ Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը՝ մինչեւ 6րդ դասարանը: Նիւթական կարելիութիւն չ՛ունենար աւարտելու ճեմարանական բաժինը. ան մտահոգուած էր օգնելու իր մօրը եւ ջերմ ցանկութիւն ունէր նետուելու հանրային ասպարէզ:
Ուսուցչական պաշտօն կը ստանձնէ նախ Ագուլիս, ուր կը պաշտօնավարէին Քրիստափոր Միքաէլեանն ու Է.Ակնունի: Այս շրջանին մէջ է, որ Խաժակ կը ստանայ իր յեղափոխական մկրտութիւնը: Կովկասի զանազան քաղաքներ եօթը տարի ուսուցչութիւն ընելէ ետք, կը զգայ բարձրագոյն ուսում ստանալու անհրաժեշտութիւնը եւ 1893ին կը մեկնի Ժընեւ, կ՛աւարտէ տեղւոյն համալսարանի հասարակագիտական բաժինը:
Ուսանողական շրջանին կ՛աշխատակցի «Դրօշակ»ին եւ «Մուրճ»ին, տնտեսագիտական ուսումնասիրութիւններով: Իբրեւ գործիչ, Դաշնակցութեան կողմէ առաջին անգամ կը ղրկուի Պալքանները: Կ՛այցելէ Պարայիլա եւ Կալաց որ կը կատարէ յեղափոխական քարոզչութիւնը: Նոյն նպատակով կ՛անցնի Պուլկարիա 1895ին: Նոր տեղի ունեցած էր Սասնոյ կոտորածը. Եամպոլի եւ Սլիվէնի հայերուն կը նկարագրէ երկրի մէջ մեր ժողովուրդին ենթարկուած անտանելի վիճակը: Կը կազմուի կոմիտէ մը, որ պաշտօն կ՛ունենայ հանգանակութիւն կատարելու ի նպաստ աղէտեալներուն եւ պատրաստելու անձնազոհ երիտասարդներու խումբի մը: Խաժակ նոյն աշխատանքը կը կատարէ Վառնա, ուր Հնչակեան գործիչ Միհրան Տամատեան եւս կազմած էր իր մասնաճիւղը:
Խաժակ կը մնայ նաեւ Եգիպտոսի եւ Իզմիրի շրջանները ու յետոյ կը մեկնի Պալիս: Հոն ոստիկանութեան կողմէ կը ձերբակալուի: Իբրեւ ռուսահպատակ, արգելափակուած կը մնայ ռուսական հիւպատոսարանը եւ ութ ամիս ետք՝ 1901ին, կը դրկուի Կովկաս:
Հոն դարձեալ կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզին եւ 1902ին կ՛ամուսնանայ Գանձակեցի Շուշանիկ Մարգարեանի հետ (քոյրը ընկեր Սաշա Մարգարեանի): Շուշի երկու տարի պաշտօնավարելէ ետք, 1903ին կը փոխադրուի Թիֆլիս, իբրեւ «Մշակ»ի խմբագիր, իսկ յաջորդ տարին ուսուցիչ՝ Ներսէսեան Վարժարանը, դասաւանդելով պատմութիւն, ֆրանսերէն եւ քաղաքական տնտեսութիւն: 1905ի վերջերը, երբ Դաշնակցութիւնը հնարաւորութիւն կ՛ունենայ «Յառաջ» օրաթերթը հիմնելու: Խաժակ անոր խմբագիրներէն մէկն է, Ա.Ահարոնեանի, Մ.Վարանդեանի, Ե.Թօփճեանի եւ Է.Նազարեանցի հետ:
1905ին, Կովկասը եռուզեռի մէջ էր եւ ամէն կողմ միթինկներ, հաւաքոյթներ, դասախօսութիւններ կը կազմակերպէր, Խաժակ իր հռետորական ձիրքով ու գիտական պատրաստութեամբ տիրական դէմք մըն էր, ան կը պայքարէր սոցեալ-դիմոկրատներու դէմ, ձաղկելով անոնց պատմական մաթերեալիզմի տեսութիւնը, կը պաշտպանէր ազգի ու հայրենիքի գաղափարը, կը քարոզէր ֆետերացիայի սկզբունքը: Խաժակ՝ Թիֆլիսի, Պաըումի, Բագուի, Գանձակի, Երեւանի, Ալեքսանդրապոլի ժողովրդական միթինկներուն մէջ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէր Դաշնակցութեան շուրջ:
Այս աշխատանքներու ընթացքին, ան միշտ ուսուցիչ էր Ներսէսեան վարժարանը, իբրեւ մանկավարժ սիրուած էր աշակերտութենէն: Գիտէր հանրայի՛ն գործերով զբաղիլ, առանց իր կրթական պաշտօնին վնաս պատճառելու:
1908ի վերջերը Կովկաս եւ Ռուսաստան կը վերսկսին հալածանքներ Դաշնակցութեան դէմ, բանտ կը նետուին հարիւրաւոր ընտանիքներ, որոնց մէջ նաեւ Խաժակը: Վեց ամիս ետք թէեւ ազատ կ՛արձակուի երաշխաւորութեամբ, բայց կը շարունակէ զբաղիլ կուսակցական գործերով եւ կրկին ձերբակալուելով կը ղրկուի Նովօչերկասկի բանտը: Հարցաքննութիւններու աւարտումէն ետք, Խաժակ հիւանդութեան հետեւանքով եւ կրկին երաշխաւորութեամբ բանտէն կ՛ելլէ եւ 1912ի ամառը իր բաղդակիցներէն Ա.Ահարոնեանի, Ա.Իսահակեանի հետ գաղտնօրէն կ՛անցնին Կարինի եւ Տրապիզոնի վրայով՝ Պոլիս:
Փեթերսպուրկի մէջ, 1912ին, Խաժակի բացակայութեան տեղի կ՛ունենայ Դաշնակցութեան դատավարութիւնը եւ Ցարի ընդհանուր դատախազը հետեւեալ խօսքերով կ՛աւարտէ իր ամբաստանութիւնը.
«Եթէ ես լինէի արձանագործ, Դաշնակցութիւնը կը պատկերացնէն մի արձանով, որի պատուանդանի վրայ կը փորագրէի այդ արեան բաղնիքի մէջ գալարուող բոլոր զոհերին, աջ կողմը կը կանգնեցնէի Համազասպ Օհանջանեանին, ձախ կողմը՝ Խաժակնեանին, իսկ վերեւը, գագաթին՝ Ահարոնեանին արծուի ձեւով, որ ծծում է անվերջ հոսող արիւնը»:
Օհանջանեան կը դատապարտուի Սիպերիա տաժանակիր աշխատանքի: Խաժակ, Պոլսոյ նոր միջավայրին մէջ կարելիութիւն կþունենայ շարունակելու իր հնարային գործունէութիւնը: 1913ին կը ստանձնէ Սամաթիոյ Ազգ. Վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ կ՛աշխատակցի «Ազատամարտ»ին: Ան սիրուած դասախօս էր ուսանողական շրջանակներուն մէջ:
Խաժակ առաջին անգամ երեւցած է 1887ին «Մշակ»ի մէջ, «Գաւառացի Երիտասարդը» յօդուածով, 1896ին հրատարակած է «Մի բարոյական այլանդակութիւն յեղափոխական մաքուր գործուն» եւ «Ժողովրդի բանաստեղծը Գամառ-Քաթիպա», 1904ին՝ «Հարկերը Տանկաստանում», «Հայրենիք եւ Ազգ. շարժումներ, Հայկական շարժման պատճառները», 1905ին՝ «Ռուսական Զեմստվօն» եւ «Կովկասի պահանջները», 1907ին՝ «Դէպի Ֆետերացիա», 1912ին՝ «Ի՞նչ է ազգութիւնը», «Տառապանքի գիշերը», 1913ին՝ «Ի՞նչ է դասակարգը», «Հին Արեւելք», «Հայոց Պատմութիւն»: Թարգմանած է Վինոկրատովի 3 հատոր «Ընդհանուր Ազգաց Պատմութիւն»ը եւ այլ գրքոյկներ:
Խաժակի ընկերաբանական ուսումնասիրութիւնները գիտական արժէք կը ներկայացնեն ու այսօր ալ հետաքրքրութեամբ կը կարդացուին, Դաշնակցական մամուլին մէջ գրած է նաեւ Բաբա Գասպար եւ Արծիւեան կեղծանուններով:
Երբ կը ծագի Եւրոպական պատերազմը, Խաժակ օդափոխութեան գացած էր Զուիցերիա: Հակառակ ընկերներու խորհուրդին, ան կը փութայ Պոլիս իր պաշտօնին: Ռուս եւ թուրք զինաբախումը չսկսած, դեռ ժամանակ ունէր, իբրեւ օտարահպատակ, հեռանալու ոճրագործներու բոյնէն: Խաժակի կինը թախաձագին իրմէն կը խնդրէ գոնէ Պուլկարիա անցնիլ. ան կը պատասխանէ թէ Դաշնակցութիւնը որոշած է, որ ընկերներ մնան իրենց պարտականութեան գլուխը եւ բաժնեն ժողովուրդին ճակատագիրը:
Ապրիլեան եղեռնի զոհերէն եղաւ Խաժակը: Անոր գրած վերջին նամակը տարագրութեան ճամբէն իր կնոջ ուղղուած, նաեւ կտակ մը այդ յուզիչ գրութենէն.
«Մնաս բարով, անուշիկ ընկերս, մնա՛ս բարով, Նունուշ, հրեշտակներս, մնաս բարով եւ դու երրորդ եւ անծանօթ զաւակս, որի լոյս աշխարհ գալուն չպիտի արժանանամ: Երանի¯ թէ մենք լինենք հայ ժողովուրդի սեղանին նուիրուած վերջին զոհերը. երանի՛ թէ մեր արիւնով, վերջապէս, հանգիստ առնէր այդ թշուառ ազգը: Մնա՛ք բարով, ամբողջ հոգիս թափում եմ համբոյրիս մէջ, որ դրոշմում եմ այս թղթի կտորին: …Թո՛ղ զաւակներս երթան իմ ճամբայով, դառն, բայց ազնիւ ճամբայ: 1915 Յուլիս 4
Տաղանդաւոր ընկերաբան, սիրոյ հռետոր, գիտակից մանկավարժ, անձնուէր յեղափոխական Խաժակ դիմագրաւեց մահը Եղիշէի բացատրութեամբ, «Մահ Իմացեալ անմահութիւն է»:
Քաղուածներ Խաժակի Միտքերէն
Խաժակի խօսած դամբանականէն՝ Ս. Զաւարեանի դագաղին վրայ (Հորիզոն)
«Ապրեցէ՛ք, ընկերներ, բայց մեզ պէս չապրէք… Մերն ալ կեա՞նք էր. երերեալ եւ տատանեալ, գիւղէ-գիւղ, քաղաքէ-քաղաք, երկրէ-երկիր, նոյնիսկ Մայր ցամաքէ-Մայր ցամաք հալածական, թափառական, մերթ անօթի, աղտի մէջ կորած, մերթ հիւանդ ու տառապող… ազգի դարեւոր անիծեալ ճակատագիրը Չափազանց լեղի էր մեր կեանքը, մեր 90-ական թուականներու սերունդի կեանքը, որի ներկայացուցիչները ահա աշնան տերեւներու պէս կ՛իյնան մէկիկ-մէկիկ, ժամանակէն առաջ»:
***
«Ազգ կոչւում է մարդկանց այն մեծ խումբը, որը սերնդից-սերունդ՝ դարեր շարունակ ապրելով միեւնոյն բնական ու պատմական միջավայրում, իր կուլտուրային վերաբերող բոլոր հարցերը լուծել է իր համար, ինքնուրոյնաբար: Դրանով, ժամանակի ընթացքում, երկար միասնակեցութեան շնորհով, ստեղծուել են ազգային մի ընդհանուր ոգի կամ ներքին, սուբեկտիվ աշխարհ, ազգային ստեղծագործութեան ինքնուրոյն ձեւեր, ազգային յատուկ բնաւորութիւն եւ նոյնիսկ ազգային տիպ:
Այդ որոշումից պարզ է, որ ազգը մի բնապատմական երեւոյթ է, որի գոյութիւնը ուրանալն անկարելի է»:
***