19րդ դարու ֆետայակաան շարժումի հերոսական դրուագներու շարքին կը պատկանին Խաթաւինի եւ Ջաղացքի կռիւները, որոնք հիմնովին յեղաշրջեցին քիւրտերու մօտեցումը հայկական յեղափոխութեան եւ ֆետայութեան հանդէպ: 1898ի աշնան մղուած այս կռիւներէն ետք, քիւրտերը տեսան, թէ անկարելի է ողջ-ողջ ձեռք ձգել հայ ֆետային: Անոնք անդրադարձան, որ դժուար է պարտութեան մատնել հայ ֆետային առանց բազմապատիկ մարդկային զոհեր տալու:
Խաթաւինի եւ Ջաղացքի կռիւները, վերջապէս, քիւրտերուն ստիպեցին անդրադառնալու յեղափոխականներու ուժին եւ նպատակներուն. ոմանք համակրելով, ոմանք ալ սքանչանալով ֆետայիներու խիզախութեան վրայ, սկսան ձգտիլ ծածուկ կամ յայտնի բարեկամական կապեր հաստատել յաղափոխականներու հետ: Ֆետայիներու մասին հիւսուած երգերը քիւրտերէն շատերը գլխէ հանեցին, անոնց մէջ եւս արթնցելով ասպետական նախանձ եւ ձգտում՝ ֆետայի դառնալու: Այս նոր տրամադրութիւնները օրին անծանօթ չմնացին յեղափոխականներէն, որոնք տեսնելով որ զէնքի փոխադրութիւնը կապուած է մեծ վտանգներու եւ վնասներու, 1898էն սկսեալ այդ նպատակին համար ջանացին օգտագործել ֆետայիներուն համակրող քիւրտերը:
1898ի Սեպտեմբերի սկիզբը, Ճարտար 66 զինուորներու հետ Կաղզուանէն կ՛անցնի սահմանը եւ Ալաշկերտի վրայով կ՛ուղղուի Ախլաթ: Խումբը կազմուած էր ընտիր զինուորներէ, որոնց մէջ էին այնպիսի հին ու փորձառու ֆետայիներ, ինչպիսին էին՝ Առիւծ Աւագը, Բալապեխ Կարապետը, Պիթլիսցի Մուշեղը, Առաքելը, Զուլումաթը, Նատոն եւ Աշոտ Սիմոնը: Հակառակ ասոր, սակայն, այս անգամ ճամբորդները կը հանդիպին մեծ դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու:
Երեք երկար գիշերներ ճամբայ կտրելէ ետք, ֆետայիներու խումբը կը հասնի Ղըլըճ Կէտիւկ, որուն շուրջ կը բնակին մեծ թիւով քիւրտեր: Քիւրտերը կը նշմարեն ֆետայիներու շուտով շրջակայքէն եկած օգնական ուժերու հետ կը շրջապատեն ֆետայիներու խումբը: Դիրքերը յարմար ըլլալով, ֆետայիները կը յաջողին իրենց համազարկներով հեռու պահել թշնամին: Կէսօրէ ետք, սկսած կռիւը կը շարունակուի անընդհատ, մինչեւ ուշ երեկոյ: Հայերը կու տան մէկ-երկու զոհ, իսկ քիւրտերը՝ տասէն աւելի:
Գիշերը, ֆետայիները իրենց բարձր դիրքերէն վար կ՛իջնեն եւ աննկատելի կերպով կ՛անցնին Եփրատը: Ամբողջ գիշերը ճամբայ կտրելով կը հասնին Քէօշկ գիւղը, յոգնած, սպառած: Հակառակ անոր, որ չափազանց վտանգաւոր էր նախորդ օրուան կռիւէն ետք գիւղերուն մօտենալ, կը ստիպուին սակայն հաց եւ պաշար ստանալու համար մտնել հայ-քրտախառն գիւղը, բայց կռուի լուրը արդէն տարածուած էր եւ քիւրտերը արթուն կը հսկէին իրենց գիւղերու սահմանները: Խումբը կը նկատուի Համիտէի քանի մը քիւրտերու կողմէ, որոնք առանց տատանելու կրակ կը բանան ֆետայիներու վրայ, նպատակ ունենալով շրջակայ քիւրտերուն իմաց տալ վտանգին մասին եւ միաժամանակ դանդաղեցնել խումբին շարժումները:
Ֆետայիները կը հակադարձեն եւ Համիտիէներէն չորս հոգի կը սպաննուին եւ քանի մը հոգի ալ կը փախչին՝ լուր տալու շրջակայ գիւղերուն:
Այս աննպաստ վայրին մէջ, առաւօտեան արշալոյսին, քանի մը քիւրտերու հրացան պարպելը պատճառ կը դառնայ, որ ամբողջ լեռներ ու դաշտեր իրարու անցնին: Շրջանի քրտական գիւղերը իրարու լուր տալով, կը հաւաքուին գունդ առ գունդ՝ պաշարելու համար ֆետայիներու փոքրիկ խումբ մը, որ ապաստան կը գտնէ Քէօշկի մօտ, սարերուն վրայ:
Թշնամիին այս ահագին շարժումներէն ֆետայիները իրենց պաղարիւնութիւնը չեն կորսնցներ. անմիջապէս կը շտապեն բռնել մօտակայ բարձունքները: Քիւրտերը մեծ բազմութեամբ կը հաւաքուին հայրերու դիրքերուն դիմաց եւ փորձ կ՛ընեն գրոհ տալու: Քիւրտ ձիաւորներ, նժոյգներու սանձը ձգած, անվեհեր կը սլանան դէպի վեր՝ տիրանալու համար ֆիտայիներու ամուր ժայռերուն: Բայց համազարկերը դիաթաւալ կը գլորեն Համիտիէները եւ անոնց նժոյգներուն մէջ կ՛իյնայ մեծ շփոթ:
Որքան կատաղի կ՛ըլլայ առաջին յարձակումը, այնքան աղետաբեր ու անսպասելի կ՛ըլլայ դիմադրութիւնը: Թշնամին արդէն տասնեակներով զոհեր տուած է եւ իր առաջին անյաջողութենէն թելադրուած՝ այլեւս նոր խենթութիւններ չ՛ըներ: Հեռու կանգնած հայկական դիրքերէն ու համազարկերէն, քիւրտեր կը փորձեն մագլցելով բարձրանալ, բայց այդ փորձերն ալ անյաջող կ՛անցնին: Ֆետայիները կու տան 10է աւելի զոհեր, բայց ուրախ են, կրցած են փրկել հայ յեղափոխականի նամուսը եւ թշնամիին պատճառել մեծ կորուստներ:
Ֆետայիները կը շարժին դէպի Ախլաթ: Քիւրտերը կը հետապնդեն զանոնք եւ ճանապարհին հանգիստ չեն տար: Անկարելի կ՛ըլլայ յոգնած հայ զինուորներու համար երկար ճանապարհ կտրել: Կ՛որոշեն հանգիստ առնել մօտակայ Խաթաւին լերան վրայ:
Դեռ գիշեր է, երբ ֆետայիները, փոքրիկ խումբերու բաժնուելով, կը սպասեն լերան ամուր դիրքերուն վրայ՝ արշալոյսի կռիւներուն: Եւ, իրաւ, արշալոյսը բացուելուն պէս, կռիւը կը վերսկսի աւելի կատաղի՝ քան նախորդ օրը: Թշնամին պաշարած է լեռը: Ֆետայիներու ոչնչացումը պատւոյ հարց դարձած է անոր համար: Յարձակում-յարձակումի վրայ կը կատարեն քիւրտերը: Եւ կէսօրուան մօտ հայկական երկու կարեւոր դիրքեր կարծես պիտի գրաւուէն եւ ամէն բան պիտի վերջանար:
Բայց յանկարծ Առիւծ Աւագը, Բալապեխ Կարապետը, Առաքելն ու Մուշեղը իրնեց տասնեակ մը ընկերներով գրոհ կու տան յարձակողներուն վրայ եւ մեծ զոհեր պատճառելով թշնամիին, կը փրկեն Երկար Նատոյի վտանգուած դիրքը: Սիրտ կ՛առնեն ֆետայիները եւ իրենց կռուի երգերով, խիզախ դիմադրութեամբ շուարումի մէջ կը ձգեն պաշարող թշնամի բազմութիւնը: Քիւրտերը, սակայն, կը շտապեն արեւուն մայր մտնելէն առաջ խնդիրը վերջացնել, թոյլ չտալու համար որ հայերը նորէն խուսափին: Բայց կէսօրէ ետք եղած գրոհներն ալ անյաջող կ՛անցնին: Եւ վերջապէս արեւը մայր կը մտնէ եւ յուսատու գիշերը վրայ կը հասնի: Ֆետայիները նոր միայն կը տեսնեն, թէ որքա¯ն նօսրացեր են իրենց շարքերը: Ճարտարը հազիւ 25 հոգի կը կարողանայ հաւաքել, առանց գրեթէ հանգիստ առնելու, կ՛իջնէ լեռնէն վար:
Խումբը սակայն կը նկատուի Համիտիէներու կողմէ եւ կ՛ինայ անոնց կրկին տան: Կռուի ատեն քանի մը ֆետայիներ եւս կը սպաննուին, իսկ մնացեալները կը ցրուին զանազան ուղղութեամբ: Բազմաթիւ նոր արկածներ ունենալէ ետք, վերջապէս կը հասնին Ախլաթ:
Մինչ Ճարտար կ՛իջնէր դաշտ եւ կռիւ տալով ճամբայ կ՛ուզէր բանալ իր խումբին համար, Բալապեխ Կարապետ իր տասնեակ մը ֆետայիներով Խաթաւինի բարձունքներուն վրայ կը փնտռէր Ճարտարը: Երկար որոնումներէ յետոյ Կարապետ կը տեսնէ, որ յարմար ժամանակը արդէն փախցուցած է եւ դաշտ իջնելը արդէն վտանգաւոր է: Կը ստիպուի քաշուիլ լերան մէկ ծայրը, ուր ապաստան կը գտնէ չորցած արօտատեղիի մը վրայ: Ֆետայիները խոտի արմատներով կը փորձեն յագեցնել իրենց քաղցը եւ կը սպասեն արշալոյսը:
Բայց յանկարծ դաշտը եւ լեռը կը բռնկուի հրդեհով: Կրակը ձգած են քիւրտերը: Հրդեհը կը տարածուի եւ կրակի ետեւէն խանձուած դէզերով, Համիտիէները կը բարձրանան վեր: Այլեւս ծածկուիլ անկարելի է ու շատ վտանգաւոր: Բալապեխ Կարապետի ֆետայիները անսպասելիօրէն դուրս կը թռչին կրակներու մէջէն եւ, բռնելով ժայռերը, կրակ կը բանան եւ կատաղօրէն կը շարունեկան դիմադրել ամբողջ օրը: Նորէն մութը կ՛իյնայ եւ Բալապեխ Կարապետ իր խումբով աննկատելի կերպով կը բռնէ նահանջի ճամբան: Քանի մը օր ետք կը հասնի Նեմրութ, զարմանք պառճառելով իր ընկերներուն եւ Սերոբ Աղբիւրին:
Այն պահուն, երբ Բայաբեխ Կարապետի խումբը Խաթաւին լերան փէշերուն տակ կը պաշարուի, ապա ցրիւ կու գայ, Առաքելը, Մուշեղը, Առիւծ Աւագը եւ մէկ-երկու ուրիշ ֆետայիներ կը յաջողին կտրել թշնամիին շղթան եւ ապաստան գտնել աւերակ ջաղացքի մը մէջ, Մանազկերտի մօտ:
Թուրք զինուորներն ու քիւրտերը կը հետապնդեն զանոնք եւ կը պաշարեն: Անձնատուր ըլլալու բոլոր առաջարկները ապարդիւն կ՛անցնին: Դիրք բռնելով ջաղացքին ամուր պատերուն ետեւ, ֆետայիները կը դիմադրեն ամբողջ օրը: Մութը իջնելուն պէս դուրս կ՛ելլեն ջաղացքին ձորակէն: Միւս օրն ալ փոքրիկ կռիւ մը մղելէ ետք, անոնք ալ վերջապէս կը հասնին Նեմրութ:
Զինատար խումբի այս կռիւները խոր տպաւորութիւն կը ձգեն հայերու եւ մանաւանդ՝ քիւրտ աշիրէթներու վրայ: Այդ բուռ մը հայ զինուորները, ռուսական սահմանէն սկսեալ, շատ մը կռիւներ ունենալով հասած էին մինչեւ Նեմրութ: Ճիշդ է, կռիւներու ընթացքին կորսնցուցած էին իրենց երկու-երրորդը եւ միայն 23 հոգիով տեղ հասած էին, բայց անոնց փոխարէն սպաննած էին բազմաթիւ քիւրտեր եւ թուրքեր, որոնց թիւը 150-300 կը հաշուէր: Իրենց երգերուն մէջ քիւրտերը անէծք եւ գովք կ՛ուղղէին ջան ֆետայիներուն: Հայրեն ալ երգեր հիւսեցին Խաթաւինի կռիւներուն համար: Այդ երգերէն ամէնէն տարածուածն է «Առաքել, Մուշեղ» երգը: