Home / Ա / Նիւթեր / ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ / ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՄԱՍԻՆ

ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՄԱՍԻՆ

ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՄԱՍԻՆ

Դաստիարակութիւնը անհատի ձեւաւորման նպատակասլաց սիստեմաթիք գործունէութիւնն է, որուն նպատակն է անհատը նախապատրաստել հասարակական, արտադրական, մշակութային եւն. կեանքին, աւագ սերունդին կողմէ անոր փոխանցելով պատմական գիտելիքներ, հմտութիւններ, փորձառութիւններ, սովորութիւններ:

Աճող սերունդի դաստիարակութիւնը եղած է բոլոր ազգերու գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը՝ բոլոր ժամանակներուն: Այսօր, ան կ՛իրականացուի ընտանքի եւ դպրոցի համատեղ գործունէութեան ընթացքին, նաեւ արտադպրոցական հիմնարկներու մէջ՝ մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններէն եւ կազմակերպութիւններէն ներս:

Դաստիարակութիւնը սերտօրէն կապուած է ուսուցման հետ:

Իսկ մանկավարժութիւնը 10-րդ դարուն ձեւաւորուիլ սկսած գիտութիւն է, որ իր կարգին հիմք ընդունեց մանկակեդրոն դաստիարակութիւնը, ձեւաւորեց դաս-դասարան համակարգը, կիրարկեց դասագրքի գաղափարը, իսկ 20-րդ դարուն իր լրումին հասաւ, որպէս մասնագիտութիւն:

Ուրեմն, մանկավարժութիւնը գիտութիւն է մարդու ձեւաւորման համար կատարուող յատուկ գործունէութեան, կրթութեան, ուսուցման, դաստիարակութեան ձեւերու, մեթոտներու եւ բովանդակութեան մասին:

Մանկավարժութեան նպատակն է.-

1-Անձի ձեւաւորումը:

2-Անձի դաստիարակութիւնը՝ մտաւոր, բարոյական, աշխատանքային, գեղագիտական, ֆիզիքական, այսինքն՝ անոր աշխարհայեացքի ձեւաւորումը:

3-Անձի կրթութիւնը:

4-Անձի ուսուցումը:

Աճող սերունդի դաստիարակութիւնը, կրթութիւնն ու ուսուցումը դպրոցէն ներս իրականացնող անձը ուսուցիչն է: «Ուսուցիչ» բառը, յառաջացած՝ «ուս»-( որմէ ուսուցանել) արմատէն, հին է որքան պատմութիւնը եւ կը բնորոշէ անոր աշխատանքը: Դարերու ընթացքին անոր գործունէութեան ձեւն ու միջոցները փոփոխութեան ենթարկուելով հանդերձ, ուսուցիչը կը հանդիսանայ իր ազգի մշակութային ժառանգը աճող սերունդին փոխանցողը:

Այս առումով, ան կը հանդիսանայ մեկնակէտը՝ քաղաքակրթութեան, ժողովուրդի մշակութային հոգեւոր գանձերու պահպանման, հետեւաբար, հիմը՝ յառաջդիմութեան եւ մանաւանդ հիմը՝ ազգի գոյատեւման:

ԲԱՅՑ ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ԱՆՁ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ

Գիտականօրէն, երբ մանկավարժութիւնը մասնագիտութիւն է, այսինքն՝ գիտութեան առանձին բնագաւառ (profession), ուրեմն ուսուցիչը այդ բնագաւառի անձն է, որ պիտի ունենայ յստակ յատկանիշեր (professiogram) պիտի լրացնէ որոշ պայմաններ, պահանջներ: Այսպէս հայ ուսուցիչին համար այս յատկանիշները, պայմաններն ու պահանջները կը բաժնուին չորս խումբերուն.-

1-Որպէս մարդ.- ան պիտի ըլլայ մարդասէր, աշխատասէր, հոգեւոր եւ բարոյական բարձր արժանիքներով օժտուած:

2-Որպէս հայ.-Ան պիտի ըլլայ ազգասէր, հայրենասէր, մարդու իրաւունքը պաշտպանող, պիտի ունենայ կազմակերպական ջիղ:

3-Որպէս դաստիարակչական բնագաւառէն ներգործող արհեստավարժ (profession):

-Անսահմանօրէն պիտի սիրէ մանուկը:

(Սիրել = վստահիլ, լաւատես ու հոգատար ըլլալ, բայց ոչ զիչող, անոր անձնաւորութիւնը չվիրաւորել):

-Շնորհք պիտի ունենայ ոչ միայն երեխաներուն, այլ նաեւ անոնց հարազատներուն եւ ընդհանրապէս շրջապատին հետ վարուելու:

-Պիտի տիրապետէ ընդհանուր զարգացման (պիտի ունենայ լայն ընդհանուր զարգացում):

-Պիտի տիրապետէ իր դասաւանդած նիւթի մեթոտին, ընդհ.սկզբունքներուն:

4-Որպէս մասնագէտ

-Գերազանցապէս պիտի տիրապետէ իր աւանդած նիւթին:

-Պիտի չըլլայ միայն նիւթը վերարտադրողը, այլ՝ պիտի ըլլայ ստեղծագործ:

-Պիտի տիրապետէ մարդկային հաղորդակցման նրբութիւններուն:

Որո՞նք են ուսուցիչին դերերը:

Քիչ մը վեր յիշուեցաւ «մշակութային ժառանգը փոխանցող», «դաստիարակող», «ուսուցանող» եւն. պարտականութիւնները, սակայն ասոնք ընդհանուր բացատրութիւններ են միայն եւ ճշգրիտ բացատրութիւններ չեն տար անոր վերապահուած դերին, պարտականութիւններու եւ պատասխանատուութեանց մասին: Անհրաժեշտ է յստակօրէն, վերլուծողական ու մանրամասնեալ ձեւով թուել զանոնք: Այսպէս.

1-ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՀԱՂՈՐԴՈՂ

Ա.-Ուսուցիչը աշակերտին տեղեկութիւն կու տայ: Եթէ աշակերտը իւրացնէ զայն, տեղեկութիւնը կը դառնայ գիտելիք: Այս տեղեկութիւնները փոխանցելու համար, ուսուցիչը կ՛առաջնորդուի ծրագրով:

Կարգ մը ուսուցիչներ կը դառնան պարզ միջնորդ՝ աշակերտին եւ դասագրքին միջեւ: Մինչդեռ դասագիրքը կմախք է, անոր պէտք է աւելցնել միս եւ աւիշ:

Բ.-Ինչպէ՞ս դասաւանդել:

Նիւթը հաղորդել այնպէս, որ ան դառնայ հետաքրքրական: Անհրաժեշտ է կապ ստեղծել դասին եւ շրջապատին միջեւ:

Գ.-Ստուգում.- Դասի աւարտին ստուգել, թէ աշակերտը հասկցա՞ծ է կամ ոչ: Բացատրութիւնները կրկին տալ հարցումներու ձեւով:

2-ՊԱՏԱՆԻԻՆ ՀՈԳԵԿԱՆԸ ԿԵԴՐՈՆԱՑՆՈՂ

«Հոն ուր կայ ուշադրութիւն, հոն կայ աշխատանք»:

Երբ աշակերտը առանց ճիգի ուշադիր կը հետեւի, այդ կը նշանակէ թէ կամ գիրքը շատ հետաքրքրական է, կամ՝ ուսուցիչը շատ հետաքրքրական ձեւով կը բացատրէ եւ կը ստեղծէ յետ կամածին ուշադրութիւն: Ուրեմն «անհրաժեշտ է գտնել հոգիի ուշադրութեան դռնապանը», որովհետեւ «հոն ուր կայ հետաքրքրութիւն, հոն կայ ուշադրութիւն»:

Անհրաժեշտ է կեդրոնացնել նաեւ սիրտը (սիրել = վստահիլ, լաւատես, հոգատար, ոչ զիչող…):

3-ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՂ

Իւրաքանչիւր դասի նպատակը պիտի ըլլայ դաստիարակել աշակերտը: Բայց նախ անհրաժեշտ է դաստիարակել կարգապահութիւնը:

Կարգապահութիւն կը նշանակէ -Ճշդապահութիւն.

-Ժամանակ չկորսնցնել.

-Պատրաստ մտնել դասարան.

-Պատշաճութենէ դուրս չելլել.

-Ծաղրական չխօսիլ ( յարգել աշակերտը)

-Ենթակայական մեթոտ չօգտագործել.

-Չմոռնալ, որ առաջին դասը ճակատամարտ է, եթէ յաջողի, յաջողութեամբ կրնայ շարունակել:

4-ԶԱՐԳԱՑՆՈՂ

Որպէսզի կազմաւորուի աշակերտին զարգացումը, մեծ կարեւորութիւն ունին.-

*Ուսուցման բովանդակութիւնը:

*Ուսուցման մեթոտը:

*Ուսուցման կազմակերպման ձեւերը (հետազօտութիւն, բանավէճ, եւն.):

5-ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՂ

Նկատի ունենալ, որ աշակերտը չի կրնար ըմբռնել, թէ իրեն ի՞նչ գիտելիք պէտք է: Անհրաժեշտ է կողմնորոշել զայն:

Զինք բնորոշող դերերն ու յատկութիւնները կը յուշեն մեզի, որ ուսուցիչը ոչ միայն դաստիարակ է, այլ նաեւ ղեկավար: Եւ որպէս այդպիսին, ան պիտի ունենայ «ունկնդրելու» կարողութիւն:

«Ունկնդրել ականջով, աչքով եւ սրտով» (տե՛ս չինական գաղափարագիրը), այսինքն՝ ունկնդրել ամբողջական, առանց ընդմիջումի, կեդրոնանալով խօսողի արտայայտութեան (աչք) եւ սրտով ու հոգիով թափանցելով խօսողի հոգիին:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՈՒՂԵԳԻԾ

Նախորդ բաժիններով յիշուած յատկութիւնները ունենալով եւ իր ուսերուն դրուած դերերուն լաւապէս գիտակցելով հանդերձ, դաստիարակը կրնայ իր աշխատանքը լաւագոյնս արդիւնաւորել, եթէ անիկա հիմնուած ըլլայ աշխատանքի յատուկ ուղեգծի վրայ,  որ կը կոչուի Universal model:

Այս ուղեգիծը կ՛որդեգրուի ընդհանրապէս բոլոր բնագաւառներու գործունէութեանց համար եւ կը բաղկանայ հարցումներէ (ինչպէս նախորդ երկու գլուխներուն մէջ եւս նկատեցինք), որոնց կը պատասխանէ ուսուցիչը՝ իր աւանդելիք դասի կամ նիւթի պատրաստութեան ընթացքին, իր նպատակին ճիշդ հասնելու համար:

Այս հարցումներն են.

Ո՞վ, ի՞նչ, որո՞ւ, ինչո՞ւ, ե՞րբ, ո՞ւր ( 6 W’s ): Ասոնց հիման վրայ կ՛աւելնան երկու հարցում եւս.- որքա՞ն, ինչպէ՞ս:

Ո՞վ.-Ուսուցիչը, դաստիարակը ( այս մասին լայնօրէն խօսուեցաւ):

Ի՞նչ.-Ուսուցիչը իր փոխանցած նիւթը պիտի ճանչնայ երկայնքով ու լայնքով, այսինքն՝ տիրապետած պիտի ըլլայ իր նիւթին:

Ինչո՞ւ.-Եթէ նպատակը չէ որոշուած, գործը ընթացք չի կրնար ստանալ:

Անհրեաժեշտ է նախ պատրաստել ընելիքը: Հակառակ պարագային, կը դառնայ բնազդային եւ նպատակին չի ծառայեր: Հետեւաբար անհրաժեշտ է նախ որոշել նպատակը, ապա ծրագրել եւ յետոյ միայն գործադրել:

Որո՞ւ.-Ճշդել մարդու շփման եզրը (մարդ-մարդ յարաբերութիւն):

Հոս անհրաժեշտ է նկատի ունենալ.-

-Աշակերտին կամ պատանիին տարիքը, տարիքային առանձնայատկութիւնները՝

-Խառնուածքը.

-Բնաւորութիւնը.

-Ընկերային հարցերը.

-Կարողականութիւնը.

About talar

Check Also

ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

    Կիրակի 8 Մայիս 2011-ի առաւօտեան ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿը, կազմակերպեց «ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼՈՒ  ԱՐՈՒԵՍՏԸ» թեմայով ՍԵՄԻՆԱՐ£ …

Leave a Reply