Երկրաշարժը բնական երեւոյթ մըն է, որ յաճախ կը պատահի երկրագունդի տարբեր շրջաններուն մէջ: Թէեւ երկրաշարժներուն մեծամասնութիւնը թեթեւ կ’ըլլայ ու մարդիկ նոյնիսկ չեն զգար զայն, բայց երբեմն ալ շատ զօրաւոր եւ քանդիչ կ’ըլլայ:
Միջին Արեւելքի մէջ, վերջին տարիներուն, արձանագրուած են կարգ մը թեթեւ եւ զօրաւոր երկրաշարժներ: Այս կը նշանակէ, թէ՝ որեւէ վայրկեան երկրաշարժը կրնայ պատահիլ այս շրջանին մէջ, մանաւանդ որ Ագապա Ծոցի երկրաշարժի գիծը կ’անցնի Լիբանանէն եւ Սուրիոյ արեւմուտքէն, հասնելու Սեւ Ծով: Պատմութեան ընթացքին, տարածքային այս շրջանին մէջ, յաճախ զօրաւոր երկրաշարժներ պատահած են, եւ երկրաշարժի մասնագէտներ կ’ըսեն, թէ՝ ամէն 250-300 տարին անգամ մը այս շրջանին մէջ քանդիչ երկրաշարժ մը կը պատահի:
Երկրաշարժը կրնայ տեւել մէկ քանի երկվայրկեանէն մէկ քանի վայրկեան: Զօրաւոր երկրաշարժէն ետք, կրնայ թեթեւ մէկ քանի երկրաշարժ ալ պատահիլ:
Թէեւ գիտութիւնը յառաջդիմած է երկրաշարժի մասին տեղեկութիւններ մէկտեղելու մէջ, բայց տակաւին անհնար է յստակ նախատեսել երկրաշարժը պատահելուն վայրը, թուականն ու զօրութիւնը:
Ասոր համար կարեւոր է տալ կարգ մը ցուցմունքներ, պաշտպանելու համար երկրաշարժի վտանգներէն:
Ա. ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԷՆ ԱՌԱՋ
ՏԱՆ ՄԷՋ
*Ունենալ պայուսակ մը, եւ մէջը դնել կարեւոր փաստաթուղթեր եւ իրեր, նաեւ ուտելիք, ջուր, ժաքէթ, լուսարձակ, ձայնասփիւռ եւ շտապ օգնութեան տուփ: Այս պայուսակը դնել յարմար տեղ մը, ընտանիքին անդամներուն գիտակցութեամբ, եւ ուտելիքն ու ջուրը ամէն շաբաթ նորոգել:
*Հետեւիլ շտապ օգնութեան դասընթացքի:
*Ընտանիքի անդամներուն սորվեցնել ելեկտրական հոսանքը անջատելու, ջուրին ծորակը եւ պիւթան կազին կղպանքը փակելու ապահով կերպերը:
*Պահարաններուն եւ դարակներուն վրայ ծանր ապրանքներ չդնել, այլ զետեղել զանոնք գետինը. ամրացնել պահարանները պատին վրայ:
*Տան մէջ ապահով անկիւն մը որոշել, որպէսզի ընտանիքի անդամները հաւաքուին երկրաշարժի պահուն:
Բ. ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ՊԱՀՈՒՆ
ՏԱՆ ՄԷՋ
*Հանդարտ մնալ:
*Շէնքէն դուրս չելլել, որովհետեւ ընդհանրապէս մեծ վնասները կ’ըլլան ելքի եւ մուտքի ատեն:
*Պաշտպանուիլ սեղաններուն տակ, կամ՝ ներքին անցքերուն մէջ, կամ կենալ ներքին պատերուն անկիւնները՝ դէմքը դէպի պատը, կամ դրանդիքներուն տակ, հեռու դուրսի պատերէն, պատուհաններէն, հայելիներէն, գրադարաններէն ու պահարաններէն, հեռու այն բաներէն, որոնք շարժելով կրնան իյնալ:
*Լուցկի, մոմ, ծխախոտ չվառել:
ՏՈՒՆԷՆ ԴՈՒՐՍ
*Չփորձել շէնք մտնել, հեռանալ ելեկտրական սիւներէ կամ թելերէ, պատշգամներէ, կամուրջներէ, եկեղեցիներու զանգակատուներէ կամ մզկիթներու մինարէթներէ: Նախընտրելի է բացօթեայ տեղ մը կենալ:
ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԻՆ ՄԷՋ
*Կեցնել զայն յարմար տեղ մը: Ինքնաշարժէն դուրս չգալ:
ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ
*Դասարանին մէջ՝ սորվեցնել աշակերտներուն նախօրօք, որ պահուըտին գրասեղաններուն տակ, հեռու՝ պահարաններէն:
*Բակին մէջ՝ հեռանալ շէնքերէն:
*Դպրոցի ինքնշարժին մէջ՝ մնալ հոն մինչեւ երկրաշարժը դադրի, ապա՝ իջնել ու շէնքերէն հեռու մնալ:
Գ. ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԷՆ ԵՏՔ
*Քննել ինքզինքն ու շուրջինները, օգնել վիրաւորներուն կարիքի համեմատ:
*Ստուգել ելեկտրականութեան հոսանքը, ջուրը եւ պիւթան կազը: Եթէ տան մէջ կազի հոտ կայ բանալ պատուհանները:
*Ստուգել վառարաններն ու խողովակները:
*Դուրս ելլել հանդարտութեամբ եւ վերելակը չգործածել:
*Հաւաքուիլ բացօթեայ տեղ մը, շէնքերէն հեռու, առնուազն շէնքին բարձրութեան չափով հեռու. Չկենալ ելեկտրական սիւներուն տակ, կամ այլ վտանգաւոր տեղեր:
*Բանալ ձայնասփիւռը եւ հետեւիլ ցուցմունքներուն:
*Հեռու մնալ վնասուած շէնքերէն, եւ ներս չմտնել:
*Հեռու մնալ ծովափէն, որովհետեւ ալիքները կրնան զարնել ծովափը երկրաշարժէն ետք:
*Գլխաւոր, զօրաւոր երկրաշարժէն ետք ակնկալել որ շարժերը կրնան կրկնուիլ: Այդ Նախատեսութեամբ սպասել ապահով վայրերու մէջ, եւ հետեւիլ լուրերուն: